– Համաճարակի Ժամանակ Կեանքի Տեւողութեան Միջինը Նուազած Է Մօտ Երկու Տարիով
– Իմաստալից Կեանքի Նոր Դիտանկիւն Մը
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Համաճարակի Ժամանակ Կեանքի Տեւողութեան
Միջինը Նուազած Է Մօտ Երկու Տարիով
- Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի տեւողութեան միջինը 2020 թուականին, 2019 թուականի համեմատած, նուազած է մօտ 2 տարիով:
- Ոչ սպիտակամորթ մարդոց կեանքի տեւողութեան միջինը աւելի մեծ անկում արձանագրած է:
- Համեմատած 16 երկիրներու հետ` Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի տեւողութեան միջինը գրեթէ 5 տարիով աւելի ցած է:
Արտակարգ նախաձեռնութիւններ կատարուած են 2020 թուականի համաճարակի սկիզբէն ետք, սակայն նոր հետազօտութիւնը պարզած է, որ համաճարակի առաջին տարուան մէջ այնքան մարդ մահացած է, որ երկրի ժողովուրդի կեանքի տեւողութեան միջինը զգալիօրէն նուազած է:
Գիտնականները հաշուարկած են Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի տեւողութեան միջինը` հիմնուելով մահացութիւններու պաշտօնական տուեալներու վրայ եւ պարզած է, որ կեանքի տեւողութեան միջինը նուազած է մօտ երկու տարիով:
Վիրճինիայի Քամընուելթ համալսարանի հանրային առողջութեան եւ առողջութեան հաւասարութեան փրոֆեսէօր, բժիշկ Սթիվըն Վուլֆ, որ ներդրում ունեցած է հետազօտութեան մէջ, Healthline-ին ըսած է. «Կեանքի տեւողութեան միջինի անկումը ամենամեծն էր Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ի վեր եւ շատ աւելի մեծ, քան` նոյն ժահրը դիմակայող այլ երկիրներու կորուստները»:
Կեանքի տեւողութեան միջինի
նուազումի պատմական ակնարկ
«Մենք ապշած ենք Միացեալ Նահանգներու մարդկային մեծ կորուստներով, որոնք անհամեմատօրէն կը գերազանցէին յառաջադէմ այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած կորուստներուն», ըսած է Վուլֆ:
Խումբը պարզած է, որ 2020 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը, 2019 թուականի համեմատութեամբ, նուազած է 1,87 տարիով: Այս անկումը աւելի սուր էր սեւամորթ եւ սպանախօս համայնքներու մօտ:
Վուլֆ եւ խումբը հաշուարկած են սպանախօսներու մօտ 3,70 տարիով անկում եւ ոչ սպանախօս սեւամորթներու մօտ` երեք տարիէն քիչ մը պակաս անկում 2019-էն մինչեւ 2020 երկարող ժամանակաշրջանին:
Անոնք նաեւ պարզած են, որ կեանքի տեւողութեան միջինի անկումը շատ աւելի մեծ եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ` համեմատած 16 նմանօրինակ երկիրներու հետ: Անոնք գնահատած են, որ կեանքի տեւողութեան միջինը 2020 թուականին մօտ 4,7 տարիով աւելի ցած եղած է` համեմատած այս երկիրներու միջինին հետ:
«Այս համակարգային խնդիրները պիտի շարունակուին, եւ աւելի շատ մահուան պարագաներ պիտի արձանագրուին, այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն չեն զբաղիր հիմնական պատճառներով», ըսաւ ան:
«Մենք նախապէս գնահատած էինք, որ 2020 թուականին կեանքի տեւողութեան միջինի նուազումը պատմական էր, եւ որ` սպանախօս եւ սեւամորթ ամերիկացիները հսկայական կորուստներ ունեցան», ըսաւ Վուլֆ:
Այնուամենայնիւ, ըստ վերլուծութեան, նմանօրինակ երկիրներու մէջ կեանքի տեւողութեան միջինի նուազումը եղած է ընդամէնը 0,58 տարի, մինչ որեւէ երկրի մէջ նման նուազում չէ արձանագրուած, որքան` Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներ եւ նմանօրինակ երկիրներ
կը տարբերին իրենց ընկերային քաղաքականութեամբ
Հետազօտողները պարզած են, որ Միացեալ Նահանգներու ընկերային ապահովութեան ծախսերը պակաս արդարացի են եւ աւելի քիչ ձեռնտու` երեխաներու եւ ընտանիքներու համար: Միացեալ Նահանգներ նաեւ չունի համընդհանուր առողջապահութիւն եւ կ՛առաջարկէ աւելի թոյլ հանրային առողջութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւն:
Ըստ հետազօտութեան հեղինակներուն, այդ մէկը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու գործընկերներու (Իսրայէլ, Գերմանիա, Թայուան) որդեգրած քաղաքականութեան:
Հետազօտողները պարզած են, որ ցեղային առողջական երկարատեւ անհաւասարութիւնները, որոնք յառաջացած են համակարգային ցեղապաշտութենէ, անջատողական շարժումներէ եւ բացառման քաղաքականութենէ, ամենամեծ դերը խաղցած են սեւ եւ սպանախօս բնակչութիւններու կեանքի տեւողութեան միջին նուազման գործին մէջ:
FDA-ի նախկին օգնական յանձնակատար եւ Հանրային շահերու բժշկութեան կեդրոնի նախագահ Փիթեր Փիթս բացատրեց այս տուեալներուն հետեւանքները:
Ըստ Փիթսի, հանրային առողջապահական հաղորդակցութեան մէջ նոյնպէս Միացեալ Նահանգներ ձախողած է «Քորոնա» ժահրի աւելի վտանգուածներուն հասնելու հարցին մէջ:
«Մենք շատ խօսեցանք, թէ ինչո՛ւ ոչ սպիտակամիրթ համայնքներու մէջ «Քորոնա» ժահրի աւելի բարձր ցուցանիշներ յայտնուած են, եւ այդ բոլորը ստոյգ են, բայց մենք չխօսեցանք այդ ոչ սպիտակամորթ համայնքներու մէջ վարակներու հետ վարուելու ըմբռնումին մասին», ըսաւ ան:
Աւելի լաւ հաղորդակցութիւնը կրնայ օգնել մարդոց` հասկնալու հիւանդութեան իրենց սպառնացած վտանգը:
Ամփոփում
Հետազօտողները վերլուծած են հանրային առողջութեան տուեալները` պարզելու համար, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի տեւողութեան միջին կտրուկ ձեւով նուազած է 2019-2020 թուականներու ընթացքին, եւ այդ մէկը ամենաշատը ազդած է փոքրամասնութիւններու վրայ:
Հետազօտողներ յայտնած են, որ համակարգային ցեղապաշտութիւնը եւ համընդհանուր առողջապահական խնամքի բացակայութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ նպաստած են այս անկման:
Աղբիւր` Հելթ Լայն
Իմաստալից Կեանքի
Նոր Դիտանկիւն Մը
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ առօրեայի մէջ գեղեցկութիւն գնահատելը կրնայ նոյնքան ուժեղ ըլլալ, որքան` գերագոյն նպատակի մը հասնելու զգացումը
Երբ մտածելու ըլլանք իմաստալից կեանքի մը մասին, մենք յաճախ կը կեդրոնանանք այն մարդոց վրայ, որոնց մեծ ներդրումը օգուտ տուած է մարդկութեան: Աբրահամ Լինքըլնը, Մարթին Լութըր Քինկն ու Նելսըն Մանտելան անշուշտ զգացած են, որ արժէքաւոր կեանք մը ունեցած են: Բայց ի՞նչ կ՛ըսենք մենք` հասարակ մարդիկս, որ տքնաջան կ՛աշխատինք սովորական մեր գոյութեան մէջ:
Բազմաթիւ գիտնականներ համաձայն են, որ ենթակայական իմաստալից գոյութիւնը յաճախ կը յանգի երեք գործօնի` զգացողութիւն, որ մարդու կեանքը համահունչ է եւ «իմաստ ունի», յստակ եւ բաւարարող երկարաժամկէտ նպատակներու տիրապետում եւ համոզմունք, որ արժէքներու մեծ ուրուագիծի մէջ մարդու կեանքը կարեւոր է: Հոգեբանները այս երեք բաները կ՛անուանեն` համահունչութիւն, նպատակ եւ գոյութենական նշանակութիւն:
Բայց մենք կը կարծենք, որ պէտք է հաշուի առնել եւս մէկ տարր: Մտածեցէք այն առաջին թիթեռնիկին մասին, որ ձեզի պահ մը կը ստիպէ կանգ առնել` հիանալու համար երկար ձմեռէ մը ետք կամ պատկերացուցէք լերան գագաթէն դիմացդ բացուած տեսարանը` թարմ լեռնագնացութենէ մը ետք: Երբեմն կեանքը մեզի գեղեցկութեան փոքրիկ պահեր կը հաղորդէ: Երբ մարդիկ ընդունակ են գնահատելու նման փորձառութիւններ, այդ պահերը կրնան բարելաւել կեանքի հանդէպ իրենց տեսակէտը: Այս մէկը մենք կ՛անուանենք փորձառական գնահատում: Երեւոյթը կ՛արտացոլացնէ իրադարձութիւններու հետ խոր կապի զգացումը, երբ անոնք կը յայտնուին, եւ` այդ կապէն արժէք կորզելու կարողութիւնը: Այդ մէկը կը ներկայացնէ կեանքի բնածին գեղեցկութեան բացայայտումը եւ անով հիանալը:
Վերջերս մենք խորացանք աւելի լաւ հասկնալու համար գնահատանքի այս ձեւը շարք մը հետազօտութիւններու միջոցով, որոնք հրապարակուած են Nature Human Behaviour-ի մէջ: Հետազօտութեան մէջ ներգրաւուած է աւելի քան 3000 մասնակից: Այս ուսումնասիրութիւններու ընթացքին մեզ կը հետաքրքրէր, թէ արդեօ՞ք փորձառական գնահատումը կապուած է մարդու կեանքի իմաստի զգացողութեան հետ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ մենք հաշուի կ՛առնենք հետեւանքները «դասական եռեակ»-ին` համահունչութեան, նպատակին եւ գոյութենական նշանակութեան: Եթէ` այո՛, ապա փորձառական գնահատումը կրնայ նշանակելիութեան եզակի եւ առանձին տեղ ունենալ եւ ոչ թէ պարզապէս կը դառնայ այս դասական գործօններու մէկ մասը:
Որպէս մեր գաղափարի սկզբնական փորձարկում` «Քորոնա» համաճարակի սկիզբի շրջանին մասնակիցներուն գնահատել տուինք իրենց հաւանութիւնը` յաղթահարման տարբեր ռազմավարութիւններու` սթրեսէ հեռու մնալու համար: Պարզեցինք, որ մարդիկ, որոնք կը կառավարէին իրենց սթրեսը` կեդրոնանալով կեանքի գեղեցկութեան հանդէպ իրենց գնահատանքի վրայ, նոյնպէս նշեցին, որ կեանքը շատ իմաստալից է: Յաջորդ ուսումնասիրութեան ժամանակ մասնակիցներէն խնդրեցինք գնահատել, թէ որքանո՛վ անոնք համաձայն են կարգ մը համոզումներու, ինչպիսիք