ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Գ. Մաս. Տնտեսական մենատիրութիւն – Թալան եւ շահագործում.
«Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ՄՆ-ը գլխաւորեց Պրեթթոն Վուտս համակարգը, Միջազգային դրամական հիմնադրամը եւ Համաշխարհային դրամատան ստեղծումի ջանքերը, որոնք Մարշալ ծրագրին հետ միասին (Bretton Woods System, the International Monetary Fund, the World Bank, Marshall Plan) ձեւաւորեցին միջազգային դրամական համակարգը` կեդրոնացած ՄՆ-ի տոլարին շուրջ:
«Բացի այդ, ՄՆ-ը նաեւ էական մենատիրութիւն հաստատած է միջազգային տնտեսական եւ դրամական հատուածին մէջ` շահարկելով կշռուած քուէարկութեան համակարգերը, միջազգային կազմակերպութիւններու կանոններն ու կարգադրութիւնները, ներառեալ` «85 տոկոս մեծամասնութեան հաւանութիւնը» եւ իր ներքին առեւտրային օրէնքներն ու կանոնները: Օգտուելով տոլարի` իբրեւ հիմնական միջազգային պահեստային արժոյթի կարգավիճակէն, ՄՆ-ը հիմնականին մէջ «արքայաբաժին» կը հաւաքէ ամբողջ աշխարհէն` չարաշահելով միջազգային կազմակերպութիւններու նկատմամբ իր վերահսկողութիւնը, ան կը ստիպէ այլ երկրներուն` ծառայել Ամերիկայի քաղաքական եւ տնտեսական ռազմավարութեան:
– «ՄՆ-ը կը շահագործէ աշխարհի հարստութիւնը «արքայաբաժինին» օգնութեամբ: 100 տոլարնոց թղթադրամ արտադրելը կ՛արժէ մի՛այն 0.17 տոլար, սակայն այլ երկիրներ պէտք է իրական 100 տոլար արժող ապրանք տան, որպէսզի հատ մը ստանան: Աւելի քան կէս դար առաջ մատնանշուեցաւ, որ ՄՆ-ը կը վայելէր չափազանց մեծ արտօնութիւններ եւ հաշուի բաց` առանց իրեն նեղութիւն պատճառելու, օգտագործելով իր անարժէք թղթադրամը` այլ ազգերու միջոցներն ու գործարանները թալանելու համար:
«Ամերիկեան տոլարին մենատիրութիւնը` համաշխարհային տնտեսութեան անկայունութեան եւ անորոշութեան հիմնական աղբիւրն է: «Քովիտ-19» համաճարակի ժամանակ ՄՆ-ը չարաշահեց իր համաշխարհային դրամական մենատիրութիւնը եւ թրիլիոնաւոր տոլար ներարկեց համաշխարհային շուկային մէջ` ձգելով, որ այլ երկրներ, յատկապէս` զարգացող տնտեսութիւններ, վճարեն գինը: 2022-ին ՄՆ-ի Կեդրոնական դրամատունը (Fed) դադրեցուց իր չափազանց մեղմ վարկային քաղաքականութիւնը եւ անցաւ տոկոսներու վայրագ բարձրացումի` միջազգային դրամական շուկային մէջ ցնցումներ յառաջացնելով եւ այլ դրամանիշներու էական արժեզրկում պատճառելով, ինչպիսին է եւրոն. այդ դրամանիշներէն շատերը իջած են մինչեւ 20 տարուան նուազագոյնին: Այս պատճառով մեծ թիւով զարգացող երկիրներ բարձր գնաճին մարտահրաւէրին դիմաց դրամի արժեզրկում եւ դրամագլուխի արտահոսք տեսան: Ճիշդ այս էր, որ Նիքսընի գանձարանի քարտուղար Ճոն Քոնալլին անգամ մը ինքնագոհ, բայց կտրուկ ճշգրտութեամբ նշեց, որ «Տոլարը մեր դրամն է, սակայն ձեր (միւսներուն) հարցը` խնդիրը»:
– Միջազգային տնտեսական եւ դրամական կազմակերպութիւններուն վրայ իր վերահսկողութեամբ, ՄՆ-ը յաւելեալ պայմաններ կը դնէ այլ երկիրներուն օգնելու համար: ՄՆ-ը դրամագլուխի ներհոսքի եւ շահադիտութեան խոչընդոտները նուազեցնելու համար, ստացող երկիրներէն կը պահանջէ դրամական ազատականացում եւ բանալ դրամական շուկաները, որպէսզի իրենց տնտեսական քաղաքականութիւնը համահունչ ըլլայ Ամերիկայի ռազմավարութեան: Ըստ Review of International Political Economy-ի, 1985-2014 Այ Էմ Էֆ-ի կողմէ տրամադրուած պարտքի փոխհատուցման 1550 ծրագրերուն հետ կցուած են նաեւ 55.465 լրացուցիչ քաղաքական պայմաններ:
– ՄՆ-ը կամովին իրեն դիմադրողները կը ճնշէ տնտեսական բռնութեամբ:… Ճափոնի յառաջացած տնտեսութեան մեծ հարուած հասցուց 1980-ական տարիներուն` պարտադրելով եէն դրամանիշի արհեստական բարձրացում` հարուած հասցնելով Ճափոնի սրընթաց տնտեսական աճին:
– Ամերիկայի տնտեսական եւ դրամական մենատիրութիւնը վերածուած է աշխարհաքաղաքական զէնքի: Կրկնապատկելով միակողմանի պատժամիջոցները եւ «երկայնաբազուկ իրաւասութիւնը»` ՄՆ-ը ընդունած է այնպիսի ներպետական օրէնքներ, ինչպիսիք են` «Միջազգային արտակարգ տնտեսական լիազօրութիւններու մասին» օրէնքը, «Կլոպալ Մակնիտսքի մարդու իրաւունքներու հաշուետուութեան» օրէնքը եւ «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքը, եւ ներկայացուցած է շարք մը օրէնքներ` ուղղակի՛ երկիրներու, կազմակերպութիւններու կամ անհատներու նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու գործադիր հրամաններ:
«Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու դէմ ՄՆ-ի պատժամիջոցները 2000-էն մինչեւ2021 աճած են 933 տոկոսով: Միայն Թրամփի վարչակազմը կիրարկած է աւելի քան 3900 պատժամիջոցներ, որ կը նշանակէ օրական երեք պատժամիջոց: Ցարդ ՄՆ-ը տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկած է աշխարհի գրեթէ 40 երկիրներու, ներառեալ` Քուպայի, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի եւ Վենեզուելլայի դէմ, որոնք կ՛ազդեն աշխարհի բնակչութեան գրեթէ կէսին վրայ: «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները» ինքզինք վերածած է «Պատժամիջոցներու Միացեալ Նահանգներու», իսկ «երկարաբազուկ իրաւասութիւնը» վերածուած է գործիքի մը, որ ՄՆ-ը կը գործածէ պետական իշխանութեան իր միջոցները` տնտեսական մրցակիցներուն ճնշելու եւ բնական միջազգային առեւտուրին միջամտելու համար:
«Ասիկա լուրջ շեղում է ազատական շուկայական տնտեսութեան սկզբունքներէն, որոնցմով ՄՆ-ը երկար ժամանակ կը պարծենար:

Դ. Մաս. Արհեստագիտական մենատիրութիւն – Մենաշնորհ եւ Ճնշում:
