Յօդուածներ

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Ճակատագրական Ընտրանքներու Ժամանակներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հակառակ գարնանային յորդառատ անձրեւին, Հայաստանի մէջ, ոչ միայն Երեւանի, իշխանափոխութեան պահանջով ցոյցերը կը շարունակուին: Առաւօտուն Աշտարակ տանող մայրուղիի մուտքին խցանում կար: Ցուցարարներու թափօր մը դրօշակներով կը տողանցէր: Կէսօրին, երբ Աշտարակէն կը վերադառնայի, կրկին խցանում կար Պռօշեանէն անցնող մայրուղիին վրայ: Մեծ ու պզտիկ ինքնաշարժներ, բեռնատարներ, կողմնակի ճամբաներ կը փնտռէին` փորձելով յառաջանալ: Տուն հասայ, հեռատեսիլը միացուցի: Ցոյցերը կը շարունակուէին Երեւան:...

Լոյս Տեսաւ.- «Բագին» 2021 Թիւ 2-3

Լոյս Տեսաւ.- «Բագին» 2021 Թիւ 2-3

Բովանդակութիւն Խմբագրական           Մարկ Նշանեան  |  ԺԱՄԱՆԱԿԸ Յարութիւն Քիւրքճեան ՉՈՐՍ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԵՏՔ Գրիգոր Պըլտեան        |  ԱՐՄԱՏԱԽԻԼ Վարդան Մատթէոսեան ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՃՄԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԷՆ Յակոբ Կիւլլիւճեան ՆՇԱՆԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐԱԳԱՅ ԻՒՐ Դալար Շահինեան | ՔՆՆԱԴԱՏԻՆ ՀԱՅԵԼԻՆ` ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿԻՆ ՄԻՋԵՒ Սագօ Արեան     |  ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ, ԿԱՄ` ՍՓԻՒՌՔԷՆ ԱՆԴԻՆ Հինգ նկարի պատմութիւն Վիոլետ Գրիգորեան      |  ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՎԻՒԸ Կարէն Ճալլաթեան...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Երգի Մը Պատմութիւնը. Արաբոյի Օրերէն Մինչեւ Մեր Օրերը Հնչած «Զարթ(ն)ի՛ր, Լաօ՛» Ահազանգային Երգին Պատգամը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի Հայ դատի դասախօս Հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին ծնունդ տուած է ազգային շունչ ներարկող ռազմական, հայրենասիրական, ազգային, յեղափոխական, հայդուկային, ժողովրդական, ազգագրական, օրօրոցային եւ մարտական հազարաւոր երգերու: Այդ երգերու մեծ բաժինը ծնունդ առած են 18-րդ դարու վերջաւորութեան հայ ժողովուրդի կողմէ մղուած ազատագրական պայքարին եւ կը շարունակուին մինչեւ օրս: Հայ ժողովուրդը այդ երգերով սնանած ու...

«Իւրաքանչիւր Քաղաքացի Թող Իր Խիղճով Ընտրէ Եւ Իսկականին Ու Կեղծին Միջեւ Տարբերութիւնը Գիտնայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Իւրաքանչիւր Քաղաքացի Թող Իր Խիղճով Ընտրէ Եւ Իսկականին Ու Կեղծին Միջեւ Տարբերութիւնը Գիտնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ Ձայն»-էն հարցազրոյցի մը ընթացքին, զոր վարեց Հալա Հատտատ, անդրադարձաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, երկրին մէջ տիրող ընտրական մթնոլորտին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան հասցէին արձակուող ամբաստանութիւններուն: Յայտագիրին սկիզբը Հատտատ յատկացուց կարգ մը հարցումներու, զորս հաւաքած է ուղղակի կուսակցականներէ: «Ի՞նչ կ՛ըսէք այն դաշնակցականին, որ ՀՅ Դաշնակցութենէն կեցուածք ճշդած է` կուսակցական նեղ հաշիւներու պատճառով»: Երեսփոխան...

Պաղտատի Մէջ.   Ժորժ Քալլաս Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրուեցան Յուշանուէրներով

Պաղտատի Մէջ. Ժորժ Քալլաս Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրուեցան Յուշանուէրներով

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս, ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի եւ Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հապհապի, ուղղուեցան Իրաք` ստանձնելու համար «Պաղտատ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2021»-ի դրօշը, որուն հետեւողականութիւնը պիտի արձանագրուի այս տարի Լիբանանի մէջ, իբրեւ «Պէյրութ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2022»: Նշենք, որ «Պէյրութ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2020» համաձայնագիրը...

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնն Ու Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութիւնը Յայտարարեցին Լիբանանի Աշխատուժի 2022-ի Վիճակագրական Տուեալները

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնն Ու Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութիւնը Յայտարարեցին Լիբանանի Աշխատուժի 2022-ի Վիճակագրական Տուեալները

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեցին Լիբանանի աշխատուժի 2022-ի վիճակագրական տուեալները: Պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ, հովանաւորութեամբ` փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի, եւ ներկայութեան` աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամի ներկայացուցիչ Զուհէր Ֆայեատի, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան արաբական երկիրներու տնօրէն Ռուպա Ժարատաթի, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի: Այս...

Հալէպահայ Դոկտ.Արա Սայեղ Փրոֆ. Տիտղոսին Կ’արժանանայ

Հայ-Լեհական Դիւանագիտութեան Առարկայական Արժեւորումներ` 1992 – 2022

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի Collegium Maius թանգարանի մուտքինԱջէն ձախ` Ե. Մ. Նովաքովսքի, Զ. Ռաչինսքի, Ք. Սթոփքա, Վ. Երեմեան, Ե. Նովաքովսքա,Ա. Ժիէնպա, Ե. ՕշեցքինՆկարը յօժարութեամբ տրամադրուած է Վիգէն Երեմեանի Դիմատետրի արխիւէն Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի դարաւոր Եակելոնեան համալսարանի Collegium Maius թանգարանի տնօրէն, լեհահայոց պատմութեան մասնագէտ, լեհ պատմաբան փրոֆ. Քշիշթոֆ Սթոփքայի անդրադարձը շատ արագ եղաւ, երբ Լեհաստանի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող...

Քուէարկե՛նք  Դաշնակցութեան

Քուէարկե՛նք Դաշնակցութեան

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ Ընդամէնը քանի մը ժամեր մեզ կը բաժնեն 15 մայիսէն`  դէպի քուէատուփ ուղղուելու ճակատագրական օրէն: Այն օրէն, որուն բոլոր լիբանանցիները  կը սպասեն, որպէսզի  հաստատ քայլերով ուղղուին դէպի  քուէարկութեան կեդրոններ եւ որպէս լիբանանցի քաղաքացիներ` իրենց իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը կատարեն հանդէպ իրենց ծննդավայրին` Լիբանանին: Սակայն շատերու համար այդ իրաւունքին եւ պարտաւորութեան կիրարկումը այս օրերուս  զիրենք շփոթի կը մատնէ, որովհետեւ անոնք կը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հանէ՛ Դիմակը Դէմքէդ, Վա՛ր Առ Կարմիր Պերէդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հանէ՛ Դիմակը Դէմքէդ, Վա՛ր Առ Կարմիր Պերէդ

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Թուրքին բարբարոսութիւնը ընդդէմ հայերու չէ սկսած 1915-ի ջարդէն, ան դարեր շարունակ հալածած է մեզ: Եթէ առնենք պատմութիւնը 1915 թուականէն ետք, պիտի տեսնենք, թէ այն թիւը, որուն մասին կը խօսինք` մէկուկէս միլիոն, շատ նուազ է եւ շատ հեռու` իրականութենէն: Փորձեցին մեզ բնաջնջել, բայց մնացինք, տեղահանուեցանք, բայց մնացինք եւ այսօր, հարիւր եօթը տարիներ ետք, տակաւին կը մնանք ու պիտի մնանք...

Մեր Խօսքը

Մեր Խօսքը

Քանի մը օրէն Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւնները: Ընտրական գործի լծուած են քաղաքական կուսակցութիւններ, քաղաքական եւ ոչ քաղաքական հոսանքներ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, քաղաքացիական շարժումներ, աւելի՛ն, համայնքապետներ, համայնքներու անունով խօսող անհատներ: Այլ խօսքով, անխտիր բոլորը` Լիբանանէն ներս թէ դուրս: Անցեալ շաբաթ արտերկրի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն անսպասելիօրէն մեծ թիւով լիբանանցիներու մասնակցութիւնը առաջին ապացոյցն է, որ այս ընտրութիւններով շահագրգռուած են...

«Երիտասարդութեան Աշխուժ Մասնակցութիւնը Կարեւոր Է Այս Ընտրութիւններուն, Որովհետեւ Ան Շարժում Է Եւ Մթնոլորտ, Հոսանք Կը Ստեղծէ»  «Ռազմիկ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

«Երիտասարդութեան Աշխուժ Մասնակցութիւնը Կարեւոր Է Այս Ընտրութիւններուն, Որովհետեւ Ան Շարժում Է Եւ Մթնոլորտ, Հոսանք Կը Ստեղծէ» «Ռազմիկ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի հետ, որ անդրադարձաւ 2022-ի Լիբանանի ընտրութիւններու կարեւորութեան եւ երիտասարդութեան դերին` ընտրապայքարին մէջ: «ՌԱԶՄԻԿ».- Ինչո՞ւ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական են Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան համար: ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ.- Որեւէ երկրի մէջ ընտրութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ նոր փուլ մը...

Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Եւ Բարդ Ընտրական Օրէնք

Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Եւ Բարդ Ընտրական Օրէնք

«ՌԱԶՄԻԿ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի եւ տնտեսական տագնապի հարցերը փոխարինուեցան ընտրական լուրերով, վերլուծութիւններով եւ խորհրդարանի հետագայ պատկերին մասին խօսակցութիւններով: 6 մայիսին արաբական եւ 8 մայիսին աւելի քան 40 երկիրներու մէջ լիբանանցիներ քուէարկեցին իրենց իւրաքանչիւրին ընտրաշրջանին մէջ առաջադրուած ընտրացանկերուն: 15 մայիսին ընտրութիւնները պիտի կատարուին այս անգամ Լիբանանի մէջ: Սակայն արդիւնքներուն մասին մտածելէ առաջ քուէարկելու իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է...

Դպրոցին Մէջ Ինչպէ՞ս Վարուիլ Գաղթական Երեխայի Հետ

Դպրոցին Մէջ Ինչպէ՞ս Վարուիլ Գաղթական Երեխայի Հետ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պատերազմներէ, ներքին հակամարտութիւններէ եւ արտաքին ներխուժումէ մեծ վնասներ կրած երկիրներէ այլ վայրեր ապաստանող երեխաներ, աշակերտներ յաճախ կը յաջողին իրենց նոր դպրոցներուն մէջ եւ այդպէս կը շարունակեն: Անշուշտ այս իրողութեան մէջ մեծ բաժին ունին ուսուցիչները: Այս մասին «Ուորլտ Ռիլիֆ» կայքը հրատարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:  Ն. Անոնք Իսկապէս Կրնան Թռչիլ Մասնագէտները Լէյ Փարք նախակրթարանի աշակերտները...

«Յետցեղասպանութեան Ստեղծարարութիւնը` Յիշողութեան, Արուեստի Եւ Պահանջատիրութեան Միջեւ» Խորագիրով Միօրեայ Երիտասարդական Սեմինար

«Յետցեղասպանութեան Ստեղծարարութիւնը` Յիշողութեան, Արուեստի Եւ Պահանջատիրութեան Միջեւ» Խորագիրով Միօրեայ Երիտասարդական Սեմինար

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած աշխատանքներու ծիրին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ միօրեայ երիտասարդական սեմինար` «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով, 21 մայիս 2022-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Աշխատանքներու գործընթացին եւ սեմինարի մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ սեմինարի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Զաքար Քէշիշեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը. «ԱԶԴԱԿ».- «Արուեստ», «Յիշողութիւն», «Պահանջատիրութիւն». ինչո՞ւ յատկապէս այս...

Ցեղասպանածին «Խաղաղասիրութեան Դարաշրջան»-ը Եւ Հայ Ցեղին Պաշտպան «Դիմադրութիւն»-ը

Ցեղասպանածին «Խաղաղասիրութեան Դարաշրջան»-ը Եւ Հայ Ցեղին Պաշտպան «Դիմադրութիւն»-ը

«Դիմադրութիւն» շարժումի «Զարթնի՛ր լաօ» երթ Երեւանի մէջ, 5 մայիս 2022 ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունի զանգուած, որ տակաւին կը հաւատայ գերագոյն դաւաճանի «խաղաղութեան դարաշրջան»-ին (բայց` իրողապէս հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան) գալուստին` առանց հայոց եւ միջազգային պատմութեան անցուդարձերու դիտարկումին, անձնական պաշտպանութեան միջոցներու ապահովումին եւ ամէնէն կարեւորը` անհատի եւ ազգի կեանքի ու մահուան միջեւ տարբերութիւնը տեսնելու կարողութեան: Հայաստանի իշխանութիւնը,...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Հայրենի Ժողովրդի Փրկարար Զարթօնքը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Սիրելի ընթերցող, ի տես հայաստանեան վերջին օրերի իրադարձութիւնների` անհրաժեշտ է արձանագրել հետեւեալ փաստերը. 1.- Ոտքի է հայրենի ժողովուրդը` Երեւանում եւ միւս բոլոր մարզերում. սրանով արդէն ամէն ինչ ասուած է ու յստակ: 2.- Հակառակ մի շարք թերահաւատների ու մոլորեալների` փաստուեց, որ ժողովրդական ընդվզումը 2018-ի նման չի չարաշահւում լոկ իշխանափոխութեան համար, այլեւ ունի ազգային անվտանգութիւնն ու պետականութիւնը պահպանելու նպատակ: 3.-...

Barouyr-Aghbashian

Յուշագրական Արժանի Հրատարակութիւն. «Կեանքի Պատուհանէն» Հեղինակ` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան (Պէյրութ – 2022)

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Ո՛չ նորութիւն է, ո՛չ ալ գաղտնիք, որ սփիւռքի դառն պայմաններուն մէջ հայ գրողներու թիւը նուազած է, այն ալ` աւելի քան մտահոգիչ զառիթափութեամբ ու տարողութեամբ: Երէց եւ միջին սերունդներու տաղանդաւորներն ու վաստակաւորները դժբախտաբար չունեցան իրենց արժանի ժառանգորդները` բացի հազուագիւտ շնորհալիներէ եւ դէմքերէ: Թթխմոր Հալէպը, որ համակ մտաւորականութեան մեղուափեթակ էր, բաբախուն Պէյրութը, որ նոյնպէս համակ կեանք էր, իւրաքանչիւրը` իր...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մի՞թէ Հայաստանը Կ՛ընթանայ Դէպի Դեռ Իր Անունը Չըսող Բռնապետութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յարգելի եւ յանդուգն հրապարակախօս մտաւորականի մը հետ զրուցեցի Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր տեղի կ՛ունենար ստորագրահաւաք` վարչապետի իշխանութեան դադարեցման պահանջով: Զրուցեցինք երկրին եւ սահմաններու կացութեան հարցերով: Հետաքրքրուեցայ մտաւորականներու աշխատանքի եւ բարօրութեան հարցով: Զրուցակիցս ըսաւ, որ իշխանական մտաւորականները լաւ կ՛ապրին, անոնք, որոնք անկախ մտածողներ են եւ կամ քննադատական վերաբերում ունին, իրենց եկամուտներէն կը զրկուին: Աւելցուց, որ իր զանազան բնոյթի եկամուտները...

Լուսազգեստեալ

Լուսազգեստեալ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ «Լուսեղէն եւ երկնային անթառամ պսակացն արժանի եղեն» (Ժամագիրք) Տաճար-նաւը լոյս կը սփռէ` արեւագալի ողջոյնով... Դատարկ հոգիներ անանց բարիքներու նախաճաշակով կը լեցուին, հաղորդակից` Աստուծոյ ճգնաւորներուն, նահատակներուն, մարտիրոսներուն, գովելիներուն, կամաւոր զոհերուն... «Լո՜յս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս...» Խունկը կը բուրէ, Լոյսը կ՛առատանայ, կ՛աղբերանայ` բոլոր շրթներէն հոսող Լուսաստեղծիչին գովքով... Երկնայիններուն ընդելուզուած երկրածիններ իրար կը գերազանցեն նորածագ Լոյսի բարեբանութեամբ` բացուած երկինքը տեսնելու,...

Ակնարկ.  Նոր Խորհրդարանի Ուրուագիծը` Երկարաժամկէտ  Ծրագիրի Առաջին Փուլը

Ակնարկ. Նոր Խորհրդարանի Ուրուագիծը` Երկարաժամկէտ Ծրագիրի Առաջին Փուլը

Շուտով ընտրուելիք խորհրդարանին համապատկերի ուրուագծման փորձը անպայման յստակ եւ բացարձակ կանխատեսում չէ: Ո՛չ ալ նախնական արդիւնք` քուէարկողներու հետ իրականացած հարցախոյզի տուեալներու հիման վրայ: Ուրուագծումը քաղաքական վերլուծման հիման վրայ գծուած պատկեր է: Այսպէս. յայտարարուած առաջադրանք է համայնքայինէն քաղաքացիական պետութեան անցումը: Քարոզչաքաղաքական ցանցային մեքենաներ լիբանանեան ամբողջ ողբերգութիւնը կ՛ուզեն բարդել գործող համակարգին վրայ եւ անկէ դուրս գալու միակ միջոցը կը նկատեն համակարգային փոփոխութիւնը....

Page 342 of 1112 1 … 341 342 343 … 1,112

Արխիւներ