Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Արցախը Ցոյց Կու Տայ Վերականգնումի Լուսաւոր Ուղին

Նոյեմբեր 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին, մինչ Երեւանի մէջ նստած վարչախումբը կը ճօճուէր, այսպէս կոչուած, «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի թատերախաղին եւ ՔՊ կուսակցութեան համագումարին միջեւ, Արցախի հայութիւնը, իր քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութեամբ, Ազգային ժողովով եւ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու խրոխտ ներկայութեամբ, թնդացուց Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակը:

Ժողովրդային աննախադէպ ալիք մըն էր, որ իր բազմակողմանի ուղերձներով հայելին դարձաւ 1988-ի արցախեան պահանջատիրութեան համաժողովրդային առաջին ալիքին` Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարի փառահեղ օրերուն:

Մինչ Հայաստանի մէջ ՔՊ-ի ներկայացուցիչները պաշտօնապէս կը յայտարարէին, որ իրենց կուսակցութիւնը կը հրաժարի 30 տարի շարունակ Արցախի ինքնորոշման մասին որդեգրուած պաշտօնական սկզբունքէն ու պետական կեցուածքէն, ընդունելով, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան» համաձայնագիրի մը անորոշ եւ վտանգաւոր պայմանաւորուածութիւնը, Արցախի Ազգային ժողովը, թարգմանը հանդիսանալով Արցախի սուրբ հողին վրայ ապրող ու մարտնչող հայուն, միահամուռ կեցուածքով կը յայտարարէր ի լուր աշխարհին, որ` «Արցախը երբեք չի եղել եւ չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում»:

Միաժամանակ, Ազգային ժողովը եւ համախմբուած ժողովուրդը յստակ ուղերձ կը ղրկէին Երեւանի ղեկավարութեան, որ այս վերջինը իրաւունք չունի հրաժարիլ Արցախի անվտանգութիւնը ապահովելու առաքելութենէն եւ պէտք է շարունակէ մնալ երաշխաւորը Արցախի Հանրապետութեան գոյութենական իրաւունքին:

Առաւել, կիրակի օրուան համաժողովրդային հաւաքէն բխած ուղերձը հաւասարապէս հասցէատէր ունէր նաեւ սփիւռքը, որ ճակատագրական այս պահուն ան եւս իրաւունք չունի հիասթափուած ըլլալու հայրենի իշխանաւորներու յոռետես քաղաքականութենէն, այլ պարտք ունի տէ՛ր կանգնելու Արցախի գերագոյն իրաւունքներուն, այնպէս` ինչպէս երեսուն տարի շարունակ կանգնեցաւ մեր արծուաբոյնի կողքին:

Անկախ որեւէ բանակցային գործընթացէն, անկախ Ասիոյ կամ Եւրոպայի քաղաքներու մէջ փակ դռներուն ետեւ արծարծուած «ռուսական» կամ «արեւմտեան» պայմանագիրի մը յառաջ մղումէն, Արցախի ժողովուրդը եւ անոր կողքին ամբողջ հայութիւնը իրաւունք ունին տեղեակ ըլլալու բանակցային գործընթացի բովանդակութենէն, ուժային կեդրոններուն կողմէ պարտադրուող պայմաններէն, որոնք կը փորձեն որոշել Արցախի ապագան` առանց հաշուի առնելու Արցախի հողին վրայ ծնունդ առած հայուն կարծիքը:

Այդ ապագան չի կրնար ապահովուած ըլլալ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան սահմաններուն մէջ, պարզապէս որովհետեւ անիկա պիտի առաջնորդէ Արցախի հայաթափման, ցեղասպանութեան կրկնութեան եւ միանգամընդմիշտ անոր պատմական ու իրաւական կորստեան: Աւելի քան հարիւր տարի շարունակ բացայայտ եղած է թուրք-ազրպէյճանական հայաջինջ քաղաքականութեան երեսը` թէ՛ անցեալ դարասկիզբին, թէ՛ վերջին երեսնամեակի ընթացքին Արցախի հայութեան կրած տանջանքներուն ու սպանդին դառն հետեւանքներով:

Խաղաղութեան ո՛չ մէկ պայմանագիր, սահմանագծման ու սահմանազատման ո՛չ մէկ ծրագրում, առաւել եւս` Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը ճանչնալու ո՛չ մէկ փութկոտ քայլ պէտք է անտեսեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, անոր բնակչութեան ազատ եւ անկաշկանդ ապրելու բաղձանքն ու հայութեան երկարամեայ պայքարի իղձերն ու երազները:

Այլեւս ժամանակը հասած է, որպէսզի Հայաստանի մէջ ապրող մեր քոյրերն ու եղբայրները առաջնորդուին Արցախի հայութեան պայքարի ու գոյատեւման վճռական ոգիով, անոնք եւս ոտքի կանգնին եւ մերժեն որեւէ պայմանագիր, որ պիտի վտանգէ Արցախի ապագան: Յուսահատութեան մթնոլորտը, որ հետեւողականօրէն հայրենի իշխանութիւնները տարածեցին հայրենիքի ժողովուրդին մէջ, պէտք է իր տեղը զիջի  պայքարունակ ու պահանջատէր այն ոգիին, որ համակեց ողջ հայութիւնը 1988-ի վերազարթնումի օրերուն:

Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերած միասնականութեան ոգին ինքնին առաջնորդող ուղի մը կը բանայ հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան առջեւ` դառնալով մեկնակէտը պահանջատիրութեան նոր երթին, որպէսզի հայութիւնը վերագտնէ իր աւանդական մարտունակութեան ոգին` ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակողականութեան եւ ետ մղէ Հայաստանի ու Արցախի ինքնիշխանութեան վրայ սպառնացող թուրք-ազրպէյճանական վտանգը:

Յունահայութիւնը իր բոլոր ուժերով եւ համախումբ կեցուածքով իր անսակարկ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի մարտնչող հայութեան, թեւ ու թիկունք կը շարունակէ մնալ սահմանին վրայ կանգնած հայորդիին, ամէն պարագային զօրաշարժի ենթարկելով իր ողջ կարողականութիւնը` ի խնդիր մե՛ր Արցախի ինքնորոշման եւ անկաշկանդ գոյատեւման:

1988-էն ետք Արցախը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ վերականգնումի լուսաւոր ուղին:

Նախորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Յաջորդը

Տոմս. Հաւաքական Յիշողութեան Պահպանումը` Կենսական

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?