Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեանի Կեանքը, Եկեղեցանուէր Ու Ազգանուէր Գործունէութիւնը, Սրբութեան Համբաւն Ու Ժառանգութիւնը

Նոյեմբեր 4, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց ՀԱՅՐ ՄՈՎՍԷՍ ՎՐԴ. ՏՕՆԱՅԵԱՆ

Առաջին հերթին, 2019-ի սեպտեմբեր ամիսը պատմական օր կը համարուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր, Զմմառու վանքի «Աբրահամ Արծիւեան» ժողովասրահին մէջ գումարուած Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց տարեկան սիւնհոդոսի ընթացքին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքի անմիջական ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ, որոշում կայացաւ Աստուծոյ ծառան, սրբակեաց ծիրանաւոր եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման համար պաշտօնական աղերսագիր յղել Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ս. Աթոռի Սրբադասման ատեանին:

Ընդհուպ, հոգեւոր տէրը, յանուն Հ. Կ. սիւնհոդոսական հայրերուն, առաջնորդներուն, տիտղոսաւոր եպիսկոպոսներուն, հոգեւորական դասուն, վարդապետներուն, քահանայ հայրերուն, առաքինազարդ հայ քոյրերուն, կղերիկոսներուն, աւագանիի եւ բարեպաշտ հաւատացեալներու, ի Լիբանան, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, խնդրագիր մը ներկայացուց Վատիկանի Սրբադասման ատեանին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կարդինալը, Տիեզերական եկեղեցւոյ երանելիներու եւ ապա սուրբերու շարքին դասելու դիտումով:

Արդարեւ, երջանկայիշատակ ծիրանաւոր կարդինալին եկեղեցական կեանքը, բեղուն գործունէութիւնը, մաքրակրօն բարեմասնութիւնները, վարչական կարողութիւնները, շինարարութիւնները, անհատական անձին բարձր յատկութիւնները, գիտական եւ ընկերային հարցերու հմտութիւնը, ինչպէս նաեւ իր կողմէ մէկ ազգի անջատուած զաւակներուն միջեւ եղբայրական ոգիի ուժեղացման իրագործումները ծանօթ են ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի զաւակներուն, այլեւ` համայն քրիստոնեայ աշխարհին եւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ:

Արդ, երեքշաբթի, 4 փետրուար 2020-ին, Վատիկանի փոխանորդութիւնը ընդառաջելով երջանկայիշատակ հայրապետի խնդրանքին, հրամանագիր մը հռչակեց, ուր Աղաճանեան կարդինալի երանացման դատը պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարուէր: Քիչ անց, հայազգի ծիրանաւորին մահէն 49 տարի ետք, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2020-ին Վատիկանի «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ կարդինալին սրբադասման դատի կոնդակը:

Ի միջի այլոց, սոյն հռչակագիրը կը յանձնարարէր, որ հետազօտութիւններ կատարուին ծիրանաւորին սրբակենցաղ կեանքը հաստատելու նպատակով, անհուն սէրն ու նուիրումը Աստուծոյ եւ անոր ժողովուրդին, որոնք զինք սրբադասումի արժանի կը դարձնեն. միաժամանակ կոչ ուղղելով հայազգի թէ օտար հաւատացեալներուն` Հռոմի փոխանորդութեան Թեմական ատեանին ուղղակի կերպով փոխանցել բոլոր լրացուցիչ այն տեղեկութիւնները, որոնք կրնան նպաստել Աստուծոյ ծառային երանացման:

Այնուհետեւ, Հռոմի, Լիբանանի եւ այլուր դիւանները բացուեցան` ի մի հաւաքելու վկայագիրներն ու ձեռագիր նամակները, ականատես թէ ականջալուր վկայութիւնները,  որոնք կը վերաբերին Աստուծոյ ծառային: Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը եւս այս ուղղութեամբ նուիրուեցաւ Աղաճանեանի սրբադասման նախապատրաստական աշխատանքներուն` հրատարակելով բազմալեզու ծանուցագիրներ, որոնք կը հային անոր վարքին, արժանիքներուն ու հոգեւոր կտակին:

Դարձեալ, Գրիգոր Պետրոս Ի. հայրապետի վախճանումէն տարի մը անց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց գահակալ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս- պատրիարքը շարունակեց Աղաճանեան կարդինալի երանացման ու սրբադասման նուիրական այս աշխատանքը, որուն իբրեւ արդիւնք` Հռոմի փոխանորդութեան Սրբադասման ատեանին կողմէ պաշտօնապէս որոշուեցաւ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2022-ին թեմական Ա. նիստի բացումը կատարել Լատերանի Ս. Յովհաննէս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` քննարկելու եւ ուսումնասիրելու Աստուծոյ ծառային երանացման դատը:

Տեղին է յիշել, որ այդ օրը, ըստ լատին ծիսական օրացոյցին, կը զուգադիպի Սուրբ Թադէոս առաքեալի տօնին: Խորքին մէջ անդրանիկ այս նիստին օրակարգի գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ հոգելոյս ծիրանաւոր կարդինալին կեանքի արժանիքներուն, առաքինութիւններուն, սրբութեան համբաւին եւ հրաշքներուն ներկայացումը:

Այս կերպով երանաշնորհ հայրապետին երանացման դատը պաշտօնապէս սկսած կը համարուի, Հռոմի թեմի քահանայապետական ընդհանուր փոխանորդ վսեմաշուք ծիրանաւոր Անճելօ տէ Տոնաթիսի նախագահութեամբ, ի ներկայութեան Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն:

Առաւել, յիշեցնենք, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջին երանելին եղաւ տէր Կոմիտաս քհնյ. Գէօմիւրճեան, որուն երանացումը տեղի ունեցած է 20 մայիս 1929-ին, իսկ երկրորդը Մարտինի Հ.Կ. առաջնորդ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանը կը համարուի, որուն երանացումը տեղի ունեցած է 2001-ի հոկտեմբերին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց գահակալ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին օրով:

Անկասկած մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Ամենաբարին Աստուած, որպէսզի կարդինալ Աղաճանեանի երանացումը եւ սրբադասումը իրականանայ` առ ի պարծանք եւ մխիթարութիւն հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն այս տագնապալի օրերուն:

 

 

 

Նախորդը

Գոհաբանական Ս. Պատարագ` Կարդինալ Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի Բացման Առիթով

Յաջորդը

Դէպի Սրբադասում Տանող Ճանապարհի Հանգրուանները

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?