Նահատակաց օրուան առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Դարձեալ կը խոնարհինք օսմանեան կախաղաններուն եւ ոճիրներուն զոհ գացած լիբանանցի նահատակներուն զոհողութեան դիմաց:
Հակառակ այլոց ցուցաբերած ուրացումին, մենք պիտի յիշենք մտաւորականներուն եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչական պատկերը, պիտի յաւերժացնենք նահատակներուն յիշատակը եւ հաշուետուութիւն պիտի պահանջենք»: