Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ազրպէյճանը Ոչնչացուցած Է Մեծ Թաղեր Գիւղի Մանկավարժներու Պուրակը Եւ Արձանագրութիւնը
Ազրպէյճանը ոչնչացուցած է Մեծ Թաղեր գիւղի Մանկավարժներու պուրակը եւ արձանագրութիւնը: Այս մասին յայտնած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը:
Այս առնչութեամբ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Թագուհի Թովմասեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Օրեր առաջ Թելեկրամի մէջ @ararathau անունով օգտատէրը տեղադրած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ նշուած է Ազրպէյճանի կողմէ 44-օրեայ պատերազմի իբրեւ հետեւանք բռնագրաւուած Մեծ Թաղեր գիւղի Մանկավարժներու պուրակին ոչնչացումը:
Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը կը շարունակուի` անկախ մեր խաղաղութեան օրակարգերէն, եւ այս մէկը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ հարեւանները միայն մէկ նպատակ ունին` ոչնչացնել մեր ազգի գոյութեան հետքը, իսկ կեղծ խաղաղութեան քողի տակ իրականացնելը աւելի դիւրին է, մինչ հետեւանքները` աւելի մեղմ:
Գրութիւններ պատրաստած եմ` միջազգային գործընկերներուս վերոնշեալ փաստերը ներկայացնելու եւ համապատասխան արձագանգ պահանջելու ուղղութեամբ:
Ընթերցասէր Հանրութեան Ներկայացուեցաւ «Արցախի Եւ Ուտիքի Ձեռագրական Ժառանգութիւնը» Հանրամատչելի Հատորը
«Արցախի եւ Ուտիքի ձեռագրական ժառանգութիւնը» ձեռագիրներու 100-է աւելի նկարներ եւ գիտական հանրամատչելի նիւթեր ամփոփող հատորը կը միտի հանրահռչակելու Արցախի հարուստ, բայց շատերուն անծանօթ միջնադարեան գրաւոր ժառանգութիւնը իր անմիջական, ժողովրդական, աշխարհէ հեռու բարձր սարերու վրայ բարձր արժէքներ կերտած արցախցի ժողովրդին մասին:
Հաղորդենք, որ անգլերէն լեզուով ուսումնասիրութիւն-պատկերագիրքին հեղինակներն են Հրավարդ Յակոբեանը, Թամարա Մինասեանը եւ Վահէ Թորոսեանը:
Գիրքի շնորհահանդէսին Վահէ Թորոսեան նշեց, որ հատորը ուղղուած է անգլիախօս միջազգային հանրութեան: «Թէեւ գիրքին բուն նիւթը կը վերաբերի Արցախի, Ուտիքի ձեռագրային ժառանգութեան, մանրանկարչութեան, բայց առաջին գլուխը համառօտ կ՛անդրադառնայ Արցախի եւ Ուտիքի քաղաքական պատմութեան, Աղուանքի եկեղեցիին եւ կաթողիկոսութեան պատմութեան: Մատչելի կերպով ներկայացուցած ենք հին շրջանէն մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը: Չափազանց կարեւոր են այս հատուածին մէջ յունա-հռոմէական սկզբնաղբիւրները, որոնք այս կամ այն չափով կ՛անդրադառնան Արցախին եւ Ուտիքին: Էական է շեշտել բուն Աղուանքի հետ Մեծ Հայքի սահմանի հարցը, որ ինչպէս շատ պարզ գրած են հին շրջանի, միջնադարու օտար եւ հայկական աղբիւրները, եղած է Կուր գետը: Մենք վեր կ՛առնենք այդ իրողութիւնը եւ կը խօսինք միջնադարեան շրջափուլի մասին, յատկապէս մանրամասն կերպով կը նկարագրենք Աղուանքէն` մարզպանութեան կազմին մէջ Հայկական Լեռնաշխարհի երկու նահանգներու ընդգրկումը, մարզպանութեան անկումէն ետք Արցախի եւ Ուտիքի պատմութիւնը արաբական տիրապետութեան տակ ըլլալու շրջանը, Բագրատունեաց թագաւորութեան, Զաքարեան Հայաստանի շրջանները, ինչպէս նաեւ ամփոփած ենք Արցախի մելիքութիւններու շրջանը», պատմեց համահեղինակը:
Անոր խօսքով, գիրքը պիտի գտնուի Հայաստանի բոլոր ուսումնական հաստատութիւններու գրադարաններուն մէջ եւ նոյնիսկ երկրի սահմաններէն դուրս:
Հատորին մէջ ներկայացուած են ԺԳ. – ԺԸ. դարերուն Արցախի եւ Ուտիքի մէջ ստեղծուած ու պահուած ձեռագիր մատեանները: Անոնց զգալի մասը պահպանուած է մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ, միւս մասն ալ ցրուած է աշխարհի տարբեր թանգարաններու եւ ձեռագրատուներու մէջ (Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ձեռագրատուներուն, Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանի եւ Փարիզի Ազգային գրադարաններուն մէջ եւ այլուր): Ընթերցողը կարելիութիւնը կ՛ունենայ ծանօթանալու թէ՛ Արցախի եւ շրջակայքի վանքերուն ու եկեղեցիներուն, թէ՛ գրչութեան կեդրոններուն եւ թէ՛ այնտեղ գործած գրիչներուն ու մանրանկարիչներուն:
Հարեւան Արցախ եւ Ուտիք նահանգները սերտօրէն կապուած եղած են ո՛չ միայն վարչա-տարածքային առումով, այլեւ վաղ միջնադարէն սկսեալ մշակութային համագործակցութեան եւ փոխներգործութեան շնորհիւ` ձեւաւորուած եւ զարգացած են գրչութեան եւ մանրանկարչութեան իբրեւ ինքնուրոյն դպրոց:
Արցախ աշխարհը հայ գրաւոր մշակոյթի եւ գրչութեան հնագոյն կեդրոններէն է: Արցախի եւ շրջակայքի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն կից գործող գրչատուներուն մէջ գրուած եւ ընդօրինակուած են հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ, որոնց փոքր մասը պահպանուած է (ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Արցախէն մեզի հասած ձեռագիրներուն թիւը 185 է, որմէ 68 հատը` այլ վայրերու մէջ գրուած, սակայն Արցախի մէջ պահուած է): Արցախեան գրչագիրները պատմական հարուստ նիւթեր եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը բովանդակեն Արցախ աշխարհի պատմութեան եւ հոգեւոր մշակոյթի, ժողովրդագրութեան, տեղանուններու եւ անձնանուններու մասին, իսկ այնտեղ նկարազարդուած ձեռագիրները իրենց ինքնատպութեամբ եւ ոճական առանձնայատկութիւններով կը վկայեն մանրանկարչական ուրոյն դպրոցի եւ անոր բարձր մակարդակին մասին:
Հատորին մէջ ընդարձակ ակնարկ մը նուիրուած է Արցախի մանրանկարչական արուեստին եւ զարդանկարներուն, որոնք ամբողջական պատկերացում կու տան Արցախի եւ յարակից շրջաններու մանրանկարչական դպրոցի եւ այնտեղ ձեւաւորուած աւանդոյթներուն մասին:
22 Մայիսին Երեւանի Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ Հնչեցին Աշխարհահռչակ Երգիչ Շարլ Ազնաւուրի Երգերը
22 մայիսը աշխարհահռչակ երգիչ, հայ ժողովուրդի մեծ զաւակ, Հայաստանի Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան օրն է: Անուանի երգիչը պիտի դառնար 98 տարեկան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան Դիմատետրի իր էջով յայտնեց, որ ի յիշատակ մեծանուն հայ երգիչին եւ ի նշան հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ու եղբայրութեան` Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձին օրը ժամը 13:00-14:00-ին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հնչեցին Շարլ Ազնաւուրի երգերը:
Յիշեցնենք, որ այդ հրապարակին վրայ կը կայանայ Հայաստանի ապազգային իշխանութիւններուն դէմ ուղղուած ընդդիմութեան դիմադրութեան հանրահաւաքները:
Հադրութի Բռնագրաւուած Յուշարձաններուն Նուիրուած Ցուցահանդէս
18 մայիսը կը նշուի` իբրեւ Թանգարաններու միջազգային օր, որուն առիթով Արցախի մէջ գործող թանգարաններուն մէջ կազմակերպուեցան զանազան ցուցադրութիւններ: Անոնցմէ մէկն էր Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի` «Հադրութ. բռնագրաւուած յուշարձաններ» խորագրով ցուցադրութիւնը, որուն ընթացքին լուսանկարներով ներկայացուեցան Հադրութի տարածքին գտնուող յատկանշական յուշարձանները:
Ցուցադրութեան բացման արարողութեան ելոյթներ ունեցան` Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը, Հադրութի շրջանի հոգեւոր հովիւ Մատթէոս քհնյ. Դեւաւենցը, խորհրդական Մելանիա Բալայեանը, Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան տնօրէն Արմինէ Հայրապետեանը եւ Մեծ Թաղերու Արմենակ Խանփերեանցի անուան թանգարանի վարիչ Արծիւ Լալայեանը:
Շուշին` Վլատիմիր Գէորգեանի Լուսանկարներուն Մէջ
Շուշեցի, մասնագիտութեամբ բեմադրիչ Վլատիմիր Գէորգեանի համար լուսանկարելը նախասիրութիւն է: Ապրելով Շուշիի մէջ` ան լուսանկարչական գործիքով կ՛անմահացնէր հայկական բերդաքաղաքի առօրեան` իր բնակիչներով, պատմական եւ ժամանակակից կառոյցներով: Մայիս 18-ին Ստեփանակերտի «Պոլ Էլուարի ֆրանսախօսութեան կեդրոն»-ին մէջ բացումը կատարուեցաւ «իմ Շուշի» լուսանկարներու անհատական ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Շուշիի մէջ տարբեր ժամանակներու նկարած Գէորգեանի լուսանկարները:
«Լուսանկարներուս մեծ մասը Շուշիի մէջ նկարած եմ: Հազիւ ազատ ժամանակ ունենայի, դուրս կ՛ելլէի «ակնթարթ որսալու»: Շուշիի ամէն ինչը կարօտցած եմ` շրջապատս, ընկերներս, առօրեաս, Շուշիի օդը, ջուրը, ամէն քար, ամէն ծառ, եւ` ոչ միայն ես, բոլոր շուշեցիները», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ լուսանկարիչը:
Լուսանկարներու ցուցահանդէսը ներկաներուն համար Շուշիի անբացատրելի հմայքէն, հայկական շունչէն կարօտ առնելու միջոց էր, ներկաներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէր լուսանկարներուն մէջ գտնել իր Շուշին:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանին եւ Շուշիի մշակոյթի պալատին հետ միասին. գաղափարը կեանքի կոչելուն աջակցեցաւ քանատահայ բարերար Մկրտիչ Մկրտիչեանը:
«Վահան Թէքէեան. Յօդուածներու Ժողովածու» Եռահատորի Առաջին Գիրքին Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ
Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Վարդուհի Դաւթեանի կողմէ կազմուած «Վահան Թէքէեան. Յօդուածներու ժողովածու» եռահատոր հրատարակութեան առաջին գիրքին շնորհահանդէսը:
«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամին աջակցութեամբ հրատարակուած գիրքը կը բովանդակէ հանճարեղ գրագէտին 1901-1910 թուականներուն գրած, առաջին անգամ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ արեւմտահայ եւ արտասահմանեան մամուլի տարբեր էջերուն մէջ տպագրուած յօդուածները: Կազմող հեղինակը գիտական բարձր մակարդակով հաւաքած եւ ժամանակագրական կարգով ներկայացուցած է «Ոսկիի ձուլակտորներու պէս մամուլին մէջ սփռուած» յօդուածները:
Հրապարակի վրայ գտնուող այս բացառիկ ժողովածուն կը ներկայացնէ Վահան Թէքէեանի կեանքին եւ հրապարակագրական գործունէութեան տարիները` լի աշխարհացունց եւ անձնական իրադարձութիւններով:
«Նուիրում Կոմիտասին» Ցուցադրութեան Ընթացքին Ներկայացուեցան Չարենցի Բանաստեղծութեան Բացառիկ Պատառիկներ
Թանգարաններու միջազգային օրուան ծիրին մէջ, միջմշակութային համագործակցութեամբ, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին առիթով բացումը կատարուեցաւ «Նուիրում Կոմիտասին» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան, որուն ընթացքին ներկայացուեցան պատառիկներ Չարենցի «Կոմիտասի յիշատակին. Requiem Aeternam» պոէմի ձեռագրէն, որ նուիրուած էր Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Ջոտտոյի (Գէորգ Գրիգորեան) «Չարենցը եւ Կոմիտասը» կտաւը:
Ձեռագիրներուն մասին տեղեկութիւններ հաղորդելով` բանաստեղծին թոռնուհին` Գոհար Չարենցը ըսաւ, որ Չարենց երբեք չէր հանդիպած Կոմիտասին եւ առաջին անգամ տեսաւ, երբ Կոմիտասի աճիւնը մահէն ամիսներ ետք հասաւ Հայաստան: «Հակառակ որ Չարենց վատառողջ էր, սակայն գնաց վերջին հրաժեշտը տալու Կոմիտասին եւ այնտեղէն մոմէ երկնագոյն ծաղիկ մը վերցուց իբրեւ յիշատակ: Երկու օր ետք Չարենց քանի մը օրէն գրեց «Կոմիտասի յիշատակին. Requiem Aeternam» պոէմը: Հետագային ան մշակեց պոէմը եւ փոփոխութիւններու ենթարկեց», պատմեց Գոհար Չարենց:
Ձեռագիրը Չարենցի բազմաթիւ այլ գործերու հետ միասին հողի տակ պահած է Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր նկարչուհի, Չարենցի մտերիմ ընկեր Ռեգինա Ղազարեանը: Ստեղծագործութիւնները հողի տակ մնացած են 17 տարի: Անոնք դուրս հանուած են Համայնավար կուսակցութեան առաջնորդ Իոսիֆ Ստալինի մահէն ետք: Մաս մը ոչնչացած էր եւ կարելի չէր եղած վերականգնել, սակայն «Կոմիտասի յիշատակին. Requiem Aeternam» պոէմը բաւականին լաւ վիճակի մէջ եղած է:
«Զարմանալին այն է, որ Անահիտ Չարենց, մայրս, երկու տարեկան եղած է, երբ կորսնցուցած է հայրը, բայց եւ այնպէս միայն ինքը կրցաւ կարդալ հօրը ձեռագիրը: Երկար տարիներ տաժանակիր աշխատանքի շնորհիւ` ան վերծանեց ձեռագիրները, եւ 1983 թուականին բաւականին մեծ գիրք հրատարակուեցաւ ձեռագիրներուն հիման վրայ: Այս երկու պատառիկները մօրս որոշումով կը նուիրենք Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին: Անոնցմէ առաջինը ընդգրկուած չէ հիմնական պոէմին մէջ, ներառուած է ծանօթագրութիւններուն մէջ: Այս կը համարուի անտիպ, իսկ երկրորդ պատառիկը ընդգրկուած է գլխաւոր հրատարակութեան մէջ: Պոէմին բոլոր հատուածները բաղկացած են ութնեակներէ, եւ գլխաւոր տարբերակը ունի 142 ութնեակ», մանրամասնեց մեծ բանաստեղծին թոռնուհին եւ աւելցուց, թէ ուրախ է, որ պատառիկները իրենց տեղը կը գտնեն թանգարան-հիմնարկին մէջ, եւ այցելուները կը տեսնեն, թէ Չարենց ի՛նչ պաշտամունք ունեցած է Կոմիտասի հանդէպ:
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիկոլայ Կոստանդեան ընդգծեց, որ պատառիկները կարեւոր նշանակութիւն ունին իրենց համար եւ ուրոյն տեղ կը գրաւեն թանգարան-հիմնարկին մէջ: «Որոշած ենք աւանդոյթի վերածել եւ հանրութեան պարբերաբար ներկայացնել այն ցուցանմուշները, որոնք նուիրած են թանգարան-հիմնարկին», նշեց ան:
«Նուիրում Կոմիտասին» ցուցադրութեան յաջորդեց Ալ. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի «Երիտասարդական օփերային ծրագրի» մենակատարներու մասնակցութեամբ համերգային ծրագիրը, որուն յատուկ հիւրն էր Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռոպերթ Ամիրխանեանը: Ձեռնարկին հնչեցին Կոմիտասի, Վլադիլեն Բալեանի, Աւետ Տէրտէրեանի, Գեղունի Չթչեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի ստեղծագործութիւնները: Իսկ ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Լեւոն Ջաւադեանը: