Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ` Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին

Մայիս 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

29 ապրիլ 2022-ին նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հրաւիրած էր միջազգային համաժողով` «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագրով, որուն մասնակցած են 23 երկիրներէ 40 պաշտօնատարներ: Համաժողովը տեւած է աւելի քան երեք ժամ: Ալիեւի ներածական կարճ խօսքին յաջորդած են երկարաշունչ պատասխաններ` տրուած օտարերկրեայ շողոքորթող հիւրերու տասնեակ հարցումներուն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ազրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար, համաժողովը հիւրընկալող  ADA (Ազրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիա) համալսարանի տնօրէն Հաֆիզ Փաշայեւը: Ան ըսած է, որ համաժողովը «նուիրուած է Մեծ Յաղթանակին եւ ազրպէյճանական հողերու ազատագրման»: Համաժողովին նախորդ օրը մասնակիցները շրջագայութեան տարուած են դէպի Ֆիզուլի եւ Շուշի: Փաշայեւը ըսած է. «Մեր հիւրերը կարողացան տեսնել նաեւ հայկական բռնագրաւումէն մնացած բարբարոսական աւերածութիւններու որոշ հատուածներ»:

Ալիեւ իր ելոյթին մէջ նշած է, որ 2020-ի պատերազմի «անձնատուութենէն» ետք, Հայաստան վերջերս ընդունած է «Ազրպէյճանի կողմէ առաջ քաշուած խաղաղութեան հինգ հիմնական սկզբունքները»: Ան ըսած է, որ Ազրպէյճան կորսնցուցած էր խաղաղութեան կարելիութիւնը «երեսուն տարիով` անջատողականութեան եւ հայկական  բռնարարքներու պատճառով… Անձամբ ես երբեք չեմ մոռնար վայրագութիւններն ու բարբարոսութիւնը»:

Ալիեւ կոչ ըրած է հայերուն` «Վերջ դնել Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն իրենց տարածքային պահանջներուն… Կարեւոր է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը եւ երկրի քաղաքական  շերտաւորումը լիովին հասկնան այդ եւ մէկանգամընդմիշտ դադրին վրէժխնդիր ըլլալէ… Սա անարդիւնաւէտ է, այլապէս Հայաստանի համար անիկա նախկինէն աւելի ցաւալի կ՛ըլլայ…  Բացարձակապէս  անտրամաբանական  է տարածքային պահանջներ ներկայացնել Թուրքիոյ, որ ունի աշխարհի յառաջատար տնտեսութիւններէն եւ շատ քիչ գոյութիւն ունեցող յառաջատար բանակներէն մէկը»: Հայերը պէտք է «հրաժարին բոլոր պատրանքներէն»:

Ալիեւ նոյնիսկ համարձակած է նախազգուշացնել հայերը` «Դադրեցնել բանակը վերակառուցելու, հզօրանալու, հինգ միլիոն բնակչութիւն ունենալու բոլոր փորձերը, զորս անոնք յայտարարած են իբրեւ իրենց պետական ծրագիրը` աւելի ուշ իրենց տարածքները վերագրաւելու համար: Ասով պաշտօնապէս կ՛աւարտի անոնց պետականութիւնը»:

Ալիեւ մեղադրած է Հայաստանը` «Ազրպէյճանի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ մեր բոլոր քաղաքները, անոնց շարքին` Աղտամն ու Շուշան, անուանափոխելու մէջ»:

Ալիեւ բացայայտած է, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան, 2020-ի պատերազմի ժամանակ արգելափակած է զէնքի մատակարարումը Հայաստանին. «Մենք բազմիցս հրապարակաւ ըսած ենք, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ զինամթերքը  կանոնաւոր կերպով, օրական քանի մը բեռնատար օդանաւերով անոնք Հայաստան տեղափոխած են Ռուսիայէն: Մենք հետեւած ենք բոլոր երթուղիներուն` Ռոստովէն եւ Մոզտոքէն: Մենք խնդրած ենք մեր վրացի բարեկամներէն` փակել օդային տարածքը, եւ անոնք ըրած են: Նաեւ խնդրած ենք մեր վրացի բարեկամներէն` փակել Ռուսիայէն դէպի Վրաստան ցամաքային ճամբան, որով զինամթերք կը տեղափոխեն Հայաստան, եւ այդ նոյնպէս ըրած են, որուն համար շնորհակալ ենք: Մենք նամակներ ուղարկած ենք Կասպից ծովու ափամերձ բոլոր երկիրներուն, որ թոյլ չտան ռուսական բեռնատար օդանաւերը զէնք տեղափոխեն Հայաստան: Նամակներ յղած ենք Ղազախստան, Թուրքմենստան եւ Իրան: Բայց, ցաւօք, օդանաւերը կ՛օգտագործէին այս երկիրներու տարածքները` Հայաստան մուտք գործելու համար»:

Ալիեւ նաեւ ծաղրած է Հայաստանն ու սփիւռքը, որ կը մտածեն, թէ` «Ամբողջ աշխարհը պարտական է իրենց ամէն բանի մէջ, եւ թէ` մէկը կու գայ կը պաշտպանէ զիրենք, ուրիշ մը կու գայ կը կռուի իրենց համար, այլ մը կու գայ դրամ եւ ամէն ինչ կու տայ իրենց, եւ իրենք կը նստին ու կը շահագործեն իրենց վիճայարոյց ու կասկածելի, այսպէս կոչուած, ողբերգութիւնը»:

Ալիեւ հայերը մեղադրեց յօգուտ Ազրպէյճանի կորսնցուցած տարածքները ականապատելու մէջ` պատերազմէն դուրս գալէն կարճ ժամանակ առաջ, եւ 10 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրած «անձնատուութեան արարք»-էն անմիջապէս ետք. «Մենք իրենց 10-20 օր ժամանակ տուած էինք այդ տարածքներէն հեռանալու համար, 10 նոյեմբերին ստորագրուած պայմանագրի հիման վրայ: Բայց անոնք այդ օգտագործեցին ականապատելու, իրենց չկառուցած, բայց բնակութիւն հաստատած տուները այրելու, ծառեր կտրելու եւ բնապահպանական այլ աղէտներ պատճառելու համար»: Ան ըսաւ, որ նոյն այս ժամանակամիջոցին հայերը «աւերած են 30 ջրաելեկտրակայան»:

Ալիեւ ստապատիր պնդած է, որ Ազրպէյճան հանդուրժող, բազմամշակութային երկիր է: Եւ որպէս օրինակ` նշած է Պաքուի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ գոյութեան մասին: Եկեղեցւոյ մէջ «հինգ հազար հայերէն գիրք կայ», ըսած է ան` թաքցնելով, որ եկեղեցին արդէն իսկ կը գործէ ոչ թէ իբրեւ սրբատեղի, այլ` իբրեւ գրադարան:

Ալիեւ իր հիւրերուն վստահեցուցած է, որ` «Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը մենք կը համարենք մեր քաղաքացիները: Յոյսով ենք, որ շուտով անոնք նոյնպէս կը հասկնան, թէ ապրելով իբրեւ Ազրպէյճանի քաղաքացի` կ՛ունենան բոլոր իրաւունքները, եւ իրենց ապահովութիւնը պաշտպանուած կ՛ըլլայ: Ազրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, բազմազգ երկիր է: Հոն ապրող բոլոր ցեղային խումբերը, անոնց շարքին` հայերը, կ՛ապրին խաղաղ ու արժանապատիւ: Մենք հայկական փոքրամասնութիւն ունինք, եւ անոնք որեւէ խնդիր չեն ունեցած այդ առումով»: Ալիեւ յոյս ունի, որ բոլորը մոռցած կ՛ըլլան Ազրպէյճանի մէջ հազարաւոր հայերու բազմիցս կրկնուող ջարդերու մասին:

Ալիեւ պնդած է, որ Ազրպէյճան արդէն` «Որոշ հաղորդագրութիւններ կը ստանայ Ղարաբաղի հայերէն` շատ դրական պատգամներ: Մենք արդէն սկսած ենք քանի մը նախնական շփումներ, տարբեր մակարդակներով: Չեմ ուզեր շատ մանրամասնութիւններ տալ, բայց ըսեմ, որ այդ արդէն սկսած է եւ ինքնին անգամ մը եւս ցոյց կու տայ մեր մտադրութիւնը: Անոնք կրնան ըլլալ տնտեսական արագ զարգացման մէկ մասը, կրնան իրենք զիրենք շատ աւելի ապահով, պաշտպանուած եւ հանգիստ զգալ միասնական ազրպէյճանական պետութեան կազմին մէջ, բայց անոնք նախ պէտք է հրաժարին իրենց անջատողական միտումներէն եւ անջատողական նկրտումներէն»:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յառաջիկայ բանակցութիւններուն` փոխադարձաբար իրենց սահմանները զատելու եւ գծելու համար, Ալիեւ պնդեց, որ կան քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան, որ Երեւանն ու Զանգեզուրը «եղած են Ազրպէյճանի մաս»:

Իր ելոյթի ընթացքին Ալիեւ հակադրուեցաւ Ռուսիոյ` պատասխանելով Ուքրանիոյ մասին հարցումին: «Մենք կ՛աջակցինք Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան…  Ամէնէն կարեւորը` երբեք պէտք չէ համաձայնիլ բռնագրաւման հետ», ըսաւ ան:

Ի վերջոյ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անարգելով` Ալիեւ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս ան ըսած է. «Ղարաբաղը Հայաստան է»: Հիմա ի՞նչ կ՛ըսեն: Հիմա կ՛ըսեն` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»: Իսկ ո՞վ կ՛ըսէ. նոյն մարդիկը, որոնք 2019-ին կ՛ըսէին. «Ղարաբաղը Հայաստան է»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Ֆրանց Վերֆելի «Երեմիա. Լսէք Ձայնը» Գրքի Հայերէն Թարգմանութեան Առիթով

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծախուած Հայեր

RelatedPosts

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)
Անդրադարձ

Կինը Եւ Պատերազմը

Մայիս 21, 2022
Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022
Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In