Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Յուշ. Արսինէին Հանդիպած Ըլլալու Վայելքը

Մայիս 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ Վահէ Օշականի մահուան առաջին տարելիցին առիթով հարցազրոյց մը ունեցեր էի իր այրիին` Արսինէին հետ, այս վերջինին իսկ բառերը օգտագործելով գրութեանս իբրեւ խորագիր` դրեր էի «Վահէն ճանչնալու Վայելքը», գլխագիր «Վ»-ով:

Հիմա, ընկհ. Արսինէ Ռստիկեան-Օշականի (1942-2022) անժամանակ մահուան ցնցումին ներքեւ, ստիպուած կը զգամ նոյնիմաստ խորագիր մը դնելու այս ակնարկիս, որ դժուարութեամբ կը շարագրեմ:

Ուրեմն, Արսինէն ալ գնաց: Գնաց` կարծես լռիկ-մնջիկ, գնաց միանալու անոր, որուն փրկարար հրեշտակն ու պահապանը հանդիսացած էր քանի մը տասնամեակ: Գնաց` խոր վշտի մատնելով զինք ճանչցողները:

Երբ կը փորձեմ վերյիշել մեր հանդիպումները, յիշողութիւնս կարծես խաղեր կը խաղայ, տարիները ետ ու առաջ կը տանի, ուստի ժամանակագրութիւն մը կամ տարեգրութիւն մը չէ, որ կը մատուցեմ, այլ` տպաւորութիւններ, որոնք ինքնուրոյն կերպար մը կը ստեղծեն մտքիս պաստառին վրայ:

Ե՞րբ հանդիպեցայ իրեն առաջին անգամ: Հաւանաբար` նոյն տարին, նոյն օրերուն, որ ընկ. Վահէին հանդիպեցայ: 1976 թուականն էր, Ֆիլատելֆիա կ՛այցելէինք մեր Արարատ սանիկը կնքելու, միեւնոյն ատեն` ԱՄՆ-ի 200-ամեակին առիթով այդ պատմական քաղաքին ծանօթանալու, հոն հասած մեծ առագաստանաւերը տեսնելու: Կ՛ուզէի անպայման այցելել Հայ քոյրերու վարժարանը, որուն տնօրէնուհին ալ հինէն գիտէի, եւ` տեսնել Վահէ Օշականը, որ լսած էի, թէ նոյնպէս այդ քաղաքը իջեւանած էր` հոգեպէս ցնցուած, տակաւին անգործ ու անապահով վիճակի մը մէջ:

Արսինէն չէի ճանչնար ու վարժարան այցելութեանս ընթացքին հանդիպեցայ իրեն: Եթէ չեմ սխալիր, դպրոցին կամաւոր ուսուցչուհիներէն մէկն էր, ու պատահական ծանօթացում մը եղաւ մերը: Վահէին ալ չէի հանդիպած, ու տխուր պահու մըն էր, որ կը տեսնէի զինք իր փոքր յարկաբաժնին մէջ, ուր կ՛ապրէր այդ օրերուն: Չէի գիտեր անգամ, թէ իրենք երկուքը այն ատեն իրարու հանդիպա՞ծ էին, զիրար կը ճանչնայի՞ն արդէն, թէ՞ ոչ տակաւին:

Յետո՞յ: Յետոյ արդէն կեանքի անիւը դարձաւ, Վահէ Օշականի հետ` իբր աշխատակից ու դասախօս-բանախօսի, բազմացան ու սերտացան կապերս, իսկ Արսինէին երկրորդ անգամ հանդիպեցայ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, ուր հրաւիրուեր էի բանախօսելու ու այդ առիթով ալ ուզեցի այցելել տեղւոյն Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը: Ինքն էր տնօրէնուհին, ուրախութեամբ դիմաւորեց զիս, թէեւ, որքան կը յիշեմ, աշակերտները արդէն արձակուած էին, ու երկար չեղաւ մեր այդ հանդիպումը:

Երրորդ անգամ աշխարհի միւս ծայրը` Սիտնիի մէջ պիտի ըլլար մեր հանդիպումը: Դարձեալ պարտականութեամբ էր, որ հոն կը գտնուէի, արդէն` ճիշդ երեսնամեակ մը առաջ, մայիսին, Շուշիի ազատագրութեան յաջորդող շաբաթներուն:

Այնտեղ էր, որ իբրեւ տեղւոյն Համազգայինի դեռ հետզհետէ կազմաւորուող Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն ճեմարանի տնօրինուհին` ան նախ երկար շրջապտոյտ մը ըրաւ ինծի ու ինծի ընկերակցող ընկերներուս հետ, պտտցուց վարժարանի բոլոր մասնաբաժինները, ապա հրաւիրեց, որ երկու պահ անցընեմ միջնակարգի (այն ատեն տակաւին դպրոցի՛ն) վերջին կարգերու աշակերտներուն հետ, գրածներս կարդանք, զրուցենք: Առաջին փորձառութիւն մըն էր, որուն առթած հաճոյքը չեմ մոռնար մինչեւ կեանքիս վերջը:

Ասկէ զատ, սակայն, բախտաւորութիւնը ունեցայ Օշականներու տան հիւրը ըլլալու, քանի մը ժամ անցընելու իրենց հետ, ընկ. Վահէին հետ ունենալու երկար հարցազրոյց մը ու վայելելու Արսինէին ասպնջականութիւնը:

Հոն էր, որ անդրադարձայ, թէ ի՛նչ սէր ու գուրգուրանք կը տածէր ան իր ամուսնոյն նկատմամբ: Իր հեզ բնաւորութեամբ, հաճելի վարուելակերպով ու անայլայլ ուշադրութեամբ, Արսինէ մթնոլորտ կը ստեղծէր այդ տան մէջ:

Անկէ ետք ուրիշ առիթներ պիտի ըլլային, որ հանդիպինք, Մոնրէալի մէջ` այլեւս որպէս մտերիմ բարեկամներ, ընկերներ:

Երբ անգամ մը եւս կարդացի իրեն հետ ունեցած վերոյիշեալ հարցազրոյցը, անդրադարձայ, որ Վահէին մասին խօսած ատեն իր օգտագործած բառերով, իր բնութագրած մանրամասնութիւններով Արսինէ միեւնոյն ժամանակ ի՛ր իսկ սեփական ինքնութիւնը ցոյց կու տար, իր բացառիկ անհատականութիւնը կը մատնէր: Երբեք չէր զգացներ, որ իր այնքան անուանի ամուսնոյն կողքին, ինք դոկտորական վկայականով, բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դաստիարակ մըն էր ու ազգային գործիչ մը, որ ունեցած էր նաեւ իր գործավարական ասպարէզը` որպէս խորհրդական առեւտրական հաստատութիւններու:

Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, որ այսքան շուտ մեկնեցար այս աշխարհէն, սիրելի՛ Արսինէ, կարծես ո՛րբ ձգելով մեզ, նոյնիսկ` քեզմէ տարեցներս:

 

 

Նախորդը

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ընտրուած Է Տ․ Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հարցականներ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?