Ռ. Ա.

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու դատին հայող ընթացակարգը ներառուած է Divinus Perfectionis Magister` Առաքելական սահմանադրութեան մէջ, որ հրապարակուած է 25 յունուար 1983-ին, երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ:
Սրբադասման դատը ունի հինգ հանգրուաններ, եւ սրբակեաց անձի մը դատը սկսելու համար պէտք է նախ եւ առաջ առնուազն հինգ տարի անցած ըլլայ անոր մահէն, եւ հարկ է, որ ան իր կենդանութեան ընթացքին վայելած ըլլայ սրբութեան համբաւը, կամ եղած է նահատակ եւ իր կեանքը զոհած` հաւատքին համար:
Երանացման դատը սկսելու համար պէտք է որ թեկնածուն ունենայ «սրբութեան համբաւ», եւ մարդիկ, որոնք ճանչցած են անձը, պէտք է վկայեն անոր մասին, անոր օրինակելի կեանքի, դրական ազդեցութեան, առաքելութեան պտղաբերութեան ու կերտիչ մահուան մասին:
Թեմական Փուլը
Թեկնածուն, որպէսզի սրբադասուի, պէտք է նախ հռչակուի Աստուծոյ ծառայ, կամ աղախին, ապա երանաշնորհ, հուսկ երանելի եւ ի վերջոյ` սուրբ:
Աստուծոյ ծառայ կ՛անուանուի այն կաթողիկէ հաւատացեալը, որուն երանացման եւ սրբադասման դատը սկիզբ առած է:
Դատին համար անուանուած խնդրարկուին (Postulatore) առաջին գործն է հաւաքել բոլոր փաստաթուղթերը, վկայութիւնները ու անձին հայող տեղեկութիւնները, որոնց միջոցով կարելի է հիւսել անոր կեանքի ու սրբութեան ընթացքը:
Դէպի սրբադասում տանող հանգրուանները, ուստի, սկիզբ կ՛առնեն պաշտօնական բացում կատարելով «թեմական հետազօտութեան», ինչ որ կատարուեցաւ կարդինալ Աղաճանեանին համար, 28 հոկտեմբեր 2022-ին:
Հետախուզութեան նպատակն է քննարկել թեկնածուին առաքինութիւններու հերոսական էութիւնը կամ անոր հաստատակամութեամբ բարիք ընելու սովորութիւն դրսեւորելը: Այսինքն պէտք է փաստուի, որ թեկնածուն առաքինութիւնները կիրարկած է շատ բարձր մակարդակով` միջինէն բարձր: Այլ դէպքերուն մէջ քննարկումի ստուգման առարկան կը վերաբերի քրիստոնէական նահատակութեան կամ կեանքի ընծայման պահանջներուն:
Թեմական փուլին համար հարկաւոր է թեմի եպիսկոպոսին հաւանութիւնը: Անոր կ՛իյնայ անուանել դատարան մը, որ կազմուած ըլլայ եպիսկոպոսին պատուիրակէ մը, արդարութեան խրախուսողէն եւ նոտարէ մը: Մինչ յատուկ պատմական յանձնախումբ մը կը զբաղի Աստուծոյ ծառային վերաբերող փաստաթղթերը հաւաքելով, մինչ այլ երկու գրաքննիչ աստուածաբաններուն կ՛իյնայ այդ փաստաթուղթերուն քննարկումը` ստուգելու համար, թէ այնտեղ պարունակուա՞ծ են հաւատքի կամ բարոյականութեան հակառակ արարքներ, խօսքեր կամ գրութիւններ: Թեմական այս փուլի աւարտին տեղի կ՛ունենայ թեմի եպիսկոպոսին նախագահութեամբ փակման նիստ մը, որուն ընթացքին հաւաքուած բոլոր տեղեկութիւնները կը կնքուին, եւ բոլոր նիւթերը կ՛ուղարկուին Սուրբերու դատի վերատեսչութեան գրասենեակ:
Հռոմէական (Կամ Վատիկեանեան) Փուլը
Վերոնշեալ փաստաթուղթերուն հետ միասին վերատեսչութեան կը ներկայացուի նաեւ «Positio», այսինքն` երանացման դատին խնդրարկուին շարադրած թեմական փուլին առթիւ հաւաքուած ապացոյցները ամփոփող հատորը: Այս գործընթացը կը կոչուի հռոմէական փուլ:
