Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Նուիրուած Պատկառելի Հանդիսութիւն

Մայիս 11, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այդքան ալ դիւրին չէ գրել դար մը ամբողջ իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր ծառայութեան կոչուած կրթական հաստատութեան մը մասին, որ տակաւին ոտքի է, կը շարունակէ գործել եւ հաւատարիմ է իր առաքելութեան:

Աւելի՛ն. դասական դարձած բառերով չենք կրնար հրապուրել շրջապատ մը,  ոգեւորել նորահաս սերունդ մը, եթէ երբեք ըստ էութեան մեր մտքով ու հոգիով չենք թափանցած տուեալ կառոյցին պատկանող կենսագրութեան, ձգած ժառանգին եւ ստեղծած աւանդին մէջ: Սա կ՛ենթադրէ լոյսին բերել կրթական հաստատութեան ողջ պատմութիւնը, ընդգծել անոր դերն ու տեղը` գաղութահայ կեանքի ձեւաւորման մէջ, շեշտադրել ունեցած նպաստը` սերունդներու դաստիարակութեամբ, մանաւանդ` ի լուր աշխարհին յայտնելու, թէ հարիւրամեայ իր ուսումնակրթական կենսափորձով ան յաջողած է շրջանաւարտներու հոյլ մը (1800 հոգի) յանձնել հայ իրականութեան եւ ապա` համայն մարդկութեան:

Իսկապէս հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն է այն, որ Հայոց ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուած հայորդիներ բարձր գիտակցութիւնն ու հաւատքն ունեցած են, թէկուզ` անասելի պայմաններու մէջ, կառուցել փայտաշէն վարժարան մը, ուր պիտի հաւաքուէին եւ ուսում ստանային խլեակ դարձած փոքրիկներ:

Փաստօրէն հայութեան համար օդի, ջուրի եւ հացի չափ կարեւոր են եղած ուսումն ու եկեղեցին, որոնք եղած են այն անփոխարինելի սիւները, որոնց վրայ հայ ժողովուրդը կրցած է կառուցել իր բոյնը, հաւաքական աշխատանքն ու կենսաձեւը:

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 100-ամեայ երթը կ՛ապացուցէ վերեւ յիշուած ճշմարտութիւնը: Յայտնապէս քրիստոնեայ հաւատքի եւ հայբոյր միջավայրի մը ստեղծման թելադրանքէն մղուած` հաւատաւոր հայորդիներ միտքն ու կամքը ունեցած են մտայղանալու, ծրագրելու եւ նախաձեռնելու եզակի աշխատանքի մը` կրթական օճախի մը հաստատման, որով պիտի կարենային թեւ ու թիկունք ըլլալ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը մնացորդացին, փրկել մատղաշ տղաք ու աղջիկներ` տգիտութեան խաւարին մէջ իյնալէ, սփոփել թուրքի եաթաղան տեսած հայրեր ու մայրեր, քաջալերել շրջապատ մը ամբողջ` վերածնունդի եւ յոյսի կանթեղը բարձր պահելու եւ դէպի ապագայ նայելու:

Ահա նման մտորումներու պատեհ առիթ մը եղաւ մեզի` ներկայ գտնուելով յոբելենական հանդիսութեան մը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 7 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ:

Առաջին հերթին պէտք է խոստովանիլ, որ լաւապէս մտածուած եւ ծրագրուած յայտագրի մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ ներկայ հանդիսատեսը` ծնողք, բարեկամներ, հիւրեր, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ուսումնակրթական մարզի պատասխանատուներ եւ մշակոյթի գործիչներ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր երկու բաժին` գեղարուեստական եւ բանախօսութիւն:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: ԿԲՎ-ի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը` շեշտը դնելով վարժարանի առաքելութեան, կոչումին եւ կատարած աշխատանքին վրայ: Ան ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ի մասնաւորի` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Ամերիկայի մէջ գործող Հայ աւետ. կեդր. բարձր. վարժարանի շրջանաւարտից միութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, «Ռոզանսքի» հիմնադրամին եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ եկեղեցիներու միութեան, որոնք անմնացորդ կը շարունակեն հովանաւորել 100-ամեայ երթ ունեցող այս վարժարանը:

Օրուան բանախօսն էր Արթուն Համալեան, որ մասնաւորաբար այս առիթով հրաւիրուած էր Լիբանան` իբրեւ վարժարանի նախկին տնօրէն եւ կրթական հարուստ վաստակ ունեցող մշակ, փոխանցելու իր պատգամը: Ան ներկայիս խորհրդական պաշտօն կը վարէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնական գրասենեակէն ներս, Նիւ Եորք, որպէս նախագահի օգնական:

