«Կը վախնամ, որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը, որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի» (Բ.Կր 11.4):
Վերոյիշեալ խօսքերը, որ կը կարդանք, Պօղոս առաքեալին կը պատկանին, իր երրորդ ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած: Պօղոս առաքեալ հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ չարտասանեց այս խօսքերը, ո՛չ ալ` Աւետարանին մէջ քանի մը խօսք աւելցնելու միտումով, այլ` Կորնթոսի ժողովուրդին կողմէ հալածուած օրերուն: Այս խօսքերը ըսաւ, որովհետեւ եկեղեցւոյ անդամներէն ոմանք առաքեալին դէմ դիրքաւորուած էին:
Առաքեալը կը վախնար: Այսօր նոյնքան մենք կը վախնանք: Կը վախնանք, որ այսօր եւս մեր եկեղեցւոյ սիրելի զաւակները ամենայն դիւրութեամբ ընդունին ոեւէ մէկը, որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, իրենց ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, եւ կամ իրենց ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը ընդունին, մոլորեցնող «քարոզիչ» մը ընդունին:
Կը վախնանք, որ անոնք չկարողանան զանազանել ճշմարիտը սուտէն, իրականը կեղծէն: Կը վախնանք, որ անոնք մերժեն իրենց ինքնութիւնը` երթալով օտարին: Կը վախնանք` մերժեն իրենց արմատները եւ հրապուրուելով` սխալին: Վերոյիշեալները թէական չեն, այլ` պատահած եւ պատահող ճշմարտութիւններ, ցաւօք սրտի:
* * *
Երբ Հայ եկեղեցի կ՛ըսենք, կը հասկնանք Մա՛յր Եկեղեցի, Սո՛ւրբ Եկեղեցի, Մէ՛կ Եկեղեցի, Առաքելական Եկեղեցի, Ուղղափառ Եկեղեցի, Քրիստոսի Եկեղեցին, 2000 տարուան պատմութիւն ունեցող Եկեղեցի: Յիսուս առաքեալներ ընտրեց, որպէսզի անոնք շարունակեն Իր առաքելութիւնը, եւ անոնք զՔրիստոս քարոզեցին, Տիրոջ խօսքերը աւետարանեցին, եւ Եկեղեցի հիմնեցին` Առաքելական Եկեղեցի, եւ այսքանով արդէն կը կարծեմ յստակ է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Առաքելական, Քրիստոսի եւ առաջի՛ն Եկեղեցի բացատրութիւնը` իրականութիւնը:
Սիրելի՛ ընթերցող, առաքեալը կ՛անդրադառնայ երեք կարեւոր բառերու` տարբեր փրկիչ, տարբեր հոգի եւ տարբեր աւետարան: Դժբախտաբար ցաւալի է երեւոյթը, երբ Հայ Եկեղեցւոյ, Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող զաւակներ կը հետեւին տարբեր փրկիչ, տարբեր հոգի եւ տարբեր աւետարան քարոզողներու: Այնպիսի քարոզիչներու, որոնք կը մոլորեցնեն Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակները: Անոնք ո՛չ միայն կը մոլորին, այլեւ կը հիանան ինչ-ինչ պատճառներով: Եթէ հարցնենք, թէ ինչո՞ւ անոնք կ՛երթան մոլորեցուցիչ քարոզիչներու գիրկը, յանկարծ կը սկսին թուել, թէ այդտեղ հոգեւորութիւն կը գտնեն, իրենց մօտ «բժշկութիւններ» տեղի կ՛ունենան, տարբեր լեզուներով կը սկսին «խօսիլ» եւ այլն: Այս բոլորը իրենց կողմէ ըսուածներն են, իսկ իրականութիւնը կամ հիմնական պատճառը բոլորովին տարբեր է, որուն մասին այստեղ չենք ուզեր արձանագրել, արդէն թէ՛ իրենք եւ թէ՛ մենք քաջատեղեակ ենք հիմնական պատճառին մասին:
Պօղոս առաքեալ յստակ կերպով կ՛ըսէ. «կը տեսնեմ, որ հաճոյքով եւ համբերութեամբ կը լսէք անմիտները, դուք` իմաստուններդ: Մտիկ կ՛ընէք անոնք, որոնք կը խաբեն ձեզ եւ ստրուկի տեղ կը դնեն, կը շահագործեն ու կը կողոպտեն ձեզ, կ՛արհամարհեն ու կ՛ապտակեն ձեզ: Ամօթով կ՛ընդունիմ, որ ես շատ խե՜ղճ եմ եղեր» (Բ.Կր 11.19-21):
Ամօթով կ՛ընդունիմ, որ մեր Եկեղեցւոյ, Հայ Եկեղեցւոյ, Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները կը դառնան մոլորեցուցիչներու, աղանդաւորական շարժումներու ձեռքի գործիքը: Ամօթով կ՛ընդունիմ, որ անոնք կը լքեն իրենց Եկեղեցին` Մայր Եկեղեցին եւ կ՛երթան մոլորեցուցիչներու գիրկը: Արթնութի՛ւն: Զարթօ՛նք: Վերադառնանք մեր ինքնութեան, մեր Հօրենական Տունը` Մայր Եկեղեցւոյ:
«Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի: Նայեցէք, թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբր 13.7):
Անթիլիաս, 28 ապրիլ 2022