Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Լա Հէյի Դատարանը Հայաստանը Ճանչցած Է Իբրեւ Արցախի Յուշարձաններու Սեփականատէր
Լա Հէյի Միջազգային դատարանը կայացուցած է աննախադէպ որոշում. պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպութիւնը այլ պետութեան տարածքի մէջ յայտնուած պատմական յուշարձաններու իրաւայաջորդ եւ իրաւատէր ճանչցած է այլ երկիր մը: Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, գրած է «Միրոտւորեց» Թելեկրամի ալիքը:
Ինչո՞ւ այս որոշումը աննախադէպ ու անսպասելի է:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը քանի մը տասնամեակէ ի վեր կը պայքարին Արցախի հողերուն համար, 44-օրեայ պատերազմէն ետք միջազգային հանրութիւնը ճանչցաւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Մինչ այս դէպքը, բացարձակապէս միշտ յուշարձաններու նկատմամբ կը ճանչցուէր իրաւասութիւնը այն երկիրներուն, որոնց տարածքին մէջ կը գտնուին անոնք: Տխուր է, անարդար է, բայց այդպէս է:
Հայկական հողերուն հետ թշնամիին անցած են նաեւ մշակութային ժառանգութեան արժէքները, որոնք բողոքի եւ անընդունելիութեան ալիք յառաջացուցած են հանրապետութեան քաղաքացիներուն մէջ: Հայոց պատմութեան ալպանականացման անվերջ փորձերը ընկալուած են եւ կ՛ընկալուին աւելի ցաւոտ: Ազրպէյճանը ո՛չ միայն կ՛իւրացնէ յուշարձանները, այլեւ բացայայտօրէն կը պղծէ զանոնք:
Այս տարուան փետրուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մամլոյ դիւանը անգամ մը եւս դիմեց համաշխարհային հանրութեան օգնութեան: «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն այս նախաձեռնութիւնը եւ զայն կը համարէ հակամարդկային ու հակաքաղաքակրթական գործողութիւն` Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ մշտական թշնամութեան եւ ատելութեան ընդգծուած դրսեւորումով», նշած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական պատկանելիութիւնը գիտականօրէն ապացուցուած է եւ անհերքելի, նոյնիսկ եթէ անոնք այժմ կը գտնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Այժմ, ըստ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի, Հայաստանը իրաւունք ունի դիմելու ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարան` ապացուցելու իր յուշարձաններու պղծման փաստերը, եւ եթէ դրական արձագանգ չստանայ, փաստերը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
«Հրանդ Տինք. Հոս Եւ Հիմա» Խորագիրով Ցուցահանդէս Երեւանի Մէջ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, «Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն»-ին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին: Վերջինս նուիրուեցաւ Տինքի սպանութեան 15-ամեակին: Տինքի կեանքն ու պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէսը իր ուղեւորութիւնը սկսաւ Երեւանէն:
Ցուցահանդէսին բացման խօսք արտասանեց Հրանդ Տինքի կինը` Ռաքէլ Տինք: Ան նշեց, որ Երեւան բերած են արդարութեան պայքարի պատմութիւնը: «Սիրելի ամուսինիս մահէն 15 տարի անցած է: Այսօր դուք կարելիութիւնը ունիք անոր 52 տարուան կեանքին ժապաւէնը տեսնելու: Այս ցուցահանդէսին ներկայ գտնուելով` դուք կրնաք ծանօթանալ մեր սիրոյ, ամուսնութեան, բարեկամութեան, ընտանիքի, Հրանդ Տինքի պայքարի պատմութեան: Անոր ամբողջ պայքարը արդարութեան հասնիլը եւ Թուրքիոյ ազգային բոլոր փոքրամասնութիւններուն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնն էր», ըսաւ Ռաքէլ Տինք` ընդգծելով, որ իրենք հպարտ են իրենց ծագումով եւ պիտի շարունակեն լսելի դարձնել Հրանդ Տինքի ձայնը:
Ցուցահանդէսը Պոլսոյ մէջ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրատան` անոր սպանութեան վայրին մէջ հիմնուած Հրանդ Տինքի «23,5» յուշավայրի քաղուածքն է եւ շարունակութիւնը: Յուշավայրը, որ իր դռները բացաւ այցելուներու առջեւ 2019 թուականի ապրիլ 23-24 իր անուանումը ստացաւ Հրանդ Տինքի հեղինակած «Ապրիլի 23 ու կէս» յօդուածէն, որ հրատարակուած էր 1996 թուականի ապրիլ 23-ին, «Ակօս» թերթին մէջ:
Հրանդ Տինքի դուստրը` Տելալ Տինք, յիշելով իր հօր սպանութիւնը, նշեց, որ այդ ժամանակ ընտանիքին համար մեծ հարց յառաջացած էր` ինչպէ՞ս պէտք է շարունակել: Մէկ կողմէ սպանութեան իրաւական գործընթացն էր, միւս կողմէ` որոշուեցաւ հիմնել «Հրանդ Տինք» հիմնարկը, որպէսզի Հրանդ Տինքի խօսքը շարունակէ, հակառակ անոր որ ոմանք ուզեցին անոր գործունէութիւնը կասեցնել:
«Մեր ընկերներով, մտաւորականներով 15 տարի է ի վեր կը ջանանք Հրանդ Տինքի գործը շարունակել Թուրքիոյ մէջ: Կ՛աշխատինք մարդու իրաւունքներու, ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան զարգացման համար: Այս ցուցահանդէսը մեր աշխատանքի արդիւնքներէն մէկն է: Ան կը ներկայացնէ «23,5» յուշավայրը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի Հրանդ Տինքի յիշողութեան պատմութեան մէջ: Մենք կը փափաքինք հայրիկիս խօսքը ձեզի հասցնել: Կը յուսանք, որ այս ցուցահանդէսին շնորհիւ Հրանդ Տինքը ձեզի աւելի հասանելի կը դառնայ», ըսաւ Տելալ Տինք:
Հրանդ Տինք իր տեսանիւթերով եւ ձայնագրութիւններով ցուցահանդէսի պատմողը եւ ուղեկցորդն է. ներկայացնելով իր պատմութիւնը` արդարութեան ճանապարհին հասնելու որդեգրած արժէքները: Ցուցահանդէսին մէջ տեղ գտած է «Ակօս»-ի անկիւնը, ուր կը ներկայացուի թերթին պատմութիւնը: Ներառական բաժինին մէջ այցելուները կարելիութիւն կ՛ունենան իրենց յիշողութիւնները, պատմութիւնները արձանագրելու ձայնագրութեան կամ տեսագրութեան միջոցով, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալու այլոց պատմութիւններուն: Առցանց կապի կարելիութիւնը կայ նաեւ Պոլսոյ մէջ գործող «23,5» յուշավայրին հետ:
«23,5» յուշավայրի տնօրէն Նայաթ Քարաքեոսեն նշեց, որ բաւական հետեւողական աշխատանքի արդիւնքի պատճառով այսօր Պոլսոյ մէջ կը գործէ յուշավայր մը, որ կ՛ամփոփէ Հրանդ Տինքի անցած ուղին, պայքարի ճանապարհը եւ երազները:
«Հինգ տարի տեւեց, մինչեւ որ կրցանք «Ակօս»-ի նախկին գրասենեակի դռները իբրեւ յուշավայր բանալ քաղաքացիներուն առջեւ: Մենք կ՛ուսումնասիրենք միջազգային փորձառութիւնը, եղած ենք տարբեր քաղաքներու մէջ, պատրաստած ենք բովանդակութիւնը եւ հարստացուցած ենք տեսանելի բաղադրիչներով: Ուրախ ենք յայտնելու, որ ան արդէն քանի մը տարի է ի վեր կը գործէ, կ՛իրականացուին ծրագիրներ տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ կը սփռուի Հրանդ Տինքի խօսքը», ըսաւ Նայաթ Քարաքեոսեն: Ան ընդգծեց, որ ցուցահանդէսը ո՛չ միայն Հրանդ Տինքի յուշավայրի կտորն է, այլեւ կամուրջ է այնտեղի այցելուներուն` ճանչնալու եւ մարդկային պատմութիւնները լսելու:
Ցուցահանդէսը համադրող խումբի անդամ Մարալ Տինք շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան ցուցահանդէսի կազմակերպման եւ իրականացման: Անոր խօսքով, այս ցուցահանդէսը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի խումբ մը գործիչներու, նուիրեալներու համագործակցութեան արդիւնք է:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յուլիս 31:
Կողբի Երաժշտական Դպրոցը Անուանակոչուեցաւ Յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի Անունով
«Կողբ» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ Նոյեմբերեան համայնքի աւագանիի որոշումով Կողբի երաժշտական դպրոցը անուանակոչուեցաւ անուանի յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի անունով:
Մայեսթրոն ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան` զայն դարձնելով առաւել ջերմ ու յիշարժան:
