– Մեր Խօսքը
– Մայիսեան Ուղիներով
Մեր Խօսքը
Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, միայն իր երկու տարուան գոյութեամբ (1918-1920), թէ՛ իր ներքին հակապետական մարտահրաւէրներով եւ թէ՛ ալ արտաքին նախայարձակման վտանգով կրցաւ իրապաշտօրէն վարել արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կ՛ապահովէ մէկ կողմէն Հայաստանի անվտանգութիւնը, իսկ միւս կողմէն` կովկասեան տարածաշրջանի խաղաղ գոյակցութիւնը:
Ներկայիս Հայաստան կը դիմագրաւէ լուրջ դիւանագիտական մարտահրաւէրներ, որոնք հարցականի տակ կը դնեն Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութեան երաշխաւորումը:
Առաջին հանրապետութիւնը իր կարճ կեանքով եւ արտաքին ու ներքին ծանր պայմաններով հանդերձ, յաջողեցաւ կնքել այնպիսի պայմանագիրներ, որոնք ապահովեցին արժանապատիւ խաղաղութիւն մը` պսակուած անվտանգութեան երաշխաւորումով ու հողային ամբողջականութեամբ, եւ ժողովրդային գերիշխանութեամբ:
Թող առաջին հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հայանպաստ ուղղութիւնը դառնայ ներշնչման աղբիւր Հայաստանի բոլոր քաղաքական գործիչներուն եւ իբրեւ դասագիրք` յաջորդ բոլոր սերունդներուն:
Մայիսեան Ուղիներով
Պաթումի դաշնագիրը
Հայաստանի վերջին բեկորին վրայ մարտ 1918-ին յարձակած թրքական բանակին դէմ մայիս 22-30 հերոսաբար դիմադրելէ, յաղթելէ, թշնամին նահանջի մղելէ եւ Հայաստանի անկախութիւնը հռչակելէ ետք, Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը յունիս 4-ին իր ներկայացուցիչներուն հրահանգեց ստորագրել Պաթումի դաշնագիրը:
Միայն Հայաստանի դէմ ուղղուած չէր յունուար 1918-ին սկսած թրքական բանակին անդրկովկասեան ընդհանուր արշաւանքը: Օգտուելով ցարական իշխանութեան տապալումէն եւ անոր հետեւած պոլշեւիկեան յեղաշրջումին առաջացուցած ներքին պատերազմէն` թրքական զօրքը ձեռնարկած էր Պաքու հասնելու ընդհանուր յարձակման:
Թրքական ներխուժող կողմին հետ բանակցութեանց նպատակով մայիսի սկիզբէն Պաթում ուղարկուած էր Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարական բազմազգեան խառն պատուիրակութիւն մը: Վրաստան եւ Ազրպէյճան գաղտնաբար արդէն համաձայնութեան եկած էին թրքական կողմին հետ: Հայաստան մնացած էր առանձին: Թէեւ հայկական զօրքերը յաջողած էին Հայաստանի սրտէն հեռացնել թրքական եաթաղանը, բայց ամբողջ Անդրկովկասի ճակատագիրը մատնուած էր անորոշութեան, եւ հայաջնջման վտանգը սպառնական էր:
Ահա նման պայմաններու մէջ Սէյմի պատուիրակութեան հայ մասնակիցները, որոնք այլեւս արդէն իբրեւ ինքնուրոյն` Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներ կը ներկայանային թուրք բանագնացներուն, յանձնարարական ստացան ստորագրելու Օսմանեան կայսրութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ «Հաշտութեան եւ բարեկամութեան պայմանագիր»-ը, որ պատմութեան անցաւ Պաթումի դաշնագիր անունով:
Պատմական տարողութեամբ ծանրակշիռ այդ իրադարձութիւններու ընդգրկուն խճանկարին մէջ կը տեղադրուի Պաթումի դաշնագիրը, որ օրին իսկ եւ զայն ստորագրած հայ քաղաքական գործիչներուն կողմէ որակուեցաւ «խայտառակ» ու «նուաստացուցիչ» փաստաթուղթ մը:
Աւելի՛ն. պատմութեան դառն հեգնանքով Պաթումի դաշնագիրը եղաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրած միջազգային առաջին փաստաթուղթը, որ եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկրի իրաւավիճակը տուաւ Օսմանեան կայսրութեան, միւս կողմէ, սակայն, իրաւականօրէն նսեմացուց թէ՛ անկախ Հայաստանի պետական տարածքը, թէ՛ նոյնինքն անկախութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան:
Պաթումի դաշնագրով` փաստօրէն հազիւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթրի մէջ սահմանափակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, թուրքերուն զիջելով, Արեւմտահայաստանի կողքին, նաեւ Արեւելահայաստանի մեծագոյն մասը, որ իրողապէս թրքական գրաւման տակ կը գտնուէր անշուշտ:
Հայկական պատուիրակութեան կողմէ «պայմանագիր»-ը ստորագրող գլխաւոր դէմքերը Ալեքսանդր Խատիսեանը, Յովհաննէս Քաջազնունին եւ Մ. Պապաջանովն էին, իսկ թրքական կողմէ` Խալիլ ու Վեհիպ փաշաները:
Թէեւ Պաթումի պայմանագիրը իր ստորագրութեան պահէն իսկ իրողապէս չյարգուեցաւ եւ քաղաքական իմաստ ու կեանք չունեցաւ, բայց ինչպէս օրին, նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի անկախութեան խորտակումէն ետք տեւաբար չարաշահուեցաւ հայ քաղաքական մտքի այն հոսանքներուն կողմէ, որոնք Հայաստանի անկախութիւնն ու հանրապետութիւնը կերտած սերունդին եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան դէմ իրենց մղած վարկազրկման պայքարին մէջ ուզեցին կարեւոր «յաղթաթուղթի» վերածել պայմանագրին ստորագրումը:
Պատահական զուգադիպութիւն չէր հետեւաբար, որ յունիս 4-ին Պաթումի մէջ «հաշտութեան» պայմանագիր ստորագրող Հայաստանի դաշնակցական ղեկավարութիւնը յունիս 7-ին ամբողջ թափով եւ Ռոստոմի ղեկավարութեամբ կռուի դաշտ նետուեցաւ Պաքուի մէջ` թրքական արշաւանքը ձախողութեան մատնելու համար:
Այդպէ՛ս, Պաթումի դաշնագրին ստորագրութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար եղաւ պատմութեան դաժան ու դառն խաղերէն մէկը:
Պաթումի դաշնագիրին 14 յօդուածներն ալ կը վերաբերին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած հողային, քաղաքական եւ ռազմական զիջումներու, որոնց փոխարէն` Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւականութիւնը, միաժամանակ պատերազմական գործողութեանց վերջ տալու յանձնառութեան տակ մտաւ:
Կը ներկայացնենք պայմանագիրէն կարգ մը յօդուածներ (ոմանք` ամփոփուած):
Յօդուած 1
Օսմանեան կայսերական կառավարութեան եւ հայկական հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ կը հաստատուի հաշտութեան ու մշտական բարեկամութիւն:
2-րդ յօդուած
Այդ յօդուածը կը վերաբերի սահմանագծումներուն, որ կը բաժնէ Օսմանեան կայսրութիւնը Վրաստանի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութենէն:
4-րդ յօդուած
Օսմանեան կայսերական կառավարութիւնը կը պարտաւորուի զէնքի ուժով օգնութիւն ցոյց տալ հայկական հանրապետութեան կառավարութեան այն պարագային, եթէ վերջինս այդ օգնութիւնը խնդրէ անկէ` երկրին մէջ կարգ ու հանդարտութիւն ապահովելու համար:
5-րդ յօդուած
Հայկական հանրապետութեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուի գործուն կերպով հակազդել, որպէսզի ոչ մէկ հրոսակախումբ չկազմաւորուի եւ չզինուի իր տարածքի սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` զինաթափել ու հեռացնել բոլոր հրոսակախումբերը, որոնք կը փորձեն այնտեղ պահուըտիլ:
6-րդ յօդուած
Հայկական հանրապետութեան մէջ ապրող իսլամներու կրօնն ու սովորութիւնները կը յարգուին: Անոնք կ՛օգտուին նոյն քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներէն, ինչպէս` այլ կրօններու պատկանող քաղաքացիները: Իսլամները կրնան սորվիլ իրենց մայրենի լեզուով եւ իրենց կրօնի լեզուով:
Կրնան ստեղծուիլ իսլամական համայնքներ` իբրեւ բարոյական մարմիններ, որոնք լիազօրուած պիտի ըլլան կառուցելու մզկիթներ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, կրօնական ու բարեգործական հիմնարկներ եւ անոնց պահպանութեան համար ձեռք բերելու շարժական ու անշարժ գոյք:
Գլխաւոր միւֆթին պիտի մնայ Երեւանի մէջ` հայկական հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ:
7-րդ յօդուած
Նկատի ունենալով, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ հայկական հանրապետութեան միջեւ կը բացակային ամէն տեսակի պայմանագիրներ, համաձայնագիրներ, դաշինքներ, հրահանգներ եւ այլ միջազգային փաստաթուղթեր, պայմանաւորուող երկու կողմերը համաձայնեցան կնքել հիւպատոսական դաշինք, առեւտրական պայմանագիր եւ այլ օրէնքներ, որոնք անոնք անհրաժեշտ կը համարեն իրենց իրաւաբանական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար: Հիւպատոսական դաշինք կը կնքուի երկու տարուան ընթացքին` սոյն պայմանագիրի վաւերացումէն եւ փոխանակումէն անմիջապէս ետք:
8-րդ յօդուած
Կողմերը կը պարտաւորուին փոխադարձաբար թոյլ տալ ամէն հնարաւոր թեթեւացում երկաթուղային փոխադրամիջոցներու նկատմամբ` սահմանելով ու կիրարկելով յարմար սակեր:
11-րդ յօդուած
Հայկական հանրապետութեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուի գործադրել բոլոր ջանքերը, որպէսզի սոյն պայմանագիրի ստորագրումէն ետք Պաքուէն անյապաղ պարպուին այնտեղ գտնուող բոլոր հայկական զինուորական ուժերը, ինչպէս նաեւ` ապահովել, որ այդ դատարկումը առիթ չտայ որեւէ ընդհարման:
Պայմանագիր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ
8 յուլիս 1919-ին Հայաստանի ՀՅԴ Կեդրոնական եւ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէներու օրկան «Հայաստանի Աշխատաւոր» թերթը կը հրապարակէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած պայմանագիրը (կը ներկայացնենք առաջին երեք կէտերը):
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի անկախացման առաջին օրերէն իսկ Հայաստան կը գտնուէր մէկ կողմէն ազրպէյճանական նախայարձակման, իսկ միւս կողմէն` Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի մէջ բնակող թաթարներու հրահրումը` ներքին խռովութիւններու կազմակերպման մէջ,
Դիմադրելով Ազերիական նախայարձակումը եւ զսպելով ներքին խռովութիւնները` յաղթական դուրս ելած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստորագրեց պայմանագիր Ազրպէյճանի հետ: Պայմանագիրը ստորագրուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բեկզադեանի եւ Ազրպէյճանի արդիւնաբերական եւ պարենաւորման նախարար Աղա Ամինովի կողմէ:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պայմանագրի գլխաւոր կէտերն էին.
1.- Ազրպէյճանի երկաթուղային ճանապարհով Հայաստանի սահմաններէն դէպի Ազրպէյճան եւ Ազրպէյճանի սահմաններէն դէպի Հայաստանի սահմանները ուղարկուող ապրանքներու համար կը վերահաստատուի ազատ փոխանցումը, այսինքն փոխանցում` առանց մաքսային տուրքերու:
2.- Ազրպէյճանի կառավարութիւնը թոյլ կու տայ Հայաստան բերել հայկական երկաթուղային կարիքներու համար հարկաւոր քանակութեամբ նաւթ, մազութ, քսաիւղ, որոնց քանակութիւնը, սակայն, պիտի չանցնի ընդհանրապէս ամբողջ պայմանական շրջանի մէջ ութ միլիոն կորաչափը:
3.- Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ընդհանուր հիմունքներով թոյլ կու տայ Հայաստանի բնակչութեան կարիքներու համար Հայաստան բերել նաւթ եւ նաւթամթերքներ: Իր հերթին Հայաստանի կառավարութիւնը թոյլ կու տայ նոյն հիմունքներով Ազրպէյճան արտահանել զանազան ապրանքներ եւ մթերքներ:
Ալեքսանդրապոլի պայմանագիր
2 դեկտեմբեր 1920-ին գիշերը Ալեքսանդրապոլի մէջ (ներկայիս` Գիւմրի) կը ստորագրուի հայ-թրքական հաշտութեան դաշնագիրը` վերջ դնելու համար նոյն թուականին տեղի ունեցած հայ-թրքական պատերազմին:
1.- Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը կը պարտաւորուի ճանչնալ Հայաստանի անկախութիւնը հետեւեալ սահմաններով. Ախալքալաքի գաւառի հարաւային մասէն Ուշ-Թափալար սարը` դէպի հարաւ մինչեւ Բաշ Շորագայլ, մինչեւ Արփաչայ Արփաչայի հոսանքը մինչեւ անոր խառնուիլը Արաքսի հետ, Արաքս գետի հոսանքը մինչեւ Արաքս կայարանը, այնտեղէն դէպի Մարտիրոս մինչեւ Ջայթեմդ գիւղը:
2.- Կարսի նահանգը եւ Սուրմալուն կը համարուին վիճելի մինչեւ երեք տարի, որուն ընթացքին հայոց կառավարութիւնը կը յաջողի կազմակերպել հանրաքուէ որոշելու համար վերջնական կարգավիճակը այդ նահանգներուն: Հանրաքուէի ժամանակ պէտք է այնտեղ մտնեն խառն հայ-թրքական ապահովական ուժեր:
3.- 2-րդ յօդուածին մէջ մատնանշուած նախկին եւ ներկայ սահմաններու միջեւ ինկած շրջաններուն մէջ, այսինքն` ներկայ պայմանագրով Թուրքիոյ զիջուած շրջաններուն մէջ, որոնք անվիճելի, պատմական, ազգային եւ իրաւական կապ ունին Թուրքիոյ հետ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վերապահէ հանրաքուէ կատարելու իրաւունքը այն ժամանակ, եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցանկանայ այդպիսին կատարել:
4.- Հայաստանը իրաւունք ունի պահելու զօրաբանակ ոչ աւելի քան 1500 զինուոր եւ անոր համապատասխան քանակով սպաներ, նաեւ` անհրաժեշտ քանակութեամբ ապահովական ուժեր: Երկիրը պաշտպանելու համար կրնան գոյութիւն ունենալ ամրոցներ, որոնք կրնան զինուիլ միայն պաշտպանողական ծանր թնդանօթներով: Կը ջնջուի պարտադիր զինուորագրութիւնը:
5.- Հայաստանի վրայ յարձակման ժամանակ Թուրքիա կը պաշտպանէ հայոց կառավարութեան պահանջով եւ կ՛աջակցի Հայաստանին:
6.- Թուրքիա եւ Հայաստան փոխադարձաբար կ՛օգտուին ազատ փոխադրութենէն ինչպէս երկաթուղիներով, այնպէս եւ բոլոր ճանապարհներով:
7.- Երկու կողմերն ալ չեն վճարեր պատերազմի ծախսերը:
8.- Պայմանագիրը կնքուելէ ետք կը սկսին աշխատիլ երկաթուղիները, կը վերադառնան քաղաքացիական գերիները, իսկ երբ կը սկսին աշխատանքները Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանները որոշելու համար, կը վերադարձուին բոլոր ռազմագերիները:
9.- Հայաստանի կապած բոլոր պայմանները Թուրքիոյ դէմ կը դառնան անվաւեր:
10.- Բոլոր գաղթականները կը յաջողին վերադառնալ իրենց տեղերը մէկ տարուան ընթացքին` օգտուելով բոլոր քաղաքացիական իրաւունքներէն, բացի այն գաղթականներէն, որոնք զինուած դիմադրութիւն ցուցաբերած են ընդդէմ կառավարութեան:
11.- Հայերը Թուրքիոյ մէջ, իսկ թուրքերը Հայաստանի մէջ կը վայելեն հաւասար քաղաքացիական իրաւունքներ:
12.- Դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ հիւպատոսական յարաբերութիւնները եւ քաղաքացիական ազատ երթեւեկութիւնը երկու երկիրներու միջեւ կը սկսին գործել դաշնագիրը ստորագրուելէն ետք, որմէ ետք կը վերսկսին փոստային եւ հեռագրական հաղորդակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ:
13.- Շարուրը եւ Նախիջեւանը ժամանակաւորապէս կ՛օժտուին ինքնավարութեամբ` գտնուելով Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ, մինչեւ որ որոշուի անոնց կարգավիճակը:
14.- Այս դաշնագիրը պէտք է ենթարկուի վաւերացման Հայաստանի խորհրդարանի եւ Ազգ. մեծ ժողովի կողմէ` մէկ ամսուան ընթացքի պայմանաւորութեամբ:
15.- Թուրքիա կը պարտաւորուի Հայաստանի գրաւուած հողամասերը դատարկել, երբ Հայաստանը կը սկսի զօրացրման, եւ վերջնականապէս կը դատարկէ, երբ հայկական զօրքին թիւը կը հասնի վերը ճշդուած պայմաններուն մէջ յիշեալ չափին:
Ստորագրեալ կողմերն էին Հայաստանէն` Ալեքսանդր Խատիսեան, Աբրահամ Գիւլխանդանեան եւ Կորգանեան, Թուրքիայէն` Քեազըմ Քարապեքիր, Համիտ պէյ եւ Սուլէյման Պեչատի պէյ:
Դաշնակցական մամուլը Ա. Հանրապետութեան ընթացքին
Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցական մամուլը բաժնուած էր երեք ուղղութիւններու` «աջ», «ձախակեդրոն» եւ «ձախ»: Հայաստանի Հանրապետութեան «ձախ» կեդրոնամէտ դիրք կը գրաւէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մամուլը: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ լոյս տեսած են կեդրոնական ու տեղական նշանակութիւն ունեցող դաշնակցական 13 անուն պարբերականներ: Անոնցմէ ամէնէն կարեւորներն էին`
«Զանգ», Երեւան, 1918-1919:
«Հայաստանի Աշխատաւոր», Երեւան 1919:
«Յառաջ», Երեւան, 1919-1920:
«Աշխատանք», Երեւան, 1919:
Մնացածը եղած են գաւառային` տեղական եւ ՀՅԴ աշակերտական միութեան թերթեր:
Հայկական տարազը` հայկականութեան խորհրդանիշ
Հայկականութեան կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը ազգային տարազն է պատմական-ազգագրական մարզերուն մէջ եղած իր առանձնայատկութիւններով: Հայկական տարազը կը տարբերի ոչ հայկականէն իր ինքնուրոյն տարազամասերով:
Հայաստանի ազգագրութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի պետական թանգարանին (ՀԱԱՊՊԹ) մէջ կայ ազգային տարազի հաւաքածոյ` աւելի քան 1.600 կտորէ կազմուած, որ կը ներառէ 19-րդ դարավերջէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբի հայոց գիւղական եւ քաղաքային բնակչութեան առօրեայ ու տօնական տարազներու նմուշներ:
Թանգարանը, որ նախագծուած ու կառուցուած է հայ մեծանուն ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի կողմէ Սարդարապատի յուշահամալիրին ձախ բարձունքին վրայ, ունի աւելի քան 70.000 թանգարանային առարկաներէ բաղկացած հաւաքածոյ: Թանգարանի 6.500 քառակուսի մեթր ցուցադրական մակերեսին վրայ ներկայացուած են հայոց ազգային մշակոյթին եւ մայիսեան հերոսամարտերու պատմութեան նուիրուած հիմնական ցուցանմուշները: Ազգային տարազի հաւաքածոներէն զատ, թանգարանը կը ներառէ հետեւեալ բաժինները.
1.- Հնագիտական (հնագոյն, միջնադարեան արուեստ, արհեստներ, կրօնա-պաշտամունքային առարկաներ),
2.- Ազգագրական-աշխատանքային գործիքներ, արհեստներ, ազգային խոհանոց, օժանդակ տնտեսաձեւեր, գորգ եւ կարպետ, կահոյք, ժանեակ եւ ասեղնագործութիւն, ընտանիքին եւ ազգային տօնացոյցին վերաբերող առարկաներ,
3.- Լուսանկարներու, նկարներու, փաստաթղթերու, արխիւային նիւթերու հաւաքածոներ,
4.- Կիրառական արուեստ,
5.- Այլ ազգային թանգարանային առարկաներ:
Թանգարանը կը կազմակերպէ ազգային տօներուն վերաբերեալ ձեռնարկներ, ինչպէս` աւանդական գաթայի թխման արարողութիւն, «տարահաց»-ի բաժանում, աղի բլիթի պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական ծրագիրներ` գորգագործութեան, գինիի պատմութեան եւ ազգային երգ ու պարի մասին:
Սոյն բաժինով արտագրած ենք ազգային տարազի իւրայատկութիւնները «Ազգային տարազ» տեսանիւթէն, որ ներկայացուած է 2 դեկտեմբեր 2020-ին, թանգարանի գիտական բաժինի փոխտնօրէն, ազգագրագէտ Սվետլանա Պօղոսեանին կողմէ «Թանգարանային կրթութիւնը յանուն հաւասարութեան» առցանց կրթական ծրագրին համար:
***
Արեւմտահայաստանի Վասպուրական նահանգի կնոջ տարազը իւրայատուկ է իր ասեղնագործ աշխատցուած խաչքարերու կերպարներ կրող գոգնոցով, գօտիով եւ կրծկազարդով, որ կը ներառէ զոյգ թռչուն եւ նուշ յիշեցնող զարդահամալիրներ, գծազարդ վերնազգեստ եւ գլուխի յարդարանք:
Տղամարդու տարազին պարագային, կարեւոր տարբերակիչ հանգամանքը այն է, որ ասեղնագործութեամբ յարդարուած է: Շատ յատուկ են այսպիսի ասեղնագործ գծազարդ տաբատներն ու վերնազգեստները, ինչպէս նաեւ այծի մազով աշխատցուած կարճ վերնազգեստները` «ապար» անուանուամբ:
1828-29 թուականներուն, երբ Կարնոյ հայերը ստիպուեցան գաղթել, իրենց հետ բերին հագուստ, որ դարձաւ Կարնոյ շրջանի իւրայատկութիւն` իր գեղազարդմամբ եւ ոսկեթել ասեղնագործութեամբ:
Կարնոյ կնոջ տարազը կարուած է թաւիշէ, կարմիր գոգնոցով` յարդարուած ոսկեթել ասեղնագործութեամբ, որուն անկիւնները նշաձեւ կամ կենաց ծառ յիշեցնող զարդայօրինուածք ունին: Այս նկարագրութիւնը իւրայատուկ է Բարձր Հայքի տարազին: Բարեմաղթութիւններ կրող մետաքսահիւս գօտիին ներքեւ տարազի վերնազգեստը ունի մահակաձեւ բացուածք, որ ծածկուած է կրծկազարդերով: Դիպուկ է նաեւ գլուխի յարդարանքը: Այս բնութագրումը յատուկ է տօնական եւ հարսանեկան հանդերձանքին: Իսկ սուգի առիթներու յատուկ տարազը շատ աւելի պարզ է, մուգ գոյնով եւ չունի յարդարանքներ:
Արեւելեան Հայաստանի տարազներու պարագային, Սիւնիքի տարազախումբը իւրայատուկ է նրբագեղ ու գեղեցիկ համադրութիւններով: Տակը կարմիր գոյնով շապիկ է, որուն վրայ կանաչ (հետագային նաեւ` մանիշակագոյն կամ կապոյտ) մետաքս կտորէ կարուած երեք փէշեր ունեցող վերնազգեստ: Իսկ այցելութիւններու առիթներով կը կրեն թաւիշէ կարուած մութ վերնազգեստ եզերազարդուած աղուէսի երիզով: Հետաքրքրական է գլուխի յարդարանքը, որ տեղեկութիւն կու տայ տարազը կրողին մասին: Աւանդութեան համաձայն, ամուրիները գլուխի յարդարանք չէին դներ մինչեւ ամուսնութեան օրը:
Տղամարդու տարազը բաղկացած է բուրդէ հիւսուած տաբատէ, նոյն կամ այլ մուգ երանգներով բրդեայ կամ երբեմն մետաքսեայ վերնազգեստ, որ յայտնի էր «չուխա» անունով: Արեւելեան Հայաստանի տղամարդիկը կը հագնէին երկար զգեստներ եւ գլխուն կը դնէին մորթէ շինուած փափախներ: Այս մէկը որոշակի տարբերութիւն մըն է արեւելեան եւ արեւմտեան տարազախումբերուն:
Հայկական աւանդական տարազը, բացի տղամարդու եւ կնոջ համալիրներէն, ունի նաեւ մանկական հագուստներ:
Բարձր Հայքի մէջ մանուկները կը հագուէին բաճկոնակ (ժիլեթ), որ կը կրէ զարդարանքներ նաեւ թիկնամասին վրայ:
Այս տարազախումբերը ներկայիս ներկայացուած են տիկնիկներու միջոցով:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
- https://www.youtube.com/watch?v=ShWMokaUBE4
- Wikipedia, azator.gr, archives.am