Յօդուածներ

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Միատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Գ. Մաս. Տնտեսական մենատիրութիւն - Թալան եւ շահագործում. «Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ՄՆ-ը գլխաւորեց Պրեթթոն Վուտս համակարգը, Միջազգային դրամական հիմնադրամը եւ Համաշխարհային դրամատան ստեղծումի ջանքերը, որոնք Մարշալ ծրագրին հետ միասին (Bretton Woods System, the International Monetary Fund, the World Bank, Marshall Plan) ձեւաւորեցին միջազգային դրամական համակարգը` կեդրոնացած ՄՆ-ի տոլարին շուրջ: «Բացի այդ, ՄՆ-ը նաեւ էական մենատիրութիւն հաստատած է...

Մեր Կորուստները

Մեր Կարոն (Կարապետ Մոմճեանի Քառասունքին Տխուր Առիթով)

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Կարոյին հետ ծանօթութիւնս սկսաւ շատ հինէն` Պէյրութ, Ճեմարանին բակը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ տարիներուն ան Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկի դասընթացքներուն կը հետեւէր: Զայն նաեւ Հայ դատի քաղաքականացման տարիներուն (70-80 ական) յաճախ հանրահաւաքներուն կը տեսնէի: Տարիներ անց, Միացեալ Նահանգներ անոր ժամանումէն ետք, հոս ու հոն պատահաբար յաճախ կը հանդիպէինք, յատկապէս իր UCLA յաճախած օրերուն, ուր Կարոն իր մագիստրոսի եւ...

Սելինա Տողան. «Այսօր Թուրքիան Կա՛մ Պիտի Յայտարարէ Իր Յանձնուիլը Քաղաքական Իսլամականութեան Եւ Փտածութեան, Կա՛մ Ալ Պիտի Դիմէ Վերանորոգման Զօրաւոր Գործընթացի Ու Վերականգնէ Իր Հաստատութիւնները»

Սելինա Տողան. «Այսօր Թուրքիան Կա՛մ Պիտի Յայտարարէ Իր Յանձնուիլը Քաղաքական Իսլամականութեան Եւ Փտածութեան, Կա՛մ Ալ Պիտի Դիմէ Վերանորոգման Զօրաւոր Գործընթացի Ու Վերականգնէ Իր Հաստատութիւնները»

Հարցազրոյցը վարեց եւ թարգմանեց` ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ  14 մայիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ընդհանուր ընտրութիւններուն առիթով կը հրապարակենք հարցազրոյց մը` Պոլսոյ Շիշլիի  Շրջանային ժողովի անդամ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին հայազգի երեսփոխան, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Սելինա Տողանի հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս գիտենք, 14 մայիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան ընդհանուր (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւններ: Որո՞նք են նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին արծարծուող...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Մենատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Չինաստանը վերջերս, իբրեւ աննախընթաց միջնորդ ու միջազգային բեմին վրայ կարող եւ ազդու հաշտարար եւ դերակատար, վերոնշեալ յայտարարութեամբ ճեղքեց լռութեան պատը: Պէտք է ընդունիլ, որ տարիներէ ի վեր, Ամերիկայի նախագահներէն մինչեւ յետին պաշտօնեաներ եւ լրատուամիջոցներ, անդադար Չինաստանը կը բամբասեն` իբրեւ վտանգ ու թշնամի: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, համբերութեան բաժակը յորդած նկատելով, շրջանցելով դիւանագիտական ոճաբանութիւնը, 20 փետրուար 2023-ին վերոնշեալ խորագիրով...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան Բժիշկ Վարազդատ Յովհաննէս Գազանճեան ծնած է Երզնկա, 18 մարտ 1879-ին: Ան Վարազդատ կոչուած է ի յիշատակ չորրորդ դարուն ապրող Վարազդատ թագաւորին: Իր բուն մականունը եղած է Երիքեան, սակայն թրքական բռնապետական օրէնքներու պատճառով Երիքեանը փոխուած է Գազանճեանի: Վարազդատի հայրը` Յովհաննէս Գազանճեան ընտանեօք  հաստատուած է Սվազ, երբ որդին 2,5 տարեկան էր: Մօրը անունը` Աննա Սիրանեան:...

Երեխաները  Զէնքէ Պաշտպանել

Երեխաները Զէնքէ Պաշտպանել

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Երեխաներ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը զոհուին զինեալ մարդասպաններու կողմէ, բայց ազդեցիկ ոչ մէկ կարծիք կայ այն մասին, թէ այս տագնապը ինչպէ՛ս պէտք է դիմակայել: Պարզ է, որ զէնքի գործարանները, վաճառականները, արտադրողները բաւական պաշտպանուած են իշխանութեան զանազան խաւերու մէջ գտնուող բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ: Զարմանալի է, որ անհատ մը զէնք ձեռք կը ձգէ եւ հաւաքականութեան մը մէջ (երբեմն` դպրոց կամ...

Սպասում

Սարսափի Թատրոնը*

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Կենսաբանական.- Վախը ահազանգ մըն է, որ  մարմինը կը մղէ ինքնապաշտպանական քայլեր առնելու: Այս բնազդային զգացումը եղաշրջումի (evolution) ընթացքին ամրագրուած է առաջնակարգ (primate) էակներու  ջղային դրութեան մէջ, որովհետեւ կը ծառայէ գոյատեւման: Կ՛իմանամ, որ նորածին շնիկներ կը վախնան, երբ կատուի հոտ առնեն: Ուղեղի տարբեր մասեր իրենց դերերը  ունին անհատի հակազդեցութիւնը որոշելու համար: Ամէնէն կարեւոր որոշումն է փախչի՞լ, թէ՞ մնալ: Առածը ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մեր Կառոյցները

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հակառակ երկրին մէջ տիրող անշնչելի եւ ճնշիչ տնտեսական տագնապին, Հակառակ մեր կեանքին մէջ արձանագրուող շարունակական յուսախաբութիւններուն, պարտութիւններու եւ անորոշութեան մթնոլորտին, Հակառակ լիբանանեան մակարդակով երկրին մէջ տիրող անապահով եւ անհեռանկար կացութեան` Տակաւին մեր կառոյցները իրենց բոլոր մակարդակներով կը մնան ժողովուրդին կողքին` ծառայելու, հասնելու, լսելու, ուղղութիւն տալու, օգնելու եւ օժանդակելու, կարելիութեան սահմաններուն մէջ բոլոր պարտականութիւնները ընելու: Լրատուական, կրթական, կրօնական, ազգային,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Համաշխարհային Զարթօնքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համաշխարհային Զարթօնքը

ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Այսօր աշխարհը պաշտօնապէս թեւակոխած է թուային եւ երեւակայական ապրելակերպի ժամանակաշրջան: Եթէ այսօր մարդ անհատը կ՛ուզէ գոյատեւել շրջանակի եւ կեանքի ասպարէզի մէջ, ուզէ կամ չուզէ, մաս պիտի կազմէ այս երեւակայական եւ աներեւոյթ աշխարհին: Ժամանակին, երբ Դիմատետրը մարդոց հետաքրքրութեան եւ ժամանակին մեծ մասը սկսած էր գողնալ, այսօր Դիմատետրի հիմնադիրին եւ անոր օգնականներուն միջոցով մէջտեղ հանուած աներեւոյթ կեանքի իսկական տարբերակը, որ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգային Սուրիոյ Շրջանային 25-րդ Ներկայացուցչական Ժողովը 30 ապրիլին «Սահակ Նալպանտեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային 25-րդ Ներկայացուցչական ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին` ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամը, Շրջանային վարչութեան անդամները, «Ն. Աղբալեան», «Հ. Օհանջանեան», «Վ. Նաւասարդեան», «Լ. Շանթ» եւ «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղերու լիազօր ներկայացուցիչները, Հայագիտական հիմնարկի, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական, «Զուարթնոց» երգչախմբային եւ «Լեւոն...

Սթափելու Ժամանակը

Ի՞նչ Տուին Քառօրեայ Բանակցութիւնները

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ապրիլ ամսուան վերջերուն Մոսկուայէն յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ: Այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ սակայն: Մոսկուայի փոխարէն երկու նախարարները բանակցութիւններ վարեցին Ուաշինկթընի մէջ, մայիս 1¬էն սկսեալ յաջորդական չորս օրերու տեւողութեամբ: Բանակցութիւններու բացումին ու փակումին մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը: Չորս օր տեւողութեամբ քննարկումները շօշափելի արդիւնք ապահոված պէտք է...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հիրոյոսի Սեգաւա. Առաջին Ճափոնցին, Որ Խորապէս Ուսումնասիրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միջազգայնագէտ-ճափոնագէտ Աննա Վարդանեան եւ դասախօս Աւետիք Յարութիւնեան ներկայացուցած են յօդուած` ճափոնցի իրաւաբան, միջազգայնագէտ Հիրոյոսի Սեգաւայի` հայերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գործունէութեան մասին: Սեգաւան առաջին ճափոնցին է, որ խորապէս ուսումնասիրած է Հայոց ցեղասպանութիւն նիւթը եւ ներկայացուցած սեփական հետազօտութեամբ` ճափոներէնով: Գնահատելի է, որ հեղինակը ուսումնասիրութիւնը կատարած է անաչառ, վերլուծած...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Օշականի Եւ Սարդարապատի Ճակատամարտերը Եւ Երեւանի Գրաւումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Օշականի Եւ Սարդարապատի Ճակատամարտերը Եւ Երեւանի Գրաւումը

Արցախցիներու Օժանդակութիւնը Եւ Քոչուորներու Սանձահարումը Թուրքմենչայի Դաշնագիրը Եւ Արեւելեան Հայաստանի Միացումը Ռուսաստանի ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի բերդի գրաւում Ռուս-պարսկական պատերազմը սկսած էր 1826-ին. պարսկական բանակը, արագ յառաջխաղացքէ ետք, ծանր կորուստներ կրած էր: Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի գլխաւորած հայկական կամաւորական ջոկատները ռուսական բանակի կողքին կը մասնակցէին պատերազմական գործողութիւններուն: Ռուսական բանակը գրաւած էր Էջմիածինը, բայց Երեւանի բերդին պաշարումը աւարտած էր անյաջողութեամբ: 1827-ի ամրան համեմատական...

Միասնաբար Վերականգնենք Մեր 83-Ամեայ Եկեղեցին

Միասնաբար Վերականգնենք Մեր 83-Ամեայ Եկեղեցին

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Այս առաւօտ, անակնկալօրէն՝ ցնցումով եւ խոր ցաւով իմացանք մեր ծննդավայր Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ահաւոր եւ աննախադեպ հրդեհի պատճառած մեր հոգեւոր տան աներեւակայելի վնասներուն եւ հոգեբանական ձեր ցնցումներուն մասին։ Ահաւոր է պատահածը անգին եկեղեցասէրներ։ Աղէտ՝ աղէտի ետեւ։ Յոբի համբերութիւնն անգամ պիտի սպառէր, սակայն քրիստոսակեդրոն մեր հաւատքն ու Անոր վստահելու փորձառութիւնը Մուսալերցիներս վայելած ենք ու ազատուած ստոյք բնաջնջումէ։ Մենք...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Քուէյթ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Քուէյթ

«Սփիւռքի տարուան» ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն կատարուող հովուապետական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, երեքշաբթի, 9 մայիս 2023-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը հասաւ Քուէյթ եւ միջազգային օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի, Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Ահմետ Արաֆայի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի, Ծոցի երկիրներու...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ (9 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Մենք չենք «մահացած», որ վերապրինք, կրնայ ըսել ազգային շունչով հասակ առած երիտասարդ մը: Մենք չենք կորսնցուցած, որ վերագտնենք, կրնայ հաստատել արարատասէր ոեւէ հայորդի: Մենք չենք լքած ու հեռացած, որ պատրանքով  ապրինք, կրնայ բարձրաձայն գոչել իր հարազատ հողին վրայ ապրող արցախցին: Այո՛, երանի՜ թէ ամբողջ ազգը, իր բովանդակ շերտերով կարենար հասկնալ վերեւ յիշատակուած մտածումին էութիւնը, պիտի ըսէր, հայոց պատմութեան...

Քարին Վրայ

Շուշիի Ազատագրութեան 31-Ամեակ. Շուշին Վերստին Ազատագրուած Տեսնելու Տեսլականով

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախեան ազատամարտի տարեգրութեան մէջ ամէնէն փայլուն եւ ամենամեծ նուաճումը Շուշիի ազատագրումն էր: Ազատագրական պայքար մղող Արցախ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ ցամաքային եւ օդային շրջափակման մէջ առնուած էր: Ստեփանակերտ եւ շրջակայ բնակավայրեր Շուշիէն անընդհատ եւ անխնայ հրթիռակոծման կ՛ենթարկուէին. զոհեր ու վիրաւորներ կ՛արձանագրուէին եւ բնակարաններ կը քանդուէին. չկար ելեկտրականութիւն, կազ եւ ըմպելի ջուր: Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն համար Շուշիի ազատագրումը դարձած էր...

Նշմարներ.  Շշուկներ, Որոնց Կ’ուզենք Հաւատալ

Նշմարներ. Շշուկներ, Որոնց Կ’ուզենք Հաւատալ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Շթայնմայըր (դարձեալ) ներողութիւն կը խնդրէ Ամերիկեան եւ եւրոպական լրատու աղբիւրները չորեքշաբթի, 19 ապրիլին ողողուած էին երկու զգայացունց լուրերով, որոնցմէ մէկուն գլխաւոր հերոսը Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահն էր, իսկ երկրորդին` ամերիկեան «Ֆաքս» լրատու ընկերութիւնը: Անշուշտ կային նաեւ այլ` «մանր լուրեր», որոնք լոյս կը սփռէին Սուտանի մէջ վերսկսած բախումներուն, Ուքրանիոյ պատերազմին, Ֆրանսայի նախագահին դէմ բողոքի ալիքին սաստկացման, մինչեւ իսկ մարզական եւ...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Չենք Կրնար Նահանջել Արցախի Հարցով, Մեզի Համար Արցախը Էական Է»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Չենք Կրնար Նահանջել Արցախի Հարցով, Մեզի Համար Արցախը Էական Է»

«Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդր. խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ, իր Հալէպ այցելութեան առիթով: Հարցազրոյցը վարեց` ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ «Գանձասար»- 16-17 ապրիլին Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը: Ինչո՞ւ ընտրեցիք Սուրիան` որպէս ժողովի գումարման վայր: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան-Իրականութեան մէջ մենք երկու նպատակ կը հետապնդէինք. առաջին` անհրաժեշտ էր, որ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք...

Գետ-Արուեստի. Ինչո՞ւ Փիքասօ «Վտանգ» Նկատուեցաւ Ֆրանսայի Համար. Նոր Գիրքը Կ՛ուսումնասիրէ Արուեստագէտին Կեանքի Հազուադէպ Տեսանելի Կողմը

Գետ-Արուեստի. Ինչո՞ւ Փիքասօ «Վտանգ» Նկատուեցաւ Ֆրանսայի Համար. Նոր Գիրքը Կ՛ուսումնասիրէ Արուեստագէտին Կեանքի Հազուադէպ Տեսանելի Կողմը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 18 յունիս 1901 թուականին Փապլօ Փիքասօ սկսաւ նոր ինքնութիւն մը ունենալ` առանց գիտնալու այդ մէկը: Ան սկսած էր դառնալ «օտարերկրացի թիւ 74.664»-ը. պիտակ մը, զոր իրեն տրուած էր ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ, որ կը շարունակէր իրեն շնորհել «Fiché S.»(1)-ի կարգավիճակը ` այլ մոլորակային մը, որ ենթարկուած էր պետութեան հսկողութեան: Փիքասօ, որ ծնած էր աւելի քան 20 տարի առաջ Սպանիոյ...

Page 265 of 1111 1 … 264 265 266 … 1,111

Արխիւներ