Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հիրոյոսի Սեգաւա. Առաջին Ճափոնցին, Որ Խորապէս Ուսումնասիրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Միջազգայնագէտ-ճափոնագէտ Աննա Վարդանեան եւ դասախօս Աւետիք Յարութիւնեան ներկայացուցած են յօդուած` ճափոնցի իրաւաբան, միջազգայնագէտ Հիրոյոսի Սեգաւայի` հայերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գործունէութեան մասին: Սեգաւան առաջին ճափոնցին է, որ խորապէս ուսումնասիրած է Հայոց ցեղասպանութիւն նիւթը եւ ներկայացուցած սեփական հետազօտութեամբ` ճափոներէնով:
Գնահատելի է, որ հեղինակը ուսումնասիրութիւնը կատարած է անաչառ, վերլուծած է զայն իրաւագէտի տեսանկիւնէ եւ կոչած է իրողութիւնները իրենց անուններով` Ցեղասպանութիւն: Փրոֆեսէօր Հիրոյոսի Սեգաւան մասնագիտութեամբ եղած է իրաւագէտ, ուսումնասիրած է միջազգային իրաւունք: Դոկտորականը աւարտելէ ետք երկար ժամանակ անոր հետաքրքրութեան առարկան եղած է «Ցեղասպանութեան նախապայմանները» նիւթը: Մօտաւորապէս քառասուն տարի առաջ` 1980-ական թուականներուն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան արխիւներուն մէջ հեղինակը ուսումնասիրելով ցեղասպանութիւններու մասին նիւթեր` գտած է «1915 թուականի հայերի ցեղասպանութիւնը» վերնագրով նիւթ մը, որ հիմք հանդիսացած է անոր այս նիւթին հանդէպ առանձնայատուկ ուշադրութեան եւ հետագայ նուիրումին:
Անծանօթ ըլլալով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան` Սեգաւան սկսած է մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարել: Հեղինակը նշած է, որ այդ տարիներուն Ճափոնի մէջ Հայաստանի մասին, առաւել եւս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր գրեթէ չեն եղած: Այդ մասին Սեգաւան գրած է. «Որքան կը կարդայի, այդքան աւելի կը հասկնայի նիւթին կարեւորութիւնը, եւ սարսափով կը լեցուէի որոշ նիւթեր կարդալու ժամանակ, բայց հետզհետէ աւելի կը շատնար հետազօտելու փափաքս»: Սեգաւայի մէջ տարբեր հարցեր կը յառաջանային, օրինակ` ինչո՞ւ Ճափոնի դպրոցներու բարձր դասարաններուն աշխարհի պատմութիւնը դասաւանդելու ժամանակ ոչինչ կը պատմուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իսկ հրեաներու ցեղասպանութիւնը ներկայացուած է բաւականին ծաւալուն: Ան կը կարծէ, որ այդ իրավիճակը չ՛արդարացուիր ո՛չ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն քանակով, ո՛չ ալ յանցանքի վաղեմիութեամբ:
Ամէն պարագային, բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, այս իրողութեան մասին տեղեկանալէն ի վեր, մարդկութեան հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումով դրդուած, Սեգաւան որոշած է իր վրայ վերցնել հայերուն ապրած ողբերգութեան մասին անտեղեակ ճափոնցիներուն աչքերը բանալու պարտականութիւնը:
Այն երկու տասնամեակները, որոնց ընթացքին հետազօտողը զբաղած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններով, երկար եւ դժուարին ճանապարհ եղած է: Ճափոնի մէջ ան քննադատութեան ենթարկուած է իր գործընկերներուն կողմէ, որոնցմէ ոմանք պնդած են, որ այդ հետազօտութիւնները անիմաստ են: Երկար ժամանակ անոր աշխատանքները չեն արժանացած ճափոնցի գիտնականներու ուշադրութեան, բայց 2004 թուականին լոյս տեսած եւ մեր կողմէ գրախօսուող «Հայերուն մոռցուած ցեղասպանութիւնը. հետազօտութիւն եղեռնագործութեան կանխման եւ պատիժի մասին» գիրքը մեծ տարածում գտաւ ո՛չ միայն Ճափոնի, այլեւ Հայաստանի մէջ:
Վերոյիշեալ գիրքի գրախօսման հիմնական նպատակը մասնագիտական լսարանի ուշադրութիւնը հրաւիրելը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ճափոնցի գիտնականին կատարած արժէքաւոր աշխատութեան մասին, որովհետեւ գիրքին հայերէն թարգմանութենէն եւ տպագրութենէն անցած է մօտաւորապէս 18 տարի, եւ կարիքը կար զայն վերաարժեւորելու:
Սեգաւայի ուսումնասիրութեան մասին հայկական կողմը արձագանգած է պետական մակարդակով: 2004 թուականին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ Սեգաւայի գիրքը ճափոներէնով առաջին անգամ ներկայացուած է` իբրեւ Ճափոնի մէջ առաջին աշխատութիւն Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Նոյն տարին փրոֆեսէօրը պարգեւատրուած է վարչապետի յուշամետալով` ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ մեծ աւանդին համար, Հայաստանի 2-րդ նախագահին` Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ արժանացած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշամետալին:
Ուսումնասիրելով եւ ներկայացնելով բազմաթիւ փաստաթուղթերէ տուեալներ` Սեգաւան յստակօրէն ապացուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եղած է ծրագրուած, մանրակրկիտ մշակուած եւ իրագործուած: Նշուած գործողութիւններուն միջոցով Թուրքիոյ բանակը կոտորած է հայ սպաները, զինուորները, առաջնորդները եւ 15 տարեկանէն մեծ տղամարդիկը: Հետեւաբար Թուրքիոյ տարածքին` իբրեւ հայեր, մնացած էին միայն կիներ, երեխաներ, մեծահասակներ եւ հիւանդներ, որոնք մեծ վտանգ չէին ներկայացներ:
Սեգաւան նշած է. «Մեր սերունդը, որ կ՛ապրի 21-րդ դարուն մէջ, Հայոց ցեղասպանութիւնը չկանխելուն, ի սկզբանէ անոր հիւանդ արմատները չկտրելուն համար, միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը կրելով, պէտք է ուղղակի կերպով դիմէ ներկայ Թուրքիոյ կառավարութեան` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան փաստը ընդունելու պահանջով եւ անուղղակի կերպով դիմէ ՄԱԿ-ի հեղինակաւոր անդամներուն` միջպետական եւ ներպետական հարթակներու վրայ մարդու իրաւունքի մասին գիտելիքներու մակարդակը բարձրացնելու նախագիծ ծրագրելու առաջարկով, որպէսզի այնտեղ յստակ համոզում յառաջանայ, որ ցեղային զտումներու նախանշանները տեսնելու ժամանակ պէտք է մարդասիրական միջամտութեան սկսիլ, եւ անկէ կարելի չէ հրաժարիլ: Այդ նախապայմաններէն ետք հաւանաբար կարելի կը դառնայ մեղքերը քաւել ողբերգութեան ճանապարհով անցած հայերուն, հրեաներուն եւ շատ մը ուրիշ ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդներու առջեւ»:
Իր աշխատութեան մէջ փրոֆեսէօր Սեգաւան նրբանկատօրէն նշած է. «Չափազանցութիւն չ՛ըլլար ըսելը, որ հայերուն պատմութիւնը ողբերգութիւններու շարան եղած է: Առաւելապէս` այն օրէն, երբ 1700 տարի առաջ հայերը քրիստոնէութիւն ընդունած են` իբրեւ պետական կրօն: Անոնք իրենց հաւատքին պատճառով դարձան տարբեր զաւթիչներու եւ օտար տիրակալներու յաճախակի յարձակումներու թիրախ»:
Համաձայն հեղինակին դիտարկման, իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է ընդունի ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին հռչակագիրը` իբրեւ կարեւորագոյն փաստաթուղթ, քննարկէ եւ անյապաղ ուղղէ կարելի թերութիւնները` հռչակագիրի արդիւնաւէտ իրագործման նպատակով: Պէտք է ենթադրել, որ Միջազգային քրէական դատարանի ստեղծումը միջազգային հանրութեան մէջ եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ կը բարձրացնէ խումբերը եւ անոնց անդամները պաշտպանող կազմակերպութիւններուն հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ ցեղային զտումները անմիջապէս բացայայտելու առումով որոշակի հոգեբանական արգելակ կը դառնայ:
ՀՕՄ-ի Հանդիպումը` Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեանին Հետ
Հինգշաբթի, 20 ապրիլ 2023-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի սրահի մեջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի մեծ ընտանիքի այնքան սպասուած հանդիպումը Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ:
Հանդիպման բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի քայլերգի խմբերգումով, որմէ ետք ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին յիշատակը հայրենիքի պաշտպանական մարտերուն նահատակուած հերոսներուն եւ Սուրիոյ երկրաշարժի ընթացքին մահացածներուն:
Ողջունի խօսք արտասանեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեանը, որ նաեւ ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեանին կենսագրական գիծերը, որ հարուստ էր` ազգանուիրութեամբ, հայ կնոջ դերին կարեւորութեան մարմնացումով, Սուրիոյ ժողովուրդին ու սուրիահայութեան ի նպաստ տարած մշակութային, գիտական, գրական, թարգմանչական, ստեղծագործական, հրատարակչական եւ քաղաքական գործունէութեամբ:
Ապա հրաւիրեց դեսպանը` ներկայացնելու Սուրիոյ աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքները, Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու զանոնք յաղթահարելու միջոցները:
Դոկտ. Արիսեան առաջին հերթին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի մեծ ընտանիքին, որ անմիջապէս իր օգնութեան ձեռքը երկարեց Սուրիոյ ժողովուրդին, որ քանդիչ պատերազմին առընթեր, կը դիմագրաւէր նաեւ նման աւերիչ երկրաշարժն ու անոր ահաւոր հետեւանքները: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան, որ որոնափրկարար ջոկատ եւ մարդասիրական օգնութիւն ղրկեց Սուրիա, ինպէս նաեւ` բոլոր այն սուրիահայերուն եւ հայրենի բնակիչներուն, որոնք իրենց մարդասիրական օգնութեամբ այցելեցին դեսպանատուն:
«Այս բոլորը սիրոյ օդանաւեր, սիրոյ կամուրջներ են: Մեր երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ սէր ու բարեկամութիւն կայ», ընդգծեց դեսպանը ու իր եւ իր պետութեան գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով սուրիահայեր իրենց ինքնութիւնը պահպաներու համար հաստատուած են հայրենիք:
Դեսպանին բացատրութեամբ, Սուրիոյ մէջ առաջին անգամն էր, որ երկրաշարժ տեղի կ՛ունենար, ուստի անոր ահաւոր հետեւանքներուն պատրաստ չէր երկիրը: Ան այս մասին տուեալներ ներկայացուց` 700 դպրոցներ վնասուած կամ փլատակ են` 213-ը Հալէպի եւ 123-ը Լաթաքիոյ մէջ, զոհուածներուն թիւը կը հասնի 3000-ի, փլատակներու տարողութիւնը շատ մեծ է մանաւանդ Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ Հալէպի ծայրամասերուն մէջ: Անտուն մնացածներու թիւը մեծ է, մինչեւ օրս կան դպրոցներ, եկեղեցիներ, մզկիթներ եւ միութիւններ, որոնք իրենց սրահները տրամադրած են բոլոր անտուններուն անխտիր:
Դժբախտաբար վնասուած են նաեւ հնագիտական կարեւոր վայրեր, որոնց կարգին են` Հալէպի բերդը, Հալէպի Ազգային թանգարանի շէնքն ու իրերը, Թարթուսի մէջ գտնուող բերդը, Հոմսի պատմական մզկիթներում մինարէթները, Համայի պատմական տուները:
Անդրադառնալով վերականգնողական աշխատանքներուն եւ երկրի խանգարող հանգամանքներուն` դեսպանը ըսաւ. «Սուրիոյ երեք ռազմավարական նիւթերը, որոնց վրայ հիմնուած էր Սուրիոյ տնտեսութիւնը, այսինքն` նաւթը, բամպակը եւ ցորենը, կը գտնուին երկրի հիւսիս-արեւելքի մէջ, ամերիկեան եւ թրքական ուժերը այնտեղ են, գրաւած են հողերը եւ կը թալանեն այդ ամբողջը, եւ մենք այդ պայմաններու տակ պիտի վերականգնենք տնտեսութիւնը: Շատ դժուար է: Շատ դժուար պարտականութեան առջեւ է Սուրիոյ կառավարութիւնը: Իսկ երբ այս երկրաշարժը պատահեցաւ, կրկնապատկուեցան այդ դժուարութիւնները»:
Այսուհանդերձ, դոկտ. Արիսեան շեշտեց, որ Սուրիան պիտի դիմէ իր բարեկամ երկիրներուն, իր դաշնակից երկիրներուն եւ իր ներքին ուժերուն. «Մենք բոլորս մեր ներքին ուժին կը հաւատանք: Սուրիահայերը լաւագոյն օրինակներ են, որոնք մանաւանդ Հալէպի մէջ լաւագոյն արդիւնաբերողներ, տնտեսվարողներ, գործարանատէրեր, առեւտրական հաստատութիւններու տէր եղած էին: Նոյնիսկ կիներ ունէին այդ տաղանդն ու աշխատանքը, եկամտաբեր եւ ձեռնատիրական աշխատանքներ տարած են»:
Դեսպանը վստահեցուց, որ այս բոլորը եւ նոյնիսկ Արցախի հարցը ժամանակաւոր են, որովհետեւ ազգային ոգին ու միասնականութեան հասկացողութիւնը շատ բարձր է հայութեան մէջ:
Իսկ աւերիչ այս երկրաշարժի հետքերը վերացնելու եւ վերականգնողական աշխատանքներու սկսելու Սուրիոյ կառավարութեան աշխատանքներուն անդրադառնալով` դեսպանը յայտնեց, որ արաբական ընթացող տօներէն ետք կառավարութիւնը գործի պիտի լծուի առաջին հերթին ֆինանսաւորելով ընտանիքներու ապրուստը ապահովող փոքր ծրագիրները, դրամաշնորհներ պիտի տրամադրէ վնասուած տուներու, հաստատութիւններու, պետական եւ սեփական տնտեսական ձեռնարկութիւններու եւ ըկերութիւններու վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքներուն:
Առաջնահերթութիւն են առողջապահական հաստատութիւնները: Պիտի վերականգնուին` փոքր հիւանդանոցներն ու բուժարանները, երեխաներու յատուկ վնասուած կեդրոնները, կիսաքանդ շէնքերն ու մանաւանդ պետական հաստատութիւնները: Օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի տեղական համայնքներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու: Այս բոլորը ցանկագրուած են իւրաքանչիւր նահանգի մէջ: Ուրախալի է, որ որոշ արաբական եւ եւրոպական երկիրներ վերատեսութեան ենթարկած են իրենց կեցուածքը եւ օգնութիւն ղրկած են Սուրիա: Անոնք նաեւ խոստացած են վերականգնողական աշխատանքներուն մասնակցիլ:
Եզրակացնելով շահեկան ու լայն տեղեկատուական իր ելոյթը` դոկտ. Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ստեղծուած առիթին համար, յաջողութիւն մաղթեց ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն` թելադրելով միշտ բարձր պահել հայ կնոջ անունն ու դիմագիծը : «Ուրախ եմ, որ ՀՕՄ-ը 113 տարի պահպանած է հայ ինքնութիւնը եւ նոյնը սորվեցուցած է նոր սերունդներուն», ընդգեց դեսպանը:
Ձեռնարկի աւարտին Մարօ Քէշիշեան շրջանի ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով շալ մը նուիրեց դեսպանին` իբրեւ երախտագիտութիւն իր դրական արձագանգին եւ ՀՕՄ-ի հետ համագործակցելու պատրաստակամութեան:
Այնուհետեւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը մտերմիկ ընթրիք մը ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ, որուն ընթացքին դրական մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ զրոյցը ՀՕՄ-ի մարդասիրական աշխատանքներուն եւ Սուրիոյ երկրաշարժի հետքերը վերացնելու միջոցներուն մասին:
Ստեփանակերտի Մէջ Համերգ` Նուիրուած Արցախեան Շարժման 35-Ամեակին
Մայրաքաղաքի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական շարժման 35-ամեակին նուիրուած համերգ, որուն ընթացքին հայրենասիրական երգերու կատարումով հանդէս եկաւ «Վէլանս» համոյթը:
«Համերգին համար ընտրուեցան հայրենասիրական երգեր` ուղերձ ունենալով այն, որ Արցախը կանգուն է, Արցախը կ՛ապրի ու պիտի ապրի մի՛շտ», նշեց համոյթի անդամ Մարթա Բաղդասարեանը` աւելցնելով, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամն է, որ համերգ կ՛ունենան:
Երեկոյի ընթացքին կայացաւ նաեւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Վիլեն Միքայէլեանի «Վերածնունդ» ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը: «Ստեղծագործութիւնը ծնաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Պատերազմի ընթացքին մեր ժողովուրդը մեծ ցաւ ապրեցաւ, բայց չկոտրուեցաւ: Ես կը հաւատամ, որ ամէնէն լաւը տակաւին մեր առջեւն է», նշեց Վ. Միքայէլեան:
Գրիգոր Նարեկացիի Տաղերը Գրաբարով Եւ Աշխարհաբարով Նոր Շունչ Ստացան. «Տաղ. Հոգու Ճանապարհ» Ժապաւէնին Մէջ
Բեմադրիչ Վահէ Եանի «Տաղ. հոգու ճանապարհ» շարժանկարի հիմքը Գրիգոր Նարեկացիի տաղերն են, որոնք թատրոնի եւ շարժանկարի ականաւոր դերասաններու շնորհիւ ներկայացուեցան նոր ոգիով ու շունչով:
Վերջերս հանդիսատեսը կրցաւ դիտել «Վերածնունդ» մշակութային եւ մտքի հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ժապաւէնը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին շարժանկարի բեմագրութեան համահեղինակ եւ տաղերու մենակատար Վահէ Բեգոյեան ըսաւ, որ հիմնադրամը աւելի կանուխ ազգային ձայնադարան ստեղծած եւ ձայնագրած է հայ երգարուեստի բացառիկ նմուշներ, որոնց շարքին` Նարեկացիի այն տաղերը, որոնք ներառուած են ժապաւէնին մէջ:
«Հիմնադրամը որոշեց հանրահռչակել տաղերը` ստեղծելով այս շարժանկարը, որուն մտայղացման հեղինակն է Արտակ Ալեքսանեանը: Այս բացառիկ աշխատանք է, ծաւալուն նախագիծ, որուն մէջ ընդգրկուած են հայ թատրոնի եւ շարժանկարի լաւագոյն դերակատարներէն` Տիգրան Ներսիսեանը, Նելլի Խէրանեանը, Խորէն Լեւոնեանը, Նազենի Յովհաննիսեանը, Շանթ Յովհաննիսեանը, Սամուէլ Թոփալեանը, Ռոզի Աւետիսը: Շարժանկարը առեւտրական բնոյթ չունի: Բացի Նարեկացիի հինգ տաղերէն`, ներառուած են երկու միջնադարեան տաղեր, որոնց հեղինակները յայտնի չեն, եւ որոնք գրի առած է Կոմիտասը», պատմեց Բեգոյեան:
Ժապաւէնը նկարահանուած է Հայաստանի տարբեր վանքերու մէջ: Ընտրուած են` միջնադարեան ճարտարապետութեան գլուխ-գործոց համարուող Հնեվանքը, Սուրբ Մինաս եկեղեցին, Գեղարդը, Սանահինը եւ այլն: Տաղերէն զատ` այս ժապաւէնով կը մեծնայ նաեւ մշակութային յուշարձաններու նկատմամբ մարդոց հետաքրքրութիւնը:
Բեմադրիչ Վահէ Եանի համոզումով, մեր ժամանակներուն ստեղծուած են շատ քիչ գործեր, որոնք դրական առումով ուղիղ ազդեցութիւն ունեցած են մարդու հոգեւոր աշխարհին վրայ: Ըստ անոր, հիմնականօրէն հակառակը եղած եւ աւելի պահանջուած եղած են այն ժապաւէնները, որոնք քանդած են մարդու հոգին: ««Տաղ. հոգու ճանապարհ»-ը հոգեւոր-երաժշտական ժապաւէն է: Տաղերը հնչած են գրաբարով եւ աշխարհաբարով: Դերասանները իրենց կենցաղով, իրենց խաղով կրցած են փոխանցել տաղերուն իմաստն ու բովանդակութիւնը: Անոնք չեն մարմնաւորած կերպարներ: Դերասանները իրենք զիրենք ներկայացուցած են», ըսած է բեմադրիչը:
Ստեղծագործական կազմին խօսքով, Նարեկացին միջնադարեան բանաստեղծութեան բարձրակէտն է, առեղծուածային բանաստեղծ, որուն տաղերով սկսած է վերածնունդը հայ մշակոյթին: Նարեկացին ըստ արժանւոյն ներկայացնելու համար անհրաժեշտ եղած է գտնել խօսքի իրական վարպետները:
Բեմադրիչը յայտնած է, որ ժապաւէնը վաւերագրական չէ, չունի գեղարուեստական նիւթ` սկիզբ, ընթացք, զարգացում, հանգուցալուծում, աւարտ, սակայն էութեամբ եւ մատուցմամբ գեղարուեստական է:
Հեղինակները այս ժապաւէնով փափաքած են նշել, որ Նարեկացիի տաղերը այսօր շատ աւելի արդիական են, քան երբեւէ: Աշխարհաբարով տաղերը հնչեցուցած են այսօրուան մարդուն համար, այն մարդուն, որ կ՛ապրի մղձաւանջի մէջ, իսկ տաղերը ցոյց կու տան հոգեւոր ճանապարհը:
«Մեր հարցը ցոյց տալը եղած էր, որ տաղը միայն գիրքի մէջ չէ, այլեւ առօրեային մէջ է, զայն կարդալու, կրկնելու համար պարտադիր չէ յատուկ եկեղեցի երթալ, այլ կարելի է այդ ընել մտքի մէջ ինքնաշարժ վարելու, ծառ կտրելու ընթացքին, որովհետեւ այդ հոգիի պահանջ է», շեշտած է Վահէ Եան:
Բեմադրիչն ու բեմագիրը փաստեցին, որ աշխատած են սիրով, համերաշխութեամբ ու անցած` իրենց ճանապարհը: Անոնք պատմեցին, որ ժապաւէնը ստեղծած ու ոտքի կանգնեցուցած են, իսկ այժմ այն իր կեանքով կ՛ապրի: Յստակ չեն կրցած ըսել, թէ ի՛նչ ճակատագիր կ՛ունենայ, սակայն չեն սահմանափակուած երեք ցուցադրութեամբ: Անոնք կը յուսան, որ ժապաւէնը կը գնահատուի եւ կը ցուցադրուի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ` արտերկրի մէջ:
Օրբելի Եղբայրներու Տուն–Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ «Միջնադարեան Հայաստանի Առակները» Խորագիրը Կրող Ցուցահանդէսին
Օրբէլի եղբայրներու տուն-թանգարանին մէջ ցուցադրուեցան «Դեկկարտ» կերպարուեստի եւ յարդարային-կիրառական արուեստի կեդրոնի սաներու աշխատանքները:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր տարածած հաղորդագրութեամբ յայտենց, որ ցուցահանդէսը կրած է «Միջնադարեան Հայաստանի առակները» խորագիրը, իսկ ցուցահանդէսին ներկայացուած են կեդրոնի 6-13 տարեկան սաներու նկարչական, յարդարային-կիրառական արուեստի շուրջ 40 աշխատանք:
Ստեղծագործութիւնները նուիրուած են Մխիթար Գոշի ու Վարդան Այգեկցիի այն առակներուն, որոնք ժամանակին եղած են ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբէլիի մշտական ուսումնասիրութիւններու նիւթը:
Իր կենսագործունէութեան ընթացքին Օրբէլին բազմիցս անդրադարձած է հայկական միջնադարեան առակներուն` ցոյց տալով, որ անոնց հարուստ բովանդակութիւնը հանդիսացած է նաեւ հասարակական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող շատ հարցերու գեղարուեստական արտացոլումը:
«Ինչպէս առակը, այնպէս ալ կեանքը կը գնահատուի ոչ թէ երկարութեամբ, այլ` բովանդակութեամբ», նշած է ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբելին:
Հաղորդենք, որ «Միջնադարեան Հայաստանի առակները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 21 մայիս: