Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհաբանական Ս. Պատարագ` Կարդինալ Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի Բացման Առիթով

November 4, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՀԱԿ ՎՐԴ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանացման դատի թեմական քննարկման Ա. նիստի բացման առիթով, առընթերակայութեամբ`  Երուսաղէմի ու Յորդանանի Եկզարք եւ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Նարեկ թ.ծ.վ. Նամոյեանի եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Եղիա ծ.վ. Գիրէջեանի:

Կաթողիկոս-պատրիարքը իր քարոզին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթը ընձեռեց ականատես դառնալու պատմական այս մեծ իրադարձութեան, որմէ ետք իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ երջանկայիշատակ կարդինալի կեանքի վերջին րոպէներուն:

Ան ի միջի այլոց նշեց, որ կարդինալ Աղաճանեանի երանացման գործին բացումը մեր մէջ կը վերակենդանացնէ «Սուրբ եղէք» կոչը, որ հրաւէր է` ուղղուած իւրաքանչիւրիս` նորոգուելու եւ ապրելու այդ ուրախութիւնը:

Իր հաւատքի, սիրոյ եւ մերձաւորի ծառայութեան միջոցով սիրոյ լեզուն ապրեցաւ կարդինալ Աղաճանեանը` լռութեամբ, խոնարհութեամբ եւ վկայութեամբ, անխոնջ ծառայելով եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան:

Պատրիարք Մինասեան նշեց նաեւ, որ կարդինալ Աղաճանեանը այսօր երկինքէն մեզ կը պարուրէ իր հոգածութեամբ եւ սիրով: Կեանքի վերջին պահուն անոր վերջին խօսքը եղաւ. «Ես շատ բաներ ունիմ ձեզի տալու, բայց ժամանակը նեղ է, ու ես անոնք ձեզի կու տամ երկինքէն»:

«Եկէք` խորհինք այս լաւ առիթի մասին` բարձրացնելով յոյսի եւ փրկութեան բաժակը մեր ինքնութեան եւ մեր երկրի վրայ, խնդրելով Աստուծմէ, որ մեզի, մեր ժողովրդին եւ մեր հայրենիքին ու վիրաւոր Արեւելքին շնորհէ առատ օրհնութիւններ»:

Ս. զոհին մասնակցեցան` Բերիոյ կաթողիկէ հայոց թեմին առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Եգիպտոսի եւ Սուտանի կաթողիկէ հայոց թեմին առաջնորդ Գրիգոր եպս. Օգոստինոս Գուսան, Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց թեմին վաստակաւոր առաջնորդ Վարդան եպս. Պօղոսեան, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ արեւելեան Եւրոպայի առաքելական կառավարիչ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, վարդապետներ, քահանայ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, սարկաւագներ ու ժառանգաւորներ, հայրենիքէն ու սփիւռքէն ժամանած եւ հռոմաբնակ հաւատացեալներ:

Պատարագի աւարտին, հայրապետին  նախագահութեամբ, Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի դամբարանի մատրան մէջ, Աստուծոյ ծառայի միջնորդութեամբ,  շնորհքի հայցման աղօթք բարձրացաւ առ Ամենակալ Աստուած, ապա «Ամէն հայի» մաղթերգով վերջ գտաւ օրուան հոգեպարար արարողութիւնը, որուն աւարտին բոլոր ներկաները ուղղուեցան վարժարանին դահլիճը, ուր սիրոյ սեղանի մը շուրջ կիսեցին հանապազօրեայ հացը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 3 Նոյեմբեր 2022)

Յաջորդը

Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեանի Կեանքը, Եկեղեցանուէր Ու Ազգանուէր Գործունէութիւնը, Սրբութեան Համբաւն Ու Ժառանգութիւնը

RelatedPosts

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին  «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը

February 3, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.