Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օգնական Բուժքոյրերու Պատրաստութեան Ծրագիր»-ի Առիթով Հարցազրոյց` Դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին Հետ

Մայիս 11, 2022
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Վերջերս, նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին, գործակցութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, նաեւ` Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր» հայ տիկիններու համար: Այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի գործընկեր եւ ազգային երեսփոխան դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին հետ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս յղացաք «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի գաղափարը:

ԴՈԿՏ. ՀԻԼՏԱ ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ.- Ամէն մարդ գիտէ Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն մասին:  Գիտենք նաեւ, որ մեր կառոյցները հայ ժողովուրդին կողքին են, եւ մենք պէտք է ծրագիրներ մշակենք, որպէսզի կարենանք ժողովուրդին աւելի մօտ ըլլալ: Ասկէ մեկնելով` գաղափարը յղացանք եւ 2019-ին, երբ սկսաւ Լիբանանի տագնապը, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչին` Միշէլ Բազումեանին հետ երբ վեհափառին քովն էինք եւ կը խօսէինք, վեհափառը շեշտեց, որ պէտք է աւելի օգտակար դառնանք ժողովուրդին եւ գտնենք միջոցները, որպէսզի հետագային իրենք կարենան եկամուտ ապահովել իրենց համար:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս սկսաք ծրագիրը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը:

ԴՈԿՏ. Հ. Պ.- Առաջին հերթին, MOU (Memorandum of Understanding) ստորագրուեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի եւ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գօգօ Թերզեանի եւ առաջնորդարանի կողմէ ներկայացուցիչներու: Այս ստորագրութիւնը կ՛արտօնէր, որ նիւթական ապահովուի ծրագիրին համար:

Այս ծրագիրին նպատակը տիկիններուն յոյս ներշնչել է, որ տագնապալի օրերուն իրենք եւս կրնան եկամուտ ապահովել: Այս ծրագիրը օգնական բուժքոյր պատրաստելու ծրագիր է, եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը անշուշտ ունի իր բաժանմունքը այս նիւթով: Այս ծրագիրը պատրաստուած է յատկապէս հայ տիկիններու համար, որովհետեւ համալսարանէն ներս նիւթերը ֆրանսերէն լեզուով կը դասաւանդուին, եւ ամէն մարդ չի տիրապետեր  այդ լեզուին կամ անգլերէնին, եւ այս իսկ պատճառով որոշուեցաւ դասընթացքները արաբերէն լեզուով կայացնել:

«Ա.».- Որո՞նք նպաստեցին ծրագիրի յաջողութեան: Ներհայկական իմաստով, ո՞ր կառոյցները օժանդակեցին ձեզի:

ԴՈԿՏ. Հ. Պ.- Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր կառոյցներուն` Ազգային առաջնորդարանին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան, «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, որոնք լաւապէս կատարեցին ծրագիրի քարոզչութիւնը: Առաջին հերթին մենք հանդիպում մը ունեցանք «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ բոլորին հետ եւ բացատրեցինք մեր ծրագիրն ու նպատակը: Մեծ թիւով տիկիններ ներկայացան, սակայն մենք միայն 22 հոգի կրնայինք ընդունիլ, որովհետեւ սահմանափակ տեղեր ունէինք, նաեւ նիւթական իմաստով աւելի մեծ թիւ չէինք կրնար ընդունիլ: Հետեւաբար զատեցինք 24 տիկիններ` պաքալորէայի մակարդակի հասած, որպէսզի նուազագոյնը կարենան հետեւիլ դասախօսութիւններուն: Ծրագիրը սկսանք 20 հոգիով: Մարզը դժուար մարզ է: Օգնական բուժքոյրը պէտք է ըլլայ ժողովուրդին ցաւին հետ, եւ ամէն մարդ չի կրնար, հետեւաբար տարիքն ալ կարեւոր էր, նուազագոյնը 23-24 տարեկան եւ վեր պէտք էր ըլլար: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ այս ծրագիրը ոչ միայն կը սորվեցնէ հիւանդանոցի մէջ ծառայել, այլեւ` տունէն ներս հիւանդի հոգատարութիւն կատարել: Մենք դժուար ժամանակներէ անցանք, եւ կարգ մը տիկիններ «Քորոնա» ժահրին պատճառով չկրցան շարունակել ծրագիրը:

«Ա.».- Խօսինք ծրագիրին մասին: Ինչպէ՞ս ընթացան դասընթացքները, նաեւ` տեւողութիւնը որքա՞ն էր:

ԴՈԿՏ. Հ. Պ.- Ծրագիրը սկսաւ 29 նոյեմբեր 2021-ին եւ աւարտեցաւ մարտ 2022-ին: Ընդհանուր 300 ժամ էր: 100 ժամ տեսութիւն, որ շաբաթը 2 անգամ էր, իսկ վարժութիւնը ամէն օր էր, «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնի, «Գարակէօզեան» հաստատութեան կամ` «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մէջ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ ծրագիրը բոլորովին ձրի էր տիկիններուն համար, եւ նոյնիսկ իրենց փոխադրամիջոց ապահոված էինք: Դասընթացքները տեղի ունեցան Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան կեդրոնին մէջ:

Կ՛ուզեմ նշել, որ երկշաբաթեայ դրութեամբ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին նիւթական տեղեկագրութիւն կ՛ուղարկէինք, որպէսզի տեղեակ ըլլան իրադարձութիւններուն:

«Ա.».- Քանի՞ հոգի աւարտեց ծրագիրը:

ԴՈԿՏ. Հ. Պ.- Ծրագիրը աւարտեցին 16  տիկիններ, որոնց հաստատագիր տրուեցաւ համալսարանին կողմէ 6 մայիսին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդէսի ընթացքին: Յիշեցնեմ, որ այն տիկինները, որոնք առողջապահական հարցերով չկրցան շարունակել ծրագիրը, իրենց եւս պիտի տրուի հաստատագիր, իրենց յաճախած ժամերուն հիման վրայ: Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ հաստատագիրը ընդունելի է գործի համար եւ անոր հետ կրնան աշխատիլ ու արդէն իսկ ոմանք գործ գտած են:

«Ա.».- Հետագային ի՞նչ ծրագիրներ կան:

ԴՈԿՏ. Հ. Պ.-  Լիբանանահայ գաղութին համար այլ ծրագիրներ եւս ունինք մշակելիք` հայ տիկիններուն եւ հայ երիտասարդներուն համար: Կը ծրագրենք նաեւ կրկնել «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ը, որովհետեւ մեծ թիւով տիկիններ ուզեցին մասնակցիլ: Երկրորդ ծրագիրը ատամնաբուժ պատրաստելու ծրագիր է, իսկ երրորդը` նորաձեւութեան ծրագիր fashion design, որ շատ կը հետաքրքրէ այր մարդիկը եւ տիկինները:

«Ա.».- Իբրեւ վերջին խօսք` ի՞նչ ունիք ըսելիք:

ԴՈԿՏ. Հ. Պ.- Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեանին, որ լայն սրտով ընդունեց մեր ծրագիրը, նաեւ շնորհակալական խօսք ունիմ ըսելիք Ազգային առաջնորդարանին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան, «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:

 

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Նուիրուած Պատկառելի Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?