Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Նոյեմբեր 3, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Սուրիա

Մակար Եպս. Աշգարեան` Հայրապետական Նուիրակ Բերիոյ Հայոց Թեմին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Բերիոյ հայոց թեմի հայրապետական նուիրակ նշանակեց Մակար եպս. Աշգարեանը:

Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2022-ին սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ` ընկերակցութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդական տեղապահ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին եւ ազգայիններու կողմէ` Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ղօղանջով եւ ներկաներու ծափողջոյններով:

Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական նուիրակը աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, ապա Ազգ. իշխանութեան անդամներուն հետ ուղղուեցաւ դէպի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճ, ուր արտասանեց իր անդրանիկ խօսքը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Բերիոյ հայոց թեմ ժամանելուն առիթով եւ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ողջոյնները, հայրական սէրը եւ օրհնութիւնը Բերիոյ հայոց թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին: Մակար եպիսկոպոս հաստատեց, որ բոլորս կոչուած ենք ձեռք-ձեռքի տալով յառաջ տանելու մեզի վստահուած աշխատանքը` համայնքի, ազգի եւ ժողովուրդի բարիքին ու բարօրութեան, սուրիահայութեան վերելքին, աշխուժացման եւ վերականգնումին համար:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. իշխանութեան` պատրաստակամութիւն յայտնելով գործակցութեան ոգիով ծառայելու սուրիահայ համայնքին:

Խօսք առաւ թեմի երէց քահանայ Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան: Ան նշեց, որ Բերիոյ հայոց թեմը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական թեմն է, որ ունի բեղուն գործունէութիւն: Ապա մաղթեց միասնական ճիգերով գործել յանուն Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ պայծառութեան:

Առաջնորդական տեղապահ Մանուկ վրդ. Պարիխանեան իր ուրախութիւնը յայտնեց հայրապետական նուիրակին ժամանման առիթով, որ լաւագոյն արտայայտութիւնն է վեհափառ հայրապետին հոգատարութեան եւ օրհնութեան, որպէսզի թեմը առաւել ծաղկի իր հովանիին ներքեւ:

Ազգ. վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան դիտել տուաւ, որ Ազգ. իշխանութեան անդամներով, ներկայացուցչական ընդունելութեամբ ու ցնծութեամբ կը դիմաւորեն հայրապետական նուիրակը: Ապա յաջողութիւն մաղթելով անոր ծառայութեան` իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդական տեղապահին, որ իր ընտրութեան օրէն ի վեր կը գործէ իմաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ:

Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ Մակար եպս. Աշգարեան հանդիսաւորապէս իր անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին:

Ազգ. առաջնորդարանի սեմին սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներով եւ փողերախումբին նուագակցութեամբ, ապա դպրաց դասի «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի ս. խորան: Պատարագիչ սրբազան հօր առընթերականերն էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Զաւէն վրդ. Նաճարեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Սրբազան հօր պատգամին բնաբանն էր` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ հաստատումը. «Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղկ 8.21): Ան ըսաւ, որ իսկական հաւատացեալը ան է, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, Անոր կամքը կը կատարէ եւ Անոր համաձայն կեանք մը կ՛ապրի: Հետեւաբար Քրիստոսի խօսքը մեզ կը մղէ ինքնագիտակցութեան եւ ինքնաճանաչումի` տեսնելու համար, թէ արժանի պիտի ըլլա՞նք Աստուծոյ մայրը եւ եղբայրները կոչուելու:

Օրուան աւետարանական հատուածին մէջ յիշուած ճրագին օրինակը մէջբերելով` սրբազան հայրը յայտնեց, թէ որպէս քրիստոնեաներ` Քրիստոսի լոյսը եւ Սուրբ Հոգիին կնիքը ունինք մեր մէջ, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է աշտանակի վրայ դրուող ճրագ դառնալ` բարի գործերով լուսաւորելու եւ պայծառացնելու մեր շրջապատը, ընկերութիւնն ու ազգը: «Այս նեղ եւ դժուարին օրերուն հրաւիրուած ենք մեր անձնական շահերը մոռնալու եւ մէկ բռունցք դառնալով` մեր պարտականութիւնը յառաջ տանելու, օգտակար դառնալու եւ օժանդակելու վերականգնումի գործընթացին», աւելցուց սրբազան հայրը:

Եզրափակելով` Մակար սրբազան հրաւիրեց ներկաները հոգատար ըլլալու իրարու նկատմամբ եւ Աստուծոյ խօսքով գօտեպնդուելու, որպէսզի լուսաւորենք եւ փոխակերպենք մեր շրջապատը` մեր անձնազոհ եւ անշահախնդիր մարդասիրութեամբ, ծառայութեամբ, աշխատանքով եւ աստուածահաճոյ կեանք ապրելով:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ննջեցեալներու եւ Ուրֆայի հերոսամարտի նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ապա սրբազան հայրը, թափօր կազմած եւ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ,  ուղղուեցաւ դէպի պատմական եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հայրենասիրական փունջ մը երգեր հնչեցուց: Ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Հայրապետական նուիրակ սրբազանը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով` անգամ մը եւս հաստատեց, որ հակառակ տիրող բոլոր դժուարութիւններուն` մեր ուխտը վերանորոգելով պիտի շարունակենք կառչած մնալ մեր հայրենիքին` Հայաստանին եւ Արցախին, սուրիական հայրենիքին եւ մեր հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն, այն հաստատ համոզումով, որ հայ ժողովուրդը բնորոշող յաւիտենականութեան եւ յարութեան ոգիով դուրս պիտի գանք մեր բոլոր դժուարութիւններէն:

Եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ շնորհաւորական աջահամբոյր, որուն ընթացքին Մակար սրբազան ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորանքները:

Կիպրոս

Հաւաք` Ի Նպաստ Հայաստանի Եւ Արցախի

30 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ հաւաք մը տեղի ունեցաւ Պաֆոսի  Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այգիին մէջ, ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի` դատապարտելու Ազրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: Հաւաքին բացման խօսք արտասանեցին Իրինա Մասուրեանը (յունարէն ) եւ Թորոս Փիլիպոսեանը (հայերէն), ապա խօսք առաւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանը:

Յաջորդաբար խօսքերով հանդէս եկան Պաֆոս քաղաքի քաղաքապետ  Ֆետոնաս Ֆետոնոսը եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը:

Հաւաքի աւարտին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան կատարեց փակումը:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Պաֆոս քաղաքի Համազգային «Անի» պարախումբը, եւ ասմունք մը ներկայացուց ՀՅԴ Կիպրոսի պատանեկան միութեան անդամ Բեկորը:

Իրաք

Հովուական Այցելութիւն Ի Պասրա

Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ  Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 27-29 հոկտեմբերին հովուական այցելութիւն տուաւ Պասրա` ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի, Արամ սրկ. Քէթէնճեանի եւ Վահէ Աւետիսեանի:

27 հոկտեմբերի  առաւօտուն առաջնորդը այցելեց Պասրայի Ս. Աստուածածին հինաւուրց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Պասրայի հոգեւոր Ղեւոնդ աբղ. Սաղաթելեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բարի գալուստի աղօթք: Անկէ ետք հայր սուրբը ծրագրուած ժամադրութեամբ նախ այցելեց քաղդէական եկեղեցի, ուր զինք դիմաւորեց եկեղեցւոյ առաջնորդ Հապիպ Ալ Նոֆելի եպիսկոպոսը, ապա այցելեց ասորի կաթողիկէ եկեղեցի: Այս եկեղեցւոյ առաջնորդը առաքելութեամբ մը Լիբանան գտնուելու պատճառով թեմի առաջնորդն ու պատուիրակութիւնը ընդունեց Պութրուս աբեղան: Առաջնորդը իր այցելութեանց շարքը փակեց ասորի ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիով, ուր դիմաւորուեցաւ Սամաան Խըտըր քահանայ հօր կողմէ:

Ողջոյնի խօսքեր եւ քրիստոնեաներու հետ  առնչուող զանազան տեսակէտներ փոխանակելէ ետք, հայր սուրբը յիշեալ կղերականները հրաւիրեց մասնակցելու յաջորդ օր Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուելիք ս. պատարագին:

Յիշատակութեան արժանի է, որ բոլորն ալ անհուն ուրախութեամբ ընդունեցին հայր սուրբը եւ մտերմիկ մօտեցում ցուցաբերեցին:

Ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Պասրայի Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ` Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի կողմէ: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կողքին,  ներկայ եղան քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, որոնք Ս. Գիրքէն հատուածներ ընթերցելով` մասնակից եղան ս. պատարագին:

Պատարագիչ հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր հոգեւորականներուն` իր հրաւէրին ընդառաջելուն եւ պատարագին մասնակցելուն համար: Յետ պատարագին հոգեհանգստան պաշտօն կատարուեցաւ քառասնօրեայ հանգուցեալ, Պասրայի թաղականութեան  նախկին անդամ Օհաննէս  Պետրոսեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար:

Սուրբ պատարագի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան Պասրայի Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

Հովուական այցելութեան երրորդ օրը,  առաւօտուն, առաջնորդ հայր սուրբը Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի եւ Պասրայի թաղականութեան անդամ Նովագ Պետրոսեանի հետ այցելեց Պասրայի նահանգապետ Ասաատ Իիտանիին, որ ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց: Իր խօսքին մէջ նահանգապետը քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայերու մասին սրտաբուխ զգացմունքներով արտայայտուեցաւ` զանոնք նմանցնելով գոյնզգոյն եւ բուրումնաւէտ ծաղիկներու: Հայր սուրբը, իր հերթին, ապա Մելքոն Մելքոնեան  հակիրճ կերպով խօսեցան Պասրայի հայութեան պատմականին մասին եւ շեշտը դրին Պասրայի քաղաքական եւ ընկերային վերելքին մէջ անոնց բերած ներդրումին վրայ:

Հանդիպման աւարտին հայր սուրբը իր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնեց նահանգապետին` ընդունելութեան համար:

«Սայաթ Նովա» Փոքրիկներու Համոյթի Երեկոյ Իհբը Միութեան Մէջ

Հովանաւորութեամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւկիւլեանի, 29 հոկտեմբեր 2022-ին ԻՀԲԸ միութեան գեղարուեստական յանձնախումբը  կազմակերպեց «Սայաթ Նովա» փոքրիկներու համոյթի երեկոյ:

Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ  միութեան «Թաճիրեան» սրահին մէջ, սկսաւ Տէրունական աղօթքով` Գէորգ քհնյ. Արշակեանին կողմէ,  ապա ազգային պարերով եւ երաժշտութեամբ հանդէս եկաւ «Սայաթ Նովա» համոյթը: Ներկայ էին` Գէորգ քհնյ. Արշակեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, միութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ համայնքի զաւակներ:

Միացեալ Նահանգներ

«Մեսրոպեան»-ի Նոր Մարզադաշտի Հիմնօրհնէք

22 հոկտեմբերին Մեսրոպեան ազգային վարժարանի համալիրին մէջ, ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, տեղի ունեցաւ նոր կառուցուելիք փակ մարզադաշտին հիմնօրհնէքը:

Ձեռնարկին ընթացքին շինարարական  յանձնախումբի համաատենապետ Քրիս Կուրճեան առաջնորդ սրբազանին մատուցեց Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն իր կողմէ բերուած քարակտոր մը, որ առաջնորդ սրբազանին կողմէ օրհնուելէն ետք պիտի զետեղուէր, իբրեւ խորհրդանշական ենթահող կառուցուելիք փակ մարզադաշտին հիմերուն մէջ: Այս քարը կը խորհրդանշէ մեր պապերուն հաւատքը, եւս առաւել անոնց հայրական հսկողութիւնը`  Մեսրոպեան ազգային վարժարանի համալիրին եւ անոր ազգային, կրթական, ընկերային, մարզական եւ մշակութային գործունէութիւններուն վրայ:

Արդարեւ, Մեսրոպեան ազգային վարժարանը, մասնաւորաբար արեւելեան Լոս Անճելըսի եւ հարաւային բաժինի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կրթական եզակի կառոյց մըն է, ուր մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ հայեցի քրիստոնէական առողջ ու ամբողջական կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը ստանան: Այս նոր մարզադաշտի շինութիւնը կու գայ յաւելեալ ուշադրութիւն մը պարգեւելու Մեսրոպեան ազգային վարժարանի յաղթական ծրագիրներուն:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 103-րդ Տարեժողովը

Հինգ տարիներու բացակայութենէ ետք, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տարեժողովը եւ ճաշկերոյթը վերադարձաւ Փըրեմըս, Նիւ Ճըրզի, ուր կը գտնուի անոր գլխաւոր կեդրոնատեղին:  Ընկերակցութեան 103-րդ տարեկան համաժողովը տեղի ունեցաւ 22 հոկտեմբերին,  Փըրեմըսի Հայ երիցական եկեղեցւոյ մէջ: Աւետարանչականի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանի անակնկալ բացակայութեան պատճառով ժողովը վարեց ընկերակցութեան փոխնախագահ, իրաւաբան Կերի Ֆիլիփս: Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան իր բացման խօսքին մէջ կեդրոնացաւ հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին:

Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան ներկայացուց 2021-2022 տարեշրջանի ընկերակցութեան գործունէութեան տեղեկատուութիւնը: Տեղեկագրութիւններ ներկայացուեցան նաեւ աւետարանչականի նախագահին, յանձնախումբերու ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական միութիւններու, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ յարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք զեկուցեցին անցնող տարեշրջանի իրենց գործունէութեան մասին:

Համաժողովի աւարտին ընտրուեցան աւետարանչականի վարչութեան նոր անդամները` ԼինտաՔէյ Ապտուլեան, Պրայըն Աղպապեան, Կրեկորի Պիլիզէքեան, Ֆիլիս Տոհանեան, վեր. դոկտ. Հայկ Խրլոփեան, դոկտ. Նուրհան Հելվասեան, իրաւաբան Մարք Գասապեան, Արտա Մելքոնեան եւ Միշել Սիմուրեան:

Աւետարանչականի տարեկան համաժողովին առընթեր, 20-21 հոկտեմբերին տեղի ունեցան նաեւ ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի ժողովները:

23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ աւետարանչականի տարեժողովի պաշտամունքը Փըրեմըսի Հայ երիցական եկեղեցւոյ մէջ: Միհրան Ճիզմէճեան մատուցեց հայերէն քարոզը, իսկ վեր. դոկտ. Հայկ Խրլոփեան մատուցեց անգլերէն քարոզը:

Պաշտամունքի ընթացքին Լոս Անճելըսի Միացեալ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յարութ Խաչատրեան յատուկ աղօթք մատուցեց յիշելով այն բոլոր Աւետարանչականի անդամները, որոնք մահացան անցնող տարեշրջանին, իսկ Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի անդամներուն պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը կատարեց Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան:

Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

27 հոկտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը եօթներորդ արուեստի հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որ երկրորդ տարին ըլլալով ժամանած է Լոս Անճելըս` «Դրախտի դարպաս» («Gate to Heaven») խորագիրը կրող իր ժապաւէնին ցուցադրութիւնը իրականացնելու նպատակով: Ժապաւէնը արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերու անցուդարձերէն եւ կը ներկայացնէ իւրայատուկ պատմութիւն մը:

Բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որ ներկայ ըլլայ ժապաւէնի ցուցադրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 3 նոյեմբերին, Կլենտէյլի «Ամերիքանա» առեւտրական կեդրոնի «Էյ. Էմ. Սի.» սրահին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանը` ֆիլմարուեստի ճարտարարուեստին մէջ հայ ազգի ու հայրենիքի գոյութենական հարցերը լաւապէս դրսեւորելուն համար եւ այս առիթով կոչ ուղղեց շրջանի հայորդիներուն, որ իրենց կարգին ներկայ ըլլան «Դրախտի դարպաս» ժապաւէնի ցուցադրութիւններուն եւ քաջալերեն հայրենի երիտասարդ բեմադրիչը եւ անոր գործերուն ընդմէջէն հաղորդ դառնան հայութեան պատմութեան ու պայքարի աննկուն ոգիին:

Ֆրանսա

Քանն Քաղաքին Մէջ` Շարլ Ազնաւուրի Անունով Արմաւենիներու Ճեմուղի

26 հոկտեմբերին Ֆրանսայի Քանն քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Շարլ Ազնաւուրին  անունը կրող արմաւենիներու ճեմուղիին:

Շարլ Ազնաւուրի ճեմուղին կը տանի դէպի Հայոց ցեղասպանութեան եւ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հայ անդամներուն նուիրուած յուշարձանը:

Ճեմուղիի անուանակոչման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին` Քաննի քաղաքապետ Տաւիտ Լիսնար, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Նիքոլա Ազնաւուր, Քաննի հայերու միութեան անդամները եւ այլ հիւրեր:

Շարլ Ազնաւուր Քաննի շարժապատկերի փառատօնի մնայուն մասնակցողներէն էր` թէ՛ իբրեւ դերասան եւ թէ՛ դատական կազմի անդամ: Ան ամուր կապեր ունեցած է այս քաղաքին հետ եւ նոյնիսկ ստացած է Քաննի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումը:

Քաննի քաղաքապետ Տաւիտ Լիսնար յայտնեց, որ այս իրադարձութիւնը տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ Հայաստան անգամ մը եւս յարձակման կ՛ենթարկուի, եւ սպառնալիքի տակ է անոր գոյատեւման հարցը, աւելցնելով, որ պէտք չէ անտարբեր մնալ, եւ ներկայի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը պէտք չէ քողարկէ այս իրողութիւնը: Քաղաքապետը ընդգծեց Ֆրանսայի կապը եւ յարգանքը Հայաստանի նկատմամբ եւ աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանին: Ան շեշտեց, որ պէտք է աջակցինք հայերուն, որոնք ճնշման ենթակայ են, եւ պաշտպանենք անոնց ամբողջականութիւնը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչո՞ւ Երեխան Իր Խաղալիքները Կը Կոտրէ

Յաջորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

RelatedPosts

Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?