Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

28 Մայիս 1918. Սարդարապատի Յաղթանակը Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հռչակման 104-րդ Տարեդարձը

Մայիս 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

1917 թուականի Հոկտեմբերեան ռուսական յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը Հայաստանէն քաշուելով` մերկացուցին կովկասեան ճակատը: Փետրուար 1918-ին Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Հայաստան միասնաբար կազմեցին Անդրկովկասեան Ժողովրդավարական դաշնակցային  հանրապետութիւնը, սակայն կարճ ժամանակուան ընթացքին այս հանրապետութիւնը քայքայուեցաւ եւ փլաւ:

28 մայիս 1918-ին Հայաստան անկախացաւ ու Երեւանի մէջ հռչակեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Յովհաննէս Քաջազնունի-Իգիթխանեան (30/5/1918-28/5/1919) վարչապետ, իսկ Աւետիք Սահակեան (1/8/1918-5/8/1919) խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցան: 24 յուլիս 1918-ին հրապարակուեցաւ Յովհաննէս Քաջազնունի-Իգիթխանեանի վարչապետութեամբ Հայաստանի անդրանիկ կառավարութիւնը, նաեւ ընդունուեցաւ Հայաստանի ազգային դրօշը` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եռագոյնը:

Օգոստոս 1918-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի անդրանիկ նիստը` 46 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, որոնցմէ 38` հայ, 6` թաթար-թուրք, մէկ` ռուս, մէկ` եզիտի: Խորհրդարանի առաջին կազմին մէջ մտան նախ 46 պատգամաւորներ, իսկ աւելի ուշ` 1919 յունիսին, 80 պատգամաւորներ: Հանրապետութեան վերջին վարչապետը եղաւ Սիմոն Վրացեան, որ պաշտօնավարեց 25 նոյեմբեր եւ 2 դեկտեմբեր 1920 թուականներու միջեւ:

1918 մայիսի պայմանները հայ ժողովուրդը մղեցին Սարդարապատի ճակատամարտին. այս հերոսական ու յաղթական ճակատամարտին շնորհիւ` հնարաւոր դարձաւ հայ պետականութեան վերականգնումը. 1918 թուականին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Ապարանի ճակատամարտերով հայ ժողովուրդը կրցաւ կասեցնել թուրք զօրքերու Հայաստան ներխուժումը: Մէկ կողմէ կը կռուէր Ազրպէյճանի (մինչեւ այսօր) եւ Լեռնային Ղարաբաղի (մինչեւ այսօր) դէմ, լուրջ տարակարծութիւններ եւ ծանր քաղաքական խնդիրներ ունենալով, իսկ միւս կողմէ ալ Թուրքիայէն փրթող, կոտորածի փշուր հազարաւոր հայերու դէպի Հայաստան ներգաղթի հոսանքի դէմ, որ ծնունդ կու տար անլուծելի խնդիրներու ու պետութիւնը կը դնէր ծանր լուծի տակ:

Երիտասարդ հայ հանրապետութեան զինուորական, տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական կայունութիւնն ու առեւտրական կեանքը բոլորովին խախտեցաւ, եւ երկիրը ճգնաժամի մատնուեցաւ, տիրեց շատ բարձր սղաճ:

Երիտասարդ հանրապետութիւնը չկրցաւ այդ դժուարութիւնները եւ տագնապը յաղթահարել ու գոյատեւել: 2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ միացաւ Խորհրդային Միութեան, վարչապետ Սիմոն Վրացեան ստիպուեցաւ պաշտօնանկ ըլլալ, եւ փուլ եկաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: 21-29 մայիս 1918 թուականներուն միջեւ տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսական ճակատամարտը, որ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի փայլուն էջերէն մին է, Սարդարապատի հրաշքը կանխորոշեց հայերու ապագան ու 600 տարուան կորսուած հայ պետականութեան վերականգման հիմը դրաւ:

Ամէն տարի  28 մայիսին կը յիշատակենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձը: 28 մայիս 2018 թուականին հայ աշխարհը բարեշուք ձեւով ու մեծ հպարտութեամբ կը նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձը: Ըստ մեր պատմութեան գիտելիքներուն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը անքակտելիօրէն կապուած է 27-28 մայիս 1918-ի Սարդարապատի յաղթանակին հետ:

