Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլորին Եղբայրը` Յակոբ Բագրատունի

Մայիս 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ
ՌԱԶԻ

Լոզունգ չէ, ոչ ալ պատահական պարտադրուած բառեր, այլ անձնական փորձառութիւն եւ ականատեսի վկայութիւն… Շատեր հիմա պիտի մտածեն եւ, ըստ սովորութեան, սկսին քննադատել ու բամբասել` ըսելով, թէ Ռազմիկը արդեօք ի՞նչ վկայութիւն կրնայ տալ ընկեր Յակոբին եւ անոր գործունէութեան մասին:

Տեղին է մտածելը` նկատի ունենալով տարիքս եւ ընկեր Յակոբին վաստակը, դիրքն ու ինծի հետ կապը: Սակայն անձնապէս կ՛ուզեմ ընթերցողին հետ բաժնեկցիլ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը` իմ կեանքիս կապուած, որուն մէջ ընկեր Յակոբին դերը մեծ էր եւ առաջնահերթ:

Տարիներ առաջ, երբ տակաւին նոր սկսած էի մտնել երգի ասպարէզ, բնականաբար իբրեւ երիտասարդ կամ պատանի ո՛չ համարձակութիւնը, ոչ ալ կարողութիւնը` նիւթական թէ բարոյական ունէի, առաջ երթալու ասպարէզիս մէջ` նկատի ունենալով, որ լիբանանահայ մեր իրականութեան մէջ կային եւ կան մեծ եւ արհեստավարժ երգիչներ: Այդ պատճառով ալ առիթով մը ուզեցի հանդիպիլ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որպէսզի անոր կարծիքը շօշափեմ` շարունակելու համար ընտրած ասպարէզս: Ի զարմանս շրջող բոլոր տարաձայնութիւններուն, թէ` ան շատ դժուար ժամադրութիւն կու տայ, անմիջապէս ընդունուեցայ անոր կողմէ եւ ներկայացայ գրասենեակ` մտածելով, թէ ինչո՛ւ մարդիկ առանց փորձի կ՛ուզեն քարկոծել եւ զրպարտել, նախօրօք տրամադրուիլ` մտածելով, որ Յ. Բագրատունի չ՛ընդունիր ոեւէ մէկը:

Բաւական խօսելէ ետք, ընկեր Յակոբ գնահատեց ասպարէզս եւ որպէս առաջին քայլ ան զիս մղեց պատրաստելու Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած արաբերէն լեզուով երգ մը. անկեղծ ըսած` վախցայ, որովհետեւ մտածեցի նիւթական պարտաւորութիւններուն մասին, որոնց դիմանալու անկարող էին տակաւին, սակայն վախս երկար չտեւեց, երբ ընկերը ամբողջական համագործակցութիւն ցուցաբերեց ինծի` նիւթական եւ բարոյական, յաջողցնելու համար իմ տակաւին նոր նետած քայլերս: Եւ յաջողեցայ…

Ամենայն պատասխանատուութեամբ ահաւասիկ այս բոլորէն ետք, մինչեւ օրս կը յայտարարեմ, որ եթէ որեւէ յաջողութիւն ունիմ իմ ասպարէզիս մէջ, կը պարտիմ Յակոբ Բագրատունիին:

«Բոլորին եղբայրը» արտայայտութիւնը իրաւ է եւ արժանի նման կուսակցական եւ ազգային մեծ գործիչի մը համար, որովհետեւ կանգնեցաւ կողքիս եւ մղեց զիս դէպի նորանոր յաջողութիւններ:

Կը զարմանամ, որ շատեր ինչպէ՛ս երբեմն անուղղակի թէ ուղղակիօրէն կը քարկոծեն մեր մեծերն ու պատասխանատուները` մոռնալով այն բոլոր ծառայութիւնները, զորս ստացած են ու վայելած են անոնցմէ:

Ինծի համար մեծ հպարտութիւն է առաջին քայլերս սկսիլ ՀՅԴ-ի ներդրումով, յատկապէս ընկեր Յակոբի քաջալերանքով:

Այսօր, երբ երգի ասպարէզին մէջ ես զիս քիչ մը կայացած կը զգամ, հրապարակային կը յայտարարեմ, որ այդ բոլորը կը պարտիմ կուսակցութեանս եւ անոր ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, որուն իբրեւ շնորհակալութիւն կարելիս կ՛ուզեմ ընել` բարձր պահելու եւ արժեւորելու Դաշնակցութեան ու ընկերոջ կողմէ զիս առաջնորդելու մեծ եւ բարձր պատիւը:

Հպարտութեամբ պիտի քուէարկեմ Դաշնակցութեան եւ յատկապէս բոլորին մեծ եղբօր` ընկեր Յակոբ Բագրատունիին:

Կանխաւ շնորհաւոր` բոլորիս յաղթանակը:

 

 

 

Նախորդը

«Արմենիա» Հրապարակի Անուանակոչութիւն Ժընեւի Մէջ

Յաջորդը

Յաղթանակը Անխուսափելի Է

RelatedPosts

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…
Անդրադարձ

Մեր Սերունդը Եւ Մեր Նախորդները Երազեցին «Միութիւն» Եւ Չգտան. Կը Գտնե՞նք

Յունիս 27, 2022
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանութիւն Եւ Բարոյականութիւն

Յունիս 27, 2022
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», «Արաբական Գարուն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը, Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Ա.

Յունիս 27, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In