Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Զարթնի՛ր Լաօ՛… Ահազանգը Դարձեալ Կը Հնչէ

Մայիս 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակն է զարթնումի, աւելի՛ն, մալխասեան ապրումներով եւ յուշերով` ԶԱՐԹՕՆՔի:

Սփիւռքահայուն համար` «Զարթի՛ր, լաօ՛»: Նմանապէս հայրենիքի մէջ շնչող ազատատենչ եւ արդարամիտ հայորդիին համար` «Զարթնի՛ր, լաօ՛»…

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»-ն սոսկական երգ-պատմութիւն մը չէ: Անիկա բազմիցս հնչած է անկախութեան վերահաստատումէն առաջ ու ետք, հիմա տարբեր երանգով կը շարունակէ հնչել յետթաւշեայ յեղափոխութեան Հայաստանին մէջ, սկսելով վերատեսութեան ենթարկուած ու այլանդակուած` հայերէնի կրթութեան ծրագիրէն, հասնելու համար բազմաթիւ այլ ոլորտներ, որոնք մաս կը կազմեն մեր ապրող հայրենիքի կեանքին:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»-ն 1890-ականներուն, Մուշի մէջ աշուղ Ֆարհատի կողմէ յօրինուած տոհմիկ, ազգագրական եւ հայրենասիրական երգ մըն է, որ կը դրուատէ խիզախ ֆետայի Արաբոյի սխրանքն ու քաջագործութիւնները` շրջանի թուրք ոճրագործ կառավարիչներուն դէմ:

«Մշեցու երգ», «Քաջ Արաբոյի երգ» կամ պարզապէս «Արաբոյի երգ» ճանչցուելէ ետք, այս երգին իմաստն ու ըմբռնումը հետզհետէ շատ աւելի լայն տարածք գտաւ: Բառերն ալ որոշ փոփոխութիւններ կրեցին, երգը ստացաւ համազգային դիմագիծ, եւ հիմա արդէն ծանօթ է «Զարթի՛ր, լաօ՛» խորագիրով: Զայն նո՛յն ոգիով կ’երգեն հայրենաբնակ եւ արտերկրացի հայերը: Պատմութիւնը կը յուշէ, որ մօտաւորապէս 130 տարի առաջ, 1893-ին, Կոփի մէջ (Մուշի շրջան), դաւադիր ծուղակի մէջ իյնալով, Արաբօ եւ իր խումբը նահատակուեցան մինչեւ վերջին փամփուշտ բուռն պայքար մղելէ ետք: 44-օրեայ պատերազմն ալ նորօրեայ թակարդ մըն էր…

Աւելի քան դար մը ետք, ահաւասիկ «Զարթի՛ր, լաօ» երգն ու գաղափարը դարձեալ կը հնչեն հաւասարապէս սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Այս երգին բառերով, թշնամիին դարաւոր սպառնալիքներէն ծնած ահազանգը դարձեալ կը հնչէ:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»… Առաջին հերթին ահազանգը կը հնչէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ականջին դիմաց, նախարարութիւն մը, որ ինչպէս զինք ընդգրկող վարչախումբը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իրականութիւններէն խզուած է կարծէք, անոնցմէ հեռու ինկած է եւ անտեղեակ կը թուի ըլլալ: Նորագոյն օրինա՞կը… եւ որքա՜ն ստուար է այս թղթածրարը: Քանի մը օր առաջ Ուրուկուէյի նախագահը անձամբ բողոք ներկայացուց Անգարայի, երբ «գայլապետ» Էրտողանի արտաքին գործոց նախարարը` Չաւուշօղլու, ոտնակոխելով քաղաքական եւ փրոթոգոլային ամէն սկզբունք, խումբ մը հայ ցուցարարներու դէմ գրգռիչ շարժումով մը իր մատներով սպառնալիք ուղղեց` համաթուրանականութեան խորհրդանիշ «Գորշ գայլեր»-ու նշանը ցոյց տալով, գործնապէս փաստելով, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ահաբեկչական խմբաւորում մըն է: Չմոռնանք, որ «Գորշ գայլեր»-ը աշխարհի բառարանին մէջ արձանագրուած են իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Հայաստանն ու հայաշխարհը շաբաթ մը ետք դեռ սպասումի մէջ են, որպէսզի Երեւանի վարիչները ձայն մը հանեն նման աններելի ժեսթի մը դէմ, տեսնելով, որ իրենց հետ բանակցութեան սեղան նստողները ինչպիսի՜ «դրական նշաններ» ցոյց կու տան հայ-թրքական բարեկամութեան հողը պատրաստելու պահուն…

«Զարթի՛ր, լաօ՛»… Ուրուկուէյահայ գաղութի զաւակները խմբուած էին ցասում արտայայտելու համար ցեղասպաններու ժառանգորդ եւ ցեղասպանութիւն շարունակող վարչախումբին ներկայացուցիչին դէմ: Բողոքը ուղղուած էր նաեւ Չաւուշօղլուն հիւրընկալող տեղացիին դէմ, որովհետեւ բացայայտ դիտաւորութեամբ 23 ապրիլին կատարուած էր Մոնթեվիտէոյի մէջ թրքական դեսպանատան բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»… ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք տեղեա՞կ է, թէ Ուրուկուէյը եղած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը, 1965-ին, երբ ազգովին` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի չորս ծագերը, միասնաբար կը նշէինք Ցեղասպանութեան 50-ամեակը:

Չաւուշօղլուի սպառնական շարժուձեւերը պէտք էր ցնցէր եւ զգաստութեան հրաւիրէր նաեւ նոյնինքն վարչապետը: Բայց նման ակնկալութիւն մանկամտութիւն է, որովհետեւ ան բարձրաձայն  յայտարարեց, որ Ցեղասպանութեան հարցը սփիւռքին կը վերաբերի:

Ոեւէ հայ իրաւունք ունի հարց տալու, թէ արդեօք կարելի չէ՞ր անմիջականօրէն հակադարձել Անգարային եւ դժգոհութիւն յայտնել, թէ` Չաւուշօղլու անցած էր «կարմիր գիծ»-ը, ինչպէս ըրած էր իր սուլթանամէտ ղեկավարը` յայտարարելով, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանը դաւաճան մըն է եւ այդ գծով ալ պիտի դիմուի «այլ միջոցներու»: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Փայլան յանդգնած էր ժողովրդավա՜ր Թուրքիոյ մէջ յիշեցում մը եւս կատարել Ցեղասպանութեան մասին եւ` առաջարկ ներկայացուցած, որ Թուրքիայէն հեռացուած հայերու եւ յոյներու առիթ տրուի վերականգնելու հպատակութեան իրաւունքը:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»… Ահազանգը հասցէագրուած է ո՛չ միայն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան, այլեւ` ամբողջ «Իմ ք(գ)այլ»-ական շարժումին, անկախ անկէ, թէ անոնց գոյնը գո՞րշ է, թէ՞ թաւշեայ, որպէսզի զգաստանան, դուրս գան թրքական այս ու անհատնում սպառնալիքներուն դէմ կրաւորական եւ անտարբեր մնալու ընթացքէն, որ կը մտրակահարէ մեր պետականութեան եւ հայրենիքին ոչնչացման ընթացքը:

25 ապրիլէն ի վեր զարթնած է «լաօ»-ն. շարժման մէջ է Հայաստանը, Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ: Օրը մօտեցած է հայրենիքը վերջնականապէս ձերբազատելու կործանարար վարչախումբէն: Սփիւռքն ալ պարտաւոր է համապատասխան շարժում սկսելու, որովհետեւ զարթնումի կոչերը ուղղուած են նաեւ սփիւռքին: Հայաստանի ընդդիմադիրներէն առաջ, անիկա հնչեց Արցախի խորհրդարանէն արձակուած միաձայն յայտարարութեան ճամբով:

Ահազանգը կը հնչէ այն իմաստով, որ հնչած էր Արաբոյի օրերուն.

«Սուլթան կ՛ուզէ ջնջել մըզի,
Զարթի՛ր, լաօ՛, մըռնի՛մ քըզի»:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծախուած Հայեր

Յաջորդը

Հանրածանօթ Արուեստագէտ Ճոզայեա Ուըտսըն Երաժշտական «Մասթըր Քլաս»-ի Վերաորակաւորման Դասընթացք Տուաւ Համազգայինի Եւ Յարակից Կառոյցներու Երաժիշտներու

RelatedPosts

Նոր Խորհրդարանի Ընտրութեան Առիթով  Յ. Բագրատունիի Գրառումը
Անդրադարձ

Նոր Խորհրդարանի Ընտրութեան Առիթով Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Մայիս 20, 2022
Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք
Անդրադարձ

Մանրապատումներ

Մայիս 20, 2022
Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը` Քանատահայ – 1 Կարօտ
Անդրադարձ

Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը` Քանատահայ – 1 Կարօտ

Մայիս 20, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In