Ծ. Խ.- «Հորիզոն»-ի եւ Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան «Սփիւռքը. անուն եւ երեւոյթ» իր ուսումնասիրութեամբ կ՛ուրուագծէ «Սփիւռք» հասկացողութեան ժամանակագրական հոլովոյթը, թէ ե՞րբ սկսած է սփիւռքը եւ ի՞նչ է սփիւռքը: Միաժամանակ յօդուածագիրը սփիւռք եզրաբանութեան վերլուծումը կը կատարէ` ի մի բերելով ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի վարիչ-խմբագիր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բաբգէն Փափազեանի եւ գրագէտներ Յակոբ Օշականի ու Վահէ Օշականի գաղափարները` սփիւռք հասկացողութեան մասին:
Նախ` ե՞րբ սկսաւ հայ սփիւռքը:
Ըստ ժամանակակից ընդհանրական տեսութեան, Հայոց ցեղասպանութիւնն է, եւ ապա` Հայաստանի խորհրդայնացումը (1):
Կարլեն Դալլաքեան իր` «Հայ սփիւռքի պատմութիւն» գիրքին մէջ (Երեւան, 1998, ԴՀՍՊ) սփիւռքի «գոյաւորում»-ին մեկնակէտ դրած է Լոզանի խորհրդաժողովը: Գրած է. «Հայրենի տարածքներից բռնագաղթած զանգուածը մէկ անգամից չէ, որ դարձաւ սփիւռքահայութիւն: Սիրիայի, Լիբանանի, Յունաստանի վրանաքաղաքներում, հաւաքավայրերում, ճամբարներում, թէ այլուր տանիք գտած բազմութիւնները օրը օրին սպասում էին արդարութեան յաղթանակին եւ տունդարձին… Յոյսը եւ հաւատը մեծապէս առնչւում էին Ա. Աշխարհամարտում յաղթական մեծ տէրութիւնների ամպագոռգոռ յայտարարութիւններին ու խոստումներին, եւ մանաւանդ` 1920-ին Սեւրում կնքուած պայմանագրի հետ… յոյսի ու հաւատի երփներանգ ծիածանը շղարշել էր աչքերը. չէ՞ որ Սեւրը խոստանում էր ազատ, ինքնիշխան հայկական պետութիւն` պատմական Հայաստանի մի խոշոր տարածքի վրայ (Ուիլսընեան սահմաններով): Հիասթափութիւնը իրեն երկար սպասել չտուեց: 1922-1923 թուականներին տեղի ունեցած Լոզանի խորհրդաժողովը եկաւ վերջ տալու հայութեան ռոմանթիկ ձգտումներին: Լոզանի հաշտութեան պայմանագիրը ստորագրուեց 1923 թուականի յուլիսի 24-ին: Սեւրի փաստաթուղթը զամբիւղ նետուեց… Աւարտուեց պատմական մի ամբողջ ժամանակահատուած: Այլեւս պէտք էր քակուէին ճամպրուկներն ու ծրարները, հայը պէտք էր փնտռէր ու գտնէր իր մշտական ֆիզիքական թէ ազգային կեցութեան ձեւերն ու կերպերը հէնց նոյն տարագրութեան մէջ, օտար երկինքների տակ: Վերջնականապէս սկսում էր ձեւաւորուել հայութեան որակական մի նոր վիճակը, որը հետագայում ստացաւ սփիւռք անուանումը»: Բացատրութիւնը, այնուհանդերձ, կ՛ըսէ, որ սփիւռքի ձեւաւորումը («գոյաւորում»-ը) սկսած էր նախքան Լոզանի խորհրդաժողովը, ուրեմն` Հայոց ցեղասպանութեան հետ, ապա` Հայաստանի խորհրդայնացման եւ «վերջնականապէս»` Լոզանի խորհրդաժողովին:
Ա. «Սփիւռք» անունը
Ոսկեդարեան Աստուածաշունչին մէջ կը հանդիպինք «սփիւռ», «սփռել» եւ «սփռիլ» բառերուն: Անոնց արմատը յունարէն «սփիռի» բառն է, որ սերմնահատիկ կը նշանակէ: Անկէ եկած է նոյն լեզուին «տիա սփիռոն»-ը (ասոր վրայ յօրինուած է «Diaspora»-ն), որ կը թարգմանուի սփռուած սերմնահատիկներ: Ժամանակի ընթացքին արմատէն սերած բայը առած է նաեւ ներգործական ու կրաւորական ձեւեր եւ տարբեր իմաստներ. անոնցմէ` տարածել/տարածուիլ կամ դէպի այլ տարածքներ ցրուել, ցրուուիլ եւ այլք (միւս իմաստներուն համար կարելի է բանալ «Նոր բառգիրք»-ը եւ տեսնել):
Բաբելոնեան աշտարակի Ս. Գրային դրուագին մէջ կը կարդանք. «Եւ սփռեաց զնոսա Տէր Աստուած անտի ընդ երեսս ամենայն երկրի, եւ դադարեցին ի շինելոյ զքաղաքն եւ զաշտարակն» (Ծն 11.8): Այստեղ «սփռեաց»-ը կը նշանակէ այլ տարածքներ ցրուեց կամ տարտղնեց: Ուրեմն բառը կար հայ գրաւոր լեզուին մէջ 5-րդ դարէն, հաւանաբար անկէ առաջ քանի մը դար ալ` բանաւոր լեզուին մէջ:
Մինչեւ 20-րդ դար անիկա յատուկ անուն մը չէր: Իսկ 20-րդ դարուն նախ երեւցաւ «Diaspora»-ի տառադարձութեամբ մը: Երուանդ Օտեան 1924-1925 «Արեւ»-ի մէջ` իբրեւ թերթօն, տպեց իր «Հայ տիասբորան» վէպը (2):
Եր. Օտեան ինչո՞ւ «Diaspora»-ն տառադարձած էր` փոխանակ «Սփիւռք» գրելու: Յատուկ անունը այն օրերուն չկար: (Առ ի տեղեկութիւն. թէ՛ անկէ առաջ եւ թէ՛ անկէ ետք երկար ժամանակ ֆրանսերէն-հայերէն բառարաններուն մէջ չենք հանդիպիր բառին: Իսկ անգլերէն-հայերէն բառարաններէն 1922-ի «Ընդարձակ բառարան անգլիերէնէ-հայերէն»-ին մէջ` «Համասփիւռ հրեաներ եւ այլն» բացատրութեան. 1970-ի «Անգլերէն-հայերէն արդի բառարան»-ին մէջ` «Աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հրեաներ, սփիւռք, գաղթաշխարհ»: Տե՛ս առցանց ֆրանսերէն-հայերէն եւ անգլերէն-հայերէն բառարանները): Արդեօք Եր. Օտեան, փոխանակ անունը հնարելու, իր վէպը «Հայ տիասբորան» վերնագրած էր` նաեւ թելադրելու համար «գաղթաստան»-ին (Յակոբ Օշական) քաղքենիացո՞ւմը, այլասերո՞ւմը…
Ո՞վ էր եւ ո՞ւր, որ առաջին անգամ բառը գործածեց` իբրեւ յատուկ անուն (3): Հայ պարբերական մամուլին եւ գրականութեան մէջ հսկայական պրպտում մը գուցէ կարենայ հարցումին արդար պատասխանը տալ:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնաթերթի 1930 տարուան փետրուարի խմբագրականին մէջ («Հայ եկեղեցւոյ արդի վիճակը») կը կարդանք. «Հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այսօր կը գտնուի Հայաստանէն դուրս (…), սփռուած հեռաւոր կէտերու վրայ, ստեղծուած է հայկական նոր սփիւռք մը (Diaspora)» (ընդգծումը` Գ Ք): Այսպէս, հայերէն բառը պարզատառ, իսկ արեւմտեանը` գլխագիր: Վրէ՞պ մը: Կը կարծեմ, որ արեւմտեանին գլխագրումը, թելադրիչ է հայերէնին դէպի անուն վերածման վարանոտ ձգտումին: «Սիոն»-ի յաջորդ բոլոր թիւերուն մէջ գլխագրուած է բառը, ուստի` յատուկ անունի վերածուած: Յղացողը Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանն էր: Հաւանաբար զայն հնարած էր խորհրդակցաբար օրուան պատրիարքին` Եղիշէ արք. Դուրեանի:
Յետոյ «Սփիւռք»-ը իբրեւ անուն երեւցած է «Հայաստանի Կոչնակ»-ի 17 յունուար 1931-ի թիւին մէջ: «Խմբագրական տեսութիւններ» վերնագրութեան ներքեւ եւ «Հայ կեանքը անցած տարի/Հայաստան, Մերձաւոր Արեւելք, սփիւռք (Diaspora) եւ Ամերիկա» տիտղոսագրումին տակ: Խմբագրականը շարունակուած է յաջորդական թիւերու մէջ: Ընդամէնը` չորս յօդուած: Առաջինը լոյս տեսած պարբերականի 3-րդ թիւին մէջ, երկրորդը` 4-րդին, երրորդը` 5-րդին, չորրորդը` 6-րդին: Տիտղոսագրումը կրնայ շփոթեցնել, որովհետեւ «Սփիւռք» անունի մեր այսօրուան հասկացողութիւնը կ՛ընդգրկէ Հայաստանէն (ո՛չ միայն` Հանրապետութեանց շրջաններու) դուրս աշխարհը: Երրորդ յօդուածով կը պարզուի խմբագրութեան յղացքը. ըստ որուն, «Սփիւռք»-ը աշխարհի այն տարածքն է, ուր են` Ֆրանսան, Անգլիան, Պելճիքան, Գերմանիան, Աւստրիան, Չեխոսլովաքիան, Հունգարիան, Զուիցերիան, Իտալիան, ի մի խօսք` Եւրոպայի գաղութները. նաեւ` Հնդկաստանը, Ճավան եւ Չինաստանը. այլեւ Խորհրդային Հայաստանէն դուրս` խորհրդային երկիրները (31 յունուար 1931): 1933-ին այս սահմանումը արդէն փոխուած է: «Անցեալն ու ապագան» խմբագրականը կ՛ըսէ. «… որչա՜փ սրտապնդիչ է այն կապը Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան միջեւ, որ վերահաստատուեցաւ այս միջոցիս, Ընդհանրական Հայրապետին ընտրութեամբ» (7 յունուար 1933): Ուրեմն «Սփիւռք»-ը Խորհրդային Հայաստանէն դուրս ապրող հայութեան գաղութներուն յղումի էր վերածուած:
Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեան պիտի կաթողիկոսանար եւ ըլլար աթոռակիցը Սահակ կթղ. Խապայեանի: Արդէն կաթողիկոսացումէն առաջ իր ներդրումը պիտի ունենար տարագիր կաթողիկոսութեան վերականգնումին մէջ: Աթոռակիցի պաշտօնին վրայ իրագործածներէն մին պիտի ըլլար «Հասկ» պաշտօնաթերթին հրապարակումը: Ուստի «Հասկ»-ն ալ կ՛իւրացնէր «Սփիւռք»-ը:
Արդ, «Սիոն»-ն էր, որ անունին աղբիւրը եղաւ:
Երբ Թորգոմ արք. Գուշակեան բարձրացաւ պատրիարքական աթոռ, Սրբոց Յակոբեանց դպրեվանքը վերածեց ուսումնական որակաւոր հաստատութեան մը: Այնտեղ պաշտօնավարելու կոչեց, ի շարս այլոց, նաեւ Յակոբ Օշականը, որ իւրացուց «Սփիւռք»-ը: 1937 տարուան փետրուարի թիւին մէջ անոր գրիչէն «Գիրքերու քովն ի վեր» գրախօսութիւն մը կայ, որ կը սկսի այսպէս. «Սփիւռքի իմացական վաստակին մէջ, ատեն մը, տխրօրէն ուշագրաւ եղած է աստիճանական նահանջը` դէպի միջակութիւն կամ եսակեդրոն նարքիսականութիւն մը` այն սեռին, որ մերձաւոր մեր անցեալին մաքրագոյն փառքն էր կազմէր: Անիկա արեւմտահայ քերթողութիւնն էր»: Կը կարծեմ, թէ Յ. Օշականի «Սփիւռք»-ի առաջին հրապարակեալ գործածութիւնն է, որ կը տեսնուի այս պարբերութեան մէջ:
Յ. Օշական հաւանաբար 1936-ին ձեռնարկեց 10 հատորանի «Համապատկեր»-ներու շարքին: Ասոր քանի մը մենագրութիւնները նախապէս գրուած էին: «Սիոն»-ի 1944 տարուան յունուար-փետրուար-մարտ թիւին մէջ կը գտնենք «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան/Մուտք»-ը, որ հատուած մըն է Ա. հատորի ներածութենէն (հատորը լոյս տեսաւ 1945-ին, Երուսաղէմ). անոր մէջ կը կարդանք. «Թէեւ կաղապարները պատրաստ են յետպատերազմեան սերունդին վրայ կատարուելիք աշխատանքին, իբր շարունակութիւնը երեք սերունդներու նուիրուած սա վկայութեան, բայց կը տարակուսիմ, թէ ինծի պիտի տրուի ժամանակը այդ կաղապարները վերածելու գործի: Համաստեղ, [Կոստան] Զարեան, Շահան Շահնուր, Հրաչ Զարդարեան, [Շաւարշ] Նարդունի, Փայլակ Միքայէլեան անունները այդ սերունդին աւագ ներկայացուցիչներն են (…): Յաւելուածական այդ հատորին մուտք կրնայ ծառայել բաժինը այն համապատկերին, որ «Հայ գրականութիւն» գիրքին մէջ յետպատերազմեան գրողներէ ընտրեալ կտորները կը նախաբանէ «Անմիջական գրականութիւն» տիտղոսին ներքեւ եւ այլն:
Այս մէջբերումին մէջ չ՛երեւիր «Սփիւռք» անունը: Բայց երբ կը բանանք յաջորդ տարին իսկ լոյս տեսած Ա. հատորը, կը տեսնենք, որ «Սիոն»-ի մատուցած «Մուտք»-էն առաջ հեղինակը իր ծրագրին վրայ խօսելով` գրած է հետեւեալը, թէ անիկա «կ՛ընդգրկէ հետեւեալ չորս մեծ բաժանումները». Ա) Զարթօնքի սերունդ եւ ռոմանթիկներ, բ) Իրապաշտներ, գ) Արուեստագէտ սերունդ, եւ դ) Նորագոյն կամ սփիւռքի գրականութիւն (Երուսաղէմ, 1945):
Եւ այսպէս, «Սփիւռք» անունը գրող շրջանակներուն մէջ կ՛արձագանգէր: Անկասկած մեծ պիտի ըլլար անունին արձագանգը իր «Սփիւռքը եւ իրաւ բանաստեղծութիւնը» մենագրութեան հետ (Երուսաղէմ, 1945): Նաեւ` յաջորդ տարին Հալէպ լոյս տեսած «Վկայութիւն մը» գիրքին (Հալէպ, 1946):
«Սփիւռքը եւ իրաւ բանաստեղծութիւնը» մենագրութիւնը նուիրուած էր Վահան Թէքէեանի: Իսկ «Վկայութիւն մը» գիրքը լայն անդրադարձ մըն էր Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ին: Մենագրութեան համար գրեցի` «Մեծ պիտի ըլլար անունին արձագանգը», որովհետեւ, համաձայն Նիկողոս Սարաֆեանի, շատեր երազած էին ու կ՛երազէին, մուրացած էին ու կը մուրային Օշականի վաւերացումը, քանի որ անոր խօսքերը ունէին «պատգամներու զօրութիւնը»: Եւ այն ատեն Օշական «իր շուքին տակ» առած էր սփիւռքը («Տեսարանները, մարդիկ եւ ես», խմբ. Գր. Պըլըտեան, Երեւան, 1994): Իսկ «Վկայութիւն մը» գիրքին շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներու մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուէր:
1944-ին կը սկսէր հրապարակուիլ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթը` «Էջմիածին»-ը: Այնտեղ հայրապետական տեղակալը` Գէորգ արք. Չէօրէքճեան, «Հայ եկեղեցու պարտքը իր ժողովրդի հանդէպ» գրութեան մէջ ըսած էր. «Հայրապետական ամսագիրը հանդիսանում է այն միջոցը, որը պէտք է համախմբի սփիւռքի բոլոր հայերին իրենց սրբազան հայրենիքի շուրջը, Մայր Աթոռի շուրջը» (յունուար 1944): Թէեւ «Էջմիածին»-ի մէջ «Արտասահման» անունը պիտի երեւար, բայց աւելի յաճախակիօրէն` «Սփիւռք» անունը:
Արդարեւ, Երուսաղէմի պատրիարքութեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթերը շատ պիտի նպաստէին «Սփիւռք» անունին տարածման: Մինչ աշխարհական պարբերականներու մէջ «Արտասահման» անունը դեռ պիտի տեւէր` վերջ ի վերջոյ տեղի տալու համար «Սփիւռք»-ին առջեւ: Եւս առաւել` Յ. Օշականի գրիչին հեղինակութիւնը:
Անկասկած Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» պարբերականը անունին արձագանգման յաճախակիութիւնը պիտի աւելցնէր: Ան 1958-ին կը ձեռնարկէր պարբերականին հրատարակման: Զայն կը խմբագրէր եւ կը հրատարակէր մինչեւ 1974: Ապա կը յանձնէր: 1975-1978` երեք թիւ տարեգիրք: Անկէ ետք «Սփիւռք»-ը որեւէ կապ չունի սիմոնեանական տեսլականին հետ:
1958-ի երկրորդ թիւին մէջ «Հայ սփիւռքը արժէք է» վերնագրութեամբ արձանագրած էր. «Պատմութեան ճակատագրական տնօրինումով հայութիւնը կը պատկանի դասին այն սակաւաթիւ ժողովուրդներու, որոնք կ՛ապրին նաեւ իրենց հայրենիքներէն դուրս, նկատելի քանակութեամբ: Հայ ժողովուրդի միայն մէկ երրորդը կ՛ապրի հայրենիքին մէջ. անդին` նկատելի մեծամասնութիւն մը կ՛ապրի մայր հայրենիքէն դուրս` բաժնուելով երկու գլխաւոր խումբերու. ա) Սովետական հայ սփիւռք` Վրաստան, Ազրպէյճան, Կովկաս, Ռուսիա, սովետական Ասիոյ զանազան շրջանները, բ) Ոչ սովետական հայ սփիւռք (այն, զոր սխալմամբ մենք սովորաբար կը ճանչնանք իբրեւ միակ հայ սփիւռքը)` Սուրիա, Լիբանան, Թուրքիա, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա եւ այլք» (11 ապրիլ 1958): Սոյն խմբագրականի վերջաւորութեան խոստում մը տուած էր ան` ըսելով. «Դեռ կ՛անդրադառնանք ընդլայնումներով»: Հակառակ իր խոստմնապահութեան եւ եռանդին` պիտի չկարենար այն «ընդլայնումներ»-ը կատարել:
Յօգուտ «Սփիւռք» անուան` անկիւնադարձային պիտի ըլլար ստեղծումը «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ»-ին, 1964 թուականին: Նախապէս որոշուած էր զայն անուանել «Արտասահմանեան հայրենակիցների հետ մշակութային կապերի կոմիտէ», բայց Մարտիրոս Սարեանի առաջարկով, կոմիտէն ստացած էր իր ծանօթ անուանումը: Կոմիտէին «նպատակներ»-ն ու «խնդիրներ»-ն էին` «հաստատել եւ զարգացնել կապերը սփիւռքահայ գաղթօճախների հետ, գաղթօճախների հայութեանը ծանօթացնել հայրենիքի կեանքի, ձեռքբերումների, գիտութեան ու մշակոյթի հետ, գաղթօճախների հայութեան մէջ սերմանել հայրենասիրութիւն, ՀԽՍՀ-ի աշխատանքներին ծանօթացնել գաղթօճախների, առաջադիմական կազմակերպութիւնների, ձուլման դէմ պայքարի եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնների զարգացման ուղղուած աշխատանքների հետ» (Ա. Եղիազարեան, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնների գերակայ ուղղութիւնները, առցանց): Այս մարմինը «սերտօրէն կապուած էր Կոմկուսի Կենտկոմի եւ հանրապետութեան կառավարութեան հետ» (ԴՀՍՊ): Այս կոմիտէն ըստ կարելիութեանց գործեց, եւ ապա ձգձգուեցաւ մինչեւ 2002:
Ակնարկեցի, որ Սիմոնեանի պարբերականը «Սփիւռք»-ի մասին «ընդլայնումներ» ընել խոստացած էր, սակայն չկրցաւ: Ըստ իս, «ընդլայնումներ»-ու լայնագոյն վայր եղաւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ը (1969-1985): Սփիւռքի մէջ ցարդ ԱՇԴ-ի տարողութեամբ անդրադարձումներու այլ վայր չէ եղած: Անշուշտ նկատի չունիմ Խաչիկ Թէօլէօլեանի խմբագրած «Diaspora: a journal of transnational studies»-ը, որ միջազգային ընդգրկում ու կշիռ ունէր եւ գիտական մեծ իրագործում մըն էր, ու կը շարունակէ ըլլալ որպէս այդպիսին: Նաեւ նկատի չունիմ Անդրանիկ Տագէսեանի տնօրինութեամբ` «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրական կեդրոն»-ի հրատարակութիւնները:
Մինչ կրօնական պարբերականներուն մէջ «Սփիւռք» անունը կը տիրէր, աշխարհական պարբերականներուն մէջ «Արտասահման» անունը մերթ ընդ մերթ տեղ տուաւ «Սփիւռք»-ին, 1940-ականներէն: Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ետք մրցակից «Սփիւռք»-ը մերթ ընդ մերթ տեղ տուաւ «Արտասահման»-ին:
1990-ին ՀՅԴ մամուլին մէջ մտաւ «Արտերկիր» անունը: Օրինակ` տե՛ս Վրէժ-Արմէն Արթինեանի ի նպաստ «Արտերկիր»-ին յօդուածը` «Հայրենիք-սփի՞ւռք/Թէ երկիր-արտերկիր» («Հորիզոն», 12 մարտ 1990): Բայց «Արտերկիր»-ը չընդհանրացաւ, նոյնիսկ հակազդեցութիւններու հանդիպեցաւ: Հակազդողներէն յատկապէս յիշատակելի է Վահէ Օշականը, որ յայտարարեց, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ, երբ Հայաստանէն հնչող «Արտերկիր»-ին տրուի պատասխան, եւ ըսուի` թէ Հայաստանն ալ` արտասփիւռք է…
—————
(1).- Տե՛ս` «Սփիւռք. ինքնութիւն/Այլութիւն», Ա. հատոր, Մոնրէալ, 2022, Ներածութիւն: Սոյն յօդուածի բոլոր յղումներէն զեղչեցի էջաթիւերը` ապաւինելով որոնողին հետաքրքրութեան:
(2).- Եր. Օտեանի «Հայ տիասբորան» վէպին դրուագներուն վայրերն են Կ. Պոլիսը, Պուլկարիան, Յունաստանը, Ռումանիան, Եգիպտոսը եւ Սուրիան:
(3).- «Սփիւռք» անուան որոնումի նախաքայլս կը պարտիմ Վ. Մատթէոսեանի («Pasado Sin Retorno, Futuro Que Espera», Montevideo, 2011):
(Շար. 1)