Սարդարապատի յաղթանակը մեզի ծանօթ է որպէս հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն ուժերու ու վճռական կամքի միասնութեան, հայրենասիրութեան, անձնազոհութեան, ազգային ազատագրական պայքարի վճռակամութեան խորհրդանիշ:

Կը յուսամ  «Սարդարապատի յաղթանակը» վերնագրեալ յօդուածը մեր յիշողութեան գանձարանի դռները բանալով ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման պատմութեան վերաբերեալ մեր գիտելիքները համառօտ ձեւով միասնաբար վերյիշելու կը ծառայէ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութիւնը որոշեց օգտուիլ ստեղծուած բարենպաստ միջազգային իրադարձութիւններէն  եւ իրագործել իր ծաւալապաշտական ծրագիրը:

Արդէն 19-րդ դարու կէսէն սկսեալ Արեւմտեան Հայաստանի բնավայրերու մէջ թուրքերը սկսած էին հայերու դէմ զանգուածային հալածանքներու ու շարունակաբար կոտորածներ կազմակերպելու գործընթացին, որ 1915-ին իր գագաթնակէտին հասաւ:

1918 մայիսին թրքական բանակը, Հայաստանը քարտէսէն ջնջելու միտումով խուժեց դէպի Հայաստան, տնտեսապէս քայքայուած, քաղաքականապէս անկայուն ու չամրացուած հայ ժողովուրդը ամէն գնով վճռեց դիմագրաւել թուրք բանակի յարձակումին եւ 20 մայիս 1918-ին սկսաւ Սարդարապատի ճակատամարտը:

Սարդարապատի հերոսամարտը ոսկեայ տառերով գրուած է հայոց պատմութեան մէջ: 28 մայիս 1918 Սարդարապատի յաղթանակի պահը հայ ժողովուրդի սովորական մարդկային գիտակցութիւնէն վեր ուժի մը վճռական կամքի միասնականութեան յաջողութիւնով պսակուող պահն է:

1918 թուականի սկիզբներուն գերազանց ձեւով զինուած թրքական բանակը, օգտուելով ռուսական զինուորներուն ռազմաճակատը լքելէն, 15 մայիս 1918-ին գրաւեց Գիւմրի (Ալեքսանդրապոլ) քաղաքը եւ շարունակեց յառաջանալ դէպի Ապարան-Երեւան, Սպիտակ-Վանաձոր-Դիլիջան ուղղութիւններով: Հայ ազգը կը գտնուէր կործանման եզրին, ելք չկար, հայ ժողովուրդը «Մահ կամ ազատութիւն» սկզբունքէն ուրիշ փրկութիւն չունէր, փրկութեան համար հրաշք մը պէտք էր:

Հայ զօրքը, ժողովուրդը, հայ ժողովուրդի առաջնորդները, հոգեւորականները միասնաբար համախմբուած էին մէկ գաղափարի ու գիտակցութեան շուրջ` «Յաղթել կամ մեռնիլ»:

20-21 մայիս 1918 թուականին հայկական զօրքերը սկսան թուրք բանակին դէմ գալ ու յարձակումի անցնիլ պաշտպանելու համար հայրենիքի սուրբ հողերը:

Ութ օր շարունակ Արարատեան դաշտի մէջ եկեղեցական զանգակներու ղօղանջները հնչեցին:

27-28 մայիս 1918 թուականին հայ զօրքերը, ծանր վնասներ հասցնելով թրքական բանակին, արձանագրեցին Սարդարապատի յաղթանակը:

Սարդարապատի հերոսամարտը, հայութեան միասնութեան, հաւաքական պայքարի հերոսական օրինակներէն մէկն է: Այս յաղթանակը հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերու, քաղաքական բոլոր հոսանքներու ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ միասնութեան հրամայականի արդիւնքն է ու նաեւ` միասնական վճռական կամքի, հայրենասիրութեան, անձնազոհութեան, ազգային գիտակցութեան դրսեւորումը: Սարդարապատի ճակատամարտին կողք կողքի կռուեցան հայ զինուորը եւ ժողովուրդը, տղամարդն ու կինը, երիտասարդն ու ծերը, մտաւորականն ու գեղջուկը, աշխարհականն ու հոգեւորականը:

Սարդարապատի հերոսամարտը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի ամենահերոսական էջերէն մին է. յաղթանակի հրաշքը կանխորոշեց հայերու ապագան եւ հիմքը դրաւ հայոց կորսուած պետականութեան վերականգնման:

Հայ ժողովուրդը իր քաջ ու ազատասէր նախնեաց նահատակներուն յիշատակը անմար կը պահէ. 1968 թուականին` յաղթանակի յիսնամեակին, ճակատամարտի վայրի վրայ բարձրացաւ յաղթանակը փառաբանող յուշահամալիր մը: Կառոյցին հեղինակն է ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան (1908-1977), իսկ քանդակագործներն են` Ա. Յարութիւնեան, Ա. Մանասեան եւ Ա. Շահինեան:

Սարդարապատի յաղթանակի յուշահամալիրը կը տարածուի հարիւր հեկտար տարածութեան վրայ եւ կը բաղկանայ քանի մը շէնքերէ: Յուշահամալիրին մուտքը կը բացուի կարմիր տուֆի քարերով կերտուած հսկայ երկու ցուլերով, որոնք որպէս ուժի եւ յամառութեան խորհրդանշած կը մարմնաւորեն մայր հողը պաշտպանելու կոչուած Սարդարապատի մարտիկները:

Համալիրին հիմնական տարրերէն զանգակատունը 35 մեթր բարձրութիւն ունի եւ ճակատամարտին զոհուող մարտիկներուն գերեզմանի շիրիմարձանը կը խորհրդանշէ: Զանգակատունի զանգերը ելեկտրոնային սարքերու միջոցով հայրենասիրական մեղեդիներ կը հնչեցնեն: Զանգակատունէն դէպի յուշապատի ուղղութեան վրայ կը գտնուի գեղատեսիլ ծառուղի մը,որուն աջ կողմը հինգ հպարտ արծիւներ նստած են, որոնք պետականութեան, ուժի, հզօրութեան խորհրդանիշեր են եւ կը մարմնաւորեն հայ նահատակ քաջորդիներու ոգիները:

Սարդարապատի յաղթանակի յուշահամալիրի կեդրոնական տարրը «Յաղթանակի յուշապատ»-ն է, որ 55 մեթր երկարութիւն,10 մեթր բարձրութիւն ունի, երկու կողմերն ալ զարդարուած են քանդակներով, որոնք կ՛արտացոլացնեն հայ ժողովուրդի ստեղծագործ աշխանտանքները, նրբութիւնը ու նաեւ մարտական քաջութիւնը:

Յուշապատին վրայ դրոշմուած են նաեւ չար ուժերու դէմ պայքարող բարի ուժերը խորհրդանշող թեւաւոր ձիեր:

Յուշակառոյցի գլուխ գործոցն է Հայաստանի ազգագրութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան շէնքը. շինութիւնը ունի երկու անկիւնային պատուհաններ, մէկը կը նայի դէպի Արագած, իսկ միւսը` Արարատ, թանգարանը հիմնուած է 1978 թուականին:

Այսօր ալ մեր պատմական յիշողութեան մէջ վառ է եւ յարատեւ վառ պիտի մնայ Սարդարապատի հերոսամարտը:

Սարդարապատի մէջ արձանագրուած յաղթանակի նուաճումը, հայոց պետականութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման գրաւականն է:

Ամէն տարի 28 մայիսին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ մեծ շուքով կը նշուի Սարդարապատի յաղթանակի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման հերթական տարեդարձը, հերոսներու համար յարգանքի տուրք կը մատուցուի, կը հնչեն հայրենասիրական երգեր ու հայկական երաժշտութիւններ, հայուն հոգին կը լեցուի անսահման հպարտութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ:

Սարդարապատի հրաշքը մեր սրբազան յաղթանակի խորհուրդն է, իսկ, յուշահամալիրը մեր բոլորին համար իւրայատուկ սրբավայր ու ուխտատեղի է:

 

 

 

Նախորդը

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Իններորդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Մեծ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտի Նշանակութիւնը Եւ Նրա Հերոսները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?