«Positio»-ն պէտք է հաստատապէս ապացուցէ Աստուծոյ ծառայի կեանքի առաքինութիւնները կամ նահատակութիւնը եւ յարաբերական համբաւը: Ան կ՛ուսումնասիրուի Սուրբերու դատի վերատեսութեան կողմէ նշանակուած խումբ մը աստուածաբանական խորհրդատուներու կողմէ, եւ «պատմական գործընթացի» դէպքի պարագային, այսինքն այն թեկնածուներուն համար, որոնք ականատեսներ չունին, այս մէկը կը քննարկուի «պատմական խորհրդատուներու յանձնաժողովի կողմէն»:
Վերոնշեալ յանձնախմբերու դրական դատողութենէն ետք «թղթածրարը» կ՛ենթարկուի Վերատեսչութեան եպիսկոպոսներու եւ կարդինալ անդամներու քննութեան:
Դրական պատասխանի մը պարագային, քահանայապետը կը հրատարակէ Աստուծոյ ծառայի կամ աղախինի հերոսական առաքինութիւններու կամ մարտիրոսութեան հրամանագիրը, ու թեկնածուն կը դառնայ պատուարժան կամ երանաշնորհ, այսինքն` անձ մը, որ ապրեցաւ քրիստոնէական հերոսական առաքինութիւնները (աստուածաբանական, հաւատք, յոյս, սէր եւ բարձր առաքինութիւնները), եւ կամ անձ մը, որ նահատակուեցաւ, կամ իր կեանքը զոհեց իր հաւատքին համար:
Երանացումը
Երանացումը դէպի սրբադասում տանող գործընթացին միջանկեալ փուլն է: Եթէ թեկնածուն մարտիրոս կը հռչակուի, ան անմիջապէս երանելի կը դառնայ, ապա թէ ոչ հարկաւոր է առ նուազն անոր բարեխօսութեամբ մէկ հրաշքի պաշտօնական ճանաչումը:
Անգամ մը, որ սրբազան քահանայապետը կը վաւերացնէ դատին գործընթացը եւ հրատարակել կու տայ երանացման հրամանագիրը, երանելին կը ներառուի իր թեմի ծիսական օրացոյցին մէջ:
Սրբադասումը
Սրբադասման հասնելուն համար պէտք է ճանչցուի երկրորդ հրաշք մը, որ տեղի ունեցաւ անոր երանացումէն ետքը: Այս փուլին մէջ եւս եկեղեցին կը դիմէ կանոնական գնահատականի, որ հիմնուած է յատուկ կանոններու վրայ:
Բոլոր դատավարութիւններու նման, այստեղ եւս դատը կ՛ընթանայ մեղադրանքի եւ պաշտպանութեան մասով: Պաշտպան փաստաբանն է խնդրարկուն, որուն պարտականութիւնն է փաստել թեկնածուին սրբութիւնը: Իսկ հաւատքի խթանողը, կամ աւելի հասարակ կերպով ճանչցուած` «սատանային փաստաբան»-ին պարտականութիւնն է վկայութիւններն ու փաստաթղթերը քննարկել ու այնտեղ գտնել բացասական երեւոյթներ: Առաջինը, այսինքն` խնդրարկուն, կը նշանակուի անոր կողմէ, որ դատը սկսելու առաջարկը ներկայացուց, իսկ երկրորդը պաշտօնեայ է Սուրբերու դատի վերատեսչութեան մօտ:
Յատուկ Պարագաներ
Յատուկ պարագաներու, քահանայապետը, պատշաճ քննարկումներ կատարելէն ետք, կրնայ առանց վերոնշեալ ընթացակարգին, որոշում կայացնել անձի մը սրբութիւնը հռչակելու, այնպէս` ինչպէս ըրաւ Ֆրանչիսկոս պապը Յովհաննէս ԻԳ. պապը սուրբ հռչակելով, հիմնուելով անոր սրբութեան համբաւին վրայ, ու նաեւ` Պենետիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր քահանայապետը, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբադասման դատին բացումը կատարեց անոր մահէն քանի մը շաբաթ ետք, առանց սպասելու նախատեսուած հինգ տարիները:
ՎԱՏԻԿԱՆ