Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Երբ հիւանդները կամ ընտանիքները բժիշկին հետ անհամաձայն գտնուին
Երբեմն, երբ հիւանդները կամ անոնց ընտանիքները համաձայն չեն գտնուիր բժիշկին հետ, ակնյայտ բարոյագիտական որոշումը շատ հաւանաբար ճիշդը չ՛ըլլար այս պարագային: Ահա օրինակ մը, որ իրապէս տեղի ունեցած է.
Հարաւարեւելեան Ասիայէն երեխայ մը ունէր թիւրոտնութիւն (1) (Clubfoot) (կամ ծռոտնութիւն (talipes), զոր դիւրութեամբ կարելի էր բուժել, բայց ծնողները թոյլ չէին տար երեխային ոտքը բուժել, որովհետեւ կը հաւատային, որ Աստուած այդպէս ստեղծած է զանոնք:
Ծռոտնութիւն
Բժիշկները իրաւամբ երեխային առողջութիւնը առաջնահերթ նկատեցին, ուստի անոնք դիմեցին դատարան եւ վիրահատութեան հրաման ստացան: Բայց արդիւնքը սարսափելի եղաւ. ընտանիքը զգաց, որ երեխան կորսնցուցած է Աստուծոյ բարեհաճութիւնը եւ անոր հետ կապը, ուստի լքեցին զայն: Երեխան փաստօրէն որբ դարձած էր: Բժիշկները յաղթած էին ճակատամարտը, բայց պարտուած էին պատերազմը:
Հակառակ անոր որ բժիշկները պէտք է յարգեն հիւանդներու արժէքները, սակայն բժիշկներու սեփական արժէքները պէտք չէ ազդեն իրենց որոշումներուն վրայ: Բժիշկին խիղճը եւ կրօնական հաւատքը պէտք չէ ինքնաբերաբար յաղթահարեն հիւանդին հնարաւոր ու լաւագոյն բուժումը ստանալու անհրաժեշտութիւնը:
Օրինակ, ենթադրենք` շտապ օգնութեան բժիշկը կը մերժէ հիւանդին հակաբեղմնաւորիչ դեղահատ տալ` մեկնելով իր (բժիշկին) սեփական արժէքներէն, հակառակ անոր որ քլինիքականօրէն ապացուցուած է, որ դեղահատը ազդու է:
Հիւանդին կարիքները, սակայն, պէտք է առաջնային ըլլան բժիշկներուն սկզբունքներէն: Խնամակալներէն կ՛ակնկալուի, որ մէկ կողմ դնեն իրենց համոզմունքները եւ կեդրոնանան հիւանդին լաւագոյն շահերը ապահովելու վրայ: Եթէ ան չի կրնար այդ մէկը ընել, պէտք է գտնել այլ անձ մը, որ այդպէս կ՛ընէ:
Ինչպէ՞ս զարգացած են բժշկական արժէքները
Արժէքները քարացած բաներ չեն. անոնք կը զարգանան, այնքան ատեն որ կը փոխուի հասարակութեան վերաբերմունքը: Կէս դար առաջ, երբ կը փոխուէին հասարակութեան տիպարները եւ կրթական չափորոշիչները, բժշկական մասնագիտութիւնը հայրականութենէն «փաթըրնալիզմ» («բժիշկը լաւագոյնը գիտէ») անցաւ անհատական ինքնավարութեան («հիւանդներուն հետ պէտք է խորհրդակցիլ»):
Բժշկական արժէքները, սակայն, այնքան ալ հիմնուած չեն հասարակութեան մեծամասնութեան ճշմարիտ նկատած ու համարած բաներուն վրայ: Այնուամենայնիւ, բարոյագիտական որոշումները չեն կրնար հիմնուած ըլլալ հասարակական կարծիքին վրայ, որովհետեւ ժողովուրդը թերեւս ուշադրութիւն չդարձնէ փոքրամասնութիւններու արժէքներուն կամ անոնց, որոնք տեսակէտներ ունին հիմնական հոսքէն դուրս: Եզրակացութիւնն այն է, թէ ոչ ոք կ՛ուզէ, որ իր առողջապահական խնամքի որոշումը տրուի խումբ մը անուշադիր եւ իրմէ անտեղեակ մարդոց կողմէ, որոնք միայն երկու վայրկեան կը յատկացնեն հարցուփորձ մը կատարելու:
Ո՞վ կ՛որոշէ բժշկական բարոյագիտութիւնը
Ի տարբերութիւն կրօնական հարցերու` գոյութիւն չունի բժշկական բարոյագիտութեան վերջնական դատաւոր, եւ բարոյագիտութեան մասնագէտները միտումնաւոր ձեւով չունին բարոյագիտական կանոնակարգ, որ կը պաշտպանէ մասնագիտութիւնը:
Բժիշկները յաճախ կը դիմեն իրենց մասնագիտական կազմակերպութիւններու բարոյագիտական կանոններուն, ինչպիսին է Ամերիկեան բժշկական ընկերակցութիւնը (AMA): Այս օրէնսգիրքերը չեն կրնար փոխարինել բարոյագիտական որոշումները այն իրավիճակներու պարագային, երբ ներգրաւուած են տարբեր գործօններ, սակայն անոնք կրնան ուղղութիւն տալ որոշումներ տուողներուն: Բացի անկէ, կարգ մը բժիշկներու սեփական կազմակերպութիւններու մասնագիտական օրէնքները կրնան օգնել իրենց` համոզելու, որ որոշակի բարոյագիտական որոշում մը իմաստ ունի:
Բժիշկները կրնան նաեւ դիմել իրենց հիւանդանոցներու բարոյագիտութեան խորհուրդներուն` պատասխաններ ստանալու համար, սակայն այս խորհուրդները նախատեսուած չեն ըլլալու բժշկական բարոյագիտութեան որպէս վերջնական իշխանութիւն: Այս խորհուրդները դաստիարակներ են եւ կը գործեն խորհրդատուական կարգավիճակով: Անոնց դերն է` մշակել հիւանդանոցային յատուկ քաղաքականութիւն, իրազեկ դարձնել անձնակազմը քլինիքական բարոյագիտութեան մասին եւ վերահսկել անձնակազմի բարոյագիտական խորհրդատուներուն:
Այսպիսով, ո՞վ է քլինիքական բժշկական բարոյագիտութեան վերջնական իրաւարարը: Ան հիւանդին հետ համատեղ աշխատող անհատ խնամակալն է: Խնամակալներու բարոյագիտական որոշումները կը համընկնին իրենց քլինիքական եւ թեքնիք որոշումներուն հետ: Բարոյագիտութեան ճիշդ ձեւաւորումը կախում ունի խնամողին ազնուութենէն:
Միեւնոյն խնդիրին վերաբերեալ բարոյագիտական որոշումները կրնա՞ն տարբեր ըլլալ
Որովհետեւ չկայ նախապէս որոշուած պատասխան բարոյագիտական երկընտրանքներուն մեծամասնութեան համար, նոյնիսկ հմուտ բարոյագէտները կրնան տարակարծիք գտնուիլ նոյն բարոյագիտական խնդիրին լուծումներուն շուրջ: Թէեւ անոնք հակուած են պահպանելու նոյն հիմնական արժէքները եւ օգտագործել նոյն տրամաբանութիւնը, բայց թերեւս անոնք չկրնան հաւաքել նոյն փաստերն ու տեղեկութիւնները:
Բարոյագիտական որոշումներէն կարելի չէ խուսափիլ: Ամէն անգամ,
երբ բժիշկները քլինիքական որոշում մը կայացնեն, անոնք գրեթէ միշտ
բարոյագիտական որոշում տուած կ՛ըլլան` գիտակցաբար, կամ ոչ:
Բարոյագիտական որոշումները կրնան փոխուիլ ժամանակի ընթացքին: Որոշակի բարոյագիտական որոշման մասին տեղեկացնող արժէքները կրնան փոխուիլ, կամ որոշակի որոշման հետեւանքները կրնան անհետանալ: Օրինակ, որովհետեւ հանրութեան համար աւելի յարմարաւէտ է բժիշկներու օգնութեամբ մահանալ, որոշ բարոյագէտներ, որոնք ժամանակին դէմ եղած են անոր, սկսած են կողմ ըլլալ:
Բարոյագիտական որոշումներէն կարելի չէ խուսափիլ: Ամէն անգամ, երբ բժիշկները քլինիքական որոշում մը կայացնեն, անոնք գրեթէ միշտ բարոյագիտական որոշում տուած կ՛ըլլան` գիտակցաբար, կամ ոչ:
Արդեօ՞ք բարոյական է ձեռնպահ մնալ գործընկերներու վարքագիծը գնահատելէ
Վարչական բժիշկները (administrative doctors) ակնյայտօրէն չեն կրնար անտեսել պահուածքը այն բժիշկներուն, որոնց կը վերահսկեն: Այդ մէկը իրենց աշխատանքի կոչման մէկ մասն է: Բայց նոյնիսկ բժիշկները, որոնք վերահսկիչ դեր չունին իրենց գործընկերներու նկատմամբ, ունին անուղղակի պատասխանատուութիւն:
Բժիշկներէն կ՛ակնկալուի, որ պաշտպանեն հիւանդներու բարեկեցութիւնը ընդհանուր առմամբ, եւ` ո՛չ միայն իրենց հիւանդներուն: Սա կը նշանակէ, որ անոնք պարտաւոր են զեկուցելու այն բժիշկին պարագան, որ, օրինակ, թմրամիջոցներ կ՛օգտագործէ կամ կը չարչրկէ իր հիւանդները:
Եւ իրապէս, AMA-ի Բժշկական բարոյագիտութեան օրէնսգիրքը կը նշէ, որ բժիշկները պէտք է զեկուցեն գործընկերներու վարքագիծի մասին` «Առաջին հերթին, որպէսզի կարելի ըլլայ գնահատել հիւանդի բարեկեցութեան վրայ հնարաւոր որեւէ մէկ ազդեցութիւն եւ ձեռնարկել պարագան ճշդելու միջոցներու»:
Բժշկական բարոյագիտութիւնը եւ օրէնքը
Բժշկական բարոյագիտութիւնը կրնայ ունենալ օրէնքէն տարբեր չափանիշներ: Օրէնքը ստեղծուած է օրէնսդիրներու կողմէ եւ չի կրնար կիսել բարոյագիտական բժիշկներու արժէքներն ու պատճառաբանութիւնները:
Օրինակ, Baby Doe-ի օրէնքը բժիշկներէն կը պահանջէ բուժել կանխահաս երեխաները նոյնիսկ լուրջ հաշմանդամութիւն ունենալու պարագային, սակայն որոշ բժիշկներ եկած են այն եզրակացութեան, որ այն կանխահաս երեխաները, որոնք չափազանց հիւանդ են եւ գոյատեւելու դժուարութիւն ունին, պէտք չէ բուժուին:
Այն բժիշկները, որոնք չեն ենթարկուիր Baby Doe-ի օրէնքներուն, հազուադէպ պարագաներու կը հետապնդուին: Շատ պարագաներու դատախազները չեն փափաքիր միջոցներու ձեռնարկել այն բժիշկներու դէմ, որոնք կը խախտեն նման օրէնքները` մեկնելով անոնց քլինիքական դատողութեան նկատմամբ յարգանքէն:
Անօրինականութեան դէպքերու մեծ մասի պարագային դատարանները կ՛ուսումնասիրեն խնամքի քլինիքական չափանիշները եւ կ՛որոշեն, թէ արդեօ՞ք ամբաստանեալ բժիշկը անոնց համապատասխան գործած է: Շատ պարագաներու ոչ բարոյագիտական վարքագիծը չի հասնիր բժշկական «արատաւորութեան» մակարդակի:
Օրինակ, քանի մը տարի առաջ հիւանդ մը նշած է, որ մարսողական համակարգի մասնագէտ մը իր հասցէին նսեմացնող խօսքեր ըսած է, երբ ան հանդարտեցուցիչ դեղահատերու ազդեցութեան տակ էր: Բժիշկը ակնյայտօրէն ոչ բարոյագիտական դիրքի վրայ գտնուեցաւ` հիւանդին յարգանք չցուցաբերելով, սակայն հիւանդը ապօրինի բժշկութեան հայց (malpractice lawsuit) չէր ներկայացուցած, այլ` զրպարտութեան հայց (defamation lawsuit): (Հիւանդը չշահեցաւ դատը, որովհետեւ զրպարտութիւնը պէտք է ներառէ երրորդ անձի մը դիտողութիւններ փոխանցել):
Միւս կողմէ` ընթացակարգ մը կատարելու համար հիւանդի տեղեկացուած համաձայնութիւնը չստանալը, որ մէկ այլ յստակ բարոյագիտական խնդիր է, նոյնպէս կարեւոր տարր է անօրինականութեան վերաբերեալ հարցերուն մէջ: Այն բժիշկները, որոնք չեն ստանար տեղեկացուած համաձայնութիւն, կրնան պատասխանատուութիւն կրել իրենց սխալ աշխատանքին համար, նոյնիսկ եթէ ընթացակարգը կը համապատասխանէ քլինիքական խնամքի բոլոր չափանիշներուն:
Հարց-պատասխան
1.- Ճի՞շդ է, թէ՞ սխալ. բժշկական բարոյագիտական առաւելութիւններէն մէկն այն է, որ ան կրնայ նուազեցնել տագնապները:
Ա.- Ճիշդ
Բ.- Սխալ
2.- Այս երկու հասկացողութիւններէն ո՞րն է ճիշդը` բարոյագիտութեան (Ethics) եւ բարոյականութեան (Morality) վերաբերեալ:
Ա.- Բարոյականութիւնը հիմնուած է արժէքներու եւ բանականութեան վրայ, եւ ան կ՛օգտագործէ համոզումը` իր ուղերձը հասցնելու համար, մինչդեռ բարոյագիտութիւնը կը ներառէ որոշակի համոզմունքներու համակարգի կամ վարքագիծի կանոններու պահպանում:
Բ.- Բարոյագիտութիւնը հիմնուած է արժէքներու եւ բանականութեան վրայ, եւ ան կ՛օգտագործէ համոզումը` իր ուղերձը հասցնելու համար, մինչդեռ բարոյականութիւնը կը ներառէ որոշակի համոզմունքներու համակարգի կամ վարքագիծի կանոններու պահպանում:
3.- Ճի՞շդ է, թէ՞ սխալ. հիւանդանոցներու բարոյագիտութեան յանձնաժողովները պէտք է ըլլան բժշկական բարոյագիտութեան վերջնական իշխանութիւնը:
Ա.- Ճիշդ
Բ.- Սխալ
(1).- Ծռոտնութիւն.- Այն պարագան է, երբ երեխան կը ծնի դէպի ներս եւ վար դարձած ոտքով: Կանուխ բուժումը կրնայ շտկել զայն: Ծռոտնութիւնը կրնայ պատահիլ մէկ կամ երկու ոտքերուն միասին:
Աղբիւր` Medscape
Պատասխաններ`
1.- Ա
2.- Բ
3.- Բ