Անուանական ցուցանակի բացման յաջորդեց դպրոցի տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեանի ողջոյնի խօսքը, որմէ ետք դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին մայեսթրօ Մանսուրեանի հարուստ կենսագրութիւնն ու անցած ճանապարհը:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համայնքապետ Արսէն Աղապապեանն ու «Կողբ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեանը, որուն յաջորդեց մայեսթրոյին ջերմ եւ յուզիչ խօսքը:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համերգով` լի մանսուրեանական ոգիով:
«Վերանորոգուած, կահաւորուած, նոր երաժշտական գործիքներով համալրուած եւ արդէն Տիգրան Մանսուրեանի անունը կրող դպրոցին ուսուցիչներն ու սաները աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ կրթութիւնը», իր խօսքին մէջ նշեց «Կողբ» հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Պետրոսեանը:
Ձեռնարկի աւարտին «Կողբ» հիմնադրամը շարք մը դրամաշնորհներ եւ կրթաթոշակներ յանձնեց Կողբի հանրակրթական եւ երաժշտական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն 2022 թուականի առաջին եռամսեակին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն համար:
Անուանակոչութեան արարողութիւնը եզրափակուեցաւ «Կողբ» հիմնադրամին կողմէ Տիգրան Մանսուրեանի անուան ամէնամեայ երաժշտական մրցանակի սահմանման մասին յայտարարութեամբ:
Արցախի Մէջ Կրթահամալիր Հիմնելու Նպատակով «Շիրակացի Ճեմարան»-ի Հետ Յուշագիր Ստորագրուեցաւ
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան մայիս 7-ին ընդունեց «Շիրակացի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրին պատուիրակութիւնը` տնօրէն Աշոտ Ալիխանեանի գլխաւորութեամբ:
Պետական նախարարն ու համալիրի տնօրէնը ստորագրեցին Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ «Շիրակացի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրին միջեւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որով կողմերը կը միաւորեն իրենց ջանքերը Արցախի Հանրապետութեան մէջ «Շիրակացի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրի փորձի հիման վրայ նոր որակի ուսումնական հաստատութեան ստեղծման շուրջ:
Արտակ Բեգլարեան ողջունեց պատուիրակութեան այցելութիւնը` ընդգծելով վերջին ամիսներու ընթացքին ունեցած քննարկումներու կարեւորութիւնն ու երկկողմանի հաստատակամութիւնը` կրթահամալիրի գործունէութիւնը Արցախի Հանրապետութեան մէջ կազմակերպելու առումով: Յատկապէս մայիսեան եռատօնին ընդառաջ, պետական նախարարի հաւաստիացումով, Արցախի գիտակրթական ներուժի զարգացման հարցին մէջ հաստատութեան հետ կապերու առարկայացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի, որ լուրջ հիմք եւ խթան պիտի դառնայ Արցախի երկարաժամկէտ զարգացման համար:
«Շիրակացի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրի տնօրէն Աշոտ Ալիխանեան բարձր գնահատեց Արցախի իշխանութիւններուն որոշումը կրթահամալիրի գործունէութիւնը Արցախի մէջ սկսելու առումով` նշելով իրենց պատրաստակամութիւնը հաստատութեան ներուժն ու տարիներու փորձառութիւնը ծառայեցնելու Արցախի աշակերտներու որակեալ ուսման ապահովման:
Քերթի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Ընթերցասէրներու Ակումբի
Մայիս 7-ին Քերթի Կոմիտաս Յակոբեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» աշակերտական նախագծի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Գրագիտունիկներ» ընթերցասէրներու ակումբին բացումը: Բացման ներկայ էին Արցախի գրական ընտանիքի անդամներ, համայնքի ներկայացուցիչներ, զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագրով Քերթի դպրոցի մէջ դասաւանդող Վիթալի Պետրոսեան հաղորդեց, որ ընթերցասէրներուն ակումբը արդէն իսկ իրականութիւն է` շնորհիւ «Հայ ուսանողներու միութեան», Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին, «Միուզիք Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան, Հայաստանի եւ Արցախի Գրողներու
միութիւններուն, բազմաթիւ այլ անհատներու, որոնք չխնայեցին սեփական միջոցներ` երեխաներուն ժամանակակից նոր գրականութեամբ ապահովելու համար:
Վիթալի Պետրոսեան ներկայացուց «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» գործունէութեան նպատակաուղղուածութիւնը, համայնքային ծրագիրներու դերը համայնքի զարգացման գործին մէջ, նախագիծի ստեղծման պատմութիւնը, համայնքի զարգացման յառաջիկայ նախագիծը, որ շուտով պիտի սկսի: Արցախի գրողներու ստեղծագործութիւններէն արտասանութիւններով. երգ ու պարով հանդէս եկան Քերթի Կոմիտաս Յակոբեանի անուան միջնակարգ դպրոցի աշակերտները:
Յայտնենք, որ իր երաժշտութեամբ ու երգով ձեռնարկին համ ու հոտ հաղորդեց քերթեցի երիտասարդ երգիչ ու երաժիշտ Դաւիթ Բաղրեանը: Արցախի մէջ ստեղծուող գրականութիւնը ներկայացուց Արցախի գրական ընտանիքի անդամ Զարինէ Սառաջեանը: Խօսքեր արտասանեցին Դաւիթ Միքայէլեանը եւ Հերմինէ Աւագեանը, իսկ ձեռնարկը եզրափակեց դպրոցի տնօրէն Ստելլա Ղուլեանը:
Յուշ–Ցերեկոյթ` Նուիրուած Վլադիլեն Բալեանի Ծննդեան 98-ամեակին
Ապրիլ 29-ին Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգի եւ գործի վարպետը» խորագրով յուշ-ցերեկոյթ` նուիրուած անուանի հայ երգահան, երաժշտական-հասարակական գործիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Գիւմրիի եւ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի Վլադիլեն Բալեանի ծննդեան 98-ամեակին: Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի հիմնադիր տնօրէն Վ. Բալեանի ծննդեան տարեդարձին այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ներկայ չէր ինքը` մայեսթրոն:
Ձեռնարկին հիւրերն էին երգահանին ընտանիքի անդամները, ականաւոր երաժիշտներ եւ մշակութային գործիչներ: Ներկաները ողջունեց Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Մարինէ Օթարեանը. «Մեր բոլորին կեանքին մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը բռնեն մեր ձեռքը եւ կ՛ուղղորդեն մեզ: Ես շատ երիտասարդ էի, երբ նշանակուեցայ թանգարանի տնօրէն, տակաւին երաժշտանոցի վերջին դասարանի ուսանող էի: Բալեան ամուր բռնեց ձեռքս եւ տնօրինութեանս 26 տարիներու ընթացքին իր իմաստուն խորհուրդներով կանգնեցաւ մեր կողքին: Ես այն բախտաւորներէն եմ, որ պատուով շարունակած եմ, կը շարունակեմ եւ պիտի շարունակեմ թանգարանին մէջ անոր ձգած աւանդոյթները», նշեց ան:
Դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեան Վլադիլեն Բալեանը ներկայացուց իբրեւ էութեամբ ստեղծագործող, ստեղծող եւ կառուցող անձնաւորութիւն: Վ. Բալեանի հետ ունեցած ստեղծագործական համագործակցութեան եւ մտերմութեան մասին հետաքրքրական փաստեր ներկայացուց սիրուած երգիչ Ռուբէն Մատթէոսեանը: «Որպէսզի հայկական երգի ասպարէզին աւելի համահունչ անուն ունենամ, ան առաջարկեց ինծի, որ Ռուդիկը փոխարինեմ Ռուբէնով, եւ ես սիրով ընդունեցի: Այդպիսով ինքզինքիս համարձակութիւն ներշնչեցի` ուրիշին անունով բարձրանալ բեմ»: Նաեւ ցուցադրուեցաւ տուն-թանգարանի գիտաշխատող Ինեսսա Խաչատրեանին պատրաստած «Երգի եւ գործի վարպետը» խորագրով փաստագրական տեսաշարը, որուն մէջ տեղ գտած էին Վ. Բալեանին առնչուող բացառիկ նիւթեր` թանգարանի արխիւէն: Համերգային բաժինին մէջ հնչեցին մայեսթրոյին թէ՛ նշանաւոր եւ թէ՛ հազուադէպ կատարուող ռոմանսները: Ելոյթ ունեցան մեներգիչներ Տիանա Յարութիւնեանը (սոփրանօ) եւ Արսէն Գէորգեանը (պարիթոն)` Երեւանի պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Մարգարիտ Սարգսեանի նուագակցութեամբ: