Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բայց Մենք Հայ Ենք…

Մայիս 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ Ս.

Քանի մը օր առաջ դուստրս` Նարօտը,  Հայաստան մեկնեցաւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ջութակի բաժնի 4-րդ տարուան դասընթացքները ամբողջացնելու եւ ամավերջի քննութիւններուն հետ կապուած մանրամասնութիւնները դասաւորելու համար, երկու տարուան ակամայ հեռաւորութենէ մը ետք:

Հազիւ հասած Հայաստան` հեռաձայնիս վրայ արդէն ստացայ իր ուղարկած առաջին նկարը… Գուշակեցիք հաւանաբար… կախարդական Արարատը իր սքանչելի պայծառութեամբ…

Յանկարծ ահաբեկիչ զանգ մը. «Մա՛մ, վիզա ստանալու արտօնութիւն չեն տար… միայն լիբանանեան անցագիրը չի բաւեր, պէտք է մկրտութեանս վկայականը ցոյց տամ, փաստեմ, որ հայ եմ…»:

Ահա՛ այս վերջին չորս բառերը սիրտս թունդ կը հանեն: Ի՞նչ հայ, ի՞նչ փաստ, ի՞նչ մկրտութիւն. թուղթի վրայ պիտի փաստենք, որ հայ ենք եղեր… Եկուր ալ հիմա մի՛ ջղայնանար, հանդարտութեամբ փորձէ հասկնալ այս «նոր» (ըստ երեւոյթին` վերջին մէկ տարուան ընթացքին ստեղծուած, եւ մենք ալ` անտեղեակ անկէ)  եւ «անըմբռնելի» օրէնքը…

Ճակատագրի ի՜նչ խաղ է այս. աղջիկս մկրտուած է Հայաստան, Գեղարդավանք: Փորձելով պաղարիւնութիւնս պահել` կը նկարեմ եւ կ՛ուղարկեմ մկրտութեան վկայականը, սակայն այդ ալ օգուտ չ՛ըներ` «օրիգինալ»-ը չէ… «Մէկը չունե՞ս, որ ուղարկի օրիգինալը»… Չէ՞ որ նամակաբաշխ թռչունի մը ոտքին կապելով անմիջապէս պիտի կարենայի ուղարկել ուզուած փաստաթուղթը…

Իբրեւ լուծում` կ՛առաջարկուի իրեն դիմել ե-վիզայի(e-visa), առցանց: Անմիջապէս կ՛ամբողջացնէ առցանց վիզայի դիմումը եւ ջութակը ուսին, պաշտօնեային ուղեկցութեամբ կ՛ուղղուի օդակայանի թրանզիթ բաժինը, ուր պէտք է սպասէ մինչեւ վիզայի ստացումը: Այս հոլովոյթը կրնայ աշխատանքային 3 օր տեւել, եւ ինք պէտք է սպասէ օդակայանին մէջ, իսկ ճամպրուկն ալ ղրկուած է «կորսուած իրեղէններու բաժին»:

Բարեբախտաբար այս մղձաւանջը երկար չի տեւեր, եւ կէս ժամուան միջոցին ե-վիզային պատասխանը կը ստանայ ե-նամակով` «վիզա ափրուվտ»: «Ափրուվտ» ի՞նչ ասել է», կը հարցնէ գեղադէմ պաշտօնեան, «էս ի՞նչ ա».

աղջիկս կը բացատրէ, որ` «վիզան ստացել եմ»: Երիտասարդ պաշտօնեան թէ` «Բախտաւոր ես,  աղջիկ ջան, շաբաթ օրը կէս աշխատանքային օր է, կարող էր մինչեւ երկուշաբթի ուշանալ եւ դու էստեղ մնայիր…»:

Կը վերադառնան մուտք, եւ վերջապէս անցագիրը կը կնքեն… Հայաստան մուտքը արտօնուած է…

Մինչ ինք կ՛ուղղուի ստանձնելու իր ճամպրուկը, ետեւէն կը լսէ` «Էս աղջիկը հա՞յ ա, հայերէ՞ն ա խօսում, ի՞նչ ա կատարւում էստեղ»…

Վերջացնելու համար` ճամպրուկը ո՛չ կորսուած իրեղէններուն բաժինն է, ո՛չ այլ տեղ. միայնակ կանգնած է ճամպրուկներու ստանձնման մասը…

* * *

Սիրելի լիբանանահայ ընթերցող,

Ցաւով գրեցի այս յօդուածը, ինչպէս քանի մը տարի առաջ գրած էի` «Բայց դուք հայ էք»-ը:

Մենք հա՛յ ենք եւ առանց փաստերու հա՛յ ենք, ողնուծուծով հա՛յ ենք: Ուզեցի այս «նոր», բայց անհեթեթ օրէնքին մասին իրազեկ դարձնել ձեզ, եթէ ձեր ձեռքին ունիք միմիայն լիբանանեան անցագիրը, բազմաչարչար Լիբանանի, բազմաչարչար, բայց սիրելի լիբանանեան անցագիրը…

Պէյրութ, 23 մայիս 2022

Նախորդը

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Յաջորդը

Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?