Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ
Պրիւքսելի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնը ըստ էութեան վերստին արծարծած է 9 նոյեմբերի հրադադարի համաձայնութեան 9-րդ կէտը. ամփոփ` տարածաշրջանային ապաշրջափակում: Միջնորդական մրցապայքարը կը շարունակուի Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի միջեւ: Յայտարարութեան մէջ Մոսկուայէն հնչած յայտարարութիւններուն ուղղութեամբ հակասութիւն չկայ. տարածաշրջանային ապաշրջափակումը կամ սահմանազատումն ու սահմանագծումը ընդհանուր առաջադրանք է: Խնդիրը ազդեցութիւններու կիրարկման եւ տարածման վրայ կը կեդրոնանայ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կատարած յայտարարութեան...




















