Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարդինալ Աղաճանեանը` Դէպի Երանացում: Բացումը Կատարուեցաւ Սրբադասման Դատի Թեմական Փուլին

Նոյեմբեր 4, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ-ՎԱՏԻԿԱՆ

28 հոկտեմբեր 2022-ին կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. քահանայապետին ընտրութեան տարեդարձը, որ տեղի ունեցած էր 28 հոկտեմբեր 1958-ին: Ճի՛շդ այն քահանայապետը, որուն «մրցակիցը» եղած էր հայազգի մեծանուն զաւակ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը, որ, ըստ նոյնինքն երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. պապի վկայութեան, եղած է այն թեկնածուն, որուն անունը բազմաթիւ անգամներ հնչեց Սիքստինեան մատրան մէջ տեղի ունեցած քահանայապետ ընտրող կարդինալական ժողովին ընթացքին:

Յիշարժան Օր

28 հոկտեմբերին, ըստ լատինաց, կը յիշատակուի նաեւ Հայաստանի առաքեալ Սուրբ Թադէոսի ծիսական տօնը, եւ ճիշդ 28 հոկտեմբերին է, որ Հռոմի քահանայապետական տաճարին մէջ, Հռոմի թեմի քահանայապետի տեղակալ արքեպիսկոպոս, կարդինալ Անճելօ տէ Տոնաթիսի նախագահութեամբ եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի ներկայութեամբ, հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կարդինալի երանացման եւ սրբադասման դատի թեմական փուլին բացումը:

Գոհաբանական Պատարագ

Այս ոչ միայն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար,   այլեւ համայն հայութեան համար յիշարժան օրը սկիզբ առաւ առաւօտեան կանուխ, երբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., շրջապատուած հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներով, քահանաներով ու նորընծաներով, Լեւոնեան Ք. վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, կարդինալ Աղաճանեանի դամբանին մօտ մատուցեց գոհաբանական սուրբ պատարագը`  շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ` հայոց աշխարհին շնորհած այս պայծառ ու լոյս ճառագայթող դէմքին համար, նաեւ աղօթքներ բարձրացուց Աստուծոյ ծառային,  որպէսզի բարեխօս ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք իրեն պիտի դիմեն:

Դատի Բացման Արարողութիւնը

28 հոկտեմբերի կէսօրին, ինչպէս նշեցինք, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ կայացաւ երանացման եւ սրբադասման դատի բացման արարողութիւնը, որուն, ի միջի այլոց, ներկայ գտնուեցան` կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, դեսպաններ, որոնց շարքին` Հայաստանի Սուրբ Աթոռի մէջ ու նաեւ Իտալիոյ մէջ երկու դեսպանները, դիւանագիտական մարմինի անդամներ, լրագրողներ, Իտալիայէն ու այլ երկիրներէն ժամանած հայորդիներ ու հաւատացեալներ:

Օրակարգը սկիզբ առաւ հայերէնով «Հայր Մեր» աղօթքի երգեցողութեամբ, որմէ ետք նոտարը կարդաց օրագրութիւնը եւ տեղի ունեցաւ Թեմական դատարանի անդամներուն ու խնդրարկուին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդման արարողութիւնը:

Երդում կատարեցին երանացման եւ սրբադասման դատի խնդրարկուն` հայր Քարլօ Քալլոնի ու Թեմական դատարանի անդամները` գերապայծառ Ճուզեփփէ տ՛Ալոնցօ` եպիսկոպոսական պատուիրակ, Արդարութիւն խթանողը` հայր Ճորճօ Չուչի, նոտարը` Մարչելլօ Թերրամանի եւ նոտարի օգնականը` Ֆրանչեսքօ Ալլեկրինի:

Կարդինալ Աղաճանեանի Սրբակեաց Կեանքի Վկայութիւնը

Երդման կարգէն ետքը խօսք առաւ Հռոմի թեմի առաջնորդը` ներկայացնելով Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Աղաճանեանին ու անոր սրբակեաց կեանքի վկայութիւնները: Անոր յաջորդեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` նշելով, որ իր «սիրտը այսօր լի է ուրախութեամբ» ու հաստատելով, որ` «Եթէ ես այսօր այստեղ կը գտնուիմ, կը պարտիմ նոյնինքն կարդինալ Աղաճանեանին, որովհետեւ «կոչումս ծնունդ առաւ Աստուծոյ շնորհքէն, եւ Աստուծոյ այս սպասաւորի ուսուցումին շնորհիւ, որ եղաւ հաւատքի վկան ու հոգիներու ծառան»:

Հոգեւոր Տիրոջ Խօսքը

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը պատմեց, թէ ինչպէ՛ս ինք նորընծայութեան շրջանին որոշած էր ընդհատել ուսումը եւ վերադառնալ իր ծնողաց մօտ, ու ճիշդ այդ պահուն Լեւոնեան Ք. վարժարանի տեսուչին միջոցով իրեն կը հասնի երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանին մէկ պատուէրը. «Ռաֆայէլին ըսէ, թող տեղը մնայ, ես իր հարցերը կը լուծեմ»:

«Քանի մը օր ետք ան մահացաւ, եւ ես պատիւը ունեցայ երեք գիշերներ հսկելու եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած անոր դիակին մօտ», ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. որ իր խօսքը շարունակելով` շնորհակալութիւն յայտնեց մինչեւ օրս սրբադասման դատով զբաղողներուն ու իր նախորդներուն, յատկապէս` երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին, որուն օրով է, որ սկիզբ առաւ սրբադասման դատին գործընթացը:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Այլ Երանելիներ Եւ Աստուծոյ Ծառաներ

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յիշելէ առաջ Հայ եկեղեցւոյ երանելիներէն երանելի Կոմիտասը, երանելի Մալոյեանը, Աստուծոյ ծառաներ` Սեբաստացի Մխիթարը եւ Կիւրեղ եպս. Զոհրապեանը, ու 1915-ի Ցեղասպանութեան բոլոր լռելեայն մարտիրոսները, հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթքներ,  որպէսզի «այս ընտրեալ հոգին, հասնի խորաններու պատուոյն», յարեց ան ու խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Թեմական դատարանի անդամներուն` անոնց հաւաստիացնելով իր աղօթքները:

Ապա բոլոր ներկաները միասին արտասանեցին Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Աղաճանեանին նուիրուած բարեխօսական աղօթքը, որմէ ետք Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ հնչեց երջանկայիշատակ հայոց մեծանուն հայրապետին շատ սիրելի «Կիլիկիա» երգը:

 

 

 

 

Նախորդը

Դէպի Սրբադասում Տանող Ճանապարհի Հանգրուանները

Յաջորդը

Յեղափոխակա՞ն, Թէ՞ Սովորական Գող

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?