Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-ին Իսկակա՛ն Անկախ Պետութիւն Էր, Իսկ Ա՞յժմ…

Մայիս 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Նախ` պատմական ամփոփ ակնարկ. 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 28 մայիս 1918-ին զէնքի ուժով, թշնամի թուրքին դիմադրելով եւ զայն պարտութեան մատնելով է, որ կերտուեցաւ: Թուրքիան իր դաշնակիցներով, գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ, Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսած էր: Հայաստան աշխարհը արդէն նախապէս գրաւուած էր: Արեւմտահայաստանը  Օսմանեան կայսրութեան, իսկ Արեւելահայաստանը` ցարական Ռուսիոյ կողմէ: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը 1375-էն ի վեր անկախ պետականութիւն չէին ունեցած:

1. Քարտէսը ցոյց կու տայ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ` 1914-ի Ռուսական կայսրութիւն-Թուրքիա սահմանը եւ պատերազմի աւարտէն առաջ` 1917-ի սահմանը, որ կը ներառէր հայկական նահանգներուն մեծ մասը եւ մօտաւորապէս Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:

Ճիշդ է, որ Ա. Աշխարհամարտին գերման-թուրք եւ այլ երկիրներու դաշինքին դէմ Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ այլ երկիրներ` Անթանթը կը կռուէր, սակայն պատերազմի աւարտէն տարի մը առաջ ցարական Ռուսիոյ մէջ յեղափոխութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ռուսական բանակը հոկտեմբեր 1917-ին յանկարծ քաշուի պատերազմէն եւ վերադառնայ Ռուսիա:

Պատերազմի ընթացքին ռուսական բանակը անկանոն կերպով ռազմադաշտէն քաշուելով` շուրջ 800 քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատը (տես` վերի քարտէսը) ձգեց սակաւաթիւ հայկական կամաւորական գունդերուն, եւ նոյնպէս` սակաւաթիւ ռուսական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներուն եւ սպաներուն, որոնց մէկ մասը ռուսական բանակին հետ չհեռացաւ, հակառակ անոր որ իրենք ալ պէտք էր հեռանային: Ու այս շուրջ 20 հազար հաշուող ոչ կանոնաւոր «բանակը», սակայն, անհաւասար կռիւով եւ նահանջելով հասաւ 1914-ի սահմանը եւ անկէ ալ ներս:

Իբրեւ ցարականը փոխարինող պետական իշխանութեան մարմին` 11 նոյեմբեր 1917-ին Թիֆլիսի մէջ հայ, վրացի եւ թաթար կազմեցին Անդրկովկասեան կոմիսարիատը, որ յունուար 1918-ին վերածուեցաւ Անդրկովկասեան Սէյմի (խորհրդարան):

Հայաստանը Թիֆլիսէն` Հայ Ազգային խորհուրդէն կը կառավարուէր: Խորհուրդը դեկտեմբեր 1917-ին Արամ Մանուկեանը իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ Երեւան կը ղրկէ ռուս բանակին մեկնումին ստեղծած քաոսը վերացնելու եւ անդորր հաստատելու համար:

Արամ, ձեռք-ձեռքի տուած Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան), զօրավարներ Թովմաս Նազարբէկեանի, Մովսէս Սիլիկեանի, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի, նահանգային լիազօր Սահակ Թորոսեանի, քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ կառավարական ու հասարակական մարմիններուն հետ, արտակարգ եռանդով եւ կազմակերպական ճարտարութեամբ, ամենատագնապալի պահուն, ձեռնհասութեամբ  կը վարէ Արարատեան դաշտի հայ ժողովուրդին ճակատագիրը: Արամ կրցաւ ամբողջ ժողովուրդը մղել ինքնապաշտպանութեան, նաեւ կանայք իրենց մասնակցութիւնը բերին գումակային աշխատանքներով: Երեք ճակատներու վրայ` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մարտերով 28 մայիս 1918-ին փառաւոր յաղթանակ ապահովուեցաւ, եւ Պաթումի համաձայնագիրով 4 յունիս 1918-ին շուրջ 12 հազար քառ. քմ տարածքով Հայաստանը ճանչցուեցաւ իբրեւ անկախ պետութիւն:

Մինչ այդ Վրաստանը առաջինն էր, որ 26 մայիս 1918-ին անկախութիւն հռչակեց, որուն հետեւեցաւ Ազրպէյճան կոչուող նոր պետութիւն մը, ապա վերջինը` Հայաստանը` մայիս 28-ին, Թիֆլիսէն հռչակեց իր անկախութիւնը:

Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի մէջ անկախութեան հռչակումին մասին քանի մը օր ետք իմացան: Մամուլը Թիֆլիսի մէջ յայտարարուած Հայաստանի անկախութեան հռչակումին, կամ յաջորդ օրը տեղեակ չէր եւ այդ մասին գրած չէր: Նոյնի՛սկ` մինչեւ 1 յունիս 1918, քանի որ «Աշխատանք» օրաթերթը «Վերջին ժամ» խորագիրով կը տեղեկացնէ. «Թիֆլիսի հետ հեռագրական հաղորդակցութիւն չկայ: Անդրկովկասեան հեռագրական գործակալութեան հեռագիրներն ալ չեն ստացուիր: Մեր ճակատէն նոր տեղեկութիւններ չկան»: Նոյն թիւին մէջ այլ յօդուած մը կը խօսի Վրաստանի անկախութեան հռչակումին մասին` առանց տեղեակ ըլլալու, որ Հայաստանն ալ անկախութիւն հռչակեց 28 մայիսին: Նոյնպէս «Զանգ»-ի 31 մայիս 1918-ի թիւին խմբագրականը կը խօսի մի՛այն Սէյմի քայքայման մասին, Վրաստանի անկախութիւն հռչակելուն պատճառով:

Այս իրողութիւնը կը հաստատէ իսկակա՛ն անկախութիւն կերտելու իրողութիւնը: Մեր կողքին ոչ մէկ «դաշնակից» գոյութիւն ունէր, հայութիւնը ի՛ր հարազատ բազուկով եւ «մի՛այն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» բնաբանով կերտեց իր անկախութիւնը:

2. Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի թաղման թափօրը, որ մէկ ժամէ աւելի փակեց Պէյրութի կեդրոնական փողոցները` սկսելով Ս. Նշան մայր եկեղեցիէն, 21 մայիս 1969-ին (գաւազան բռնող սկաուտներէն մէկն ալ ես էի):

Դարէ մը աւելի առաջ, Արշակ Վռամեանի (ՀՅԴ գործիչ, 1871-1915) մարգարէութիւնը.

ա. Վռամեան 17 նոյեմբեր 1900-ին գրած է (1). «Իրաւունքը, ինչպէս առաջ, այսօր ալ սուրին ծայրն է, այսինքն անո՛նք միայն իրաւունք ունին, որ սուր ունին կամ գէթ եաթաղանին դէմ` զմելի մը: Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք` փոխանակ սուրին ծայրը դնելու: Պոռացէք ուզածնիդ չափ, թէ իբր մարդ, ուրիշներու վայելած ազատութիւնը դուք ալ ստանալու իրաւունք ունիք: Կոկորդնիդ ու արցունքնիդ մեղքցէք: Պարապ խօսքեր են ատոնք, ինչպէս դատարկ փամփուշտ մը` առանց վառօդի:

«… Սորվինք բողոքել ու կռուիլ մեր ամէն մէկ իրաւունքի բռնաբարումին դէմ, եւ մենք կատարած կ՛ըլլանք ամէնէն նուիրականը մեր պարտականութիւններուն` ազնուութեան մասնիկ մը աւելցնելով մեր ժառանգորդներու նկարագիրին վրայ:»

Այս պատգամը այժմ ուղղուած է Հայաստանի այժմու իշխանութեան, որ օրէ օր կամաւոր կերպով Արցախի ու Հայաստանի տարածքներէն գիւղեր եւ հողեր կը զիջի թշնամիին եւ ոչ իսկ կը բողոքէ թշնամիին կողմէ մեր իրաւունքներուն յաճախակի բռնաբարումներուն դէմ:

բ.  Վռամեան «Հայրենիք»-ի 28 հոկտեմբեր 1905-ի թիւին մէջ գրած է. «Թուրքը եւ անոր ցեղակից տարրերը հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ: Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կարենան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց: Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջնջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգականութեամբ»: Վռամեանն ալ Ցեղասպանութեան զոհերէն եղաւ:

Հայութիւնը բնաջնջելու այս ծրագիրը տակաւին ի զօրու է, ինչպէս ականատես եղանք 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին` այժմու իշխանութեան դաւադրութեամբ եւ «քաղաքակիրթ» աշխարհին  լուռ մեղսակցութեամբ:

1912-ի Կաղանդին Էտկար Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան,1863-1915, ՀՅԴ ազատագրական պայքարի գործիչ) հետեւեալ պատգամը կ՛ուղղէ (2).

«… Դեռ երկիւղալի է մեր ճամբան, օդին մէջ արեան հոտեր կան, հորիզոնի վրայ մրրկի նշաններ…

«Այդ կացութեան հանդէպ յիշենք մօտիկ անցեալի գերբնական զոհաբերութիւնները, վերյիշենք մանաւանդ այն յաղթանակները, որ երէկ իսկ երազ կը թուէին: Լացի ժամանակ չմոռնանք, որ ծիծաղ կայ: Եւ մահուան տագնապին մէջ միտք բերենք, որ գերեզմանոցի կողքին օրօրոց կայ…

«Նոր տարին նոր յոյս առնենք:

«Գերագոյն իմաստութիւնը յոռետեսութեան մէջ չէ, եւ ոչ ալ խելքի նշան է միշտ չհաւատալ, միշտ տրտնջալ, միշտ ողբալ: Մեծագոյն առաքինութիւնը վտանգը արհամարհելն է: Այս արիւնոտ ազգամարտին մէջ հայը տասն անգամ ինկաւ, բայց եւ տասն անգամ ոտքի կանգնեց….»:

Իրականութեան մէջ պատմութեան ընթացքին ոչ թէ տասն անգամ, այլ շուրջ 6500 անգամ մեր հողերուն վրայ զանազան չափի ու տեսակի պատերազմներ տեղի ունեցած են, եւ միշտ ոտքի կանգնած ու ի վերջոյ յաղթանակած է հայը, մինչ յարձակող երկիրներուն ու ժողովուրդներուն մեծամասնութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի: Այսօր նաեւ պիտի յաղթահարենք այս թրքաբարոյ եւ ազերիներուն կամակատար իշխանութեան ազգակործան վարքագիծը եւ պիտի շարունակենք մեր պայքարը` վերատիրանալու համար մեր բոլոր իրաւունքներուն:

Ստորեւ` մայիսեան տօներուն առիթով պատգամներէս այժմէական նշանակութիւն ունեցող երկու հատուածներ.

Ա.- 28 մայիս 1997-ին Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի հանդիսութեան արտասանած խօսքէս, հետեւեալը կը մէջբերեմ.

«… 28 մայիս 1918-ի անկախութեան կերտումը տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի բոլո՛ր խաւերուն գիտակից մասնակցութեամբ: Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութենէն միայն 3 տարի ետք հայութիւնը պատահմամբ չէ, որ կերտեց այս հրաշալի անկախութիւնը, որովհետեւ ազատագրական պայքարի հերոսները արդէն գաղափարական եւ մարտական ուղին ճշդած էին:

«Ազգային հաւաքական ապրումին արտայայտիչը եղաւ Արամ Մանուկեան, որ իր կոչով ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի անկախութեան սրբազան կռիւ: Ամբողջ հայութիւնը խիզախօրէն թօթափեց 6 դարերու լուծը եւ ազատագրեց հողը` պարտութեան մատնելով թշնամին:

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ անոր համակիր հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածը յաջորդող 70 տարիներուն վառ պահեցին անկախութեան խորհրդանիշը եղող եռագոյնը` կառչած մնալով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման եւ Հայ դատի հետապնդման սրբազան գործին, այն ամուր համոզումով, որ հայը կրկին պիտի տիրանայ իր անկախութեան: Եւ պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց: Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք Հայաստան հռչակեց իր անկախութիւնը, իսկ Արցախը մղեց անհաւասար կռիւ ու իր սահմանները ապահով դարձնելով` հռչակեց իր անկախութիւնը:

«Ճգնաժամային պահեր ապրած հայութեան արտօնուած չէ շուարիլ: Ընտրանքը յստակ է. 28 մայիսը կերտողներուն պատգամն է անիկա: Ապաւինիլ սեփական ուժերուն:

«Սփիւռքահայութեան կառոյցներուն ամրութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով` Չէքիճեան յայտնեց, որ հայութեան բոլոր հատուածները Սարդարապատի ոգիով կը պաշտպանեն նորանկախ Հայաստանի եւ Արցախի հողային ամբողջականութիւնը, կ՛աշխատին ի խնդիր զոյգ պետութիւններուն պետականութեան ամրապնդման», «Ազդակ» (3):

Բ.- 28 մայիս 2000-ի Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառատօնին Պուրճ Համուտի հրապարակին մէջ արտասանած պատգամէս հետեւեալը կը մէջբերեմ (4).

«… Այս տարուան մայիսեան տօնակատարութիւնը ուրախութեան եւ հպարտութեան կրկնակի արտայայտութիւն ունի լիբանանահայութեան համար, որովհետեւ անիկա կը նշէ ազատագրական պայքարի եւ յաղթանակի երկու տօներ` 28 մայիս 1918-ը եւ 24 մայիս 2000-ը, որոնք արդիւնք են խիզախ ժողովուրդներու անընկճելի պայքարին, յարատեւ մարտունակութեան եւ գերագոյն զոհողութեան:

«Հայ ժողովուրդը մայիս 28-ով, հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը մայիս 24-ով սքանչելի ու պայծառ յաղթանակի նախընթացներ ստեղծեցին` յոյս ներշնչելով իրաւազրկուած բոլոր ժողովուրդներուն: Մենք վառ կը պահենք ազատագրական պայքարի աւանդը սերունդէ սերունդ` կարգապահութեան, զոհողութեան եւ արժանապատուութեան արժանիքներ դրոշմելով անհատին եւ հաւաքականութեան մէջ»: Զոյգ տօները գլխաւոր հինգ խորհուրդներ կը հաղորդեն.

1.- Որքան ալ դժուար ըլլան ապրուստի եւ առօրեայ պայմանները, համեստ, սակայն կազմակերպուած եւ զոհողութեան ոգիով ամրապնդուած միաւորներ կրնան հրաշքներ գործել:

2.- Ազգային արժանապատուութեան տէր ժողովուրդները կարելի չէ ընկճել, սարսափի կամ շփոթի մատնել:

3.- Կարելի չէ անբնական պայմաններ պարտադրել գիտակից եւ մարտունակ ժողովուրդներուն: Անբնական բոլոր պայմանները եւ երեւոյթները անպայման որ պիտի չքանան յարատեւ պայքարով:

4.- Պարտուողական մօտեցումով ազգադաւ ղեկավարներ եւ գործակալներ հանգիստ չեն կրնար ունենալ նոյնիսկ իրենց ծառայութիւն մատուցած թշնամիին մօտ:

5.- Ազատութիւն եւ անկախութիւն պահելը, ժողովուրդին բարօրութիւն ապահովելը յարատեւ պայքարով, անձնազոհ եւ գիտակից ղեկավարութեամբ ու ժողովուրդով կարելի է ապահովել եւ պահպանել:

«Պէտք է շարունակենք պատրաստել ազգային ոգիով անձնազոհ ու կարգապահ քաղաքացիներ, որոնք գրաւականն են ազգային շահերու պահպանման եւ բոլոր իրաւունքներու վերատիրացման»:

Վերոնշեալ հինգ խորհուրդները բառ առ բառ մեր այս օրերու Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար գրուած են:

Մենք յաղթանակող ժողովուրդ ենք, եւ 6500 յաղթանակը այդ կը փաստէ եւ կրկին ու կրկին Արամի ոգիով պիտի յաղթենք:

23 մայիս 2022

haroutchekijian.wordpress.com

  1. «Ամէնուն տարեգիրքը», Կարօ Գէորգեան, Դ. տարի, Պէյրութ, 1957, «Մշակ» տպարան, էջ 166:
  2. «Ամէնուն տարեգիրքը», Կարօ Գէորգեան, Ե. տարի, Պէյրութ, 1958, «Մշակ» տպարան, էջ 122:
  3. «Ազդակ», 71-րդ տարի, թիւ 67 (19666), 30 մայիս 1997, էջ 1:
  4. «Մարզիկ» ԺԹ. տարի, թիւ 6 (246) յունիս 2000:
Նախորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 5

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Իշխանեան (ԺԳ.) Տիգրան Մեծը, Մեսրոպ Մաշտոցն ու Արամ Մանուկեանը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?