Յօդուածներ

Տոմս.  Պեթ. Վտանգը Աւերներ Կը Գործէ

Տոմս. Պեթ. Վտանգը Աւերներ Կը Գործէ

Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն նախօրեակին պէտք է մատը դնել վէրքին վրայ: Պեթ: Բառ մը, որ ահաւոր ախտի մը ակնարկութիւնն է: Ախտ մը, որ աւերներ կը գործէ: Հարցին որքան ծանրակշիռ ըլլալը հասկնալու համար, ներկայացնենք երիտասարդ հօր մը պարագան, որպէսզի  յստականայ, թէ երբ պեթը անառարկելիօրէն տնաքանդ մոլութիւն մըն է կ՛ըսուի, ճիշդ ինչ տարողութիւն ունի վտանգը: Մեքենագործ այս երիտասարդը երկու անչափահաս զաւակներու հայր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Պիտի Մերժենք Նոր 9 Նոյեմբերներ (Կամ` Յիշելով Փեթէնները)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երկու տարի առաջ, 10 նոյեմբեր 2020-ի առաւօտուն, հայութիւնը ահարկու ցնցում մը ապրեցաւ` իմանալով, որ թուրք-ազերիական զինակցութեան դէմ ամբողջ 44 օր պատերազմած Հայաստան-Արցախը վերջակէտ մը դրած է 90-ականներուն սկսած յաղթանակներու եւ խիզախումներու փուլին եւ մարդկային ու հողային հսկայական կորուստներով պատմութեան անցուցած շնչասպառ ընող փուլ մը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմ անունով: (Ըսինք` վերջակէտ մը, որովհետեւ...) Հայաստան-Արցախէն...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Ազատութի՛ւն... Ամէն մի շնչող էակի, մարդ արարածի, ազգերի ու ցեղերի, ժողովուրդների ամենաբարձր երազանքը, գոյութեան երկնային կեցութիւն, որից զրկուած է եղել դարեր շարունակ հայոց ժողովուրդը: Ազատութեան կանչը բերանին զոհուեց Մամիկոնեանց Վարդանը, գրեթէ մէկուկէս հազարամեակ առաջ... Ազատութիւն` գոչեց հայորդի Միքայէլ Նալբանդեանը, ու նրանից առաջ շատերը ու նրանից յետոյ` շատերը... Տարիներ ու տարիներ, տենչանքներն այդ կուտակուեցին, ամբարուեցին ազգի գիտակցութեան ընդերքներում, խուլ մրմնջոցներով, անհամարձակ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  «Թուրքիոյ Ծաւալապաշտ Քաղաքականութեան Հետեւանքները Տարածաշրջանին Մէջ Խորագիրով Խորհրդաժողով 4 նոյեմբերին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած` «Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքները տարածաշրջանին մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը: Կազմակերպիչ մարմինի անունով Հայկ Պաթթալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, այնուհետեւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահվէճեան լուսարձակի տակ առաւ փանթրքութեան քաղաքականութեան ծալքերը եւ...

Սփիւռքը/Անուն Եւ Երեւոյթ

Սփիւռքը – Անուն Եւ Երեւոյթ

ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԳՈՅՈՒՆԵԱՆ Ծ. Խ.- «Հորիզոն»-ի եւ Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան «Սփիւռքը. անուն եւ երեւոյթ» իր ուսումնասիրութեամբ կ՛ուրուագծէ «Սփիւռք» հասկացողութեան ժամանակագրական հոլովոյթը, թէ ե՞րբ սկսած է սփիւռքը եւ ի՞նչ է սփիւռքը: Միաժամանակ յօդուածագիրը սփիւռք եզրաբանութեան վերլուծումը...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Մեր օրերուն, հայ ժողովուրդը երբ անարգ թշնամիին սուրը ոսկորին հասած եւ իր գոյութիւնն էր վտանգուած, աստուածային երկունքով մը ծնունդ տուաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, անոր միջոցաւ իր կեանքն ու պատիւը, իր ազատութեան Աստուածատուր իրաւունքը պաշտպանելու համար: Հրաշալիօրէն գեղեցիկ, բայց բնազանցական էր Վահագնի ծնունդը: Առնականօրէն գեղեցիկ, բայց նաե՛ւ մարդկային էր Դաշնակցութեան ծնունդը, որուն համար երկունքի մտած էին համահայկական ցաւն ու տառապանքը, արցունքն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Ստեփանակերտի Կեդրոնը Կոչուեցաւ Նահատակ Արտակ Իշխանեանի Անունով ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ գտնուող միութեան Երիտասարդական կեդրոնը անուանակոչուեցաւ դաշնակցական ընկեր, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան եւ ՀՄԸՄ Արցախի միաւորի վարչութեան անդամ Արտակ Իշխանեանի անունով: Հանդիսութեան ներկայ էին` Արտակ Իշխանեանի ծնողները եւ հարազատները, կուսակցական եւ գաղափարակից...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Մելիքներէն Նամակներ Եւ Դիմում Ռուսական Իշխանութիւններուն` Արցախցիներու Իրաւունքներու Վերահաստատման Խնդրանքով

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքներէն Նամակներ Եւ Դիմում Ռուսական Իշխանութիւններուն` Արցախցիներու Իրաւունքներու Վերահաստատման Խնդրանքով

Մեհտի Ղուլի` Ղարաբաղի Խան ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեհտի Ղուլի խան Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի սպանութեան հարցով մելիք Ջումշուդ նամակ գրեց զօրավար Նեսվետաեւի, ուր կ՛ըսէր. «Իպրահիմ խանը ճանապարհէն դուրս եկաւ եւ մեծի կայսերական ծառայութիւնը խափանեց, պարսկական զօրքը բերաւ մօտեցուց, որ ինքն ալ երթայ անոնց միանայ: Խանը իր բերդէն դուրս ելաւ: Գիշերը խառնակութիւն եղած ժամանակ խանը սպաննուեցաւ: Այժմ պարսիկ ղզըլպաշ զօրքը Ղարաբաղի մէջ...

«Ապագան Լուսաւոր Կը Տեսնեմ»  «Ազդակ»-ին Հաստատեց Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդի Նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան

«Ապագան Լուսաւոր Կը Տեսնեմ» «Ազդակ»-ին Հաստատեց Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդի Նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 2009 թուականին հիմնուած Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդը Սուրիոյ պատերազմին պատճառով որոշ ակամայ դադարէ ետք արդէն իսկ աշխուժ կերպով վերսկսաւ իր գործունէութեան: Վերջերս խորհուրդին նախաձեռնութեամբ այցելութիւն տրուեցաւ Հայաստան, ուր տեղի ունեցան տարբեր հանդիպումներ: Այս բոլորին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» զրուցեց Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանին հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Նախքան սուրիական պատերազմը` շատ աշխուժ կերպով կը...

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Վարչութիւններու Առցանց Հաւաք

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Վարչութիւններու Առցանց Հաւաք

Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմիններու եւ վարիչ կազմերու դիւաններուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին տասը շրջաններ,  գրասենեակին կողմէ ներկայացուեցան գրասենեակի աշխատանքները, Պատանեկան միութիւններու ուղեցոյցը եւ պատանեկան հարցերու յանձնախումբին յառաջիկայ վեցամսեայի ծրագիրները: Նախատեսուած ծրագիրներուն մէջ առանձնացուեցան հետեւեալ գլխաւոր երեք նախաձեռնութիւնները, որոնց մասին մանրամասնութիւններ տրուեցան. ա.- ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՌՑԱՆՑ Բ. ԴԱՍԸՆԹԱՑ.- ...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի անհուն տառապանքէն ու ծով ցաւերէն, իբրեւ արտայայտիչը անոր ազատ ու անկախ ապրելու կամքին: Դարձակէտ մը կազմեց անոր ծնունդը իննսունական թուականներու վերջին տասնամեակին, երբ ահաւոր երկունքի մէջ էր հայաշխարհը,- մեր արցունքի հովիտը: Դարաւոր բռնակալութեան դէմ ընդվզում մըն էր անոր երեւումը դարաւոր ու փառաւոր պատմութեան դափնիներով պսակուած ազգի մը ընտրանիին կողմէ: Տարերային պոռթկում մը` ստրկութեան անարգ շղթաները...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

արդ եւս 2022 – 2023. Արեւմտահայերէնի Մշակութային Նպաստ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը մեկնարկէ արդ եւս արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած նպաստի ծրագիրին երկրորդ շրջանը: Այս առաջատար ծրագիրին միջոցով բաժանմունքը պիտի շարունակէ աջակցիլ հայերէնով ժամանակակից մշակոյթ եւ մտածողութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւններուն: արդ եւս-ին նպատակն է ոգեշնչել, նպաստել եւ աջակցիլ մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներու նորարարութեան եւ ժամանակակցութեան` ապահովելու արեւմտահայ լեզուին ու մշակոյթին կենսունակութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է նաեւ եկող...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Ընձուղտը Կամ Giraffa Camelopardalis-ը - Արեան Բարձր Ճնշման Ծանօթ Դեղատեսակ Մը` Telisartan-Ը, Կրնայ Կանխել Ալցհայմըրի Հիւանդութիւնը Սեւամորթ Հիւանդներու Մօտ Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ընձուղտը Կամ Giraffa Camelopardalis-ը Ընդհանուր ակնարկ Ինչո՞ւ մարդիկ այդքան կը նային ընձուղտներուն. բացի ակնյայտ այն պատճառէն, որ անոնք բաւական բարձրահասակ են, որովհետեւ անոնք բնութեան ստեղծագործութեան հրաշալի օրինակներ են: Ընձուղտները ցամաքային ամէնէն բարձրահասակ  կենդանիներն են: Ընձուղտը կրնայ նայիլ երկրորդ...

Թող Հնչեն Յաղթանակի Զանգերը

Թող Հնչեն Յաղթանակի Զանգերը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երբ կը կայանար Ստեփանակերտի պահանջատիրական հանրահաւաքը, Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովը ընթացքի մէջ էր: Ժողովը լսե՞ց արդեօք Արցախէն հնչող ահազանգային ճիչը: Հաւանաբար` ոչ, որովհետեւ այդ մէկ ժամնոց ազատ զրոյցը, որուն նախատեսուած էր, ի միջի այլոց, որ մասնակցի նաեւ Արցախի ներկայացուցիչը, վերջնական օրակարգին վրայ փոխարինուած էր լոկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումով մը: Ի՞նչ եզրակացութիւններ, ի՞նչ պատգամ համայն հայութեան հնչեցուց...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը հասել է մի հանգրուանի, ուր այլեւս նոյնացած են իր եւ հայ ժողովուրդի նպատակն ու տեսլականը: Այդ նպատակն ու տեսլականը մարմնաւորուել են հայոց ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, հայկական մշակոյթի մէջ, հայի նկարագրի ու հոգեբանութեան մէջ: Դաշնակցութիւնը արտացոլել է հայ ժողովուրդի դարաւոր տենչերն ու ձգտումները, այն աստիճան` որ այն թէ՛ քաղաքական պատմութիւն է, թէ՛...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Պահպանուած Հայերէն Հնատիպ Գիրքերու Ժառանգութիւնը Լեհաստանի Մէջ

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Դարերու ընթացքին գրաւոր մշակոյթի ձեռագիրներն ու տպագիր գիրքերը մնայուն կերպով եղած են սփիւռքահայուն կեանքի ուղեւորութեան անբաժան, վստահելի եւ սրտակից ուղեկիցները: Բայց այդ ձեռագիրներն ու տպագիր գիրքերու դեգերումները բարդ եւ երբեմն ողբերգական պատմութիւններ եղած են` անոնց  սեփականատէրերու ճակատագիրներուն նման: Նոյն ճակատագրին արժանացած են նաեւ լեհահայ դարաւոր համայնքի հայերէն ձեռագիրներու, հնատիպ մատեաններու, տպագիր գիրքերու վաւերական ժառանգութիւնը, որուն մէկ մասը...

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Կը Կիսեն 2020-ի Արցախեան Պատերազմին Իրենց Թալանածը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Մինչ Հայաստան կ՛ամոքէր 2020-ի արցախեան պատերազմի իր վէրքերը, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ժամանակ չէին կորսնցներ հաւաքուելու եւ իրենց ընտանիքներուն ու մտերիմներուն միջեւ բաժնելու Արցախի եւ շրջակայ տարածքներու գրաւումէն ձեռք բերուած աւարը: Ազրպէյճանցի լրագրող Ուլքար Նաթիքքըզի 24 հոկտեմբերին eurasianet.org կայքին մէջ հրապարակեց իր հետաքննական յօդուածը` ««Եղբայրական» Ազրպէյճանն ու Թուրքիան շահաւէտ ղարաբաղեան առեւտրական կապեր կը կառուցեն»...

Սպասում

«Զուլալի՛» Մերօրեայ Դառն Հեքիաթ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ներկայ աղէտահար շրջանի առաջին նշանակելի գեղարուեստական խաղարկային ժապաւէնն է Հայկ Օրդեանի բեմադրած «Զուլալի՛»-ն, որ հիմնուած է  Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին վրայ: Մերօրեայ հեքիաթ մը, որ ունի բարոյական առաջադրանք` յոյս ներշնչել հայրենի աղէտահար հանդիսատեսին, եւ ոչ` միայն: Նկարուած է համավարակի եւ պատերազմի ծանր պայմաններու տակ, բայց համավարակն ու պատերազմը ուղղակի պատկերումով ներկայ չեն: Իմաստալից կերպով ներկայ չէին կրնար ըլլալ,...

Յառա՛ջ, Մի՛շտ Յառաջ, Թէկուզ Խելագարած

Յառա՛ջ, Մի՛շտ Յառաջ, Թէկուզ Խելագարած

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Այլ բացատրութիւն չկայ սա ՀՄԸՄ-ին անիմանալի վազքին: Այլ բացատրութիւն չկայ սա ՀՄԸՄ-ին աննկուն յառաջխաղացքին: Տրամաբանական բացատրութիւն չկայ սա ՀՄԸՄ-ի «յառաջ ընթանանք»-ին: Անկեղծ ըսուած, դժուար թէ կարելին ըլլայ բացատրել մանաւանդ սա օրերուն, մանաւանդ` սա Լիբանանի անձուկ իրավիճակին, սա Պէյրութի տղոց սկաուտ-գայլիկական առոյգ շարժումը, բանակումը, տողանցքը, ինչո՞ւ չէ, տողանցքները, նոր տարեշրջանի դիմաւորումը, դաշտերու բարեկարգումը ու այդ բոլորէն առաւել ու անդին`...

«Անձրեւանոցային» Դիւանագիտութիւն. Անդրանիկ Թեւանեան

«Անձրեւանոցային» Դիւանագիտութիւն. Անդրանիկ Թեւանեան

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԵՒԱՆԵԱՆ ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սոչիի անձրեւային եղանակը շատ խորհրդանշական ստացուեց: Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ բանակցութիւններում Ալիեւը սեփական անձրեւանոցով էր պաշտպանուել թրջուելուց, իսկ Փաշինեանը` Փութինի անձրեւանոցով: Ինքնիշխանութիւնից խօսող Փաշինեանն անձրեւանոց է փնտռում, որ տակը մտնի: Պրիւքսելում մտնում է Միշելի անձրեւանոցի տակ, Փարիզում` Մաքրոնի, Ուաշինկթընում` Պայտընի, Սոչիում` Փութինի, հոգու խորքում` Էրտողանի: Սոչիի բանակցութիւնները Փութինի համար շատ ծանր էին: Ծանր էին, քանզի...

Page 303 of 1112 1 … 302 303 304 … 1,112

Արխիւներ