Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնրէալի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-Ամեայ Գործունէութեան Փաստավաւերագրական Շարժանկարը

Նոյեմբեր 4, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Մոնրէալի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-ամեայ գործունէութեան վաւերագրական շարժանկարին ցուցադրութիւնը` հովանաւորութեամբ Կարէն Տէր Ասատուրեանի եւ իր ընտանիքին, ներկայութեամբ` Բաբգէն արք. Չարեանի` առաջնորդ Քանատայի հայոց թեմին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանի, հոգեւոր հովիւներուն, Հայ կեդրոնի հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, շարժանկարի բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանի, բարերարներու, «Հորիզոն»-ի աշխատակիցներու եւ հաւատաւոր ընթերցողներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Հորիզոն»-ի աշխատակից Թալիա Ճապրայեան, որ հաստատեց. «Հորիզոն»-ի քառասնամեայ առաքելութիւնը հայ մամուլի երկնակամարին վրայ իրագործուեցաւ շնորհիւ անոր խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն անշահախնդիր զոհողութեան ոգիին, որոնք իրենց պարտականութիւնը կատարեցին լրագրողի յանձնառու կեցուածքով», ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց հայրենի բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական» ծառայութեան գլխաւոր բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանը հեղինակ է տասնեակէ աւելի հայագիտական եւ հոգեւոր մշակութային ժապաւէններու: Անոր վաւերագրական ժապաւէնները ցուցադրուած են` Անգլիա, Իտալիա, Հոլանտա, Աւստրալիա, Քանատա, Ամերիկա եւ այլուր: Հեռուստատեսային բնագաւառին մէջ ունեցած իր ներդրումներուն համար 2014 թուականին արժանացած է պետական պարգեւի` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետալի: Վաւերագրական տեսանիւթերու եւ ժապաւէններու հեղինակ Յակոբ Փափազեանի բեմադրած ժապաւէններու շարքին է հայ գրատպութեան պատմութիւնը վաւերագրող «Գիրք հայրենիքը. Յակոբ Մեղապարտ» երեք մասով փաստավաւերագրական ֆիլմաշարը, որ վերջերս ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ:

Խօսք առաւ «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, ապա երեկոն ընծայեց «Անոնց, որոնք միշտ «Հորիզոն»-ի կողքին մնացին», ըլլան անոնք ներկայ աշխատակիցներ, թէ մեզմէ առյաւէտ հեռացածներ: Խմբագիրը մատնանշեց Միացեալ Նահանգներու լրագրութեան տիտաններէն Ուոլթըր Գրոնքայթի խօսքը լրագրութեան մասին, որ` «Լրագրողին գլխաւոր առաքելութիւնն է հասարակութեան փոխանցել այն, ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ, եւ ոչ թէ այն, ինչ կը փափաքի կամ կը ցանկայ տեղեկանալ»: Ան հաստատեց նաեւ, որ ՀՅԴ մամլոյ ընտանիքի վահանակիր զինուոր «Հորիզոն»-ը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը անվկանդ ու աննահանջ, որովհետեւ` «Կը հաւատանք, որ մեր առաքելութիւնը ճշմարիտ է, եւ մեր ճանապարհը` արդար»:

Տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-ամեայ գործունէութեան փաստավաւերագրական շարժանկարի ցուցադրութիւնը, որուն ընդմէջէն ներկաները տեղեկացան` «Հորիզոն»-ի հիմնադրութեան հանգամանքներուն, նախկին եւ ներկայի խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն, շաբաթաթերթի ներդիրներուն եւ յաւելուածներուն, տպագրական գործընթացին, հայեցակարգին, տեղեկատուական ասպարէզին, համայնքային կեանքի արխիւագրումին, պետական եւ քաղաքական ոլորտէն ներս ունեցած ներդրումին, յօդուածներուն եւ գրութիւններուն բնոյթին, խմբագրակազմի երիտասարդ եւ երէց անդամներուն եւ ընդհանուր գործելաոճին հիմնադրութենէն ցայսօր:

Ցուցադրութեան աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանը: Ան շնորհաւորելէ ետք «Հորիզոն»-ի մեծ ընտանիքը, անդրադարձաւ «Հորիզոն»-ի երկարամեայ երթին, որ յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները` անխափան կերպով կը գործէ մինչեւ օրս: ««Հորիզոն»-ը տեղեկութիւն փոխանցեց եւ կը փոխանցէ, վերլուծական զանազան եւ բազմաբնոյթ յօդուածներու բեմ է, գաղափարական ուղեցոյց է ՀՅԴ շարքերուն, համակիրներուն, ինչպէս նաեւ` ընդդիմադիրներուն, գաղափարական հնոց է, ան նաեւ հաւաքավայր է աշխարհասփիւռ մտաւորականութեան, երիտասարդ ու խոստմնալից գրիչներու դաշտ է, առաւել եւս` սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ հայապահպանման հիմնական օրկան է», հաստատեց ան:

Խօսք առաւ հայրենի արուեստագէտ բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանը, որ յայտնեց. «Հորիզոն»-ի աշխատանքներուն մէջ խորանալով ես ցանկացայ ինձանից մի փոքրիկ յուշ թողնել այստեղ եւ վաւերագրել սփիւռքի մէջ գործող այս մամուլին պատմութիւնը: Ես ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել «Հորիզոն»-ի բոլոր լրագրակազմին եւ շնորհաւորել զիրենք այս առթիւ»: Ապա ան խօսքը ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. ««Հորիզոն»-ի յարատեւութիւնը ձեր ձեռքումն է, պէտք է կանգնել նրա կողքին»:

Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ Բաբգէն արք. Չարեան, որ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ, ապա անդրադարձաւ, որ վերջին տարիներուն «Հորիզոն»-ը ունեցաւ նաեւ կրօնական բովանդակութեամբ ներդիր մը, որ ամսական դրութեամբ լոյս կը տեսնէ շաբաթաթերթին մէջ: «Մամուլը դպրոց է եւ կը դաստիարակէ: Մամուլը նաեւ զէնք է պայքարելու, ասպարէզ է ստեղծագործելու», ըսաւ ան, ապա հոգեւոր հայրերուն հետ «Պահպանիչ»-ով փակեց երեկոն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Լուսանկարները` ՄԱՅՔ ԹԱՇՃԵԱՆԻ

Նախորդը

Եարը Մարդուն Եարա Կու Տայ… (Անզուգական Երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ. » Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Հիթէն` Հակառակ Քարիի Թրիփըլ Տապըլին

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա

Հոկտեմբեր 29, 2025
Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?