Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

May 25, 2022
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 24 մայիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Վեհափառ հայրապետի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զոպուեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան եւ ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան, Սիւմպիւլ Սիւմպիւլեան եւ Սուրէն Վարդանեան:

Նախագահ Ասատ ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնը: Նախագահը իր խօսքին մէջ յիշեց օսմանեան պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ընդգծեց, թէ պատմութիւնը կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ: Ան նշեց հայոց ներդրումը Սուրիոյ զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ եւ շեշտեց, որ հայ համայնքը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ հասարակութեան:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը յատկանշողը իր միասնականութիւնն ու խաղաղ գոյակցութիւնն է` իր հասարակութեան մասնիկներուն կրօնական եւ ցեղային տարբերութիւններով մէկտեղ: Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ ներդաշնակ գոյակցութիւն չի նշանակեր ձուլում, այլ` պահպանում սուրիական ընկերութեան իւրաքանչիւր բաղադրիչի ինքնութեան բոլոր տարրերուն, ինչ որ կ՛ամրապնդէ տուեալ բաղադրիչներուն պատկանելիութիւնն ու հողին կառչած մնալը:

Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Սուրիոյ պետութեան աջակցութիւնը հայ համայնքի վերականգնման: Վեհափառ հայրապետը վստահեցուց, որ Սուրիոյ հայութիւնը ամէն գնով սատար պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ վերաշինութեան ու վերածաղկման աշխատանքներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիտել տուին, որ Սուրիոյ դէմ ահաբեկչական, ապա նաեւ տնտեսական պատերազմը կը միտին խորտակել երկրի ընկերութեան բազմերանգ եւ իւրայատուկ դիմագիծը, հետեւաբար գաղթի եւ հայրենալքումի մղել Սուրիոյ ժողովուրդը: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ սուրիահայերը կառչած պիտի մնան սուրիական հայրենիքին եւ Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր մասնիկներուն հետ գործակցաբար իրենց ամբողջ ներուժը պիտի տրամադրեն պատերազմին հետքերը շրջանցելու եւ երկիրը վերականգնելու նուիրական աշխատանքին:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու շրջանի տագնապներն ու խնդիրները: Ապա, նախագահ Ասատին պարզուեցան Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը նախագահին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի օրինակ մը եւ իր հեղինակած The Armenian Church գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը նոյն օրը յաջորդաբար այցելեց Սուրիոյ կրօնից նախարար Ահմետ Ապտել Սաթար Սայէտին, վարչապետ Հիւսէյն Առնուսին եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքին (յոյն ուղղափառ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու պետերուն երկրէն բացակայ ըլլալնուն պատճառով անոնց հետ հանդիպում տեղի չունեցաւ):

 

Նախորդը

Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին. «Դիմադրութեան» Շարժումի Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ

Յաջորդը

«Պաղեստինեան Դատին Մեր Զօրակցութիւնը Իսրայէլի Հետ Մեր Յարաբերութիւններէն Անկախ Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.