«ՄՆ-ը կը ձգտի զսպել այլ երկիրներու գիտական, արհեստագիտական եւ տնտեսական զարգացումը` կիրարկելով մենաշնորհային ուժ, ճնշող միջոցներ եւ արուեստագիտական սահմանափակումներ գիտական բարձր բնագաւառներուն մէջ:
– ՄՆ-ը, յանուն իր մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան, մենաշնորհի վերածած է զայն: Օգտուելով մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներու հարցով այլ երկիրներու, յատկապէս` զարգացող երկիրներու տկար դիրքէն, ՄՆ-ը չափազանց մեծ շահեր կ՛ապահովէ մենաշնորհի միջոցով: 1994-ին ՄՆ-ը առաջ մղեց Մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներու առեւտուրի հետ կապուած երեւոյթներու մասին համաձայնագիրը (TRIPS)` պարտադրելով մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան ամերիկանացուած ընթացքն ու չափանիշները` փորձելով ամրապնդել իր արհեստագիտութեան մենաշնորհը:
«1980-ականներուն, Ճափոնի կիսահաղորդչային (semiconductor – ելեկտրոնային) արդիւնաբերութեան զարգացումը զսպելու համար ՄՆ-ը սկսաւ թիւ «301» հետաքննութիւնը, բազմակողմանի համաձայնագրերու միջոցով երկկողմանի բանակցութիւններուն սակարկութեան ուժ ստեղծեց, սպառնաց արատաւորել Ճափոնը` իբրեւ անարդար առեւտուր կատարող, պարտադրելով վրէժխնդրական տուրքեր, ստիպելով Ճափոնին ստորագրել «Կիսահաղորդչային համաձայնագիրը»:
«Այս պատճառով ճափոնական կիսահաղորդչային ձեռնարկութիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ դուրս մնացին համաշխարհային մրցակցութենէն, եւ անոնց շուկայի մասնաբաժինը 50 տոկոսէն իջաւ մինչեւ 10 տոկոս: Միեւնոյն ժամանակ, ՄՆ-ի կառավարութեան աջակցութեամբ, մեծ թիւով ՄՆ-ի կիսահաղորդչային ձեռնարկութիւններ օգտուեցան առիթէն եւ գրաւեցին շուկային մեծ մասնաբաժինը:
– ՄՆ-ը կը քաղաքականացնէ, զէնքի կը վերածէ արհեստագիտական խնդիրները եւ կ՛օգտագործէ զանոնք իբրեւ գաղափարական գործիքներ: Չափազանց ընդլայնելով ազգային անվտանգութեան հայեցակարգը, ՄՆ-ը լծեց պետական մեքենան` ճնշելու եւ պատժամիջոցներ կիրարկելու չինական Huawei ընկերութեան դէմ, սահմանափակեց Huawei-ի արտադրանքի մուտքը ՄՆ-ի շուկան, դադրեցուց անոր անհրաժեշտ մասերու մատակարարումը եւ ստիպեց այլ երկրներուն նաեւ` արգիլել Huawei-ին մուտքը, խափանելով տեղական 5G ցանցի կառուցումը: Ան նոյնիսկ պարտադրեց Քանատային, որ շուրջ երեք տարի անհիմն պատճառով կալանաւորէ Huawei-ի տնտեսական տնօրէն Մենկ Վանչուն:
«ՄՆ-ը շինծու պատրուակներով խափանած է չինական բարձր արհեստագիտական ձեռնարկութիւններ` դուրս մղելով զանոնք միջազգային մրցակցութենէն, աւելի քան 1000 ընկերութիւն պատժելով: Բացի այդ` ՄՆ-ը նաեւ վերահսկողութիւն սահմանած է կենսաբանական, արհեստական բանականութեան եւ այլ բարձրակարգ արհեստագիտական բնագաւառներու վրայ, խստացուցած է արտածումի սահմանափակումները, խստացուցած է ներդրումներու ստուգումը, ճնշած է չինական ընկերային ցանցերու յաւելուածները, ինչպիսիք են TikTok-ը եւ WeChat-ը, եւ համոզած է Հոլանտան ու Ճափոնը` սահմանափակելու դէպի Չինաստան ելեկտրոնային մասերու եւ յարակից սարքաւորումներու արտածումը:
«… ՄՆ-ի լրտեսութիւնը խտրութիւն չունի: Բոլորը կրնան անոր հսկողութեան թիրախը դառնալ` ըլլան անոնք մրցակիցներ, թէ դաշնակիցներ, նոյնիսկ` դաշնակից երկիրներու առաջնորդները, ինչպիսիք են Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Ֆրանսայի քանի մը նախագահները: Համացանցի հսկողութիւնը եւ ՄՆ-ի կողմէ ձեռնարկուած յարձակումները, ինչպիսիք են` «Prism», «Dirtbox», «Irritant Horn» եւ «Telescreen Operation»-ը, բոլորն ալ կը վկայեն, որ ՄՆ-ը ուշադիր կը լրտեսէ իր դաշնակիցները եւ գործընկերները: Դաշնակիցներու եւ գործընկերներու այսպիսի գաղտնալսումը արդէն համաշխարհային զայրոյթ պատճառեց: Ուիքիլիքս կայքի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժը, որ բացայայտեց ՄՆ-ի հետախուզումի ծրագրերը, ըսած է. «Մի՛ ակնկալէք, որ համաշխարհային վերահսկողութեան գերտէրութիւնը կը գործէ պատուով կամ յարգանքով: Միայն մէկ կանոն կայ` «օրէնքներ չկան»:
«Ե. Մաս. Մշակութային մենատիրութիւն – Կեղծ պատմութիւններու տարածում
«Ամերիկեան մշակոյթի համաշխարհային տարածումը անոր արտաքին ռազմավարութեան կարեւոր մասն է: ՄՆ-ը յաճախ օգտագործած է մշակութային գործիքներ` աշխարհի մէջ իր մենատիրութիւնը ամրապնդելու եւ պահպանելու համար:
– ՄՆ-ը կը ներառէ ամերիկեան արժէքները իր արտադրանքներուն մէջ, ինչպիսիք են ժապաւէնները: Ամերիկեան արժէքներն ու ապրելակերպը առնչուած են անոր ժապաւէններուն եւ հեռատեսիլին, հրապարակումներուն, զանգուածային լրատուամիջոցներուն բովանդակութեան եւ կառավարութեան կողմէ տնտեսուող ոչ առեւտրային մշակութային հաստատութիւններու ծրագրերուն հետ: Այսպիսով, ան կը ձեւաւորէ մշակութային եւ հասարակական կարծիքի տարածութիւն մը, ուր ամերիկեան մշակոյթը կը տիրէ եւ կը պահպանէ իր մշակութային գերիշխանութիւնը:
– «… ՄՆ-ու տիրապետած արեւմտեան լրատուամիջոցները յատկապէս կարեւոր դեր ունին համաշխարհային հասարակական կարծիքի ձեւաւորման մէջ` ի շահ այլ երկրներու ներքին գործերուն մէջ ՄՆ-ի միջամտութեան: ՄՆ-ի կառավարութիւնը խստօրէն կը գրաքննէ ընկերային ցանցերու բոլոր ընկերութիւնները եւ կը պահանջէ անոնց հնազանդութիւնը: Twitter-ի գործադիր տնօրէն Էլոն Մասքը 27 դեկտեմբեր 2022-ին խոստովանեցաւ, որ ընկերային ցանցերու բոլոր հարթակները կը գործակցին ՄՆ-ի կառավարութեան հետ` բովանդակութիւնը գրաքննելու համար, կը յայտնէ Fox Business Network-ը:
«Հանրային կարծիքը ՄՆ-ի մէջ ենթակայ է կառավարութեան միջամտութեան` սահմանափակելու բոլոր անբարենպաստ արտայայտութիւնները: Google-ը յաճախ էջեր կ՛անհետացնէ:
«ՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը շահագործէ ընկերային ցանցերը: Դեկտեմբեր 2022-ին «Տը Ինթըրսեփթ» ամերիկեան անկախ հետաքննական կայքը, բացայայտեց, որ յուլիս 2017-ին ՄՆ-ի Կեդրոնական հրամանատարութեան պաշտօնեայ Նաթանեըլ Քահլըրը Twitter-ի հանրային քաղաքականութեան խմբակին յանձնարարած է սփռել որոշ արաբերէն էջեր, որոնք կ՛արդարացնեն Եմէնի մէջ ամերիկեան անօդաչու սարքերով յարձակումները, եւ թէ` միայն ահաբեկիչներ կը սպաննուին այնտեղ եւ ոչ թէ` խաղաղ քաղաքացիներ:
– ՄՆ-ը երկակի չափանիշներ կը կիրարկէ մամուլի ազատութեան հարցով: Ան տարբեր միջոցներով դաժանօրէն կը ճնշէ եւ կը լռեցնէ այլ երկիրներու լրատուամիջոցները: ՄՆ-ը եւ Եւրոպան կ՛արգիլեն ռուսական հիմնական լրատուամիջոցները, ինչպիսիք են Russia Today-ը եւ Sputnik-ը, իրենց երկիրներուն մէջ:
«Հարթակներ, ինչպիսիք են` Twitter-ը, Facebook-ը եւ YouTube-ը, բացայայտօրէն կը սահմանափակեն Ռուսիոյ պաշտօնական հաշիւները: Netflix-ը, Apple-ը եւ Google-ը վերցուցած են ռուսական ալիքներն ու յաւելուածները իրենց ծառայութիւններէն եւ յաւելուածներու խանութներէն: Ռուսիոյ առնչուող բովանդակութեան վրայ աննախընթաց ամենախիստ գրաքննութիւն կը կատարուի:
– ՄՆ-ը կը չարաշահէ իր մշակութային մենատիրութիւնը` ընկերվարական երկրներուն մէջ «խաղաղ բնաշրջում» հրահրելու համար: Ընկերվարական երկրներուն ուղղուած լրատուական միջոցներ եւ մշակութային կազմածներ կը ստեղծէ: Ապշեցուցիչ գումարներ կը ծախսէ ռատիօ եւ հեռատեսիլի ցանցերու վրայ` գաղափարական ներթափանցում կատարելու, եւ այս խօսափողերը գիշեր ու ցերեկ տասնեակ լեզուներով կը ռմբակոծեն ընկերվարական երկրները` գրգռիչ քարոզչութեամբ:
«ՄՆ-ը ապատեղեկատուութիւնը կը գործածէ իբրեւ նիզակ` յարձակելու այլ երկրներու վրայ, անոր շուրջ կառուցելով արդիւնաբերական շղթայ մը, խումբեր եւ անհատներ կան, որոնք պատմութիւններ կը յօրինեն եւ փերեզակի նման կը տարածեն ամբողջ աշխարհի մէջ մոլորեցնելու հասարակական կարծիքը` գրեթէ անսահման դրամական միջոցներով:
«Եզրակացութիւն
«Մինչ արդար դատի ախոյեանը լայն աջակցութիւն կը վայելէ, անարդարը կը դատապարտուի` իբրեւ վտարեալ: Կռուազան, տիրական եւ ահաբեկչական գործելաոճը, տկարները վախցնելու ուժի կիրարկումը, ուրիշներէն բռնութեամբ եւ խաբեբայութեամբ խլելու եւ զերօ գումարով խաղեր խաղալը լուրջ վնաս կը հասցնեն:
«Խաղաղութեան, զարգացման, համագործակցութեան եւ փոխադարձ շահի պատմական միտումները կասելի չե՛ն: ՄՆ-ը իր հզօրութեամբ կը կոխկռտէ ճշմարտութիւնը եւ կ՛ոտնահարէ արդարութիւնը` ծառայեցնելով ամէն ինչ ի՛ր սեփական շահերուն: Այս միակողմանի, եսակեդրոն եւ յետադիմական մենատիրութեան գործելակերպը միջազգային հանրութեան աճող բուռն քննադատութեան եւ հակազդեցութեան արժանացած է:
«Երկիրները պէտք է իրար յարգեն եւ իրարու հետ իբրեւ հաւասարներ վերաբերին: Մեծ երկիրները պէտք է վարուին այնպէս, ինչպէս վայել է իրենց կարգավիճակին եւ առաջնորդութիւն ստանձնեն պետութիւն-պետութիւն յարաբերութիւններու նոր ձեւ մը հետապնդելու, որ կը ներառէ երկխօսութիւն եւ գործընկերութիւն, ոչ թէ` առճակատում կամ դաշինք: Չինաստանը դէմ է մենատիրութեան եւ ուժային քաղաքականութեան բոլոր ձեւերուն եւ կը մերժէ միջամտութիւնը այլ երկիրներու ներքին գործերուն: ՄՆ-ը պէտք է լուրջ հոգեորոնումներ կատարէ: Պէտք է քննադատօրէն ուսումնասիրէ իր կատարածը, լքէ իր ամբարտաւանութիւնն ու նախապաշարումը եւ հրաժարի իր մենատիրական, ճնշիչ եւ ահաբեկչական գործելակերպէն»: Վերջ` փաստաթուղթին, որ մեկնաբանութեան չի կարօտիր:
Հայաստանը եւ Լիբանանը նաեւ ՄՆ-ի վերոնշեալ շարունակուող գործելաոճին զոհերն են:
Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան հաշտարար դերն ու իրագործումը, որ հակաշրջեց ամերիկեան մենատիրութիւնը, անմիջապէս տեսանք Իրան-Սէուտական Արաբիա հաշտութեան մէջ, որ ի հեճուկս ՄՆ-ի` ամբողջ Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքը պիտի խաղաղեցնէ, եւ որուն պիտի հետեւին այսպիսի խաղաղութեան այլ միջնորդութիւններ:
Այս փաստաթուղթով Չինաստանը իր նախկին մի՛այն դիտողի դիրքը փոխելով` աշխուժ կերպով մուտք գործեց համաշխարհային քաղաքական բեմ` իբրեւ իսկական եւ գործունեայ գերտէրութիւն:
Անմիջապէս Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը 5-7 ապրիլ 2023-ին եղաւ առաջին առանձնաշնորհեալ եւ ընդունելի այցելուն, մինչ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնը, որ Մաքրոնին հետ նոյն օդանաւով ժամանած էր Փեքին, նուաստացուցիչ (չ)ընդունելութեան արժանացաւ (2): Լեյէնը Փեքինի օդակայանին մէջ, պարզ քաղաքացիի մը նման, Լեյէնի պայուսակները խուզարկուեցան եւ անցագիրը ստուգուեցաւ եւ պաշտօնական ընդունելութեան չարժանացաւ: Լեյէնը վերջին շրջանին թութակի նման աւելիով կը կրկնէր ՄՆ-ի տեսակէտը:
Չինաստանը յստակ պատգամ մը կը յղէ աշխարհին, որ ՄՆ-ի մենատիրութեան վերջը մօտեցած է: ՄՆ-ի մանկլաւիկները իր քով ընդունելի չեն: Հեռու չէ այն ժամանակը, երբ Ամերիկան սանձարձակ կերպով ամերիկեան 100 տոլարներ պիտի չկարենայ տպել, եւ իրեն համար փոխանակ այժմու մի՛այն 17 սենթ թուղթին եւ տպագրութեան գինը արժելուն` 588 անգամ աւելի` օտարին նման իր իսկական գինը պիտի արժէ: Ամերիկայէն ետք Չինաստանը այժմ աշխարհի երկրորդ մեծ տնտեսութիւնն է, իսկ առեւտուրի մէջ` մեծագոյնը, հակառակ իր դէմ ամերիկեան բազում պատժամիջոցներուն:
8 ապրիլ 2023
haroutchekijian.wordpress.com
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:
(Շար. 2 եւ վերջ)