Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Մայիս 10, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արտերկրի փուլը ուշագրաւ երեւոյթներ պարզեց: Նախ, անշուշտ մասնակցութեան համեմատական բարձր ցուցանիշը: Երկրորդ դասական-աւանդական շրջանակներէն դուրս այլ շրջանակներու աշխուժ մասնակցութիւնը:

Դիտարժան էր նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքին կազմակերպուածութիւնը: Բնականաբար ներկայ հաղորդակցային համակարգի արհեստագիտութիւնը լիարժէք օգտագործուած էր ընտրութիւններուն աշխարհագրութիւնը, ժամերու տարբերութիւնը  եւ բազմաքուէակեդրոններու իրողութիւնը նկատի ունենալով:

Երեւոյթի գնահատականներ հնչեցին պետական բարձրագոյն օղակներէն: Բնականաբար առաջին հարցումը, որ կը մտաբերուի այս պարագային արտերկրի մասնակցութեան ցուցանիշերու եւ երկրին մէջ տեղի ունենալիք մասնակցութեան տոկոսի համապատասխանելիութիւնն է: Այստեղ շատ են այն զրոյցները, որ զանգուած կայ, որ որեւէ փոփոխութեան, սրբագրութեան նշոյլ չտեսնելով մերժէ ուղղուիլ քուէակեդրոն: Արտերկրի երեւոյթը կրնայ խթանիչ դեր ունենալ եւ ազդել երկրին վրայ: Ընդհանրապէս Պէյրութն է սկզբունքով, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանանէն դուրս գտնուող լիբանանեան շրջանակներու արձագանգումին, հակազդեցութեան չափերուն վրայ: Կը թուի, որ ընթացքը հակառակ ուղղութեամբ է այս պարագային:

Բնական այլ հարցում է, թէ ի՞նչ են այն դրդապատճառները, որոնք տեղի տուին այս աշխուժութեան ալիքին: «Փոփոխութիւն»-ը պիտի ըսուի ամէնէն քաղաքացիական տրամաբանութեամբ: Քաղաքական մտածողութիւնը այլ հարցեր կը յուշէ. եւ լիբանանցին պարտաւոր է հաշուի նստիլ նաեւ այդ հանգամանքներուն հետ:

Կայ արտաքին շահագրգռուածութիւն այս ընտրութիւնները իրենց ատենին կայացնելու: Կան անշուշտ արտաքին ներշնչանքներ փոփոխութեան իրավիճակ ստեղծելու: Խորհրդարանական նոր պատկեր առաջադրողները, որոնք հիմնական ազդեցութիւն ունին նաեւ ներքաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, նախ պիտի նպաստեն, որ ստեղծուի ծայրայեղ վիճակը, որպէսզի մղեն քաղաքացին փոփոխութիւն  յառաջացնելու: Լիբանանեան ներկայ թնճուկներուն մէջ դժուար թէ գոյանար համալիբանանեան համաձայնութիւն քուէարկութեան արտերկրի դրութիւն որդեգրելու շուրջ: Անկախ արդիւնքներէն, կար ուրեմն առաջադրանք աշխուժութեան մթնոլորտ ստեղծելով, փոփոխութեան քողին տակ չդիրքորոշուածները դասական շրջագիծերէն դուրս գործի լծելու: Միայն դասական ուժերու ընտրաքարոզչական աշխատանքներով չի բացատրուիր ուրեմն մասնակցութեան այս երեւոյթը: Կայ, տեսանելի է, արտադասականին աշխուժ մասնակցութիւնը:

Երկրորդ հանգամանք: Անդամալուծուած կառավարութիւն մը, այլապէս սնանկացած պետական պիւտճէ մը եւ ընթացիկ ծառայութիւններու եւ դիւանագիտական անձնակազմերու աշխատավարձերը հասցնելու հեւքին մէջ եղող գերատեսչութիւն մը կը ցուցադրէ բարձրորակ կազմակերպուածութեան մակարդակ: Դարձեալ քաղաքացիական մտայնութեամբ նոր զսպանակումի յոյս. սակայն քաղաքական մտածողութեամբ` այլ կանխատեսելի հետեւանքներու տեսութեան մասին պարտադիր հաշուարկ:

Այս վերլուծումները` անկախ արդիւնքներէն: Դասական ներկայացուածութեան առընթեր պիտի գրանցուին «անկախ» շրջանակներու ձեռք բերած արդիւնքներ: Իսկ արտերկիրը այս առումով սուր ցուցանիշ է, որովհետեւ որոշ երկիրներ, ուր կազմակերպուեցան ընտրութիւնները, անպայման իրենց ազդեցութիւնը ունին լիբանանեանին առընթեր տուեալ երկրին քաղաքացին հանդիսացող լիբանանցի քուէարկողի դիրքորոշման վրայ:

Չի բացառուիր, որ նոյն կազմակերպուածութիւնը եւ գուցէ նաեւ սպասուող մասնակցութեան չափէն աւելին առարկայանայ յառաջիկայ կիրակի Լիբանանի տարածքին: Քաղաքացիական պարզունակ մտայնութեամբ դրական երեւոյթներ կրնան նկատուիլ ասոնք: Նման տնտեսական աննախընթաց տագնապ ապրող երկրին համար ֆինանսական հսկայ միջոցներ ենթադրող երեւոյթները աննկատ պէտք չէ անցնին քաղաքական մտածողութեան տէր լիբանանցիին համար:

Այս նկատառումներով ալ պէտք է դիտարկել համայնքային համակարգին դէմ պատերազմ յայտարարած արտաքին թէ ներքին շրջանակներու քաղաքականութեան ծալքերը:

Համայնքային իրողական ներկայացուածութեան հրամայականը գերակայ պէտք է նկատել ուրեմն ո՛չ միայն զուտ լիբանանահայկական, այլ ընդհանրապէս համալիբանանեան առումով:

«Ա.»

Նախորդը

Սաղաթէլեան Հրապարակեց Յառաջիկայ Փուլին Հայեցակարգը

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլ Պաղեստինեան Յարձակումներուն Հակադարձելու Համար Ժենինի Եւ Կազայի Միջեւ Ընտրութիւն Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատ Ընդունեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը
Գաղութէ Գաղութ

Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատ Ընդունեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը

Մայիս 24, 2022
Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Մայիս 24, 2022
Միշել. «Յառաջիկայ Օրերուն Տեղի Պիտի Ունենայ  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Սահմանազատման Յանձնախումբի Առաջին Նիստը»
Գլխաւոր լուրեր

Միշել. «Յառաջիկայ Օրերուն Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Յանձնախումբի Առաջին Նիստը»

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In