Յօդուածներ

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Ողջոյն Մայիսի 28-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104-ամեակին

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Շնորհաւոր ըլլայ ողջ հայութեան մայիսի 28-ը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104-ամեակը: Մայիս 28-ը հայոց պետականութեան վերածնունդի խորհրդանիշն է: Ան հայ ժողովուրդի փառապանծ սխրանքն է: Ամէն տարի մայիս 28-ին համայն հայութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի եւ Արցախի մէջ կը տօնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրը: Հարկ է, որ հակիրճ ձեւով անդրադառնանք պատմական այս մեծ իրագործումին: 14-րդ դարու վերջերը Հայաստանը կորսնցուց...

Իրենց Ստեղծագործական Ուղին Ճշդած Երկու Գեղանկարչուհիներ

Ռաֆայէլ Իշխանեան (ԺԳ.) Տիգրան Մեծը, Մեսրոպ Մաշտոցն ու Արամ Մանուկեանը

Ա.Մանուկեան ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, 1979 յունուար Երեւանի պետական համալսարանի հին շէնքի բանասիրական բաժնի միջանցքին մէջ հանդիպեցանք: Ան մէկ կողմ հրաւիրեց զիս ու ըսաւ. - Ուզո՞ւմ ես Արամ Մանուկեանի շիրիմը այցելենք: Առաջարկը անակնկալ էր, սակայն` գրաւիչ: - Այո՛, բայց գիտե՞ս, թէ ո՛ւր թաղուած է, ես շատերի եմ հարցրել, ոչ ոք չգիտի: - Իր պարագաներից, աւելի ճիշդը իր աղջկանից` Սեդայից իմացել եմ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-ին Իսկակա՛ն Անկախ Պետութիւն Էր, Իսկ Ա՞յժմ…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախ` պատմական ամփոփ ակնարկ.  Հայաստանի Հանրապետութիւնը 28 մայիս 1918-ին զէնքի ուժով, թշնամի թուրքին դիմադրելով եւ զայն պարտութեան մատնելով է, որ կերտուեցաւ: Թուրքիան իր դաշնակիցներով, գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ, Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսած էր: Հայաստան աշխարհը արդէն նախապէս գրաւուած էր: Արեւմտահայաստանը  Օսմանեան կայսրութեան, իսկ Արեւելահայաստանը` ցարական Ռուսիոյ կողմէ: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը 1375-էն ի վեր անկախ պետականութիւն չէին ունեցած: 1. Քարտէսը...

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 2.  Մշակութային Ժառանգութիւնը Եւ Հայ Ժողովուրդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 5

- Մեր Խօսքը - Մայիսեան Ուղիներով Մեր Խօսքը Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, միայն իր երկու տարուան գոյութեամբ (1918-1920), թէ՛ իր ներքին հակապետական մարտահրաւէրներով եւ թէ՛ ալ արտաքին նախայարձակման վտանգով կրցաւ իրապաշտօրէն վարել արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կ՛ապահովէ մէկ կողմէն Հայաստանի անվտանգութիւնը, իսկ միւս կողմէն` կովկասեան տարածաշրջանի խաղաղ գոյակցութիւնը: Ներկայիս Հայաստան կը դիմագրաւէ լուրջ դիւանագիտական մարտահրաւէրներ, որոնք հարցականի տակ կը դնեն Հայաստանի...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Քեսապ… Եւ Մայիս 28

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մանկութեանս օրերէն, զորս անցուցած եմ Քեսապի մէջ, մտքիս մէջ դրոշմուած է, որ քեսապահայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը` մայիս 28-ը, կը նշէ դաշտագնացութեամբ կամ ծովագնացութեամբ: Անշուշտ կային ոմանք, որոնք փոքր խումբերով, քանի մը ընտանիք միատեղ, անջատ կը տօնէին: Հայաստանի մէջ, որ այդ օրերուն կը շարունակէր հիւծիլ մայիս 28-ը ուրացող խորհրդային կարգերուն տակ, հայութիւնը զրկուած էր այդ տօնախմբութեան հնարաւորութենէն,...

Մեծ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտի Նշանակութիւնը Եւ Նրա Հերոսները

Մեծ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտի Նշանակութիւնը Եւ Նրա Հերոսները

ԱՐՄԷՆ Ց. ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ Պատմական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը վերջինն էր մայիսեան հերոսամարտերի շարքում, որով եւ վերջակէտ դրուեց թուրք-հայկական պատերազմին, եւ ստորագրուեց Պաթումի հաշտութեան պայմանագիրը: Եթէ Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերով Արարատեան դաշտավայրում ծուարած հայութիւնը փրկուեց անխուսափելի ոչնչացումից, եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցին հայոց պետականութեան վերականգնման համար, ապա Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը, նշուածից բացի, ունէր նաեւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն, քանզի դրա շնորհիւ որոշ ժամանակով...

Հայկական Մամուլի Օրուան  Առթիւ (16 Հոկտեմբեր).   Շնորհաւոր Հայկական Մամուլի Օր

28 Մայիս 1918. Սարդարապատի Յաղթանակը Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հռչակման 104-րդ Տարեդարձը

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ 1917 թուականի Հոկտեմբերեան ռուսական յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը Հայաստանէն քաշուելով` մերկացուցին կովկասեան ճակատը: Փետրուար 1918-ին Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Հայաստան միասնաբար կազմեցին Անդրկովկասեան Ժողովրդավարական դաշնակցային  հանրապետութիւնը, սակայն կարճ ժամանակուան ընթացքին այս հանրապետութիւնը քայքայուեցաւ եւ փլաւ: 28 մայիս 1918-ին Հայաստան անկախացաւ ու Երեւանի մէջ հռչակեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Յովհաննէս Քաջազնունի-Իգիթխանեան (30/5/1918-28/5/1919) վարչապետ, իսկ Աւետիք Սահակեան (1/8/1918-5/8/1919) խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցան:...

Ակնարկ.   Յետընտրական Տագնապի Խորացում

Ակնարկ. Յետընտրական Տագնապի Խորացում

Խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք կայծակնային մագլցում կ՛ապրի լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը: Կար այն տեսակէտը, որ կառավարութեան շրջանցումով կատարուող օժանդակութիւններն ու լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման միտումները իբրեւ ժամկէտ ունէին խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դրամանիշի կայունացման  կը նպաստէր շուկայ ներդրուած ստուերային ընտրական արժոյթը. յայտնապէս աստղաբաշխական գումարներ ներմուծուած էին Լիբանան` քուէագնման նպատակներու համար: Հիմա կանգնած է քուէագումարի շրջանառութիւնը: Չի բացառուիր, որ դանդաղի նաեւ ոչ կառավարական...

«Պիտի Վերաշինենք Տէր Զօրի Եկեղեցին Իր Համալիրով: Տէր Զօրի Համալիրը Վերաշինել Կը Նշանակէ Նոր Շունչ, Նոր Թափ Տալ Մեր Պահանջատիրական Պայքարին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Պիտի Վերաշինենք Տէր Զօրի Եկեղեցին Իր Համալիրով: Տէր Զօրի Համալիրը Վերաշինել Կը Նշանակէ Նոր Շունչ, Նոր Թափ Տալ Մեր Պահանջատիրական Պայքարին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 25 մայիս 2022-ին այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, թեմի միաբան հայրերուն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ժամանած հայկական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու մեծաթիւ ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ ապահովական ուժերու, Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, Նահատակներու ընտանիքներու օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու եւ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ:  Ի գործ դրուեցան արաբական...

«Եռաբլուրը Ափսոսանքի Պահեր Ապրելու Վայր Է, Որոնց Յաճախ Կը Յաջորդէ Աւելի Լաւ Օրեր Ապրելու Յոյսը»  Մ. Մկրտիչեան

«Եռաբլուրը Ափսոսանքի Պահեր Ապրելու Վայր Է, Որոնց Յաճախ Կը Յաջորդէ Աւելի Լաւ Օրեր Ապրելու Յոյսը» Մ. Մկրտիչեան

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն 25 մայիսին Երեւանի մէջ մեկնարկեց Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Ժողովին մեկնարկը տրուեցաւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին: Եռաբլուրին մէջ ժողովականներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ ըսաւ. «Վերջին երկու տասնամեակներուն սովորութիւն...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ոգեկոչում Արցախի Գոյապայքարի Հալէպահայ Երեք Նահատակներու Յիշատակին Կազմակերպութեամբ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբին, 13 մայիսին Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Փիւնիկ» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Արցախի գոյապայքարի հալէպահայ երեք նահատակներուն հրամանատար Յարութ Բանոյեանին, Մոսիկ Սեքլէմեանին եւ Յակոբ Ասթարճեանին նուիրուած աշակերտական ոգեկոչում: Հանդիսութենէն առաջ աշակերտները վարժարանի հովիւ Խորէն քհնյ. Պերթիզլեանի եւ Ծնողաց յանձնախումբին գլխաւորութեամբ, մեկնեցան Ազգային գերեզմանատուն, ուր...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարցականներ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասին

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հարցականներ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասին

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս պատերազմը կը նախատեսուէ՞ր: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ չյայտարարուած պատերազմ է, կամ բախում` Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, որուն վայրն ու զոհը Ուքրանիան է: Գալով հարցումին, շատ յստակ յայտնի էր պատերազմին գալուստը` նկատի առնելով այն բոլոր ճնշումներն ու սադրանքները Ռուսիոյ դէմ, Արեւմուտքին կողմէն ծրագրուած եւ գործադրուած, որուն վերջին փորձը կատարուեցաւ Ղազախստանի մէջ, ներքին ըմբոստութեամբ մը տապալելու...

Ի Յուշ.  Արսինէին Հանդիպած Ըլլալու Վայելքը

Ի Յուշ. Արսինէին Հանդիպած Ըլլալու Վայելքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Երբ Վահէ Օշականի մահուան առաջին տարելիցին առիթով հարցազրոյց մը ունեցեր էի իր այրիին` Արսինէին հետ, այս վերջինին իսկ բառերը օգտագործելով գրութեանս իբրեւ խորագիր` դրեր էի «Վահէն ճանչնալու Վայելքը», գլխագիր «Վ»-ով: Հիմա, ընկհ. Արսինէ Ռստիկեան-Օշականի (1942-2022) անժամանակ մահուան ցնցումին ներքեւ, ստիպուած կը զգամ նոյնիմաստ խորագիր մը դնելու այս ակնարկիս, որ դժուարութեամբ կը շարագրեմ: Ուրեմն, Արսինէն ալ գնաց: Գնաց` կարծես լռիկ-մնջիկ,...

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ընտրուած Է Տ․ Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ընտրուած Է Տ․ Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ 13 Մայիս 2022-ին, Իրաքի Հաոյց Թեմի Առաջնորդի եւ հոգեւորականաց դասի ներկայութեամբ  Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ  Իրաքի տարբեր մարզերէ Պաղտատ ժամանած  հայ համայնքներու Թաղական խորհուրդներու գումարած ժողովին կատարուած է նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ-ի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած էր երեք թեկնածուներ եւ Քուէարկութեան արդիւնքով  Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  ընտրուեցաւ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

Երէկ` երեքշաբթի, 24 մայիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Վեհափառ հայրապետի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զոպուեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան եւ ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան, Սիւմպիւլ Սիւմպիւլեան եւ...

Բայց Մենք Հայ Ենք…

Բայց Մենք Հայ Ենք…

ԹԱՄԱՐ Ս. Քանի մը օր առաջ դուստրս` Նարօտը,  Հայաստան մեկնեցաւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ջութակի բաժնի 4-րդ տարուան դասընթացքները ամբողջացնելու եւ ամավերջի քննութիւններուն հետ կապուած մանրամասնութիւնները դասաւորելու համար, երկու տարուան ակամայ հեռաւորութենէ մը ետք: Հազիւ հասած Հայաստան` հեռաձայնիս վրայ արդէն ստացայ իր ուղարկած առաջին նկարը... Գուշակեցիք հաւանաբար... կախարդական Արարատը իր սքանչելի պայծառութեամբ... Յանկարծ ահաբեկիչ զանգ մը. «Մա՛մ, վիզա ստանալու արտօնութիւն...

Ընթերցումներ.  Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Միւս կողմէ` յաջորդող էջերուն շարժանկարի մը նման կը տեսնենք տարբեր փուլերը Հայաստանի անկախութեան իրողութեան ընկալման թէ՛ ներքին ճակատի վրայ եւ թէ՛ արտաքին: Եւ մէկ կողմէն հոն, Արարատի շուքին, իրողական գոյառումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ միւս կողմէ` այլ կուսակցութիւններու, նոյնիսկ Դաշնակցութեան մէջ որոշ խմբաւորումներու տարբեր պատկերացումները` միացեալ Հայաստանի կերտումին, անոր ունենալիք տարածքին ու անկախութեան, կամ անոր ընդդիմութեան տեսակէտէն: Բայց իրաւամբ, ինչպէս...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  Ազրպէյճանը Ոչնչացուցած Է Մեծ Թաղեր Գիւղի Մանկավարժներու Պուրակը Եւ Արձանագրութիւնը Ազրպէյճանը ոչնչացուցած է Մեծ Թաղեր գիւղի Մանկավարժներու պուրակը եւ արձանագրութիւնը: Այս մասին յայտնած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը: Այս առնչութեամբ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Թագուհի Թովմասեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Օրեր առաջ Թելեկրամի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Մելիք Մեջլումի Սպանութիւնը Եւ Հաթամ Բ.` Ջրաբերդի Տէր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիք Մեջլումի Սպանութիւնը Եւ Հաթամ Բ.` Ջրաբերդի Տէր

Աղա Մոհամէտ Շահին Երկրորդ Արշաւանքը Եւ Յաղթական Մուտքը Շուշի ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Աղա Մոհամէտ շահ արշաւանքի ժամանակ Ռուսական զօրքերը 1797-ի գարնան սկիզբը արագօրէն կը հեռանային Անդրկովկասէն, իսկ Պարսկաստանէն կը լսուէր, որ Աղա Մոհամէտ շահ նոր արշաւանքի կը պատրաստուի: Ռուսական զօրքերու հեռացումը տեղացի իսլամները կը վերագրէին անոնց տկարութեան, երկչոտութեան եւ վախին: Կը խօսուէր, որ պարսից շահին գալուստը հազիւ լսած, ռուսեր սկսան փախչիլ:...

Գոյժ

Գոյժ

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՕՄ-ի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն վաստակաշատ ընկերուհի,  նախկին ատենապետուհի ՄԱՐՕ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ (Ծնեալ` Պէյրութ, 1947-ին) անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ 23 մայիսին, Երեւանի մէջ: Խորին ցաւակցութիւններ` հարազատներուն եւ ՀՕՄ-ի բոլոր անդամներուն:    

Page 339 of 1112 1 … 338 339 340 … 1,112

Արխիւներ