Խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք կայծակնային մագլցում կ՛ապրի լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը: Կար այն տեսակէտը, որ կառավարութեան շրջանցումով կատարուող օժանդակութիւններն ու լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման միտումները իբրեւ ժամկէտ ունէին խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դրամանիշի կայունացման կը նպաստէր շուկայ ներդրուած ստուերային ընտրական արժոյթը. յայտնապէս աստղաբաշխական գումարներ ներմուծուած էին Լիբանան` քուէագնման նպատակներու համար:
Հիմա կանգնած է քուէագումարի շրջանառութիւնը: Չի բացառուիր, որ դանդաղի նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու օժանդակութիւններու հոսքը: Պարզ է, որ թիրախը խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումն էր եւ այդ կայարանը ժողովուրդ փոխադրող շոգեկառքը հասցնելը:
Վառելանիւթի եւ կենսական տարրական նիւթերու ապահովումը մղձաւանջ է այլեւս քաղաքացիին համար, որ առօրեայ կշռոյթով ջուրի, ելեկտրականութեան ձեռքբերման ամէնժամեայ տագնապին մէջ է:
Լիբանանը թեւակոխած է տագնապի խորացման նոր փուլ: «Այսօրը աւելի լաւ է, քան վաղը» բանաձեւը իր մորթին վրայ զգացող քաղաքացին յայտնուած է նոր անորոշութեան մէջ:
Մեկնող կառավարութիւնը մակերեսային, գերժամանակաւոր լուծումներու որոշումներ կը կայացնէ` կեանքի սղաճի յաւելավճարի ճշդումով մէկ կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նոր սակագիներ որոշելով` միւս կողմէ:
Լիբանանցին ամէն օր կ՛արթննայ նոր գնացուցակով, որ օրուան մէջ կ՛ենթարկուի փոփոխութիւններու: Ա՛յս է թաւալգլոր ընթացքը տնտեսական գահավիժումին:
Բնազդային հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ. ո՞ւր հասնելու համար են այս բոլորը: Մինչ, նորընտիր խորհրդարանը կը տուայտի մեծամասնութիւն ճշդելու տեսական մօտեցումներով: Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան խնդիրը տարբեր փորձաքարերու կը զարնուի` ընդհանրապէս անորոշ ձգելով ընտրուած խորհրդարանին աշխատելու եղանակը:
Արտաքին օժանդակութիւններու խոստումները կը վերապայմանականացուին: Բարենորոգում, վարչակառավարում եւ նման կարգախօսներ կը սաւառնին տարբեր երկիրներէ դէպի Պէյրութ ուղղուող յայտարարութիւններուն վերեւ: Այս բոլորը քող են. ենթագիծը այդ բոլորին` քաղաքական պայմանները:
Հիմա կը թուի, որ այդ պայմանները պիտի վերաբերին նշանակելի վարչապետի կերպարին, կազմուելիք կառավարութեան ձեւաչափին, նախարարներու «փորձագիտական» կենսագրութիւններուն եւ անշուշտ մշակուելիք ծրագիրին:
Պարանաձգութիւններու երկար շղթայի մը օղակներն են, որոնք կ՛երեւին` պահանջ-բաւարարում գործողութեամբ իւրաքանչիւր օժանդակութեան օղակ կազմելով կամ քանդելով:
Հիմա, նոր գործընթացի առաջին փուլը խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնն է: Խոհրդարանական բեմահարթակը կը բացուի այս օրակարգով: Աւանդաբար եւ միջհամայնքային համաձայնութեամբ աթոռին գլխաւոր թեկնածուի ճշդումը վերապահուած է շիի համայնքին, որ կը թուի միակամ ըլլալ թեկնածուին շուրջ: Ականատես պիտի ըլլանք մէկ կողմէ համայնքի իրողական ներկայացուածութեան սկզբունքի յարգումի, միւս կողմէ համայնքներու որոշման կեդրոնները շրջանցելու երկու հակասական երեւոյթներու:
Համայնքի որոշման կեդրոններու շրջանցման մօտեցումը չի բխիր նաեւ հայկական համայնքի շահերէն:
«Ա.»