Յօդուածներ

Անթոնիօ Ֆէյժօ Կը Ստանձնէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»  Հիմնարկութեան Նախագահի Պաշտօնը

Անթոնիօ Ֆէյժօ Կը Ստանձնէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նախագահի Պաշտօնը

3 մայիս 2022-ին փրոֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժօ ստանձնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահի պաշտօնը. ան նախագահ ընտրուեցաւ 15 դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի լիագումար ժողովին: Անթոնիօ Ֆէյժօ հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի ոչ գործադիր անդամ եղած է 2018 թուականէն ի վեր: Ան առաջին նախագահն է, որ մասնագիտացած է հասարակագիտական ուսմանց մէջ. իր դոկտորականը ստացած է Պրաուն համալսարանէն (Միացեալ Նահանգներ) 1985-ին` մասնագիտանալով անգլիական...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Լա Հէյի Դատարանը Հայաստանը Ճանչցած Է Իբրեւ Արցախի Յուշարձաններու Սեփականատէր Լա Հէյի Միջազգային դատարանը կայացուցած է աննախադէպ որոշում. պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպութիւնը այլ պետութեան տարածքի մէջ յայտնուած պատմական յուշարձաններու իրաւայաջորդ եւ իրաւատէր ճանչցած է այլ երկիր մը: Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, գրած է «Միրոտւորեց» Թելեկրամի ալիքը: Ինչո՞ւ այս որոշումը աննախադէպ ու անսպասելի է: Հակառակ այն հանգամանքին,...

«Օգնական Բուժքոյրերու Պատրաստութեան Ծրագիր»-ի Առիթով Հարցազրոյց` Դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին Հետ

«Օգնական Բուժքոյրերու Պատրաստութեան Ծրագիր»-ի Առիթով Հարցազրոյց` Դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Վերջերս, նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին, գործակցութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, նաեւ` Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր» հայ տիկիններու համար: Այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի գործընկեր եւ ազգային երեսփոխան դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին հետ, որ կը ներկայացնենք...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Նուիրուած Պատկառելի Հանդիսութիւն

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Այդքան ալ դիւրին չէ գրել դար մը ամբողջ իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր ծառայութեան կոչուած կրթական հաստատութեան մը մասին, որ տակաւին ոտքի է, կը շարունակէ գործել եւ հաւատարիմ է իր առաքելութեան: Աւելի՛ն. դասական դարձած բառերով չենք կրնար հրապուրել շրջապատ մը,  ոգեւորել նորահաս սերունդ մը, եթէ երբեք ըստ էութեան մեր մտքով ու հոգիով չենք թափանցած տուեալ կառոյցին պատկանող կենսագրութեան, ձգած ժառանգին...

Ակնարկ.   Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Ակնարկ. Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արտերկրի փուլը ուշագրաւ երեւոյթներ պարզեց: Նախ, անշուշտ մասնակցութեան համեմատական բարձր ցուցանիշը: Երկրորդ դասական-աւանդական շրջանակներէն դուրս այլ շրջանակներու աշխուժ մասնակցութիւնը: Դիտարժան էր նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքին կազմակերպուածութիւնը: Բնականաբար ներկայ հաղորդակցային համակարգի արհեստագիտութիւնը լիարժէք օգտագործուած էր ընտրութիւններուն աշխարհագրութիւնը, ժամերու տարբերութիւնը  եւ բազմաքուէակեդրոններու իրողութիւնը նկատի ունենալով: Երեւոյթի գնահատականներ հնչեցին պետական բարձրագոյն օղակներէն: Բնականաբար առաջին հարցումը, որ կը մտաբերուի...

Նահատակաց Օրուան Առիթով  Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Նահատակաց Օրուան Առիթով Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Նահատակաց օրուան առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Դարձեալ կը խոնարհինք օսմանեան կախաղաններուն եւ ոճիրներուն զոհ գացած լիբանանցի նահատակներուն զոհողութեան դիմաց: Հակառակ այլոց ցուցաբերած ուրացումին, մենք պիտի յիշենք մտաւորականներուն եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչական պատկերը, պիտի յաւերժացնենք նահատակներուն յիշատակը եւ հաշուետուութիւն պիտի պահանջենք»:  

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Զարթնի՛ր Լաօ՛… Ահազանգը Դարձեալ Կը Հնչէ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Զարթնի՛ր Լաօ՛… Ահազանգը Դարձեալ Կը Հնչէ

Ժամանակն է զարթնումի, աւելի՛ն, մալխասեան ապրումներով եւ յուշերով` ԶԱՐԹՕՆՔի: Սփիւռքահայուն համար` «Զարթի՛ր, լաօ՛»: Նմանապէս հայրենիքի մէջ շնչող ազատատենչ եւ արդարամիտ հայորդիին համար` «Զարթնի՛ր, լաօ՛»... «Զարթնի՛ր, լաօ՛»-ն սոսկական երգ-պատմութիւն մը չէ: Անիկա բազմիցս հնչած է անկախութեան վերահաստատումէն առաջ ու ետք, հիմա տարբեր երանգով կը շարունակէ հնչել յետթաւշեայ յեղափոխութեան Հայաստանին մէջ, սկսելով վերատեսութեան ենթարկուած ու այլանդակուած` հայերէնի կրթութեան ծրագիրէն, հասնելու համար բազմաթիւ...

Տեսակէտ.  Հայ Եկեղեցական Երգեցողութիւն

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծախուած Հայեր

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ Վերնագիրին վիրաւորական իմաստը արդէն յստակօրէն խօսուն է, որ ամէնուրեք կան հայեր, որոնք կորսնցուցած են իրենց ազգային պատկանելիութիւնը, բացարձակապէս անտարբեր են հայ ազգի հանդէպ, կտրուած են մայր երակէն ու հեռացած են իրենց մայրենի հայ իրականութենէն` բազմազան պատճառներով: Որքան ամօթալի ու ցաւալի երեւոյթ է այսօր, որ Լիբանանի դժուար ու անորոշ պայմաններուն իբրեւ հետեւանք` ոմանք, ժամանակաւոր բարիքներու փոխարէն, ծախու կը հանեն...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ` Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ 29 ապրիլ 2022-ին նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հրաւիրած էր միջազգային համաժողով` «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագրով, որուն մասնակցած են 23 երկիրներէ 40 պաշտօնատարներ: Համաժողովը տեւած է աւելի քան երեք ժամ: Ալիեւի ներածական կարճ խօսքին յաջորդած են երկարաշունչ պատասխաններ` տրուած օտարերկրեայ շողոքորթող հիւրերու տասնեակ հարցումներուն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ազրպէյճանի...

Ֆրանց Վերֆելի «Երեմիա. Լսէք Ձայնը» Գրքի Հայերէն Թարգմանութեան Առիթով

Ֆրանց Վերֆելի «Երեմիա. Լսէք Ձայնը» Գրքի Հայերէն Թարգմանութեան Առիթով

ԱՇՈՏ ՇԱՐՈՒՐԵԱՆ Ֆրանց Վերֆելի դիմանկարը նկարիչ Մայիս Մխիթարեանի կատարմամբ Ֆրանց Վերֆելի գրական ժառանգութեան մէջ, որ բոլորիս է քաջ յայտնի իր «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպով, կարեւոր տեղ է զբաղեցնում 1937 թուականին լոյս տեսած «Երեմիա. լսէք ձայնը» անունով վէպը, որն ի վերջոյ գերմաներէնից թարգմանուեց հայերէն եւ հասանելի դարձաւ հայ ընթերցողին: Գրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակման տարելիցի նախօրէին, ապրիլի...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Վերադարձ Դէպի Մայր Եկեղեցի` Սուրբ Եկեղեցի

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ «Կը վախնամ, որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը, որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի» (Բ.Կր 11.4): Վերոյիշեալ խօսքերը, որ կը կարդանք, Պօղոս առաքեալին կը պատկանին, իր երրորդ ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած: Պօղոս առաքեալ հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ չարտասանեց այս խօսքերը, ո՛չ ալ`...

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նոր Կեդրոնի Բացում Ալմելոյի Մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նոր Կեդրոնի Բացում Ալմելոյի Մէջ

Շաբաթ, 7 Մայիս 2022-ին, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր կեդրոնի բացում, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրուեցաւ Օննիկ Գելիչին, իսկ Մեկուսի շրջանին կողմէ «Ծառայութեան» շքանշանի արժանացաւ եղբ․ Փայլակ Աւետիսեան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանցում։ Ստորեւ նկարներ՝ կեդրոնի...

Սթափելու Ժամանակը

Յաղթանակը Անխուսափելի Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ «Զարթի՛ր լաօ» բնաբանով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարժումը թափ կը հաւաքէ: Շարժումի կազմակերպիչները կը մերժեն Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ իշխանութեան պարտուողական քաղաքականութիւնը Արցախի ապագայ կարգավիճակի հարցին մէջ: Կարգավիճակի շէմը «քիչ մը» իջեցնելու «միջազգային հանրութեան» պահանջը ներկայացնելով, Փաշինեան հասկնալի դարձուց, որ ինք հրաժարած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութենէն, որմէ կը բխի` համաձայնութիւնը Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու թշնամիին պահանջին:...

Ապերախտութեան Ճամբա՞ն,  Թէ՞ Քննադատութեան Ոգին

Բոլորին Եղբայրը` Յակոբ Բագրատունի

ՌԱԶՄԻԿ ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ ՌԱԶԻ Լոզունգ չէ, ոչ ալ պատահական պարտադրուած բառեր, այլ անձնական փորձառութիւն եւ ականատեսի վկայութիւն... Շատեր հիմա պիտի մտածեն եւ, ըստ սովորութեան, սկսին քննադատել ու բամբասել` ըսելով, թէ Ռազմիկը արդեօք ի՞նչ վկայութիւն կրնայ տալ ընկեր Յակոբին եւ անոր գործունէութեան մասին: Տեղին է մտածելը` նկատի ունենալով տարիքս եւ ընկեր Յակոբին վաստակը, դիրքն ու ինծի հետ կապը: Սակայն անձնապէս կ՛ուզեմ ընթերցողին...

«Արմենիա» Հրապարակի  Անուանակոչութիւն Ժընեւի Մէջ

«Արմենիա» Հրապարակի Անուանակոչութիւն Ժընեւի Մէջ

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Պատմական յիշարժան օր մըն էր շաբաթ, 7 մայիս 2022-ը զուիցերիահայ գաղութի տարեգրութեան մէջ: Արդարեւ, Եւրոպայի տարածքին Հայաստանի եւ Հայ դատի ծանօթացման կարեւոր նուաճում մը իրագործուեցաւ Ժընեւի Թրուանէ շրջանին մէջ` հայոց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիպակաց փողոցի խաչմերուկի «Արմենիա» հրապարակ անուանակոչումով: Քաղաքի  արուարձաններէն Թրուանէի թաղամասի սկզբնաւորութեան արդէն յիսուն տարիներէ ի վեր կանգուն է հայկական ճարտարապետութեան ինքնատիպ ոճով կառուցուած Ս. Յակոբ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Գերեվարուած Շուշին Եւ Տխուր Ստեփանակերտը Դիմակազերծեցին Հայոց Պետական Այրերը (9 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հայութիւնը սրտատրոփ կը հետեւի Երեւանի հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցող համազգային քայլարշաւներուն, հանրահաւաքին, ելոյթներուն եւ պահանջատիրական աքթին: Ազգի բաղադրիչ տարրերը վերջապէս անդրադարձան, ուշքի եկան, զգաստացան, որ պետութեան գլխին կանգնած եւ իշխանութիւնը բռնագրաւած խունթան պատրաստ է ոչ միայն Արցախը վաճառել թշնամիին, այլ Հայաստանի ճակատագիրը յանձնել սեւ ու սադայէլամիտ միջազգային ուժերու, որոնք տիւ եւ գիշեր կը նկրտին հայութիւնը պարպել իր էութենէն...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Ներեցէ՛ք Մեզի` Տղա՛ք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի` Տղա՛ք

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ 8 մայիսը Շուշիի ազատագրութեան օրն է: 8 մայիս 1992-ին մեր հերոս տղաքը պատերազմեցան ազրպէյճանցի բռնագրաւողներու դէմ եւ իրենց կեանքը զոհելով յաղթանակած եռագոյն դրօշը ծածանեցին Շուշիի բարձունքին: Սակայն, դժբախտաբար, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին դաւաճանութեամբ կորսնցուցինք  մեր սիրելի Արցախէն բաժին մը, նաեւ` մեր պաշտելի Շուշին: Բայց եւ այնպէս ՏՂԱՔԸ յանցանք չունին, անոնք չպարտուեցան: Պէտք է դարձեալ ազատագրենք Շուշին եւ հայկական բոլոր...

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

Զարթի՛ր Լաօ

 ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայը ծնած է անարդարութիւն դիմադրելու: Ի վերջոյ, եթէ ոչ մենք, ապա ո՞վ պիտի պաշտպանէ մաքուրը, արդարը, ճշմարիտը: Ո՞վ պիտի պայքարի մարդկային իրաւունքներուն ու արժէքներուն կեղեքումը հետապնդող անվերջ գազաններուն դէմ: Հայն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր կը սիրեն ու չեն ճանչնար տկարութիւն հայ ազգին մէջ: Սակայն ո՞վ կը սպասէր, որ Հայաստանի հայ իշխանութիւնները օր մը պիտի դառնային հայուն դիմադրութեան...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Հանդիպումս` Ցեղասպանութեան Զարհուրանքի Երկունքով Ծնունդ Առած Հայկակ Վարուժանի Հետ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Արմէն, Հայկակ եւ Վերոնիքա Վարուժան Հրաւիրուած էի Մուսա Լերան հերոսամարտի 87-ամեակի տօնակատարութեան, Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքը: Բանախօսութեանս աւարտին արտասանեցի Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն քառեակ մը եւ ահա ատիկա պատճառ դարձաւ խօսակիցէս անակնկալօրէն իմանալու հայ բանաստեղծութեան գագաթներէն` նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի որդիին` Հայկ Վարուժանի մասին, որ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած էր Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքը: Հետաքրքրական եւ յուզախառն զգացումներով...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Համաճարակի Ժամանակ Կեանքի Տեւողութեան Միջինը Նուազած Է Մօտ Երկու Տարիով - Իմաստալից Կեանքի Նոր Դիտանկիւն Մը Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ  Համաճարակի Ժամանակ Կեանքի Տեւողութեան Միջինը Նուազած Է Մօտ Երկու Տարիով Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի տեւողութեան միջինը 2020 թուականին, 2019 թուականի համեմատած, նուազած է մօտ 2 տարիով: Ոչ սպիտակամորթ մարդոց կեանքի տեւողութեան միջինը աւելի մեծ անկում արձանագրած է: Համեմատած 16 երկիրներու հետ`...

Page 343 of 1112 1 … 342 343 344 … 1,112

Արխիւներ