Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերեվարուած Շուշին Եւ Տխուր Ստեփանակերտը Դիմակազերծեցին Հայոց Պետական Այրերը (9 Մայիս)

Մայիս 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հայութիւնը սրտատրոփ կը հետեւի Երեւանի հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցող համազգային քայլարշաւներուն, հանրահաւաքին, ելոյթներուն եւ պահանջատիրական աքթին: Ազգի բաղադրիչ տարրերը վերջապէս անդրադարձան, ուշքի եկան, զգաստացան, որ պետութեան գլխին կանգնած եւ իշխանութիւնը բռնագրաւած խունթան պատրաստ է ոչ միայն Արցախը վաճառել թշնամիին, այլ Հայաստանի ճակատագիրը յանձնել սեւ ու սադայէլամիտ միջազգային ուժերու, որոնք տիւ եւ գիշեր կը նկրտին հայութիւնը պարպել իր էութենէն ու զայն դարձնել անողնաշար հաւաքականութիւն մը:

Սեւաթոյր ուժերը` անկլոսաքսոն, սորոսական թէ աղանդաւորի պիտակներու ներքեւ, աւելի քան քսան տարիէ թափանցած էին հայոց աշխարհ, երբեմն լուռ, շատ անգամ ընդյատակեայ կը կատարէին իրենց հրէշային ծրագիրը` բնաջինջ ընել հայոց դիմադրողականութիւնը, ինքնուրոյն ապրելու կամքը, Արարատին վերատիրանալու երազը:

Ու այս այլասերած ուժերը, ապաւինելով իրենց նիւթական աղբիւրներուն եւ հետազօտական կեդրոններու խրախուսանքին, ինչպէս բազում երկիրներու մէջ, նաեւ Հայաստանի հողին վրայ կրցած էին տարածել կեղծ բնաբանով պարուրուած միտքեր, մարդու ազատութիւնն ու իրաւունքը պաշտպանող կասկածելի եւ միտուած խօսքեր:

Եւ դժբախտաբար, ի տես այս բոլորին, ատենի իշխանաւորներ, չէին ուզած տեսնել կամ նկատի առնել նման ուժերու ազգակործան աշխատանքը, ու հանգի՜ստ սրտով շարունակած էին ապրիլ, սփոփանքի սին խօսքեր բաշխելով` շուրջ բոլոր:

2018-ի, այսպէս ըսած, իշխանափոխութեամբ ու հետագայի պետական այրերու բացայայտ քաղաքական ընթացակարգով` արդէն յստակ կը դառնար սեւ ուժերու եւ հակահայ կողմերու ծրագիրը, որուն մէկ դիպաշարը եղաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմն ու անոր հետեւանքները:

Փաստօրէն, նիկոլական խունթան յաջողած էր սպասարկել դարաւոր թշնամի թուրքին եւ զայն հովանաւորող ուժերուն: Թրքութիւնը, իր բարբարոսի եւ «գորշ գայլ»-ի հանդերձանքով,  յաջողած էր իր ոտքը դնել Արցախ աշխարհ եւ Շուշիի գագաթին պարզել արիւնարբու դրօշակը:

Հայոց թագուհի Շուշին կ՛իյնար մորմոքը սրտին, հայեացքը ուղղելով Շուշուայ բերդի պարիսպներուն, իսկ վրիժառու հոգին կը սաւառնէր Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթին: 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք Շուշին գերեվարուած, միայնակ դէմ կը դնէր թուրքի եաթաղանին, ահ ու սարսափին, թալանին ու քանդումին:

Այդուհանդերձ, թագուհի Շուշին, իբրեւ չքնաղ զաւակը հայութեան, այդ օրէն ի վեր կը սպասէ իր ազատագրումին, վերածնունդին եւ վերամիացման:

9 մայիս 1992:

Հայութեան երբեմնի թաւալգլոր կեանքը կը մտնէր նոր հուն: Արցախեան ազատագրական պայքարի բռնկումով` հայը կը վերագտնէր իր ուժը եւ` ապաւինելով իր սեփական բազուկին,  կը նետուէր պայքարի դաշտ` յանուն ազգային իտէալներու եւ երազի իրականացման:

Այո՛, արցախահայութիւնը, իր թիկունքին ունենալով ամբողջ հայութեան թեւն ու թիկունքը, կը ծրագրէ բարձրանալ Շուշուայ գագաթին ու հոն բարձրացնել հայոց եռագոյնը: Շնորհիւ անզուգական հրամանատարներու, անկրկնելի հայդուկներու թէ  ֆետայական գունդերու հզօր կամքին եւ ռազմագիտական ունակութեան անոնք կը շարժին դէպի բարձունք: Թէժ մարտերէ ետք, հայ վրիժառու տղաներ կը յաջողին, իրենց կարգին, ահ ու սարսափի մատնել վեհերոտ ազերին եւ ազատագրել հայոց լոյսի ու յոյսի դարաւոր քաղաք Շուշին:

Եւ ամբողջ 30 տարի, թագուհին հայոց` Շուշին,  կը դառնայ կիզակէտը հայ մտքի ու հոգիի պայծառացման, ստեղծագործ աշխատանքի եւ հպարտութեան: Ամէն տարի օտար արուեստագէտներ` քանդակագործ, գեղանկարիչ, բեմադրիչ թէ յօրինող, կը շտապէին մշակոյթի մայրաքաղաք, պահ մը վայելելու չքնաղ Շուշուայ բնութիւնն ու հոն ապրող հայորդիներու ջերմութեամբ յագեցած եւ հիւրասէրի պահուածքը:

Այսուհանդերձ, հայութիւնը իր բոլոր շերտերով չկրցաւ պաշտպանել Շուշին, իմաստութիւնը չունեցաւ առաւել կազմակերպուելու, հեռատեսութեամբ շաղախելու իր քաղաքական միտքը, պատրաստուելու ամէն տեսակի անակնկալ դիպաշարերու եւ աշխարհաքաղաքական ցնցումներու:

Ու պատահեցաւ անսպասելին, ամէնէն դաժանը: Թրքութիւնը` ապաւինելով իր երբեմնի խորամանկ եւ պատեհապաշտի պահուածքին,  կրցաւ երեք տասնամեակ ետք իրականացնել երազը` ոտք դնել Արցախի հողին վրայ եւ կնքել Շուշիի համաձայնագիր կոչուած դաշինքը: Խոստովանիլ է պէտք, որ թուրքը` ապաւինելով իր քաղաքական հոտառութեան եւ աճպարարի կերպարին, կրցաւ յաղթել թէ՛ զինուորապէս, եւ թէ քաղաքական դաշտին վրայ: Փաստօրէն, թուրքը կրցաւ խաբել եւ ծիծաղի առարկայ դարձնել միջազգային ընտանիքն ու անոր որոշումները, իսկ Շուշին վերածել, այսպէս ըսած, «դիւանագիտութեան կեդրոնի»:

Շուշին, որ հայ ազատամարտիկի սուրբ արեամբ ոռոգուած էր, աւելի՛ն. հոն, ուր նահատակ տղոց հոգիները կը սաւառնէին ազատ ու անկախ, հոն, ուրկէ նորահաս տղաք ու աղջիկներ հպարտութեամբ կը բարձրաձայնէին հայաշունչ երգն ու պարը, ահա, դարձեալ կը դիմագրաւէր կեանքի ամենաստոր ճակատագրի խաղը:

Ճակատագրի խաղ մը, որ այս անգամ սարքուած էր ձեռամբ դաւաճաններու եւ ապիկար դէմքերու: Խաղ մը, որ դամոկլեան սուրի նման ճօճուեցաւ հայ ժողովուրդի գլխուն ու անոր ապագային վրայ: Արատաւոր խաղ մը, որմէ կրցան օգտուիլ թուրքն ու ազերին եւ հայութեան պարտադրել իրենց քաղաքական ու զինուորական կամքը:

Նիկոլական խունթային համար Շուշին տխրադէմ մի տարածք էր, հարկ էր ձերբազատիլ անկէ եւ կամ վաճառել զայն թուրքին, պարզապէս խաղաղասիրական կրկէս սարքելու եւ թշնամիին հետ յարաբերութեան կարկինը լայնցնելու:

Սա ոչ միայն իրողութիւնը է, այլ նաեւ ինքնախոստովանանք, որ վարչապետ կոչուած անձը յայտարարեց, առանց դոյզն խպնանքի եւ խղճահարութեան:

Մեր ափսոսանքը եղաւ այն, որ հայոց պետական այրերու այս տեսականին, իր կարգին, յաջողեցաւ խաբել իր ժողովուրդը, որ,  թէեւ «ուշացած», բայց զգաստութեամբ կը փորձէ շարժիլ, պոռթկալ եւ հաշտուութեան կանչել ազգի մոլորեալները®

Արդ, ի զուր կը հնչեն նիկոլական խունթային կեղծ պատգամները, յորդորներն ու, այսպէս ըսած, ողջախոհական եւ շրջահայեաց քարոզները, որոնք, իբր թէ կը միտին հեռատեսի պատմուճանը հանդերձել:

Աւելի՛ն. անոնք` թշուառ մտքով եւ ողորմելի հոգիով պետական այրերը, ցարդ  կը փորձեն առաջնորդել հայ ժողովուրդը, սապէս ընդունելի տարազ մըն ալ սեղանին դնելով,  թէ ազգը պէտք է ըմպէ դառն բաժակը, համակերպի կատարուած ահաւոր կացութեան, հաշտուի դահիճին` թուրք-ազերի ամէնօրեայ սպառնալիքին հետ եւ խաղաղ սրտով նայի դէպի ապագայ:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ պիտի գայ ժամանակը, եւ այդ մօտալուտ է, որ  նիկոլասէրներն անգամ պիտի անդրադառնան պատահածին ահաւորութիւնը եւ փորձ կատարեն չքմեղանքի խօսքերով` ինքնարդարանալ:

Երբ ազգ մը, այդ ալ 21-րդ դարուն, կը կորսնցնէ հայրենի հողամասէն կտոր մը եւ անգնահատելի մշակութային արժէքներ, երբ կ՛ուրանայ իր ծոցէն ծնունդ առած հրաշք տղոց նահատակութիւնը, աւելի՛ն. երբ տուեալ ազգը, որ Ցեղասպանութիւն ապրած է, ունի Հայ դատ,  ու տակաւին ընդարմացած եւ տխեղծ կեանք կը վարէ, երբ ինքնախաբէութեամբ սերունդներ կ՛ուզէ դաստիարակել, երբ քաղաքական մտքի խեղճութեամբ կլանուած է եւ չունի դիւանագիտական փորձառութիւնը, ապա, տուեալ ազգը, ժողովուրդն ու պետութիւնը իրաւունք չունի գոյատեւելու, ապրելու:

Շուշուայ բերդէն արձակուած լո՜ւռ կանչերն ու Ղազանչեցոց խորանէն առ Աստուած բարձրաձայնուած շարականները կը շարունակեն պատգամել ու մեզ զգաստութեան հրաւիրել: Արցախահայութիւնը իրենց միասնակամ կեցուածքով եւ գիտակցութեամբ յաջողեցաւ բացայայտել հայ պետական այրերու իսկական դէմքերը:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի` Տղա՛ք

Յաջորդը

«Արմենիա» Հրապարակի Անուանակոչութիւն Ժընեւի Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?