են` «Ես շատ լաւ կը գնահատեմ կեանքի գեղեցկութիւնը», կամ` «Երախտապարտ եմ այս բազմաթիւ փորձառութիւններուն», ինչպէս նաեւ` այլ խօսքեր, որոնք կապուած են համահունչութեան, նպատակի, գոյութենական նշանակութեան եւ կեանքի իմաստի ընդհանուր զգացողութեան հետ: Մեր արդիւնքները ցոյց տուին, թէ մարդիկ, որքան նշէին, որ իրենք կը գնահատեն կեանքը եւ անոր բազմաթիւ փորձառութիւնները, այնքան աւելի շատ արժէքաւոր կը զգային իրենց գոյութիւնը: Իրականութեան մէջ այս երկու տարրերը սերտօրէն կապուած էին իրարու, նոյնիսկ երբ մենք կը վերահսկէինք իմաստալից կեանքի այլ դիտանկիւնները: Հետագայ հետազօտութիւններուն մէջ ուսումնասիրեցինք այս հասկացողութիւններու միջեւ կապը: Օրինակ, մենք պարզեցինք, որ այն մասնակիցները, որոնցմէ խնդրած ենք յիշել անցեալ շաբթուան ամենաիմաստալից իրադարձութիւնը, ընդհանուր առմամբ, վերյիշման յաջորդող պահերուն երախտապարտ գտնուած են:
Վերջապէս, կատարեցինք շարք մը փորձեր, որոնց ընթացքին մարդոց տուինք առանձնայատուկ աշխատանքներ եւ անգամ մը եւս խնդրեցինք յայտնել, թէ որքանո՛վ անոնք համաձայն էին նպատակի, կարեւորութեան եւ այլ արժէքներու հետ կապուած յայտարարութիւններուն: Պարագաներէն մէկուն մէջ պարզեցինք, որ այն մասնակիցները, որոնք դիտած են ակնածանք առթող եւ ներշնչող տեսանիւթեր, ինչպիսին է BBC-ի «Երկիր մոլորակը» վաւերագրական ժապաւէնի բացման տեսերիզը, յայտնած են, որ աւելի մեծ փորձառական գնահատական եւ կեանքի իմաստ ունին` համեմատած այն մասնակիցներուն հետ, որոնք դիտած են աւելի չէզոք տեսակի տեսանիւթեր, օրինակ` ատաղձագործութեան ուսուցողական տեսանիւթ մը: Նոյն ձեւով, այն մասնակիցները, որոնք գրած են իրենց վերջին փորձառութեան մասին, որուն համար իրենք երախտապարտ եղած են, անկէ ետք աւելի մեծ իմաստ եւ փորձառական գնահատանք ունեցած են` համեմատած այն մասնակիցներուն հետ, որոնք պարզապէս նկարագրական մը գրած են անցեալ շաբթուան ընթացքին իրենց այցելած վայրին մասին:
Արդիւնքները հաստատեցին մեր սկզբնական տեսութիւնը. փոքր բաներ գնահատելը կրնայ կեանքը աւելի իմաստալից դարձնել: Բայց այդ պատկերացումները կիրարկելը կրնայ դժուար ըլլալ: Մեր ժամանակակից, արագ ընթացք ունեցող ապրելակերպը օրը կը լեցնէ թիրախներով եւ նպատակներով: Մենք շարժումի մէջ ենք եւ կը փորձենք առաւելագոյնի հասցնել արդիւնքը ինչպէս աշխատանքի, այնպէս ալ նաեւ հանգիստի ժամանակ:
Այնուամենայնիւ, կեանքը տեղի կ՛ունենայ հիմա` ներկայիս: Պէտք է դանդաղեցնել, առիթ տալ, որ կեանքը մեզ հիացնէ ու զարմացնէ եւ առօրեայի մէջ ընդունիլ այդ կարեւորութիւնը: Ինչպէս 1950 թուականին գրած է Հնդկաստանի նախկին վարչապետ Ժաուահարլալ Նեհրու, «Մենք կ՛ապրինք հրաշալի աշխարհի մը մէջ… Այն արկածները, զորս մենք կրնանք ունենալ, վերջ չունին, եթէ միա՛յն բաց աչքերով փնտռենք զիրենք…»:
ԺՈՇՈՒԱ ՀԻՔՍ
ՖՐԱՆՔ ՄԱՐԹԵԼԱ
Աղբիւր` Scientific American