Յօդուածներ

Սթափելու Ժամանակը

Արցախէն Հնչող Պահանջը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 30 հոկտեմբեր 2022-ին, Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակը հաւաքուեցաւ Արցախի ողջ ժողովուրդը: Արցախի ժողովուրդը, 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Փութին եռակողմ հանդիպման նախօրեակին ըսաւ իր վճռական մերժումը Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու նախապատրաստուող որոշման դէմ: 27 հոկտեմբերին, «Վալտայ» ակումբի հանդիպման ընթացքին Փութին յայտարարած էր, որ ուաշինկթընեան համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչում. եթէ Հայաստանը ասիկա կ՛ընտրէ, ապա...

Սփիւռքի Պահպանման Ու Զարգացման Գրաւականը

Սփիւռքի Պահպանման Ու Զարգացման Գրաւականը

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «... Դուն կը պատկանիս նախնական եւ քաջ ազգի` արդիւնաւոր ոչ միայն խօսքի եւ պիտանի խոհականութեան մէջ, այլեւ` բազմաթիւ մեծամեծ փառաւոր գործերով, զորս մենք կը յիշատակենք այս պատմութեան ընթացքին» ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ Ազգի գոյատեւման, պահպանման ու զարգացման գրաւականը ինքնութեան ճանաչումն ու այդ ինքնութեան պատկանելիութիւնը զգալու գիտակցումն է: Ինքնութեան ճանաչումը լեզուի, եկեղեցւոյ, դպրոցի, աւանդոյթներու եւ մշակոյթի գիտելիքներու ամբողջութիւն մըն է, որուն...

Ինչո՞ւ.  Երեք Պատմութիւն, Մէկ Հարց

Ռ. Իշխանեան (ԺԴ.). «Խորհրդային Օրէնքներով` Պայքարիլ Իրենց Դէմ»…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ    Երեւանի պետական համալսարան, 1971,  սեպտեմբեր Սիրելի՛ ընթերցող, Առաջին հանդիպումն էր հայոց լեզուի դասախօսին հետ: Ներս մտաւ, կարիք չեղաւ զգաստութեան հրաւիրել շաղակրատող ուսանողները, որովհետեւ իր կեցուածքով ու հեղինակութեամբ ինքզինք պարտադրեց, ու վայրկեան մը չանցած` լռութիւն տիրեց լսարանին մէջ: Իշխանեան, զննական հայեացք մը նետելէ ետք ներկաներուն վրայ, առանց նախաբանի սկսաւ. - Հարիւրից աւել ուսանողներ էք: Ձեր կէսը ընդունուած կը լինի...

Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը Մեծ Շուքով Կատարեց Նոր Շէնքի Հիմնարկէքը

Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը Մեծ Շուքով Կատարեց Նոր Շէնքի Հիմնարկէքը

370.000 Եւրօ` Ի Նպաստ Մարսէյի Նոր Շէնքի Շինութեան Շաբաթ, 22 հոկտեմբերը պատմական օր էր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու միաժամանակ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանին համար: Արդարեւ, բարձրաստիճան`   կառավարական, կղերական, կուսակցական, միութենական ու կրթական ներկայացուցիչներու, բարերարներու ու բարեկամներու ներկայութեան հիմը դրուեցաւ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդառաջել  այն մեծ թիւով աշակերտներու դիմումներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը ստանալ այս երկլեզու ...

Սփիւռքի Ներուժը Պառակտելու Քայլ Մը Եւս

Սփիւռքի Ներուժը Պառակտելու Քայլ Մը Եւս

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այս շաբաթավերջին, հոկտեմբեր 28-31, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ ասիկա Հայաստանի անկախութեան աւելի քան 31 տարիներուն ընթացքին աւանդութիւն դարձած Հայաստան-սփիւռք համահայկական խորհրդաժողովներու կամ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր նախաձեռնութիւններու շարունակութիւնն է, բայց ասիկա պարզացուած տպաւորութիւն է միայն, որովհետեւ այս «գագաթնաժողով»-ը, չյարգելով մասնակցութեան ներկայացուցչական հանգամանքները, պարզապէս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ Ֆրանսի Մեկուսի վարչութիւնը եւ մարզական համալիրի կառուցման «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ը կու գան տեղեկացնելու, թէ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ ՀՄԸՄ-Ֆրանսին կը շնորհէ նորակերտ մարզական համալիր` բաղկացած պասքեթպոլի դաշտէ, ժողովասրահներէ, ճաշարանէ, 400 հոգինոց սրահէ եւ տարբեր խաղավայրերէ: Պայմանագիրը քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի եւ ՀՄԸՄ-Ֆրանսի վարչութեան միջեւ ստորագրուեցաւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մասնագիտացումը` Մամլոյ Դաշտին Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մասնագիտացումը` Մամլոյ Դաշտին Մէջ

Հայ մամուլը որոշիչ դեր ունի սփիւռքահայ թէ հայրենի հասարակութեան կարծիքի ձեւաւորման, հայաշխարհի անցուդարձերու իրազեկման, հայ քաղաքական մտքի հասունացման եւ հայութիւնը յուզող հարցերու լուսաբանման մէջ: Սփիւռքահայ կեանքի տարբեր ժամանակաշրջաններուն հայ մամուլը առանցքային դեր ունեցած է գաղութներու կազմակերպման, աշխուժացման, հաւաքական յիշողութեան եւ ինքնութեան պահպանման մէջ: Թերթերու խմբագրատուները ոչ միայն աշխատանքի վայրեր, այլեւ մէկական դպրոցներ եղած են, ուր հայ լրագրողը, խմբագիրը, թղթակիցը, յօդուածագիրը...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Արցախը Ազրպէյճանին Պիտի Յանձնեն Եւ Ազրպէյճանէն Նախիջեւան Ճամբայ Պիտի Բանան Սպրդած Լո՞ւր, Թէ՞ Իրականութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 25 հոկտեմբեր 2022-ին պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան (ՀՅԴ) Ազգային ժողովի ամպիոնէն քննադատական բուռն ելոյթ մը ունեցաւ (1) Հայաստանի այժմու իշխանութեան դէմ, Ուաշինկթընի եւ Փրակայի բանակցութիւններուն ընթացքին Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելու եւ ազգակործան այլ  որոշումներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթը պատռտելով: «Սիլովիկի»-ի բացայայտումը ընկերային ցանցերուն մէջ: Ընկերային ցանցերուն մէջ շուրջ ամիսէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ դրուած է ռուսական «Սիլովիկի» («Силовики»)...

Յայտարարութիւններ (7 Սեպտեմբեր 2022)

Ստացուած Գիրքեր. «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի Նահանգի Հայ Բնակչութեան Թիւը Մեծ Եղեռնի Նախօրեակին»(Հեղինակ` Ռոբերտ Թաթոյեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի «Շիրակ» հրատարակչատունէն 2022-ին լոյս տեսաւ Ռոբերտ Թաթոյեանի «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ եղեռնի նախօրեակին» գիրքը, բաղկացած` 208 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է մօր` Անժելա Ղուշչեանի յիշատակին: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸ Միութեան «Վահրամ Ապտալեան» մշակութային հիմնադրամի միջոցներով: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ աշխատանքին նպատակն է վիճակագրական աղբիւրներու տուեալներու համեմատական վերլուծութեան միջոցով եւ անոր հիման վրայ կատարել Հայոց...

«Կեանքի Պատուհանէն»-ը Պէյրութէն Հասաւ

«Կեանքի Պատուհանէն»-ը Պէյրութէն Հասաւ

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Հալէպեան յուշերով` ՍԻՐՈՒՆԻՆ կ՛ընկերակցիմ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի 2022-ին լոյս տեսած հատորին եւ «ԱԶԴԱԿ»-ի Խմբագրական աշխատանքին 25-ամեակին առթիւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան ապրուած օրերու իր կեանքէն պատուհան մը բանալով` մեզ իրեն հետ կը տանի իր կեանքի դէպքերն ու դէմքերը տեղադրելով 188 էջերու մէջ խտացուած, գեղեցիկ ու անմիջական պատումներով, ընթերցողն ալ ընկերակից դարձնելով: «Կեանքի պատուհանէն»-ը հեղինակին երրորդ գիրքն է, որ ընթերցասէրներուն ուշադրութեան...

Հայաստանը Կործանման Նախաշեմին. Ի՞նչ Է Տեղի Ունենում Երկրի Ներսում Եւ Շուրջը

Հայաստանը Կործանման Նախաշեմին. Ի՞նչ Է Տեղի Ունենում Երկրի Ներսում Եւ Շուրջը

ՀՐԱՆԴ ՄԵԼԻՔ-ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Հոկտեմբերի 6-ին Փրակայում տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումից յետոյ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մակրոնն ու ԵԽ նախագահ Շարլ Միշելը հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ, որում նշւում է, որ «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեանը եւ 1991 թ. Ալմա-աթայի հռչակագրին, որոնց միջոցով երկու կողմերն էլ ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»...

ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղի Հիմնադրութիւն Շուէտի Օրեպրու Քաղաքին Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղի Հիմնադրութիւն Շուէտի Օրեպրու Քաղաքին Մէջ

Շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին Շուէտի վեցերորդ մեծագոյն քաղաքին` Օրեպրուի մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, որ գործունէութեան սկսած է վեց ամիսէ ի վեր: Հիմնադիր ժողովին ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան, 18 տարիքը ամբողջացուցած 29 անդամներ եւ նորագիր 18 սկաուտներ: Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Շուէտի երեք մասնաճիւղերու` Սթոքհոլմի, Վեսթերոսի եւ...

Աքսոր – Ապստամբութեան Բովէն Անցած Մութքեցի Հայ Ընտանիքի Մը Պատմութիւնը

Աքսոր – Ապստամբութեան Բովէն Անցած Մութքեցի Հայ Ընտանիքի Մը Պատմութիւնը

Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր» Յուշագրութիւնը.  Հայերէն Թարգմանութիւնը` Մարի Մերտխանեան-Եարալեանի ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր» յուշագրութիւնը ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիքի մը աքսորին, 1938-1960 տարիներուն Թուրքիոյ մէջ գիւղէ գիւղ ապաստան որոնող, որպէս մերժուած տարր ապրող հայ ընտանիքի մը կենաց մահու պայքարի պատմութիւնն է: Պայքար մը, ուր հայ մարդը, յատկապէս` արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն մէջ ապրող հայը, բռնի թրքացման, իսլամացման, «կեաւուր» կոչուելէ սկսեալ...

Տոմս. Պատանեկանի Օրերէն Դրուագ Մը

Տոմս. Պատանեկանի Օրերէն Դրուագ Մը

Յուլիս 1978: Քաղաքացիական պատերազմի ծանր տարիներէն մին: Խանասորի արշաւանքին առիթով կազմակերպուած` ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու միացեալ պտոյտ, որ սովորական խրախճանքէ մը անդին է իր խորհուրդով, որովհետեւ այդ օրը հռչակուեցաւ Դաշնակցական պատանիի օրը, Խանասորի արշաւանքին առիթով: Տարին անկիւնադարձային է նաեւ այն իմաստով, որ մեծաթիւ լիբանանահայեր գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ: Ամէն օր դասընկեր մը, պատանեկանի ընկեր-ընկերուհի մը, դրացիներ, հարազատներ կը մեկնէին`...

«Պատիւն Ու Փառքը` Աստուծոյ, Ուրախութիւնն Ու Մխիթարութիւնը` Ազգիս, Իսկ Խաչը, Ամբո՛ղջ ու Միա՛յն Խաչը` Ինծի». Այս Նշանաբանով Ապրեցաւ Ու Գործեց Կարդինալ Աղաճանեան

«Պատիւն Ու Փառքը` Աստուծոյ, Ուրախութիւնն Ու Մխիթարութիւնը` Ազգիս, Իսկ Խաչը, Ամբո՛ղջ ու Միա՛յն Խաչը` Ինծի». Այս Նշանաբանով Ապրեցաւ Ու Գործեց Կարդինալ Աղաճանեան

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի աշակերտ էի: Հազիւ` ութ տարեկան: Օր. Նուէրին մէկ կարճ բացատրութիւնը ուշադիր, բայց առանց շատ բան հասկնալու լսելէ ետք` արարողութեան մը մասին, որուն մասնակից պիտի ըլլայինք, անոր առաջնորդութեամբ եւ ամենայն կարգապահութեամբ ելանք դպրոցին յարակից մայր ճամբան, ուր մեզ կանխած էին ուրիշ մեծ ու փոքր դպրոցականներ ալ: Շարուեցանք ճամբուն մէկ կողմը, ձեռքերնիս` մէկական փոքր դրօշակներ, մէկը...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ֆրանսա Վալերի Թորանեան` «Le Point»-ի Խմբագրապետ Ֆրանսահայ ծանօթ խմբագիր Վալերի Թորանեան կը դառնայ հեղինակաւոր «Le Point» շաբաթաթերթի խմբագրապետ: Շաբաթաթերթին տնօրէնը` Էթիէն Ժերնել, այս առթիւ «Թուիթըր»-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ կ՛ըսէ. «Ուրախ եմ ծանուցելու այնքա՜ն փայլուն Վալերի Թորանեանի ժամանումը` որպէս «Le Point»-ի խմբագրապետուհի: «Elle France»-ի եւ «Revue des deux mondes»-ի մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններէն ետք, թերթիս բոլոր աշխատակիցներուն...

Ինչպէ՞ս Կրնայ «Դրամի Տիեզերական Արժէքը» («Space Value Of Money») Խթանել Կայունութիւնը

Ինչպէ՞ս Կրնայ «Դրամի Տիեզերական Արժէքը» («Space Value Of Money») Խթանել Կայունութիւնը

Քեմպրիճի Ճաճ պիզնեսի դպրոցի (Judge Business School) շրջանաւարտ դոկտոր Արմէն Փափազեանի նոր գիրքը կ՛ուրուագծէ ֆինանսական ձեւաւորման նոր շրջանակ, որ կը խթանէ կայունութիւնը ֆինանսական աշխարհի հիմնասիւներուն մէջ: Փալկրէյվ Մաքմիլանի կողմէ հրատարակուած է «Դրամի տիեզերական արժէքը. վերաիմաստաւորելով ֆինանսները վտանգէն եւ ժամանակէն անդին» («The Space Value of Money: Rethinking Finance Beyond Risk and Time») վերնագիրով գիրքը, որ արդէն հասանելի է հանրութեան: Դոկտ Արմէն...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Ազատագրուած Արցա՞խն Ալ Պիտի Դառնայ Մորմոք Եւ Խորտակուած Երազ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ցաւ եւ հոգեխոց... Երեք տարի առաջ Աղթամարի եկեղեցիին մէջ աղօթեցի: Տէր էի, բայց հոն հիւր էի: Աղօթեցի Անիի մայր տաճարին մէջ` չեմ գիտեր ի՞նչ բանի հաւատալով կամ ի՞նչ բանի դէմ բողոքելով: Անիի պարիսպներուն կռթնած` մեր պատմութեան հետ զրուցեցի: Արածանիի վէտվէտ ջուրերուն վրայ ծաղիկ նետեցի ֆետայիի յիշատակին: Զգացումներու հովահարում, ինչպէս այդ կ’ընենք սիրելիի մը դագաղին առջեւ, գիտնալով եւ զգալով,...

Ինչպէս Լուսակաթ Արեգական Շող

Ինչպէս Լուսակաթ Արեգական Շող

ՏԻԳՐԱՆ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ ՀՀ վաստակաւոր ժուռնալիստ, գրող հրապարակախօս Համաշխարհային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակակիր, միջազգային մի շարք մրցոյթների առաջին կարգի դափնեկիր, ոսկէ մետալակիր, «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի մենակատար քանոնահարուհի Մարիաննա ԳԷՈՐԳԵԱՆԻՆ ..._ Հանդիպեցինք պատահաբար: Աշխարհի մեծ բեմերում հրաշալի յաղթանակ էր գրանցել` հարիւր տասնհինգ երկրների մօտ չորս հազար մասնակիցներից առաջ անցնելով եւ գլխաւոր մրցանակը Հայաստան բերելով: «Քորոնա»-ի սարսափով ապրող երկրում դժուար, եթէ ոչ անհնար...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Վանք Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ «Նորայր Դանիէլեան» Երիտասարդական Կեդրոնի Բացումը Հոկտեմբեր 19-ին Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանը, անդամներ` Ալեոնա Գրիգորեանը, Մհեր Առաքելեանը, ՀՅԴ Մարտակերտի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալիկ Սարգսեանը եւ շրջանի կուսակցական ընկերներ, ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սուրիկ Թովմասեանը, Նորայր...

Page 305 of 1112 1 … 304 305 306 … 1,112

Արխիւներ