Յօդուածներ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցականը իւրայատուկ հոգեբանութիւն եւ խառնուածք ունի. իտէալ եւ հաւատք ունի: Կը ներշնչուի մեր պատմութենէն, մեր ժողովուրդի հրաշազան առաքինութիւններէն: Կը հաղորդուի մեր հայրենի երկրի սրբութիւններէն, մեր լեռներէն ու ձորերէն: Դաշնակցականը պաշտելու աստիճան կը սիրէ իր հայրենիքը: Դաշնակցականին խօսքը պայծառ է եւ անկեղծ, այդ պատճառաւ ալ իր խօսքը ուժեղ է եւ ազդու: Իր գաղափարներն ու տեսակէտները կը ներկայացնէ յստակ եւ ձեւակերպուած. այդ...

Արագածի Ինքնահռչակ «Թագաւոր»-ին Հեքիաթը  (Զոհրապ Դանիէլեանի Յիշատակին)

Արագածի Ինքնահռչակ «Թագաւոր»-ին Հեքիաթը (Զոհրապ Դանիէլեանի Յիշատակին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Արագածի «թագաւոր»-ը մեռաւ: Դուն խոստումիդ տէրը չեղար»: Քառասուն օրեր առաջ, մօտաւորապէս նման նախադասութիւն մը հասաւ ականջիս` հեռաձայնի միւս ընկալուչէն: Այս բառերով` լուռ եւ սապէս յանդիմանական ոճով մը իմաց կու տար ընկերս, հեռաձայնելով ինծի եւ յայտնելով ափսոսանք մը, որ մեր բոլորին կ՛առնչուէր, այն առումով որ իբրեւ Զոնթիկի մօտիկ ընկերներ չէինք կրցած ողջուց իր փափաքը կեանքի կոչել, իրականացնել, ըստ արժանւոյն...

Մոնրէալի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-Ամեայ Գործունէութեան Փաստավաւերագրական Շարժանկարը

Մոնրէալի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-Ամեայ Գործունէութեան Փաստավաւերագրական Շարժանկարը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Մոնրէալի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-ամեայ գործունէութեան վաւերագրական շարժանկարին ցուցադրութիւնը` հովանաւորութեամբ Կարէն Տէր Ասատուրեանի եւ իր ընտանիքին, ներկայութեամբ` Բաբգէն արք. Չարեանի` առաջնորդ Քանատայի հայոց թեմին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանի, հոգեւոր հովիւներուն, Հայ կեդրոնի հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւններու...

Ամէն Մի Հայ Հայաստան Է… (Խորը Մտածում Այս Օրերի Համար)

Եարը Մարդուն Եարա Կու Տայ… (Անզուգական Երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի Յիշատակին)

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ «Ես այն հայի տունը կ՛երթամ, Ով խօսում է հայերէն» ԳՈՒՍԱՆ ՇԱՀԷՆ Վերջերս Հոլիվուտի ծանօթ գերեզմանատանը հողին յանձնուեց հայ երգարուեստի փառաբանուած երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի անշնչացած մարմինը: Ըստ հաւաստի տեղեկութեան, փոքրաթիւ յուղարկաւորների ներկայութեան: Հիմնական պատճառը ողջ հայութեան ներկայիս ծանր հոգեվիճակն է, եւ` հանգուցեալի քսան տարուայ բացակայութիւնը Լոս Անճելըսի մշակութային կեանքից: Ինչ-որ չափով կարելի է «արդարացնել» երգչի փոքրիշատէ այպանելի անտարբերութիւնը մեր...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Տարիներ անընդհատ մեր կուսակցութիւնը քայլել է ժողովրդի հետ, նրա տառապալի ու արիւնի ճանապարհովը. միշտ եւ ամէն տեղ, լայն ու նեղ օրերին. եւ այս միջոցին ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը ճանաչել են իրար, ինչպէս ծնող ու զաւակ: Մեր կուսակցութիւնն է եղել միակը հայ իրականութեան մէջ, որ կեանքի ծանր րոպէներին չէ կորցրել իր հաւասարակշռութիւնը, ոգի է ներշնչել ժողովրդին` ապրելու, տոկալու եւ դիմադրելու համար: ԿՈՄՍ...

Յեղափոխակա՞ն, Թէ՞ Սովորական Գող

Յեղափոխակա՞ն, Թէ՞ Սովորական Գող

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վայրագ դրամատիրութեան մեր ժամանակներուն, երբ մեծահարուստներու եւ ընչազուրկներու միջեւ բացը արագ թափով կ՛ընդարձակուի, երբ երկիրներ կը սնանկանան, ժողովուրդներ կ՛աղքատանան, մինչ միլիառատէրեր եւ մեծ պետութիւններ աւելի կը հարստանան, բնականաբար երեւան կու գան ըմբոստացողներ, նոյնպէս` գողեր: Անշուշտ անոնցմէ իւրաքանչիւրին վերջնական նպատակն է, որ կը ճշդէ դրակա՞ն, թէ՞ ժխտական անձ մը ըլլալը: Այս առումով միշտ այժմէական եղած է հարուստները կողոպտող եւ...

Մոնրէալի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-Ամեայ Գործունէութեան Փաստավաւերագրական Շարժանկարը

Կարդինալ Աղաճանեանը` Դէպի Երանացում: Բացումը Կատարուեցաւ Սրբադասման Դատի Թեմական Փուլին

ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ-ՎԱՏԻԿԱՆ 28 հոկտեմբեր 2022-ին կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. քահանայապետին ընտրութեան տարեդարձը, որ տեղի ունեցած էր 28 հոկտեմբեր 1958-ին: Ճի՛շդ այն քահանայապետը, որուն «մրցակիցը» եղած էր հայազգի մեծանուն զաւակ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը, որ, ըստ նոյնինքն երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. պապի վկայութեան, եղած է այն թեկնածուն, որուն անունը բազմաթիւ անգամներ հնչեց Սիքստինեան մատրան մէջ տեղի ունեցած քահանայապետ ընտրող կարդինալական...

Դէպի Սրբադասում Տանող Ճանապարհի Հանգրուանները

Դէպի Սրբադասում Տանող Ճանապարհի Հանգրուանները

Ռ. Ա. Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԻԱ. Աղաճանեանի դամբանը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու դատին հայող ընթացակարգը ներառուած է Divinus Perfectionis Magister` Առաքելական սահմանադրութեան մէջ, որ հրապարակուած է 25 յունուար 1983-ին, երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ: Սրբադասման դատը ունի հինգ հանգրուաններ,  եւ սրբակեաց անձի մը դատը սկսելու համար պէտք է նախ եւ առաջ առնուազն հինգ տարի անցած ըլլայ անոր մահէն, եւ...

Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեանի Կեանքը, Եկեղեցանուէր Ու Ազգանուէր Գործունէութիւնը, Սրբութեան Համբաւն Ու Ժառանգութիւնը

Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեանի Կեանքը, Եկեղեցանուէր Ու Ազգանուէր Գործունէութիւնը, Սրբութեան Համբաւն Ու Ժառանգութիւնը

Պատրաստեց ՀԱՅՐ ՄՈՎՍԷՍ ՎՐԴ. ՏՕՆԱՅԵԱՆ Առաջին հերթին, 2019-ի սեպտեմբեր ամիսը պատմական օր կը համարուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր, Զմմառու վանքի «Աբրահամ Արծիւեան» ժողովասրահին մէջ գումարուած Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց տարեկան սիւնհոդոսի ընթացքին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքի անմիջական ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ, որոշում կայացաւ Աստուծոյ ծառան, սրբակեաց ծիրանաւոր եւ Հայ...

Գոհաբանական Ս. Պատարագ` Կարդինալ Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի Բացման Առիթով

Գոհաբանական Ս. Պատարագ` Կարդինալ Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի Բացման Առիթով

ՍԱՀԱԿ ՎՐԴ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանացման դատի թեմական քննարկման Ա. նիստի բացման առիթով, առընթերակայութեամբ`  Երուսաղէմի ու Յորդանանի Եկզարք եւ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Նարեկ թ.ծ.վ. Նամոյեանի եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր...

Տոմս.  Հաւաքական Յիշողութեան Պահպանումը` Կենսական

Տոմս. Հաւաքական Յիշողութեան Պահպանումը` Կենսական

Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը նոր սերունդները հաւաքական յիշողութեան պահպանման կարեւոր խնդրին դէմ յանդիման կը գտնուին: Հաւաքական յիշողութիւնը սնուցանելու պատմութիւնները, որոնք վերապրողներու ապրած ոդիսականներուն սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտաւորութիւնը ունին իրերայաջորդ սերունդները, ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց ուժն ու վաւերականութիւնը, եթէ զանոնք յիշող եւ փոխանցող անձերը կորսնցնեն իրենց հետաքրքրութիւնը եւ տարուին այլ բաներով, որոնք պէտք է ըսել, այս օրերուն շատ տիրական են:...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Արցախը Ցոյց Կու Տայ Վերականգնումի Լուսաւոր Ուղին

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Արցախը Ցոյց Կու Տայ Վերականգնումի Լուսաւոր Ուղին

Անցնող շաբաթավերջին, մինչ Երեւանի մէջ նստած վարչախումբը կը ճօճուէր, այսպէս կոչուած, «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի թատերախաղին եւ ՔՊ կուսակցութեան համագումարին միջեւ, Արցախի հայութիւնը, իր քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութեամբ, Ազգային ժողովով եւ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու խրոխտ ներկայութեամբ, թնդացուց Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակը: Ժողովրդային աննախադէպ ալիք մըն էր, որ իր բազմակողմանի ուղերձներով հայելին դարձաւ 1988-ի արցախեան պահանջատիրութեան համաժողովրդային առաջին ալիքին` Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարի...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Ժողովուրդին ծոցէն ծնած եւ ժողովուրդին համար գործած ու գործող Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը արդէն իսկ կը թեւակոխէ իր 132-ամեակը: Այս առիթով կը հրատարակենք Դաշնակցութեան ու անոնց ծննդոցին վերաբերող նիւթեր: Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռողականութիւն եւ կապուած, միացած է դարերով սնուած...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Մակար Եպս. Աշգարեան` Հայրապետական Նուիրակ Բերիոյ Հայոց Թեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Բերիոյ հայոց թեմի հայրապետական նուիրակ նշանակեց Մակար եպս. Աշգարեանը: Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2022-ին սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ` ընկերակցութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդական տեղապահ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին եւ ազգայիններու կողմէ` Ս. Քառասնից Մանկանց մայր...

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի (Թիւ 426).  Մթնոլորտի՛ Միութիւնը (Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերուն Առիթով)

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի (Թիւ 426). Մթնոլորտի՛ Միութիւնը (Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերուն Առիթով)

Մթնոլորտ բառին կրնան յարմարիլ բազմաթիւ ածականներ. ջերմ, ընտանեկան, դրական, դաստիարակիչ, խանդավառ, ճոխ, հաճելի... Սակայն յիշեալ ածականներէն ոչ մէկը կրնայ հարազատօրէն ներկայացնել համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկի մը մթնոլորտը: Իսկ ի՛նչ խօսք, երբ այդ ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ երեք տարուան անբնական պայմաններէ ետք` «Քորոնա»-ի համաճարակ, միութենական գործունէութեան սահմանափակում, ճամբորդութեան արգելքներ, համաշխարհային տնտեսական տագնապ, Արցախի պատերազմ եւ անոր յաջորդած մտահոգիչ դէպքերու զարգացումներ: Նման պայմաններու մէջ համա-ՀՄԸՄ-ական...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու «Արցախ Ֆոնտ» Բարեգործական Հիմնադրամին Օժանդակութիւնը` Մարտունիի Հացի Համայնքին ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու «Արցախ ֆոնտ»-ի բարեգործական հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Փոլին Տոստումեանը եւ հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեանը յունիսի առաջին կիսուն այցելութիւն մը կատարած էին Արցախի Մարտունի շրջանի Հացի համայնք: Անոնք նախապէս ծանօթացած էին համայնքի հարցերուն: Նկատի առնելով համայնքի անդամներուն եւ ղեկավարին առաջարկները` որոշուած էր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Վարանդայի Մելիք Ջումշուդի Լոռիէն Արցախ Վերադարձը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Վարանդայի Մելիք Ջումշուդի Լոռիէն Արցախ Վերադարձը

Պարսկական Արշաւանքը Եւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ Խանի Սպանութիւնը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի վրայ ռուսական բանակի 1804-ի արշաւանքը իր նպատակին չէր հասած: Բայց, միւս կողմէ, Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի խաները ռուսական հպատակութիւն ընդունած էին: Շորագեալի (արեւելեան Շիրակ) Բուդաղ սուլթանը, որ սկիզբը վերապահ դիրք բռնած էր, ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք յարձակումներ սկսաւ կազմակերպել Վրաստանի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ: Ստեղծուած կացութեան առջեւ զօրավար Նեսվետաեւի հրամանատարութեան...

Սփիւռքը/Անուն Եւ Երեւոյթ

Սփիւռքը/Անուն Եւ Երեւոյթ

ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԳՈՅՈՒՆԵԱՆ Ծ. Խ.- «Հորիզոն»-ի եւ Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան «Սփիւռքը. անուն եւ երեւոյթ» իր ուսումնասիրութեամբ կ՛ուրուագծէ «Սփիւռք» հասկացողութեան ժամանակագրական հոլովոյթը, թէ ե՞րբ սկսած է սփիւռքը եւ ի՞նչ է սփիւռքը: Միաժամանակ յօդուածագիրը սփիւռք եզրաբանութեան վերլուծումը...

Նժդեհեան Գաղափարաբանութեան Ոգով Դէպի Նժդեհեան Սրբազան Ուխտավայրեր

Նժդեհեան Գաղափարաբանութեան Ոգով Դէպի Նժդեհեան Սրբազան Ուխտավայրեր

ՀԵՂԻՆԱՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Թորգոմազարմ մեր ազգը, որ բազմիցս դժոխքի յատակը տեսել էր երկրի երեսին, այսօր կրկին աղէտաբեր ժամանակներ է ապրում: Եւ այսօր, առաւել քան երբեւէ, երբ վիրաւոր են մեր մարմինն ու հոգին, ազգային Ոգին սնուցող ու դիւցազնացնող հրաշագործներ են պէտք: Անառարկելիօրէն այդպիսին է մեր ազգային գաղափարախօսութեան ջահակիր ու ռազմի բոցաշունչ աստուած յիշեցնող հայ մեծագոյն այրերից մէկը` Գարեգին Նժդեհը. «Ուր էլ եւ...

Գետ-Գիտութեան. Ի՞նչ Է Բժշկական Բարոյագիտութիւնը Եւ Ինչո՞ւ Ան Կարեւոր Է   (Մաս Բ.)

Գետ-Գիտութեան. Ի՞նչ Է Բժշկական Բարոյագիտութիւնը Եւ Ինչո՞ւ Ան Կարեւոր Է (Մաս Բ.)

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Երբ հիւանդները կամ ընտանիքները բժիշկին հետ անհամաձայն գտնուին Երբեմն, երբ հիւանդները կամ անոնց ընտանիքները համաձայն չեն գտնուիր բժիշկին հետ, ակնյայտ բարոյագիտական որոշումը շատ հաւանաբար ճիշդը չ՛ըլլար այս պարագային: Ահա օրինակ մը, որ իրապէս տեղի ունեցած է. Հարաւարեւելեան Ասիայէն երեխայ մը ունէր թիւրոտնութիւն (1) (Clubfoot) (կամ ծռոտնութիւն (talipes), զոր դիւրութեամբ կարելի էր բուժել, բայց ծնողները թոյլ չէին տար երեխային...

Page 304 of 1112 1 … 303 304 305 … 1,112

Արխիւներ