Բանախօսը` իբրեւ հոգեբանութեան ճիւղի, կրթական վարչագիտութեան եւ ծրագրումի մասնագէտ, ըստ էութեան արժեւորեց վարժարանին առաքելութիւնը, ցոյց տուաւ կրթական կառոյցի մը յաջողութեան գաղտնիքը եւ երախտագիտութեան իր խօսքը արտասանեց այս կրթօճախին մէջ տարիներ ծառայած իրերայաջորդ մշակներու եւ պաշտօնէութեան: Ան մեծապէս կարեւոր նկատեց հայ կրթական օճախին մէջ ուսուցանելու քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային արժէքները:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, որ նախագահն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան: Ան յայտնապէս այս ուրախ առիթով հրաւիրուած է Լիբանան` իր մասնակցութիւնը բերելու յոբելենական հանդիսութեան:

Ան պատմական հակիրճ ներկայացումով անդրադարձաւ վարժարանի անցած ուղիին, յիշեց Լիբանանի լաւ եւ տխուր տարիները, ընդգծեց այս վարժարանին դերն ու կարեւորութիւնը գաղութահայ կեանքին մէջ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ  իր նախագահած ընկերակցութիւնը պիտի շարունակէ հովանաւորել եւ օժանդակել այս կրթական կառոյցին, որովհետեւ իրենք կը հաւատան անոր առաքելութեան եւ ունեցած ներդրումին:

Յիրաւի, պէտք է ընդգծել, որ յայտագրի գեղարուեստական բաժինը ունեցաւ իր իւրայատկութիւնը: Վարժարանի երգչախումբը (խմբավար` Շողիկ Թորոսեան) եռանդ եւ խանդավառութիւն սփռեց, երբ ներկայացուց Կոմիտասի «Անձրեւ եկաւ», Արեգ Լուսինեանի «Ազատ Հայաստան», Պրենտըն Կրեհեմի «You ralse me up» եւ Ե. Նենտըրի «Օրհնէ Տէրը, ով իմ անձս» երգերը:

Ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը տնօրէնութիւնը յոբելենական այս  հանդիսութեան հրաւիրած էր դպրոցի շրջանաւարտ չորս արուեստագէտներ, որոնք եկած էին իրենց մասնակցութիւնը բերելու սոյն ձեռնարկին: Անոնք կազմած էին եռեակ  նուագախումբ մը (դաշնակահար` Վարդան Ակոբեան, ջութակահար` Աւետիս Տագէսեան (Հայաստանէն ժամանած) եւ սրնգահար` Լոռի Պիլալեան), իսկ մենակատարն էր Մինաս Ադամեանը:

Եռեակ նուագախումբին ղեկավարը` դաշնակահար Վարդան Ակոբեան, յատուկ այս առիթին համար հրաւիրուած էր Փրակայէն: Ան բծախնդրութեամբ կազմած էր սոյն ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը: Նուագախումբը երկիւղածութեամբ եւ խոր յուզականութեամբ նուագեց` Կոմիտասի «Հով արէք», «Գարուն ա», «Երկինքն ամպել է» եւ «Հաբրբան» ստեղծագործութիւնները: Նուագախումբի յայտագրին մաս կը կազմէին նաեւ Ճոն Տայքսի «Սուրբ ես, սուրբ ես», Ճէյմս Կրենհենի «Օրհնութեան անձրեւներ» եւ Լուի Պուրժուի «Փառք եւ պատիւ» երաժշտական կտորները:

Մենակատար Մինաս Ադամեան, ընկերակցութեամբ դաշնակահար Վարդան Ակոբեանի, ներկայացուց Գէորգ Էմինի «Կռունկ, բարով դառնաս» եւ Թովմաս Չիգոյմի «Մեծ է հաւատարմութիւնդ» ստեղծագործութիւնները:

Տեղին է հաստատել, որ հանդիսութեան մասնակից բազմութիւնը խանդավառ եւ որոտընդոստ ծափահարութեամբ ողջունեց յայտագրի բոլոր մասնակիցները եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ձեռնարկի աւարտին:

Տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեան յուշանուէրներով պատուեց բանախօս հիւրերն ու վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Փոլին Սաղըրեանը:

Այս առիթով պատրաստուած էր նաեւ յոբելենական ալպոմ մը: Բծախնդիր շունչով եւ պատկերազարդ էջերով լոյսին եկած գրքոյկը կը բովանդակէր վարժարանի պատմականը, սրտի խօսքեր եւ վարժարանի կեանքը ներկայացնող լուսանկարներ:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան առաքելական օրհնութեամբ եւ ի սրտէ հակիրճ խօսքով մը փակեց հանդիսութիւնը, որ ըստ իրեն տօն մըն էր, որուն պիտի յաջորդեն այլ վարժարաններու 100-ամեակներու նշում եւ փառաբանում:

8 մայիս 2022

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (10 Մայիս 2022)

Յաջորդը

«Օգնական Բուժքոյրերու Պատրաստութեան Ծրագիր»-ի Առիթով Հարցազրոյց` Դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին Հետ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?