Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծախուած Հայեր

May 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Վերնագիրին վիրաւորական իմաստը արդէն յստակօրէն խօսուն է, որ ամէնուրեք կան հայեր, որոնք կորսնցուցած են իրենց ազգային պատկանելիութիւնը, բացարձակապէս անտարբեր են հայ ազգի հանդէպ, կտրուած են մայր երակէն ու հեռացած են իրենց մայրենի հայ իրականութենէն` բազմազան պատճառներով:

Որքան ամօթալի ու ցաւալի երեւոյթ է այսօր, որ Լիբանանի դժուար ու անորոշ պայմաններուն իբրեւ հետեւանք` ոմանք, ժամանակաւոր բարիքներու փոխարէն, ծախու կը հանեն իրենց դաւանանքը, ազգն ու եկեղեցին…

Այսօր շատեր համարձակութեամբ կը մերժեն ծխային տէր հօրմէ ստանալու տնօրհնէք` ամենայն ժպրհութեամբ հաստատելով, որ իրենք փոխած են իրենց դաւանանքը: Քանզի օտար ազգերէ աւելի օգնութիւն, նպաստ, հոգատարութիւն ստացած են, քան` Հայ եկեղեցիէն, հայ ազգէն… Բացայայտօրէն յստակ է, որ ծախուած են, ծախած են իրենց դաւանանքը, ծախած են իրենց պապական ազգը, որ դարերու տողանցքով հասած է իրենց:

Անդրանիկ Ծառուկեան ժամանակին ըսած է. «Երբ ցաւ ունինք, հանդիպող առաջին անձը մեզի բարեկամ է, բարի է, ազնիւ է, սիրելի է»:

Մարդիկ տրամադիր են եւ խիստ պահանջ կը զգան օտարութեան դիմելու, քանի որ հարկ եղած բաւարարութիւնը չեն գտներ իրենց ազգի մէջ ունեցածներով: Կը դիմեն պատրաստակամօրէն օտարներու` առանց դոյզն չափով իսկ անդրադառնալու անոր ժխտական հետեւանքներուն:

…Ի վերջոյ, ահաւասիկ կեանքի որակն է, որ կը փոխուի` արմատապէս: Այլ խօսքով, մարդկային արժանապատուութիւնն է, որ կ՛ոտնակոխուի,  պատիւն է, որ կը զգետնուի, եւ բնութենական հիմնական օրէնքն է, որ կ՛այլափոխուի` մարդս վերածելով անասունի եւ զինք առաջնորդելով դէպի անհաստատուն անդունդները, ուրկէ չկայ վերադարձ ու փրկութիւն:

Հայը պարտի ազգովին գիտակցիլ այն ճշմարիտ իրողութեան, որ իր փրկութիւնը պիտի գայ միշտ ու միայն իր հաւաքական ուժէն, բռունցքէն: Հայուն առաջնակարգ ու անհրաժեշտ պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ իր անփոփոխելի ու անկապտելի արժէքներուն եւ մնայուն սրբութիւններուն, որոնց համար մեր նախանձախնդիր ու պաշտելի նախահայրերը աշխատեցան, տքնեցան ու արիւն թափեցին:

 

Նախորդը

Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ` Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Զարթնի՛ր Լաօ՛… Ահազանգը Դարձեալ Կը Հնչէ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.