Պրիւքսելեան Եռակողմ Հանդիպումն Ու Ռուսիոյ Արձագանգը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Փաշիեան-Ալիեւ հանդիպումը։ «Քննարկումը բաց էր եւ արդիւնաւէտ, մենք քննարկեցինք հարցերու ամբողջ շրջանակ մը: Մանրամասն կերպով քննարկեցինք մարդասիրական խնդիրները, ներառեալ ականազերծման, ձերբակալուածները ազատ արձակելու ջանքերը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրները: Հետեւեալ արդիւնքներուն հասած ենք. յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ սահմաններու հարցով միացեալ յանձնախումբերու առաջին հանդիպումը,...



















