Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապ… Եւ Մայիս 28

Մայիս 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մանկութեանս օրերէն, զորս անցուցած եմ Քեսապի մէջ, մտքիս մէջ դրոշմուած է, որ քեսապահայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը` մայիս 28-ը, կը նշէ դաշտագնացութեամբ կամ ծովագնացութեամբ: Անշուշտ կային ոմանք, որոնք փոքր խումբերով, քանի մը ընտանիք միատեղ, անջատ կը տօնէին:

Հայաստանի մէջ, որ այդ օրերուն կը շարունակէր հիւծիլ մայիս 28-ը ուրացող խորհրդային կարգերուն տակ, հայութիւնը զրկուած էր այդ տօնախմբութեան հնարաւորութենէն, մինչ սփիւռքի մէջ մեծամասնութիւն էր մայիսեան գաղափարախօսութեան հաւատացող հայութիւնը, զանազան հաւաքներով կը փառաբանէին այդ սուրբ թուականը, տօնը, երբ հայութիւնը յաջողած էր «վեց դարերու խաւարի վրայ, դրօշ եռագոյն» պարզել:

Քեսապցիք այդ տօնակատարութեան բեմականացումը վստահած էին Սուրիահայ  օգնութեան խաչի Քեսապի (այժմ` «Մեղրի» անուամբ) մասնաճիւղին:

Կը յիշեմ նաեւ, որ ՍՕ Խաչի մասնաճիւղի արենուշ-արծուիկները իրենց հերթական հաւաքներուն երգի ուսուցման ընթացքին կ՛երգէին.

«Այսօր էր, որ հայեր կռուեցան,
Յաղթեցին թշնամուն անգութ`
Հռչակելով ազատ Հայաստան,
Կեցցէ՛ մայիս 28»:

Կամ`

«Այսօր մեր տօնն է,
Մայիս 28,
Եկէք` ողջունենք
Մենք զայն գունդ առ գունդ…»

Այդ օրերուն` 1960-ական թուականներուն, ՀՄԸՄ-ի թէ պատանեկան միութեան գործունէութիւնը կասեցուած էր, մանաւանդ որ 1961 սեւ թուականը իր պատուհասը հասցուցած էր Քեսապ, որ տուած էր տասնեակէ մը աւելի ձերբակալուած եւ բանտարկուած, ուստի մայիս 28 տօնելը բաւական յանդգնութիւն ու քաջութիւն էր. իսկ 1970 թուականէն ետք, երբ իշխանութեան եկաւ զօր. Հաֆեզ Ասատը, ընկերային թէ քաղաքական թոյլատուութիւնը բարձրացաւ, ու համեմատական ազատութիւնը առիթ տուաւ, որ աւելի ժողովրդային ստուարութեամբ տօնուի այդ պատմական սուրբ տօնը:

Ծովագնացութիւն` նշած բառս այսպէս պիտի բացատրենք. Քեսապի մօտակայ Պասիթի շրջանը, ծովամերձ այդ վայրը աւելի ջերմ կլիմայ ունենալով, նպաստաւոր էր այնտեղ տօնել մայիս 28-ը, որովհետեւ Քեսապի կլիման տակաւին կը շարունակէր ցրտաշունչ ըլլալ:

Պասիթի ծովափը յատկանշական էր իր համեստ ճաշարաններով, որոնց լաւագոյնն էր Սուրիոյ Բանուորական արհեստակցական միութեան լայնատարած ճաշարանը. իսկ այս վերջինին տէրերը քեսապցիներու ամէնամեայ տօնակատարութիւնը կը կոչէր «Քեսապցիներուն տօնը»:

Մեկնումը` Քեսապէն Պասիթ, տեղի կ՛ունենար օթոպիւսներով, բեռնատար ինքնաշարժներով եւ աւելի ուշ` յաջորդող տարիներուն, անձնական փոքր ինքնաշարժներով:

Նախքան ճաշի ժամը` կը կիրարկուէր գեղարուեստական յայտագիր` ասմունք, մեներգ, խմբերգ, հարց-պատասխանի մրցանք` մայիսեան մարտերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումի թեմաներով:

Աւելի ուշ, երբ քեսապցի երիտասարդներ նախաձեռնեցին ու կազմեցին էսդրատային նուագախումբ մը, ան` նուագախումբն ու երգիչը, հանդիսացան տօնախմբութիւնը ճոխացնող գործօն, ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ:

Ժամանակի թաւալումով, երբ Քեսապը ունեցաւ իր «Քեսապ համալիրը»` հիւրանոց-պանդոկ, ճաշարան ու «Սարդարապատ» սրահը, տօնախմբութիւնը տեղափոխուեցաւ այնտեղ:

Սրահին մէջ յաճախ տեղի կ՛ունենան գեղարուեստական յայտագրի գործադրութիւն, բանախօսութիւն, իսկ ճաշարանը կը դառնայ ուրախութեան ու խրախճանքի վայրը:

Այսպէս կը շարունակուի ցայսօր:

Բախտը ունեցած եմ ներկայ գտնուելու մայիս 28-ի տօնակատարութեանց` Հալէպ, Քարէն Եփփէ Ճեմարանի բակը, հարիւրաւոր հայորդիներու ներկայութեան, Դամասկոսի մէջ` սրահի մէջ. Գամիշլի` Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կամ առաջնորդարանի բակը, ուր, բացի հայորդիներէն` ներկայ կ՛ըլլային շրջանի աշիրեթապետ-ցեղապետներ` արաբ ու քիւրտ…

Մէկ խօսքով, սուրիահայութիւնը այս սրբագոյն թուականը, անոր եռագոյն դրօշը պահեց ու պահպանեց իր սրտին մէջ, իր զաւակներուն տուներուն, ակումբներուն մէջ:

Ու լուսաւոր օր մը, 70 տարուան բռնի ընդհատումէ ետք, մայիս 28-ը վերստին գտաւ իր հարազատ տեղը, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերանկախացաւ, ու «դրօշ եռագոյնը» վերստին սկսաւ ալեծփալ պետական շէնքերուն վրայ…

Հայաստանի վերանկախացումով, մայիս 28-ը հազիւ գտած իր իսկական տեղը, այնտեղ հեղ մը փորձ եղաւ վերստին նսեմացնել ու լիցքաթափել մայիս 28-ի պատմական անկրկնելի թուականը: Փորձ մըն ալ եղաւ զայն «փոխանակել» սեպտեմբեր 21-ով:

Սակայն մայիսեան մարտերու, ազատագրութեան թէ անկախութեան զոհերու, մարտիրոսներու արեան կանչը պինդ մնաց հայ ժողովուրդի զաւակներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Բախտն ու հնարաւորութիւնը ունեցած եմ անցնող տարիներուն հայրենիք Հայաստանի մէջ ներկայ գտնուելու մայիս 28-ին նուիրուած տօնակատարութիւններուն:

Զիս տպաւորած են Երեւանի փողոցներուն, կամուրջներուն վրայ բարձրացուած ու պարզուած հարիւրաւոր թէ հազարաւոր եռագոյն դրօշները: Երեւանը կարծես եռագոյն հագած կ՛ըլլայ այդ օրերուն:

Ինծի վիճակուեցաւ ներկայ յետ 2018-ի իշխանափոխութեան (եւ ո՛չ թէ յեղափոխութեան) գտնուիլ մայիս 28-ի տօնակատարութեան:

Իշխանութեան գլուխ եկած էին, իմ տպաւորութեամբս, նէօ-համայնավարներ, փոխան կարմիրի, ծիրանի հագած խմբակ մը: «Դուխով» խմբակ մը:

2018-ին մայիս 28-ի անկախութեան տօնին հարիւրամեակն էր:

Մայիսի 27-ին զաւակներուս հետ շտապեցի երթալ Ապարան: Այնտեղ, մարտի դաշտավայրի մօտակայ բլրան վրայի յուշակոթողին մօտ գերեզմանն ու շիրիմն էր զօր. Դրոյին:

Մեր այդ օրուան ուխտավայրերն էին:

Զօր. Դրոն պատմութեան բաժին մըն էր: Նակաշիձէի ահաբեկումէն մինչեւ իր մահը ողջ հայութեան պատմութեան ամփոփումն էր: «Մրրկածին Դրոն»: Եւ պատմութեան շարժապատկերը կը սահէր մտքիս մէջէն:

Յուշակոթողին քով հաւաքուած էին Երեւանի  միջնակարգ վարժարանի մը աշակերտները` ընկերակցութեամբ իրենց վարժուհի-ուսուցչուհիներուն ու գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին:

Վերջինս սպառիչ բացատրութիւններ կու տար մայիսեան մարտերուն, անոնց հրամանատարներուն եւ զօր. Դրոյին մասին: Ազգային դաստիարակութեան «դասապահն» էր: Մենք ալ մասնակից դարձանք այդ դասապահին:

Ի տես այդ հաւաքին` մեր սրտերը լեցուած էին անբացատրելի յուզումներով, ուրախութեան, հպարտութեան եւ այլ ապրումներով:

Յաջորդ օրը` մայիս 28-ին, մեր այցելութեան կարգը Սարդարապատին էր:

Որոշեալ ժամուն Երեւանէն մեկնելով` հասանք Սարդարապատ:

Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ տակաւին «անպէտք» չէր նկատուած նորելուկ իշխանաւորներուն կողմէ, տրամադրած էր տոմսեր` ծածկուած ամփիթատրոնաձեւ նստավայրէն հետեւելու տօնակատարութեան:

Այդ իշխանութեան մեղրամիսն էր:

Անշուշտ որ անհնար էր 300 մեթր հեռաւորութեամբ կայացած յուշահամալիրին մօտենալ:

Յայտագրին մաս կը կազմէր տողանցք: Տողանցք` ֆետայական խումբերու, կամաւորական խումբերու, հայկական նորակազմ բանակին ու յանկարծ… Կարմիր բանակին:

Այն Կարմիր բանակին, որ կացինի հարուած հասցուց մայիս 28-ով ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութեան ոտքերուն, ապա` զայն ճզմելու համար «պոլշեւիկեան մուրճի ու թրքական սալի» միջեւ: Զարհուրած էինք:

Տակաւին չէինք ճանչցած «նորերը»:

Ու խօսեցաւ պրն. վարչապետը, մինչ անոր ետին թիկնապահի նման կանգնած էր անոր շուքը` պրն. նախագահը:

Հիասթափութեան գագաթնակէտ:

Մայիս 28 եւ Կարմիր բանա՞կ:

Մէջս կ՛ալեկոծէր փետրուար 18-ը. մանաւանդ երբ քիչ ետք իրազեկ եղայ, որ բորբ արեւին տակ, փողոց մնացած էին նախկին նախարարներ, կուսակցական ղեկավարներ… բոլորը` «նախկիններ». իրազեկ եղայ, որ ակադեմականներ, պատմաբաններ փողոց մնացած էին, մինչ մենք տեղ գտած էինք նստավայրին վրայ: Յանցաւորի զգացում մը աճեցաւ ներսս:

Յուսախաբ ու գլխիկոր վերադարձանք Երեւան:

Որոշեցի գիշերը չերթալ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայանալիք երաժշտական հանդիսութեան, որուն տոմսերն ալ ստացած էինք: Այլեւս նստատեղերուն վրայ «բազմիլը» յանցանք ու մեղանչում կը թուէր:

Մայիս 28-ի հարիւրամեակ ու ապրած-տեսած խայտառակութի՞ւնը:

Յուսախաբ վերադարձայ ծննդավայրս` Քեսապ, ուր բանախօսած էր ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը, «Սարդարապատ» սրահին մէջ:

Չորս մայիս 28-եր պէտք էր անցնէին, որ ստուգէինք, թէ մայիս 28-ը լիցքաթափելու, չարափոխելու թաքուն քաղաքականութեան մաս կը կազմէ այս բոլորը` իշխանութեան, ժողովրդային դժգոհութեանց ալիքի վրայ բարձրացած այդ «նորերու» խմբակին ձեռամբ գործադրուող:

Յուսախաբութեանց ձիւնագնդակը այսօր դարձած է ցասումի ու պոռթկումի ապրում` իւրաքանչիւր ազգային արժէքներով գոյատեւող հայու համար. մանաւանդ որ շուտով` 44-օրեայ արցախեան պատերազմին, անոր նահատակներուն կարմիր արեան «համն» ալ եկաւ աւելնալու այն բազմաթիւ «սխրանքներուն» շարքին վրայ` «նորերու սխրանքներուն»:

Այսօր` 2022-ին, յետ վերոյիշեալ պատերազմի ողբերգութեան, մարդս ինքզինքին կ՛արգիլէ շնորհաւորութիւններ արտայայտել: Անիմաստ են եկեղեցական տօներուն, Զատիկներուն, ազգային տօներուն շնորհաւորութիւններ փոխանակել, երբ մեզի կը սպառնան դամոկլեան սուրի նման ազգին եւ մեր հանրապետութիւններուն գլխանց վրան կախուած պատուհասները, վասն… «նորերուն»:

Կը թուի, թէ «վեց դարերու խաւարի վրայ» շողշողացող դրօշը իր տեղը կը զիջի «նորերու» ծիրանի գոյներու դրօշի մը:

Մեզի, փոխան շնորհաւորութեանց, մնացած է արտայայտուիլ մաղթանքներով. անոնցմով մխիթարուիլ եւ ապա կամքով ու կորովով լեցուիլ:

Մաղթանքներ, որ ապրին Հայաստանը, Արցախը, հայ ազգը… վերոյիշեալ «նորերու» մեկնումով:

Մաղթենք, որ յաջորդ մայիս 28-ին կարենանք շնորհաւորութիւններ փոխանակել:

22 մայիս 2022
Քեսապ

Նախորդը

Մեծ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտի Նշանակութիւնը Եւ Նրա Հերոսները

Յաջորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 5

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?