Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիք Մեջլումի Սպանութիւնը Եւ Հաթամ Բ.` Ջրաբերդի Տէր

Մայիս 25, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղա Մոհամէտ Շահին Երկրորդ Արշաւանքը
Եւ Յաղթական Մուտքը Շուշի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղա Մոհամէտ շահ արշաւանքի ժամանակ

Ռուսական զօրքերը 1797-ի գարնան սկիզբը արագօրէն կը հեռանային Անդրկովկասէն, իսկ Պարսկաստանէն կը լսուէր, որ Աղա Մոհամէտ շահ նոր արշաւանքի կը պատրաստուի:

Ռուսական զօրքերու հեռացումը տեղացի իսլամները կը վերագրէին անոնց տկարութեան, երկչոտութեան եւ վախին: Կը խօսուէր, որ պարսից շահին գալուստը հազիւ լսած, ռուսեր սկսան փախչիլ:

Տեղացի խաները, որոնք համարեա առանց պատերազմի անձնատուր եղած էին ռուսերուն եւ ընդունած ռուսական հովանաւորութիւն, այժմ հակառուս եւ հակաքրիստոնեայ տրամադրութիւն ունէին: Քրիստոնեայ հայերը ռուսերուն դաշնակիցն էին եւ օգնած էին անոնց: Խաները ռուսական հպատակութիւն ընդունած էին նաեւ այն պատճառով որ իրենց հպատակներուն մեծամասնութիւնը կամ ստուար համեմատութիւնը հայեր էին, որոնք իրենց դէմ եւ ի նպաստ ռուսերուն դիրքորոշուած էին:

Խաներու աչքին հայերը դաւաճաններ էին, որոնք ահա ռուսական բանակին հետ սկսած էին փախուստ տալ իրենց բնակավայրերէն եւ կ՛անցնէին ռուսական սահմանը:

Նոյն օրերուն Շամախիի Մուսթաֆա խան սպաննել տուաւ Յովհաննէս վարդապետը, որովհետեւ ան տեղացի հայերը իր դէմ գրգռած եւ ռուսերուն հետ գործակցած էր:

Սակայն Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան լուռ մնաց եւ շարունակեց հայերու նկատմամբ բարեացակամութիւն կեղծել: Ան մելիքներուն նկատմամբ սաստիկ ոխակալութեամբ լեցուած էր, յատկապէս` մելիք Մեջլումի դէմ, որ օգնած էր Աղա Մոհամէտ խանին: Բայց ճարպիկ դիւանագէտը կը մտածէր, որ տակաւին շատ պէտք ունի մելիքներուն եւ առհասարակ հայերուն` Աղա Մոհամէտ շահին դէմ պայքարելու համար:

***

Ջրաբերդի մելիք Մեջլում Ջաւադ խանին հետ 1796-ին ամիսներ շարունակ քաջաբար պաշտպանած էր Գանձակի բերդը վրացական եւ Ղարաբաղի խանութեան ու անոնց միացած աւար եւ լեզգի զօրքերու յարձակումներուն դէմ:

Իպրահիմ Խալիլ խանին միացած եւ անոր կողմէ Ջրաբերդի մելիք նշանակուած գիւլեաթաղցի Ռուստամի աները եւ Իսրայէլ կաթողիկոսի հայրը` Ապրէս աղա աննկատելի կերպով Գանձակի բերդէն ներս մտած, հայ կռուողները խռովութեան մղած եւ գիշերուան մութէն օգտուելով մելիք Մեջլումը մահացու վիրաւորած էր:

Ապրէս աղա բռնուած եւ Ջաւադ խանի հրամանով գլխատուած էր, եւ գլուխը ընծայ մելիք Ռուստամի ուղարկուած էր:

Ծանր վիրաւոր մելիք Մեջլում Ջաւադ խանի պալատը փոխադրուած եւ երեք օր ետք մահացած էր: Անոր մահը գաղտնի պահուած էր, չվհատեցնելու համար հայոց զօրքերը:

Ջաւադ խան յետոյ հաշտուած էր իր թշնամիներուն հետ: Իպրահիմ Խալիլ խան վերադարձած էր Շուշի, Հերակլ Բ.` Թիֆլիս, Ումմա խան` Տաղստան:

Մելիք Մեջլումի մահը իմացուեցաւ այն ժամանակ, երբ նախկին թշնամիները արդէն հաշտուած էին:

Ջաւադ խան, յարգելու համար իր հանգուցեալ բարեկամին յիշատակը, մելիք Մեջլումի մարմինը հանդիսաւոր կերպով թաղել տուաւ Գանձակի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ աջակողմեան խորանին մէջ:

Ջաւադ խան մելիք Մեջլումի միակ որդին` Հաթամը իր հոգատարութեան տակ առաւ:

Իպրահիմ Խալիլ խան եւ Հերակլ Բ. թագաւոր միասին կազմակերպած էին մելիք Մեջլումի սպանութիւնը: Անոնք անհրաժեշտ համարած էին մինչեւ Աղա Մոհամէտ շահի նոր արշաւանք սկսիլը մէջտեղէն վերցնել մելիք Մեջլումը:

Մելիք Մեջլում ըսած էր. «Բաւական խաբուեցանք… մինչեւ երբ պէտք է երազներով հրապուրուինք: Մեր բարերարները մեզ իրենց թշնամիներուն հետ կը կռուեցնեն, իսկ իրենք մէջտեղէն կը շահին: Մենք աւելի հաստատ պատճառներ ունինք հաւատալու պարսից շահերուն, քան թէ ուրիշներու: Շահ Աբաս հաստատեց Ղարաբաղի մելիքութիւնները, Նատիր վերահաստատեց, իսկ Աղա Մոհամէտ շահ ինծի խոստացած է աւելին, քան թէ իր նախորդները»:

Մելիք Մեջլումի հետ գերեզման կը մտնէր Ղարաբաղի մելիքութիւններու վերականգնման անոր ծրագիրը, որ բոլորովին տարբեր էր միւս մելիքներու եւ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի ծրագիրէն եւ հիմնուած էր պարսից արքունիքին հետ ամուր բարեկամութեան պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ:

Աղա Մոհամէտ շահ մելիք Մեջլումի խոստացած էր ոչնչացնել Իպրահիմ Խալիլ խանը, վերականգնել Ղարաբաղի մելիքութիւնները եւ Ջրաբերդի մելիքին յանձնել նաեւ Վրաստանի կառավարչութիւնը:

Մելիք Մեջլումի որդին Ջրաբերդի մելիք եւ Մելիք Իսրայէլեաններու տոհմապետ հռչակուեցաւ մելիք Հաթամ Բ. անունով:

Մելիք Մեջլում Թիֆլիս եղած ժամանակ իր որդին տեղացի ազնուական Եասսէի կրտսեր աղջկան` Ռեհանի հետ նշանած էր:

Ջաւադ խան, իբրեւ հանգուցեալ մելիք Մեջլումի բարեկամը եւ մելիք Հաթամի հոգատարը, հարսնախօսներ ուղարկեց Թիֆլիս, Ռեհանը Գանձակ բերելու համար: Բայց անոր հայրը` Եասսէ, փոխանակ գեղեցիկ Ռեհանը տալու, տուաւ մեծ քոյրը` Թամարը, որ բաւական տգեղ էր:

Մելիք Հաթամ Բ.ի եւ Թամարի ամուսնութենէն ծնաւ աղջիկ մը` Սհարնազ:

***

Աղա Մոհամէտ շահ թուրքմէն եւ աֆղան շարք մը ցեղախումբեր ճնշելէ ետք Թեհրան վերադարձաւ եւ իր յաղթանակներուն փառքը կը վայելէր, երբ Գանձակի Ջաւադ խանէն նամակ ստացաւ Անդրկովկասի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին:

Նամակագիրը կը տեղեկացնէր կոմս Վալերիան Զուբովի արշաւանքի եւ խաներու ռուսական հպատակութիւն ընդունելու, յետոյ ալ ռուսերու անակնկալ հեռացման մասին: Կը տեղեկացնէր նաեւ Հերակլ թագաւորի եւ Իպրահիմ Խալիլ խանի միաբանութեան եւ անոնց զօրքերուն կողմէ Գանձակի բերդի պաշարման, եւ վերջապէս` մելիք Մեջլումի սպանութեան մասին:

Ռուսերու հեռացումը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Աղա Մոհամէտ շահին եւ ան մեծ եռանդով սկսաւ պատրաստուիլ Անդրկովկաս ներխուժելու համար:

Աղա Մոհամէտ շահ առաջին հերթին պատուիրակ ուղարկեց Թիֆլիս եւ Հերակլ Բ. թագաւորէն հպատակութիւն պահանջեց:

Հերակլ Բ. փութով դիմեց Փաւէլ Ա. կայսրին եւ օգնութիւն խնդրեց:

Վրաց արքայի թախանձանքին վրայ կայսրը համաձայն գտնուեցաւ ռուսական երկու գումարտակ զօրք ձգել Թիֆլիս, որոնք միւս զօրքերուն հետ կը պատրաստուէին հեռանալու:

***

Աղա Մոհամէտ շահի պարսկական հսկայ բանակը 1797-ի գարնան Խուդափերինի կամուրջով անցաւ Արաքսը եւ մտաւ Ղարաբաղի խանութեան սահմանը:

Պարսկական անթիւ անհամար զօրքերը արագօրէն սկսան յառաջանալ եւ աւերել երկիրը:

Աղա Մոհամէտ շահ իր եղբայր Ալի Ղուլի խանը Երեւանի վրայ ուղարկեց եւ Մոհամէտ խանը իր մօտ կանչեց:

Ալի Ղուլի խան Երեւան մտնելէն ետք Մոհամէտ խանը ձերբակալեց եւ Աղա Մոհամէտ շահին մօտ ուղարկեց:

Աղա Մոհամէտ շահ Մոհամէտ խանը զրկեց Երեւանի խանութենէն. անոր բոլոր ունեցուածքը բռնագրաւուեցաւ եւ ան Թեհրան տարուելով բանտարկուեցաւ: Ալի Ղուլի խան Երեւանի տէր ու տիրական նշանակուեցաւ:

Աղա Մոհամէտ շահ իր մօտ կանչեց Նախիջեւանի Քալպ Ալի խանը եւ կուրցուց զայն:

Ղուկաս Ա. կաթողիկոս Դաւիթ եւ Յովհաննէս վարդապետները ընծաներով Աղա Մոհամէտ շահին մօտ ուղարկեց: Շահը հրովարտակ եւ ապահովութեան հաւաստիք տուաւ հայոց կաթողիկոսին:

Երեւանի տիրակալ նշանակուած Ալի Ղուլի խան նկարագիրով չափազանց լկտի ու դաժան էր: Առաջին հերթին ան հրաման արձակեց ամբողջ Երեւանի խանութենէն իրեն համար գեղեցիկ հայ աղջիկներ հաւաքել:

Ղուկաս Ա. կաթողիկոս, այդ հրէշաւոր հրամանը չէզոքացնելու համար, եւ եկեղեցական կարգն ու աւանդութիւնը խախտելու գնով կարգադրեց ութ տարեկանէն վեր բոլոր աղջիկները ամուսնացնել:

***

Աղա Մոհամէտ շահ իր մերձաւորներուն հետ

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, տեսնելով որ պիտի չկարենայ դիմադրել պարսկական հսկայ բանակին, եւ նաեւ յոյս չունենալով որ հայոց մելիքները այս անգամ կ՛օգնեն իրեն, իր ընտանիքը եւ մերձաւորները առնելով գիշերով Շուշի բերդէն փախուստ տուաւ դէպի Պալաքան` իր աներ Ումմա խանին մօտ:

Աղա Մոհամէտ շահ լուր առնելով երկու հազար ձիաւոր ուղարկեց անոր ետեւէն, բայց Թարթառ գետին մօտ Իպրահիմ Խալիլ խան ջարդեց այդ գունդը եւ յաջողեցաւ փախուստ տալ դէպի Տաղստանի լեռները:

Լեզգիներ փորձեցին գերեվարել զայն եւ Աղա Մոհամէտ շահին յանձնել ու անկէ վարձատրութիւն ստանալ, բայց Պիքէ խանում, Իպրահիմ Խալիլի կինը եւ Ումմա խանին քոյրը, միջամտեց եւ համոզեց լեզգիները որ անօրէնութիւն չգործեն:

Նոյն ժամանակ Շահսաւաններու ցեղապետ եւ Սրտապիլի տիրակալ Նասէր խան եւ Շաքիի Սելիմ խան փախուստ տուին դէպի Տաղստան:

Հայոց մելիքները երկիւղի մէջ էին: Աղա Մոհամէտ խանի առաջին արշաւանքին ժամանակ անոնք մերժած էին շահին հրաւէրը` ընդունելու պարսկական հպատակութիւն եւ ոչնչացնելու Իպրահիմ Խալիլ խանը, որմէ ետք անոնց խոստացուած էր վերահաստատելու Խամսայի մելիքութիւնները: Անոնք այնքան անխոհեմ գտնուած էին, որ իրենց ամբողջ ուժերով Իպրահիմ Խալիլ խանը պաշտպանած եւ պարսկական բանակին դէմ կռուած էին: Այժմ ի՞նչ պիտի ընէին անոնք, երբ շահը աւելի մեծ ուժերով կը յարձակէր Ղարաբաղի վրայ:

Մելիքները այժմ տկարացած էին, որովհետեւ սովի պատճառով ժողովուրդէն շատեր կը հեռանային Արցախէն: Ժողովուրդը միայն հացի համար կը մտածէր եւ կը վազէր այն կողմ, ուր կրնար հաց ճարել:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Գիւլիստանի մելիք Աբով իր հետեւորդներով գնաց Վրաստանի կողմերը:

Վարանդայի մելիք Ջումշուդ իր հետեւորդներով ճամբայ ելաւ դէպի Թիֆլիս: Բայց պարսկական զօրքերը ճամբան հանդիպեցան անոնց եւ կռուի բռնուեցան: Մելիք Ջումշուդ վիրաւորուեցաւ եւ գերի բռնուեցաւ:

Աղա Մոհամէտ շահ Ասկերանի մօտ բանակ դրաւ եւ պատրաստուեցաւ Շուշի բերդին վրայ արշաւելու:

Վիրաւոր մելիք Ջումշուդ Աղա Մոհամէտ շահին մօտ տարուեցաւ: Շահը քսան հազար թուման տուգանք դրաւ վրան եւ Աւետարանոցի անոր տունը այրել տուաւ, որովհետեւ առաջին արշաւանքի ժամանակ մելիք Ջումշուդ պարսիկներուն դէմ կռուած էր: Մելիք Շահնազարեաններու ունեցուածքը կողոպտելէ եւ կայքը յափշտակելէ ետք շահը մելիք Ջումշուդին ներում շնորհեց:

***

Շուշիի խանական պալատը

Մելիք Ջումշուդ 1797-ի մայիսի վերջաւորութեան անձամբ պարսկական բանակը առաջնորդեց դէպի Շուշի: Շուշիի բերդը առանց դիմադրութեան իր դուռերը բացաւ պարսից շահին առջեւ:

Հայոց հոգեւորականութիւնը հանդիսաւոր արարողութեամբ դուրս եկաւ եւ շահը առաջնորդեց Իպրահիմ Խալիլ խանի աւագ որդի Մոհամէտ Հասան աղայի պալատը:

Շահը խանական պալատին մէջ բնակութիւն հաստատեց: Բանակին մէկ մասն ալ բերդ մտցուեցաւ, իսկ միւս մասը մնաց դուրսը, վրաններու տակ:

Խանական պալատին մէջ, ոսկեզօծ շրջանակի մէջ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի պատկերը կախուած էր, կուրծքին` մանուկ Յիսուսը:

Շահի սենեկապետներէն Սաֆար Ալի բէկ հարցուց` որո՞ւն պատկերն է ատիկա: Երբ պատասխանեցին, մօտեցաւ եւ համբուրեց: Այդ պահուն անոր աչքերէն քանի մը կաթիլ արտասուք հոսեցաւ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Մայիս 2022)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?