ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 4. Եօթը Օր Եօթը Գիշեր Արցախի Պատանիներուն Շունչով
Առաջին օր. շաբաթ, 2 ապրիլ Շաբաթ, 2 ապրիլի Պէյրութի օդակայանին մէջ Արցախի տաղանդներուն վայրէջքը մեկնակէտն էր ամբողջ եօթը օր տեւած յուզումնախառն օրերուն, որոնց ընթացքին լիբանանահայ գաղութը մտովին փոխադրուեցաւ Արցախ, միացուց իր հոգին Արցախի պատանիներու հոգիներուն եւ փոխանակեց ոգեղէն այն ուժը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մեծ խանդավառութեամբ անցընել եօթը օրեր ու վայելել տաղանդաւոր երեխաներուն եւ դաշնակահարուհիին մատուցած գեղարուեստական յայտագիրները` դրական տրամադրութեամբ...




















