Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եռաբլուրը Ափսոսանքի Պահեր Ապրելու Վայր Է, Որոնց Յաճախ Կը Յաջորդէ Աւելի Լաւ Օրեր Ապրելու Յոյսը» Մ. Մկրտիչեան

Մայիս 27, 2022
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական
Ժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

25 մայիսին Երեւանի մէջ մեկնարկեց Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը:

Ժողովին մեկնարկը տրուեցաւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին: Եռաբլուրին մէջ ժողովականներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ ըսաւ.

«Վերջին երկու տասնամեակներուն սովորութիւն եղած է Համազգայինի պատգամաւորական ժողովները սկսիլ հանդիսաւոր կերպով, ա՛յդ ձեւով աւետելով յաջողութիւն խոստացող ուրախ քառամեակի մը սկիզբը: Այսօր սկսող քառամեակի սեմին կարելի չէ ընկալեալ ձեւով դիմաւորել մեր ժողովով կայանալիք նոր որոշումներու գործադրութեան մեկնարկը: Վերջին ժամանակներու եղելութիւններէն ետք կարիք կայ քանի մը վայրկեան խոկալու վերջին տարիներուն հայութեան ապրած նոր ողբերգութեան մասին, անոր պատճառներուն, բայց մանաւանդ` անոր հեռահաս ազդեցութիւններուն մասին:

«Ամբողջական ըլլալու համար ատիկա կարիքը ունի համեմատաբար երկար ժամանակի` անհատական թէ հաւաքական զոյգ գետիններուն վրայ: Առաջին հերթին, սակայն, մեր միտքը կ՛երթայ մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք հերոսաբար ինկան պաշտպանելով համայն հայութեան հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը:

«Առհասարակ բոլոր ննջեցեալներու, բայց մանաւանդ հասարակաց անվտանգութեան ի խնդիր զոհաբերուած կեանքերուն համար` անհատ ու հաւաքականութիւն, կը զգան բացառիկ ցաւ ու բացառիկ յարգանք, որ այլ հասարակութիւններու մօտ աւելի հազուադէպ է: Հայութիւնը ամէն մեծ հաւաքական ուրախութենէ ետք օր ու ժամանակ կը յատկացնէ յիշելու եւ փառաբանելու իր կորուսեալ կեանքերն ու ճակատագրերը:

«Այսպիսի մշակոյթ կը յատկանշէ ազնիւ հոգիները. իրենց բարոյական, գաղափարական, նիւթական ու այլ առաւելութիւններ ընծայած էակներու հանդէպ խորունկ երախտագիտութեան զգացումներու շեշտուած արտայայտութիւնը հայկական յատկանիշ է. մահը կեանքի հակադրութիւնը ըլլալով հանդերձ, անոր անքակտելիօրէն կապուած է եւ զայն աւելիով իմաստաւորողն է: Իսկ իմացեա՛լ մահը նոյն բնական երեւոյթին ծայրայեղ ազնուացումն է. մահ` որ այլոց կեանքը կարելի կը դարձնէ` շեշտելով անոր հասարակական կարեւորութիւնը:

«Մեր մօտ հաւաքականութեան սիրոյն նահատակութեան փառաբանումը` կեանք արտօնող ու արտադրող ազդակ ըլլալու կողքին, նաեւ ներկան ու ապագան անցեալին կապող շղթային օղակն է, որ համաչափ կերպով տեղափոխուելով ժամանակի գիծին վրայ, անոր թաւալումով կ՛երաշխաւորէ մեր տեսակի յաւիտենականութիւնը: Եռաբլուրը մահաստան է, բայց միաժամանակ կեանքի վերանորոգման աղբիւր է: Ափսոսանքի պահեր ապրելու վայր է, որոնց յաճախ կը յաջորդէ աւելի լաւ օրեր ապրելու յոյսը:

«Համազգայինը հայ կրթութեան ու մշակոյթին նուիրուած կամաւորներու փաղանգ է: Անոր Պատգամաւորական ժողովը միութեան կամքի գերագոյն արտայայտիչն է: Խոնարհելով այս եւ ասոր նման սրբավայրերու հազարաւոր շիրիմներուն առջեւ հանդիսաւոր կերպով կը վերանորոգենք անձնուէր ծառայութեան մեր կատարած ուխտը:

«Մեր նահատակները, որոնց կարգին 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն մեզմէ ֆիզիքապէս հեռացած համազգայնական ընկեր Գէորգ Հաճեանը, մեզի հետ են յաւելեալ խորք ու իմաստ տալով մեր ճիգին»:

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցին 64 պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ` աշխարհի 15 երկիրներէ:

Ժողովը պիտի ընթանայ 25-27 մայիս, որուն ընթացքին պիտի ամփոփուին Համազգայինի տարբեր կառոյցներուն կողմէ վերջին չորս տարուան աշխատանքները, պիտի ճշդուին կատարուելիքները, պիտի ընտրուի նոր Կեդրոնական վարչութիւն:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

«Պիտի Վերաշինենք Տէր Զօրի Եկեղեցին Իր Համալիրով: Տէր Զօրի Համալիրը Վերաշինել Կը Նշանակէ Նոր Շունչ, Նոր Թափ Տալ Մեր Պահանջատիրական Պայքարին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?