Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Վերաշինենք Տէր Զօրի Եկեղեցին Իր Համալիրով: Տէր Զօրի Համալիրը Վերաշինել Կը Նշանակէ Նոր Շունչ, Նոր Թափ Տալ Մեր Պահանջատիրական Պայքարին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 27, 2022
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 25 մայիս 2022-ին այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, թեմի միաբան հայրերուն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ժամանած հայկական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու մեծաթիւ ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ ապահովական ուժերու, Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, Նահատակներու ընտանիքներու օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու եւ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ:

 Ի գործ դրուեցան արաբական հիւրընկալութեան յիշարժան աւանդոյթներ, որոնցմէ ետք վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող շքախումբը «Հրաշափառ» եւ «Ուրախ Լեր» շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի դահլիճ:

Կաթողիկոսը Տէր Զօրէն հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները ու ըսաւ, որ Տէր Զօրը մեր ազգի զաւակներուն համար սովորական վայր մը չէ, այլ կենդանի վկայարանն է Հայոց ցեղասպանութեան: Ան ոչ միայն մեր ժողովուրդի գերեզմանը, այլ նաեւ յարութեան վկայարանը դարձաւ, եւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները` հաստատուելով Սուրիա, Լիբանան եւ այլուր, Տէր Զօրը իրենց հետ տարին որպէս ոգի, մանաւանդ որպէս պատգամ` երկրագունդի մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման: Ահա թէ ինչո՛ւ Տէր Զօրը մեզի համար ուխտավայր է, սրբավայր է:

«Տէր Զօրը «Համազգային ուխտատեղի» հռչակեցինք տարիներ առաջ, եւ արդարօրէն, անիկա կը մնայ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան ազգային ուխտատեղին, մեր Դատին, հաւատքին, վճռակամութեան, պայքարին ու տեսլականին ներշնչարանը», հաստատեց ան:

Նորին սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ պետութեան, որոնք մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ բացին իրենց դռները, հայրենիքը եւ իրենց հացն ու ջուրը բաժնեկցեցան Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հետ: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ազգերուն, պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք յանդգնութիւն ունեցան ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը յայտարարեց.

«Այսօր, այս աւերակներուն դիմաց կանգնած կը յայտարարեմ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան, թէ մենք պիտի վերաշինենք Տէր Զօրի յուշահամալիրը: Մենք կեանքի ժողովուրդ ենք, տեսլական ունեցող ժողովուրդ ենք: Մենք կը մերժենք մահը, քանդումը, թշնամութիւնը, ատելութիւնը, ունինք կեցուածք այն բոլորին դիմաց, որոնք կը փորձեն մահ, քանդում, աւերակ ցանել ամէն տեղ: Մեր ժողովուրդը լոյսի ու յոյսի, հաւատքի ու վճռականութեան ժողովուրդ է: Եկած եմ անգամ մը եւս շեշտելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, սակայն համազգային ծաւալով, մեր ազգի բոլոր զաւակներուն մասնակցութեամբ եւ սուրիական պետութեան ու ժողովուրդին զօրակցութեամբ, մենք պիտի վերաշինենք Տէր Զօրի եկեղեցին` իր համալիրով:

«Տէր Զօրի այս համալիրը վերաշինել կը նշանակէ նոր շունչ, նոր թափ տալ մեր պահանջատիրական պայքարին: Մեր ժողովուրդը պահանջատէր է: Մեր մարդկային իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը Տէր Զօրի, Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ եւ այլուր: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ իրաւազրկուած ժողովուրդին կեանքը: Մեր կեանքը պայքարի, պահանջատիրութեան կեանք է: Հետեւաբար այսօր, այստեղ` Տէր Զօրի մէջ, մենք կը վերանորոգենք մեր հաւատքն ու կամքը` շարունակելու մեր պահանջատիրական պայքարը»:

Ապա Տէր Զօրի նահանգապետ Ֆատէլ Նաժժար իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, զոր համարեց հայութեան զօրակցութիւնը Տէր Զօրի, ապա նաեւ ողջ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն: Ուստի ան շեշտեց, որ ձեռք ձեռքի տալով միասնաբար պիտի վերակառուցենք Սուրիան ու դէմ պիտի դնենք Սուրիոյ ընկերային համերաշխ հիւսուածքի քայքայման ուղղուած բոլոր դաւադրութիւններուն:

Բերիոյ թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան ողջունեց Տէր Զօրի աշիրէթները, որոնք Ցեղասպանութեան օրերուն տիրութիւն ըրին հայ ժողովուրդին, ապա` ներկայացնելով յուշահամալիրին կառուցման նպատակը, անդրադարձաւ թրքական ուժերու կողմէ անոր քանդումին` շեշտելով, որ յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել: Իր խօսքը եզրափակելով ան ողջոյնի խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահին եւ սուրիական բանակին:

Տէր Զօրի կրօնական կալուածներու տնօրէն Ապտուլ Հատի Մուհամէտ Սարեհ յայտնեց, որ Արամ Ա.ին եւ հայութեան հետ Սուրիոյ ժողովուրդը բարեկամական յարաբերութիւններ կը վայելէ, որովհետեւ անոնք հաւատարիմ բարեկամներ են: Ապա շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ենթարկող նոյն ձեռքերը քանդեցին Սուրիան, անոր եկեղեցիներն ու մզկիթները, հետեւաբար երկու ժողովուրդները նոյն խրամատին մէջ կը պայքարին:

Պաշտօնական խօսքերու աւարտին դպրաց դասուն եւ միաբան հայրերուն երգեցողութեամբ հնչեցին «Ամէն Հայի» եւ «Ի Վեր Բարձանց Ս. Սիոնի» հայրապետական մաղթերգները: Ապա վեհափառ հայրապետը «Պահպանիչ»-ով փակեց ժողովրդային հաւաքը, որմէ ետք ներկաները միասնաբար «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին:

Հուսկ կաթողիկոսը ժողովուրդին ցաւակցութիւնները ընդունեց եւ երիտասարդութեան հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ:

Յիշենք, որ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հրաւիրեալներուն բաշխեց «Արդարացի լուծում» գիրքին արաբերէնի թարգմանուած օրինակը:

Կաթողիկոսը Տէր Զօրի Օդակայանին Մէջ Դիմաւորուեցաւ
Պետական Բարձրաստիճան Պատասխանատուներու Կողմէ

Երեքշաբթի, 24 մայիսին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահին եւ այլ պետական ու հոգեւոր պատասխանատուներու հետ ունեցած իր հանդիպումներէն ետք, չորեքշաբթի, 25 մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իրեն ընկերակցող շքախումբին հետ  հասաւ համահայկական ուխտավայր` Տէր Զօր:

Շքախումբին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի կողքին, մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, ազգայիններ` Վրէժ Եագուպեան, Սուրէն Վարդանեան եւ Թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան, ինչպէս նաեւ գաւազանակիր Սարգիս աբղ. Լիպարեան եւ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան:

Վեհափառը Տէր Զօրի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, Պաաս կուսակցութեան քարտուղարին, ապահովական ուժերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչին եւ սուրիական խորհրդարանի երեսփոխաններուն կողմէ` գլխաւորութեամբ Տէր Զօրի նահանգապետ Ֆատէլ Նաժժարի:

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը այցելեց նահանգապետարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ նահանգապետարանի անձնակազմին կողմէ:

Նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեց կաթողիկոսին եւ անոր ընկերակցող շքախումբին` լուսարձակի տակ առնելով Տէր Զօրի բնակչութեան հայ թէ արաբ բաղադրիչներու ջերմ յարաբերութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմը կը միտէր քայքայել հասարակութեան ընկերային ներդաշնակ հիւսուածքը, սակայն սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուեցաւ` ձախողութեան մատնելով դաւադիրներու ծրագիրները:

Տէր Զօրի կրօնական կալուածներու տնօրէն Ապտուլ Հատի Մուհամէտ Սալեհ` բարի գալուստ մաղթելով Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ անոր շքախումբին, յայտնեց, որ հայութիւնը սերտ կապեր ունի Տէր Զօրի հետ, հետեւաբար բոլորս ձեռք ձեռքի տալով կարելիութիւն ունինք վերաշինելու Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրը, Տէր Զօրը եւ ողջ Սուրիան:

Արամ Ա.` խօսք առնելով հաստատեց, որ Տէր Զօրը սովորական վայր մը չէ մեր ժողովուրդին համար, այլ` սրբավայր եւ ուխտավայր է: Տէր Զօրի աւազը միախառնուած է հայուն արեամբ: Ապա` աւելցնելով ըսաւ. «Թէեւ Տէր Զօրը մեզի համար գերեզման դարձաւ, սակայն միեւնոյն ատեն մեր վերածնունդի վկայարանը հանդիսացաւ»:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ ութ անգամ այցելած է Տէր Զօր, սակայն այս վերջինը այլ ազդեցութիւն թողած է իր վրայ, որովհետեւ նոյն ցեղասպան թուրքը երկրորդ ցեղասպանութիւնը գործած է Տէր Զօրի մէջ ու քաղաքը վերածած է աւերակի: Ան ողջունեց Տէր Զօրի նահանգապետը, որ լրջօրէն նուիրուած է նահանգի վերականգնումին: Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին հետ հանդիպման, ուր լուսարձակի տակ առնուած է սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը երկրի վերականգնումին մէջ: Վեհափառը շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ պետական աւագանիին` իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ այս առիթով իր գնահատանքը ուղղեց Տէր Զօրի զաւակ, ազգային բարերար Սուրէն Վարդանեանին:

Խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ շեշտեց, թէ Սուրիոյ դէմ պատերազմը օտարներու պատերազմն էր Սուրիոյ մէջ: «Մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս այս քաղաքը եւս պատերազմի հետեւանքով պաշարուեցաւ եւ քանդուեցաւ, իսկ ոճրագործը անպատիժ մնաց, այդ պատճառով ալ ան կը շարունակէ ոճիրներ գործել Սուրիոյ, Պաղեստինի, Իրաքի մէջ եւ այլուր: Հետեւաբար, Սուրիան պաշտպանելը իւրաքանչիւր ազգայինի պարտքն է` յանուն Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ ժողովուրդի արժանապատուութեան պահպանման»:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս Տէր Զօրի առնչուող պատկերազարդ գիրք մը եւ «The Armenian Church» գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը նուիրեց նահանգապետին: Իր կարգին, նահանգապետը Սուրիոյ վերականգնումը խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառին:

Այցելութիւն` Սուրիոյ Կրօնական
Կալուածներու Նախարարին

Երեքշաբթի, 24 մայիս 2022-ին, Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. շէյխ Մուհամէտ Ապտուլ Սաթթար  Սեյիտ ընդունեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Կողմերը խորհրդակցեցան հասարակութեան մէջ քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան միացեալ սկզբունքներուն եւ հիմքերուն ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութեան զարգացման միջոցներուն շուրջ:

Անոնք անդրադարձան նաեւ սուրիահայութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան Սուրիոյ պատմութեան, ներկային եւ ապագայի կերտման մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Եռաբլուրը Ափսոսանքի Պահեր Ապրելու Վայր Է, Որոնց Յաճախ Կը Յաջորդէ Աւելի Լաւ Օրեր Ապրելու Յոյսը» Մ. Մկրտիչեան

Յաջորդը

Ակնարկ. Յետընտրական Տագնապի Խորացում

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?