Պարսկական Արշաւանքը Եւ Ղարաբաղի
Իպրահիմ Խալիլ Խանի Սպանութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երեւանի վրայ ռուսական բանակի 1804-ի արշաւանքը իր նպատակին չէր հասած: Բայց, միւս կողմէ, Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի խաները ռուսական հպատակութիւն ընդունած էին:
Շորագեալի (արեւելեան Շիրակ) Բուդաղ սուլթանը, որ սկիզբը վերապահ դիրք բռնած էր, ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք յարձակումներ սկսաւ կազմակերպել Վրաստանի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ: Ստեղծուած կացութեան առջեւ զօրավար Նեսվետաեւի հրամանատարութեան տակ ռուսական զօրագունդ մը Շորագեալ մտաւ եւ գրաւեց սուլթանութեան կեդրոն Արթիկը: Բուդաղ սուլթան ստիպուած ռուսական հպատակութիւն ընդունեց:
* * *
Իպրահիմ Խալիլ խանին հեծելագունդը
Վրաստան տեղափոխուած արցախցիները կեցութեան դժուարին պայմաններ կը դիմագրաւէին: Արցախի մէջ ժանտախտը հարուածած էր զանոնք: Վրաստանի մէջ կրկին յայտնուեցաւ ժանտախտը, որ հետզհետէ տարածուեցաւ եւ սկսաւ աւեր գործել:
Վարանդայի մելիք Ջումշուդ Մելիք Շահնազարեան համոզուած էր որ արցախցին չի կրնար բախտաւոր ըլլալ իր բնօրրանէն դուրս: Ան որոշեց վաճառել իրեն տրուած Լոռին եւ վերադառնալ հայրենի երկիր` Վարանդա:
Վրաստանի լեռնային մասի կառավարիչ կոմս Մուշին Պուշկին պատրաստակամութիւն յայտնեց մելիք Ջումշուդէն գնելու Լոռին: Կոմսը Լոռի գաւառին արժէքը գնահատեց վեց հազար ռուբլի:
Ռուսաստանի ելեւմտական նախարարութեան 22 մայիս 1805-ի կարգադրութեամբ մելիք Ջումշուդի իրաւունք տրուեցաւ Լոռին վաճառելու: Տեղական իշխանութիւններուն հրամայուեցաւ կալուածագիրը հաստատելու:
Մելիք Ջումշուդ Լոռին վաճառելէն ետք իր ժողովուրդը հաւաքելով վերադարձաւ հայրենի գաւառ` Վարանդա:
Մելիք Ջումշուդ ռուսական զօրքերուն աջակից եղաւ անոնց զինուորական արշաւանքներու ընթացքին: Մելիք Ջումշուդի կազմած հայկական գունդին աջակից էին Թիֆլիսի առաջնորդ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Գեղարդակիր եւ Ներսէս վարդապետ Աշտարակեցի:
Մելիք Ջումշուդի խորհուրդով ու ջանքերով Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան ռուսական հպատակութիւն ընդունեց:
* * *
Ռուսական զօրքի հրամանատար զօրավար Փաւէլ Ցիցիանովի սպանութիւնը 1806 փետրուարին, Պաքուի մէջ, մեծ յուզում յառաջացուց Անդրկովկասի իսլամ ազգաբնակչութեան մէջ: Համարեա ամէնուրեք ռուսերուն դէմ ապստամբական շարժումներ սկսան: Տաղստանի ցեղերը եւ յատկապէս լեզգիներն ու աւարները, Իմերեթիոյ, Մինկրելիոյ, Շաքիի, Շիրվանի եւ Ղարաբաղի իսլամ տեղակալները սկսան հեռացնել կամ ոչնչացնել ռուսական զօրքերը եւ վերականգնել իրենց անկախութիւնը:
Ապստամբական շարժումը սկսաւ ծաւալիլ: Կազմուեցաւ հակառուսական դաշնակցութիւն մը: Կովկասեան ժողովուրդներուն մէջէն միայն հայերը եւ Կախեթիի ու
Քարթլիի վրացիները չէին միացած հակառուսական դաշնակցութեան:
Տաղստանի ցեղերուն գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ ապստամբական շարժման ծրագիրը: Ղազիղումուխի Սուրիա խան պիտի յարձակէր Գանձակի վրայ եւ պիտի միանար Երեւան գտնուող վրաց Ալեքսանդր իշխանի զօրքերուն: Կովկասի ռուսական զօրքերը իրար ետեւէ պիտի չէզոքացուէին ու ոչնչացուէին, որմէ ետք պարսկական բանակին առջեւ պիտի բացուէր դէպի Թիֆլիս ճանապարհը:
Կովկասի ռուսական զօրքերը ճգնաժամի մէջ էին եւ անոնց դրութիւնը վտանգաւոր էր:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ զօրավար Գլազենապ ձեռք առաւ Կովկասի ռուսական զօրքերու հրամանատարութիւնը եւ վճռական միջոցներու սկսաւ դիմել: Առաջին հերթին ան հիւսիսային Կովկասի մէջ կարգ ու կանոն հաստատեց, իսկ Անդրկովկասի զօրքերու հրամանատարութիւնը զօրավար Նեսվետաեւին յանձնեց:
Նեսվետաեւ Ղարաքիլիսէէն Թիֆլիս տեղափոխուեցաւ, սպասելով Գլազենապի հրահանգին:
Զօրավար Գլազենապ հիւսիսային Կովկասի զօրքերը համախմբելով շարժեցաւ դէպի Տաղստանի լեռները: Ռազմավարական կարեւոր դիրքեր բռնելէ եւ յենակէտեր հաստատելէ ետք ան կանգ առաւ:
Տաղստանի ցեղերը, որոնք յարձակման պատրաստ վիճակի մէջ էին, չհամարձակեցան իրենց դիրքերէն շարժելու եւ գիւղերը անպաշտպան ձգելու:
Սուրիա խան, որ արդէն արշաւանքի սկսած էր, ստիպուած Ղազիղումուխ վերադարձաւ:
Նոյն օրերուն զօրավար Գլազենապ Տրոիցկի հետեւակ գունդը զօրավար Նեբոլսինի հրամանատարութեան տակ Թիֆլիս ուղարկեց: Մինչեւ գլխաւոր զօրքերուն տեղ հասնիլը զօրավար Նեսվետաեւ պաշտպանողական գործողութիւններով պիտի բաւականանար:
Տրոիցկի գունդը Թիֆլիս հասաւ 1806 մայիսին:
* * *
Պարսկական բանակը Աբաս Միրզայի հրամանատարութեան տակ մօտեցած էր Արաքս գետի ափերուն: Գետի աջ ափին հսկայական ուժեր սկսան կուտակուիլ, պատրաստուելով անցնելու Արաքսը եւ մտնելու Ղարաբաղ:
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան գաղտնի բանակցութեան մէջ մտաւ Աբաս Միրզայի հետ: Բանագնացը խանին եղբայրն էր` Մոհամէտ Հասան աղա:
Խանին անունով Աբաս Միրզայի կը տեղեկացուէր, որ Կովկասի ռուսական զօրքերը նեղ կացութեան մատնուած են, իսկ տեղացի իսլամները կատաղութեամբ լեցուած են ռուսերուն հանդէպ:
Շուշիի ռուսական ուժերու հրամանատար փոխ գնդապետ Դմիտրի Լիսանեւիչ
Աբաս Միրզայի խոստում կը տրուէր Շուշին իրեն յանձնելու եւ քաղաքին մէջ գտնուող եւ տեղակալ Դմիտրի Լիսանեւիչի հրամանատարութեան տակ գործող գումարտակը ոչնչացնելու: Անմիջապէս որ պարսկական բանակը անցնէր Արաքսը, Ղարաբաղի խանութեան ուժերը պիտի միանային Աբաս Միրզայի:
Մելիք Ջումշուդ, տեղեկանալով պարսիկներու հետ Իպրահիմ Խալիլ խանի գաղտնի բանակցութիւններուն մասին, փութով լուր ուղարկեց զօրավար Նեսվետաեւի, միաժամանակ ցոյց տալով այն միջոցները, որոնց գործադրութիւնը կը պահանջէին հանգամանքները:
Վարանդայի տէրը լաւատեղեակ էր պարսկական կառավարութեան դիտաւորութիւններուն: Ան կռահած էր որ պարսկական բանակը պիտի շարժի երկու ուղղութիւններով, Խուդափերենի կամուրջէն անցնելով` դէպի Ղարաբաղ, եւ Ջուղայի կողմէն` դէպի Երեւան: Մելիք Ջումշուդ կ՛ըսէր, որ պարսկական բանակին գլխաւոր հարուածը ուղղուած պիտի ըլլայ Ղարաբաղի դէմ:
Մելիք Ջումշուդ Նեսվետաեւէն կը խնդրէր ստիպողական կերպով, փութով զօրք ուղարկել Ղարաբաղ եւ պատրաստուիլ հակահարուածի:
Քանի մը օր ետք, 16 մայիս 1806-ին մելիք Ջումշուդ երկրորդ նամակ մը ղրկեց զօրավար Նեսվետաեւի եւ բարձր գերազանցութեան յայտնեց, որ պարսկական բանակին յառաջապահ գունդերը Փիր Ղուլի խանի հրամանատարութեան տակ Արաքսի ափը հասած են եւ քանի մը օրէն կրնան անցնիլ ձախ ափը: Եթէ ռուսական զօրքը շուտով չհասնի եւ պարսիկը մտնէ Ղարաբաղ եւ ուտեստեղէնը փճացնէ, այդ ժամանակ կացութիւնը կրնայ ձեռքէ ելլել, հաց չի մնար եւ ռուսական զօրքին պարենաւորումը շատ դժուար կը դառնայ:
Մելիք Ջումշուդ զօրավար Նեսվետաեւէն կը խնդրէր մինչեւ մայիսի վերջը զօրք հասցնել Ղարաբաղ, որպէսզի չըլլայ թէ ղզըլպաշ պարսիկը այս կողմ անցնի եւ ժողովուրդի ձեռքէն խլէ հացը: Արդէն ժողովուրդը սոված է այժմ եւ անասունի նման խոտերով կը սնանի:
Վարանդայի տէրը ռուս հրամանատարէն կը խնդրէր, որ զօրքը իր հացը հետը բերէ, եւ կ՛եզրափակէր. «Կրկին յուսամ, ռուսաց զօրն շուտով մեզի հասուցանես, որ շատ դժուարին ժամանակն է այս երկրիս»:
* * *
Պարսկական բանակը Աբաս Միրզայի առաջնորդութեամբ ահագին բազմութեամբ անցաւ Արաքսը եւ շարժեցաւ դէպի Շուշի:
Արցախցիք, տագնապի եւ իրարանցումի մատնուած, պարսկական զօրքերէն ազատելու համար, ձգեցին իրենց տունն ու տեղը եւ փախան Շուշիի բերդ, հոն պատսպարուելու համար:
Իպրահիմ Խալիլ խան հանգստացուց հայերը, ըսելով որ եկողները իր զօրքերն են:
Շուշիի պաշտպանութիւնը ստանձնած եւ նոր (23 ապրիլ 1806-ին) փոխ գնդապետի աստիճան ստացած Դմիտրի Լիսանեւիչի ռուսական գումարտակը անկարող էր կարգ ու կանոն պահպանելու եւ պաշտպանելու քաղաքը:
Տեղացի թուրքերը Իպրահիմ Խալիլ խանի որդի Ապուլ Ֆէտի գլխաւորութեամբ ապստամբական դիրք բռնած էին ռուսերուն դէմ եւ կը սպասէին պարսիկներու գալուն:
Իպրահիմ Խալիլ խան Շուշիի ամրութիւններուն ապաւինող հայերուն թելադրեց իրենց տեղերը վերադառնալ եւ հաւաստեց ըսելով որ պարսիկները վնաս չեն հասցներ ոեւէ մէկուն: Իսկ քոչուոր թուրքերը ուղարկեց Շուշիի մօտակայ լեռները, ըսելով որ վտանգ չկայ:
Նոյն ժամանակ Իպրահիմ Խալիլ խան իր ընտանիքին մէկ մասը առնելով տեղափոխուեցաւ Կարկառ գետի ափին գտնուող եւ Միրզա Ալի բէկի ամրութիւն կոչուող եւ այգիներով շրջապատուած վայրը, ուր վրան լարեց: Խանին հետ էին կիներէն մէկը, երկու անչափահաս տղաները եւ աղջիկները: Իր ծառաներով միասին հօրը միացաւ նաեւ Մոհամէտ Քասէմ աղան:
Մէկ-երկու օրուան ընթացքին խանին շուրջ հաւաքուեցան ցեղապետ բէկեր` իրենց ծառաներով եւ քոչուոր քանի մը ցեղախումբեր: Վրանախումբեր կազմուեցան եւ վրաններուն շուրջ ամրութիւններու շինութեան ձեռնարկուեցաւ: Զինուած մարդոց թիւը կը հասնէր հինգ հարիւրը:
Իպրահիմ Խալիլ խան Շուշիէն հեռացած էր, որովհետեւ այլեւս չէր կրնար տանիլ «խենթ» յորջորջուած փոխ գնդապետ Դմիտրի Լիսանեւիչի խնամակալութիւնը:
Լիսանեւիչ Իպրահիմ Խալիլ խանի ընթացքը դաւաճանութիւն նկատեց եւ որոշեց խիստ միջոցներ ձեռք առնել:
Լիսանեւիչ խանին դաւաճանութիւնը ապացուցող համոզիչ փաստեր ձեռք ձգեց:
Իպրահիմ Խալիլ խան Նուր Մոհամէտ անունով սուրհանդակ ուղարկած էր Պարսկաստան` Ֆաթհ Ալի շահին հետ խօսելու համար եւ առաջարկելու, որ շահը մոռնայ անցեալը եւ իրեն կատարեալ ներում շնորհէ, իր կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնելով հպատակելու շահին եւ անոր յանձնելու Շուշին, հոնկէ եւ ամբողջ Ղարաբաղէն դուրս վռնտելով ռուսական զօրքը: Աւելի սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու համար խանը իր երկու աղջիկները շահի երկու որդիներուն կնութեան կու տար:
Ռուսերուն յայտնի դարձաւ նաեւ որ շահը խանին դրամ տուած է եւ խոստացած է օգնական զօրք ուղարկել: Խանը իր երկու աղջիկները հետը տարած էր այն դիտաւորութեամբ որ զանոնք ամուսնացնէ շահին երկու որդիներուն հետ:
Լիսանեւիչ Իպրահիմ Խալիլ խանէն պահանջեց իր ընտանիքին հետ վերադառնալ Շուշի:
Խանը մերժեց Լիսանեւիչի պահանջը, յայտարարելով որ ինք բացի շահին իշխանութենէն ոչ մէկ այլ իշխանութիւն կը ճանչնայ իր վրայ:
Լիսանեւիչ Իպրապիմ Խալիլ խանին մօտ ուղարկեց անոր որդի Մեհտի Ղուլի աղան եւ թոռը` Ջաֆար Ղուլի աղան:
Մեհտի Ղուլի աղա խորամանկ ու երկդիմի մարդ էր եւ ինքզինք ցոյց կու տար իբրեւ ռուսերուն կողմնակից, մինչ Ջաֆար Ղուլի աղա աւելի Ռուսաստանի նուիրուած մարդ կը նկատուէր:
Մեհտի Ղուլի աղա եւ Ջաֆար Ղուլի աղա ամբողջ օր մը մնացին Իպրահիմ Խալիլ խանին մօտ եւ Շուշի վերադառնալէն ետք Լիսանեւիչի ըսին, որ խանը տեւաբար կը հայհոյէ ռուսերուն: Ջաֆար Ղուլի աղա յայտնեց նաեւ որ իր մեծ հայրը փորձած է համոզել զինք որ իր տունը հրաւիրէ Լիսանեւիչը, կալանաւորէ զայն եւ այդպէս յանձնէ իր` Իպրահիմ Խալիլ խանին ձեռքը: Մեհտի Ղուլի եւ Ջաֆար Ղուլի փորձած են համոզել խանը որ դաւաճանելը լաւ բան չէ, մի՛ ըներ այդ բանը, հաւատարմութեամբ ծառայէ ռուսաց թագաւորին, բայց ի զուր: Ջաֆար Ղուլի աղա յաւելեց նաեւ որ այդ գիշեր կամ խանը կ՛երթայ պարսիկներուն մօտ, կամ պարսիկները կը միանան անոր:
* * *
Աբաս Միրզայի բանակը հասած էր Շոշ գիւղի մօտակայ բարձունքները եւ կը պատրաստուէր հոնկէ ռմբակոծելու Շուշին:
Իպրահիմ Խալիլ խան, պահը հասած նկատելով, որոշեց գիշերը աննկատ անցնիլ ճակատի գիծը եւ միանալ պարսիկներուն:
Մելիք Ջումշուդ, որ իր հեծելախումբով Շուշի կը գտնուէր, իմանալով խանի դիտաւորութեան մասին, լուր տուաւ Լիսանեւիչին:
Մելիք Ջումշուդ եւ փոխ գնդապետ Լիսանեւիչ, իրենց հետ առնելով հարիւր ձիաւորներ, գիշերով դուրս ելան բերդէն եւ կողմնակի ճանապարհով ուղղուեցան դէպի խանին վրանները, որովհետեւ բերդէն քիչ անդին, ճամբաներուն վրայ թուրք պահապաններ դրուած էին: Ձիաւորներուն հրամայուած էր հրացան չարձակել, մինչեւ որ հակառակորդը կրակ չբանայ:
Իպրահիմ Խալիլ խան իր մերձաւորներով ու հետեւորդներով արդէն ճամբայ ելած էր, լոյսը չբացուած պարսիկներուն հասնելու համար:
Հայ եւ ռուս ձիաւորները վրայ հասան: Գիշերային մթութեան մէջ Իպրահիմ Խալիլ խան եւ իր երեխաները վազեցին մօտակայ թուփերուն մէջ ծածկուելու համար: Ձիաւորները կրակ բացին: Իպրահիմ Խալիլ խան, կինը` Թուպու Խանում, դուստրը` Սալթանաթ Պեկում, խանին տասներկուամեայ որդին եւ Սարիջալլու ցեղախումբի քանի մը ներկայացուցիչներ, թիւով տասնեօթը հոգի, սպաննուեցան 12 յունիս 1806-ի գիշերը:
Ահա այսպէս աշխարհէն հեռացաւ աւելի քան կիսադար մը Արցախի տիրած, անոր մելիքութիւնները կործանած, արցախցիները թշուառութեան մատնած եւ անոնց մահացու հարուած հասցուցած բռնակալը: Մելիք Ջումշուդ այսպէս լուծեց իր եւ բոլոր արցախցիներուն վրէժը: