Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաղթանակը Անխուսափելի Է

May 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Զարթի՛ր լաօ» բնաբանով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարժումը թափ կը հաւաքէ: Շարժումի կազմակերպիչները կը մերժեն Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ իշխանութեան պարտուողական քաղաքականութիւնը Արցախի ապագայ կարգավիճակի հարցին մէջ: Կարգավիճակի շէմը «քիչ մը» իջեցնելու «միջազգային հանրութեան» պահանջը ներկայացնելով, Փաշինեան հասկնալի դարձուց, որ ինք հրաժարած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութենէն, որմէ կը բխի` համաձայնութիւնը Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու թշնամիին պահանջին: Այս դիրքորոշման հետեւող բացատրութիւնները, սկսած խաղաղութենէն մինչեւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն յարգումը,  լեզուագարային խուսանաւումներ են, ազգային դաւաճանութեան յատկանիշներով նահանջը քօղազերծելու համար:

Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութեան դատապարտումի միակ նիւթը պարտուողական այս դիրքորոշումը չէ միայն, այնքան շատ են սուտն ու կեղծիքը, ժողովուրդը մոլորեցնող հնարքները: Սակայն Արցախի կարգավիճակը քաղաքական ընթացիկ հարց մը չէ. Արցախի Հանրապետութեան եւ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան կը վերաբերի հարցը: Սա չի կրնար միայն մէկ մարդու, ով ալ ըլլայ անիկա, որոշումը դառնալ: Հարցը համահայկական բնոյթ ունի, բան մը, որ տակաւին շատեր Հայաստանի մէջ չեն ըմբռներ ու տեղի ունեցող բողոքի շարժումը կը բացատրեն իբրեւ լոկ իշխանափոխութեան պահանջ:

Ֆրանսական ասոյթ մը կայ, որ կարելի է թարգմանել «չափէն աւելին` չափազանց է»: Չափազանցը մերժողները կը պնդեն, որ իրենց շարժումը իշխանութեան տիրանալու համար չէ. քաղաքականութիւն փոխելու համար է: Անհրաժեշտ այդ փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ անընդունելի քաղաքականութեան հեղինակին հեռացումը:

Ժողովուրդին ստուար մեծամասնութիւնը համոզուած է այլեւս, որ իշխանութիւններուն որդեգրած ընթացքը կործանարար է թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի համար: Միանձնեայ կառավարման վարժ մարդիկ հարց կու տան, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանը փոխարինողը: Կը պատասխանուի, որ պէտք է կազմուի համաձայնական մասնագէտներէ կազմուած ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, որ կը յառաջացնէ ազգային համերաշխութիւն, վերջ կու տայ ամուլ վէճերուն եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը ստեղծէ վէճերուն եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը ստեղծէ պայմանները կազմելու ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նոր ղեկավարութեան մը:

Երբ նոր սահմանադրութիւնը կը մշակուէր, խորհրդարանական կառավարման որդեգրումը կը միտէր վերջ տալ միանձնեայ կառավարման: Ոչ ոքի միտքէն կ՛անցնէր, որ Ազգային ժողովին մէջ պիտի յառաջանայ այնպիսի մեծամասնութիւն, որ վարչապետին մատին շարժումով պիտի առաջնորդուի: Որ վարչապետին ու կառավարութեան ենթակայութիւնը Ազգային ժողովի կամքին` գլխովին պիտի շրջուի, քաղաքացիներու կամքին արտայայտութիւնը եղող ժողովը վերածուի մէկ մարդու կամքին հլու եւ հնազանդ արձանագրողը:

Այս երեւոյթը ժողովրդավարութեան կոպիտ ժխտումն է: Այդ երեւոյթը մերժողները չեն ներկայանար իբրեւ անձի մը, խմբաւորման մը կամ կուսակցութեան մը խօսափողը. թող Փաշինեանը հրաժարական տայ, որպէսզի յայտնուին փոխարինելու յաւակնութիւն ունեցողները, որոնցմէ մէկը պէտք է ընտրուի նոյնինքն… փաշինեանական մեծամասնութիւն ունեցող Ազգային ժողովին կողմէ:

Ամբողջատիրական կառավարման երկարատեւ կիրարկումը արգելք կը հանդիսանայ քաղաքացիական առողջ հասարակութեան ստեղծման: Քաղաքացիական հասարակութեան կառուցումը երկար ու յարատեւ աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ներկայիս ընթացող բողոքի շարժումը եւս այդ աշխատանքին փուլերէն մէկն է, դժուար բայց անհրաժեշտ, որ կրնայ երկար տեւել, բազում զոհողութիւններ պահանջել կազմակերպիչներէն, կրնայ խութերու հանդիպիլ, բայց ի վերջոյ` յաղթանակել:

Ո՛վ աննահանջ կը յարատեւէ` պիտի յաղթէ:

 

 

 

Նախորդը

Բոլորին Եղբայրը` Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց` Վերականգնելու Լիբանանի Նահատակաց Տօնին Լիարժէք Իմաստը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.