Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ոգեկոչում Արցախի Գոյապայքարի Հալէպահայ Երեք Նահատակներու Յիշատակին
Կազմակերպութեամբ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբին, 13 մայիսին Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի գոյապայքարի հալէպահայ երեք նահատակներուն հրամանատար Յարութ Բանոյեանին, Մոսիկ Սեքլէմեանին եւ Յակոբ Ասթարճեանին նուիրուած աշակերտական ոգեկոչում:
Հանդիսութենէն առաջ աշակերտները վարժարանի հովիւ Խորէն քհնյ. Պերթիզլեանի եւ Ծնողաց յանձնախումբին գլխաւորութեամբ, մեկնեցան Ազգային գերեզմանատուն, ուր Արցախի գոյապայքարի հալէպահայ նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին առջեւ Ծնողաց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս յուշակոթողին մասին բացատրութիւն տուաւ, ապա քահանայ հայրը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` Արցախի նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Աւարտին աշակերտները խունկ եւ մոմ վառեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ:
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները վարժարան վերադառնալով` մասնակից դարձան հանդիսութեան:
Իր բացման խօսքին մէջ տոքթ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս յայտնեց, որ հալէպահայ նահատակներուն նուիրուած ոգեկոչումի այս հանդիսութիւնը մեզ կը վերադարձնէ 30 տարիներ առաջ` մայիս 1992-ին իրականացած Շուշիի ազատագրումին, աւելցնելով, որ 30 տարիներ ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ ենթարկուեցաւ թուրքի ոճրագործ արարքներուն, այս անգամ` Արցախի մէջ: Թամար Բարսեղեան-Սարգիս կոչ ուղղեց աշակերտներուն` նահատակ հերոսներուն նման ըլլալու հայրենասէր, սիրել հայրենիքը իր անբաժան Արցախով եւ լաւապէս տիրապետելու հայոց լեզուին ու պատմութեան, նոյն կամքով եւ հաւատքով շարունակելու մեր պայքարի երթը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը` 1992-ին Արցախի ազատագրումին եւ ապա Արցախի գոյապայքարին մասին, որմէ ետք Թամար Բարսեղեան-Սարգիս կարդաց Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի կենսագրական տուեալները:
Օրուան բանախօս, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալին Բանոյեան աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց անմահ հերոս Յարութ Բանոյեանի փոքր տարիքէն հայրենիքի հանդէպ ունեցած սէրն ու կապուածութիւնը եւ անոր անձնական կեանքէն դրուագներ պատմելով` յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս ան տարուէ տարի իր մէջ զարգացնելով հայրենասիրութեան ոգին` համեստօրէն հասաւ հրամանատարի կոչումին եւ իր կեանքը նուիրաբերեց հայրենիքին:
Այնուհետեւ ան հալէպահայ տղոց Արցախի գոյապայքարին բերած մասնակցութեան յատուկ տեսերիզներ ցուցադրելով, բացատրութիւններ տուաւ աշակերտներուն` անդրադառնալով հրամանատար Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի պարտականութեան գիտակցութեամբ հայրենիքին եւ Արցախին հանդէպ ցուցաբերած նուիրուածութեան: Ան նաեւ տեսերիզով ցոյց տուաւ պատերազմի օրերուն հալէպահայ տղոց մասին Արցախի զինուորականներուն արտայայտած վկայութիւնը` նշելով, որ Արցախի մէջ ռազմական կեդրոնը հրամանատար Յարութ Բանոյեանի անունով կոչուեցաւ եւ տեսերիզով ցոյց տուաւ աշակերտներուն կեդրոնի լուսանկարները:
Իր խօսքի աւարտին Ալին Բանոյեան աշակերտները հրաւիրեց մեր նախնիներուն ուղիով ընթանալու եւ աշխատանքով ու պայքարով հայ ժողովուրդին ապագայի պատմութիւնը կերտելու:
Այնուհետեւ Ծնողաց յանձնախումբի ատենապետ Թամար Բարսեղեան-Սարգիս Ալին Բանոյեանին նուիրեց աշակերտուհի Ժոզիան Պշարայի գծած հրամանատար Յարութ Բանոյեանին նկարը, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին Խորէն քհնյ. Պերթիզլեան յայտնեց, որ սուրիահայութիւնը հայրենիքին տուած է նահատակներ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Արցախի փրկութեան եւ ազատութեան համար: Ան նշեց, որ հալէպահայ ընտիր տղոց նահատակութիւնը յիշելով` ցաւ կը զգանք, որովհետեւ գանձեր կորսնցուցինք, միեւնոյն ժամանակ պարծանքի եւ հպարտութեան զգացումներով կը յիշենք հայրենիքին համար անոնց կատարած սխրագործութիւնները: Քահանայ հայրը այս առիթով փոխանցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի հայրական օրհնութիւններն ու գնահատանքը:
Միացեալ Նահանգներ
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Վերընտրուեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Կազմակերպութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, 12-14 մայիսին տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը:
14 մայիսի եզրափակիչ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ առաջնորդի ընտրութիւնը: Թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան վերընտրուեցաւ չորս տարուան երկրորդ շրջանի մը համար:
Ընտրութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը ելոյթ ունենալով` շնորհակալութիւն յայտնեց, որ առաջնորդական պաշտօնը երկրորդ անգամ ըլլալով վստահած են իրեն, հաստատելով, որ միասնաբար պիտի իրականացնեն Ազգային երեսփոխանական ժողովին ընթացքին առաջարկուած բոլոր ծրագիրները, ինչպէս եւ նոր նախագիծներով ճոխացնեն զանոնք: Սրբազանը հաւաստիացուց, որ միասնաբար, միակամ տեսիլքով, իբրեւ ծուխեր, առաջնորդարան եւ կաթողիկոսարան, պիտի զօրացնեն ծուխերուն, առաջնորդարանին, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանին հիմքերը:
Նոյն նիստին ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ Ազգային վարչութեան ընտրութիւնները: Կրօնական ժողովի անդամ վերընտրուեցաւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան եւ ընտրուեցաւ Պօղոս ծ. վրդ. Թինքճեան: Քաղաքական ժողովի անդամներ վերընտրուեցան` դոկտ. Րաֆֆի Մանճիկեան, Ճոն Գլընճեան եւ Արամ Յովակիմեան եւ ընտրուեցան` Արամ Սարաֆեան եւ Ռիչըրտ Քանարեան:
«Սփիւռքի Տարի – Գագիկ Եւ Քնարիկ Գալստեան Հիմնադրամ»-ը Կրթանպաստ Կը Յատկացնէ Հայագիտական Նիւթերու Ուսանողներու
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան քանի մը ամիս առաջ Ազգային առաջնորդարանէն ներս կեանքի կոչեց հայագիտական նիւթերու հետեւող ուսանողներու ի նպաստ նոր հիմնադրամ մը` ի յիշատակ գաղութի բարերարներէն հանգուցեալ Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան ամոլին, «Սփիւռքի տարի – Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան հիմնադրամ» անունով: Հիմնադրամը կը հովանաւորեն հանգուցեալ ամոլին դուստրերը` Սեդա Գալստեան-Աղայեան եւ Այտա Գալստեան-Նորհատեան:
Այս հիմնադրամէն կրնան օգտուիլ Ամերիկայի եւ սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ ապրող հայ ուսանողներ, որոնք բարձրագոյն հաստատութիւններէ կամ համալսարաններէ ներս հայերէնով կամ օտար լեզուներով կը հետեւին հայագիտական ուսմանց դասընթացքներու կամ գիտական հետազօտութիւն կը կատարեն հայկական բանասիրութեան, Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող զանազան կալուածներէ ներս: Հիմնադրամի առաջին տարուան յատկացումները պիտի կատարուին 2022-2023 տարեշրջանի համար:
Դիմումի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ`
Ա.- Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան` դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ե-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը:
Բ.- Անջատ թուղթի վրայ նշել` ուսումնական հաստատութեան կամ համալսարանին անունը, հասցէն եւ դիմողին ուսանողական կարգավիճակը. քանի՞ տարուան ուսանող է, ուսումնառութեան շրջանը ե՞րբ կ՛աւարտի, եւ ո՞ր լեզուով կը հետեւի դասընթացքներուն:
Գ.- Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:
Դ.- Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):
Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 յունիս 2022:
Կիպրոս
Կլոր Սեղան–Հանդիպում
18 մայիսին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Խրիսոսթոմոս արք.ի ներկայացուցիչ Փորֆիրիոս եպիսկոպոսի, իմամ Շաքիրի, մարոնիթներու արքեպիսկոպոս Սելիմ Սֆէյրի հետ, Շուէտի դեսպանի բնակարանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ (RESET, Center for Social Innovation (CSI) & Office of the Relegious Track of Cyprus Peace Process, under the framwork of the European project PROSECUW «Protection & Security for places of Worship»)-ի կողմէ կազմակերպուած կլոր սեղան-հանդիպումի մը:
Բացման խօսքը արտասանեց Religious Track-ի գրասենեակի վարիչ Սալբի Էսքիճեան: Ապա, Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ երկու ծրագիրները ներկայացուցին գործադիր տնօրէններ` տոքթ. Էլիզա Փաթուրիս եւ Փանայիոթա Քոնսթանթին:
Իր տեսակին մէջ եզակի հանդիպում մըն էր այս մէկը, ուր բոլորը բաժնեցին իրենց մտահոգութիւնները` համայն աշխարհի սուրբ վայրերու, վանքերու, եկեղեցիներու, մզկիթներու եւ աղօթավայրերու առնչութեամբ, վերանորոգուած սրբավայրերու «մշակութային ժառանգութիւն» անուանումին, նոր սերունդի ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան հոգեւոր ճիշդ դաստիարակութեան նահանջին եւ միեւնոյն ժամանակ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` շարունակելու երկխօսութիւնը, համագործակցութիւնը, իրարու միջեւ վստահութեան կամուրջներու ամրացումն ու կրօնական ազատութիւնը համատեղ քարոզելու անհրաժեշտութիւնը` առանց քաղաքական ուժերու միջամտութեան:
Նոր Ջուղա
Լուսաբանական Հանդիպում` Հայաստանի Եւ Արցախի Վերջին Իրադարձութիւններու Մասին
Նախաձեռնութեամբ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին, 6 մայիսին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լուսաբանական հանդիպում` Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններու մասին: Օրուան բանախօսն էր ազգային-հասարակական գործիչ Թաթուլ Օհանեան:
Իր խօսքի սկզբնաւորութեան բանախօսը տեղեկութիւններ տուաւ պատմական Հայաստանի 10-րդ նահանգի` Արցախի պատմական անցեալին եւ աշխարհագրական դիրքին մասին, սկսած Քրիստոսէ առաջ` Ուրարտական պետութենէն մինչեւ ներկայ ժամանակաշրջանը: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց խորհրդային իշխանութեան ժամանակ, Ստալինի հայատեաց որոշման պատճառով Արցախը Ազրպէյճանին կցուելու փաստը:
Բանախօսը անդրադարձաւ 2018 թուականին Հայաստանի մէջ իրականացուած թաւշեայ յեղափոխութեան: Ան նշեց Փաշինեանի խոստումներուն եւ գործելաոճի մէջ եղած ահռելի հակասութիւնները եւ յատկապէս «խաղաղութեան դարաշրջան» անուան տակ թշնամիին կողմէ հայութեան պարտադրուած հայրենակործան պահանջները, ապա անդրադարձաւ վերջին օրերու ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան լայն շերտերու կողմէ Երեւանի եւ զանազան մարզերու մէջ իրականացուող խաղաղ անհնազանդութեան բողոքի գործողութիւններուն` դատապարտելով երկրի ուժային կառոյցներու բռնարար վերաբերմունքը ցուցարարներու նկատմամբ:
Աւարտին ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Եւրոպա
Հայկական Մշակութային Շարք Մը Ձեռնարկներ
* Հայկական Շաբաթ Իտալիոյ Փիօմփինօ Գիւղաքաղաքի Մէջ
8 մայիսին, Իտալիոյ Լիվորնօ քաղաքի Փիօմփինօ գիւղաքաղաքի մէջ, Հայկական շաբաթ ծրագիր շրջագիծին մէջ, գիւղաքաղաքի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ եւ «Տարածք 57 Օնլուս» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ բազմաթիւ ձեռնարկներու բացում, որուն ներկայ գտնուեցան Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան եւ իտալացի գրող ու լրագրող Լետիսիա Լէօնարտ, որ ելոյթ ունենալով` ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը, արցախեան երկրորդ պատերազմը, նաեւ` Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը: Ելոյթ ունեցան նաեւ լուսանկարիչ Անտրէա Օլիվի եւ «Versailles Danta» թատերախումբի ղեկավար Անժելիա Թորինի Էվանկելիտի:
Իտալիոյ մէջ Հայկական շաբթուան ձեռնարկները երկարեցան մինչեւ 16 մայիս: Այս ծիրին մէջ Անտրէա Օլիվիի ցուցահանդէսը նուիրուած էր Հայաստանի, իսկ լրագրող Լետիսի Լէոնարտի սեմինարները ու սփիւռքահայ գրող Արթիւր Ալեքսանեանի հետ անոր հանդիպումը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան:
* Հայկական Մշակոյթի Ցուցահանդէս Նիտերլանտներու Մէջ
11 մայիսին Նիտերլանտներու թագաւորութեան Ասսէն քաղաքի «Տրենց» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արարատի հմայքի տակ» խորագիրով «Հնագոյն հայկական գանձեր» ցուցահանդէսին բացումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նիտերլանտներու թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի ներկայացումը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2022: Սոյն ցուցահանդէսը այցելուներուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու Հայաստանի հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունման, հայոց հարուստ մշակոյթին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին աւելի քան 150 թանգարանային նմուշներ, Ս. Էջմիածնի մայր գրասենեակի թանգարանի մէջ պահպանուող Նոյան տապանի մասունքը, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հնագիտական կարեւոր իրերու հաւաքածոյ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի տարածաշրջանէն արդիւնահանուած գործիքներ, փամփուշտներ, զէնքեր, ոսկերչական իրեր, գոհարեղէններ, յուշարձաններ եւ մշակութային այլ արժէքներ: