Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համաշխարհային Զարթօնքը

Մայիս 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Այսօր աշխարհը պաշտօնապէս թեւակոխած է թուային եւ երեւակայական ապրելակերպի ժամանակաշրջան: Եթէ այսօր մարդ անհատը կ՛ուզէ գոյատեւել շրջանակի եւ կեանքի ասպարէզի մէջ, ուզէ կամ չուզէ, մաս պիտի կազմէ այս երեւակայական եւ աներեւոյթ աշխարհին: Ժամանակին, երբ Դիմատետրը մարդոց հետաքրքրութեան եւ ժամանակին մեծ մասը սկսած էր գողնալ, այսօր Դիմատետրի հիմնադիրին եւ անոր օգնականներուն միջոցով մէջտեղ հանուած աներեւոյթ կեանքի իսկական տարբերակը, որ կը կոչուի Մեթաֆորմ, կարծէք պիտի գերազանցէ ամէն տեսակի համացանցի կեդրոններ եւ պիտի ստեղծէ աներեւոյթ աշխարհ մը, ուր մարդ իր կեանքը պիտի ապրի համացանցի վրայ, հոն ալ պիտի կարենայ  երեւակայական շուկաներէն գնումներ կատարել, տուն գնել եւ սովորական կեանք մը ապրիլ ու վայելել իր ընկերներուն հետ: Ան նոյնիսկ պիտի կարենայ իրեն նման համացանցի վրայ ապրողներու հետ նոր ընկերութիւն ստեղծել, հրամանը պիտի տրուի մարդկային տիրոջմէ եւ գործադրուի համացանցի աշխարհին մէջ:

Երկրագունդը, վերջին յիսուն տարուան մտային եւ գիտական զարթօնքի կողքին, որոշ չափով ունեցաւ ապականման մթնոլորտ մը, որ ազդեց մարդու մտքին եւ ինքնութեան տեսակին վրայ: Առողջական վնասներէն աւելի` այսօր կը գերակշռեն մտային եւ տեսական վնասները: Աստուծոյ ստեղծագործութեան վրայ, այրերու եւ կիներու կողքին, այլ տարբերակներ օրինականացնելը իրենք զիրենք փոքր աստուածներ նկատող այսօրուան ղեկավարներուն յաղթանակի եւ հպարտութեան ազդակ է կարծէք: Ասիկա ինքնին կը ստեղծէ քաոսային վիճակ:

Աշխարհի մեծ պետութիւններուն դէմ ու թեր կարծիքներուն պատճառով ծագած բախումները` ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական կամ գաղափարական, որոնք շատ անգամ ալ թաքնուած կ՛ըլլան տարբեր տեսակի վերնագիրներով, կ՛ուզեն խաբել ամբոխը, աշխարհի գերիշխող ուժեր պատերազմի կ՛առաջնորդեն: Այսօրուան պատերազմը կ՛ուզէ մարդը զրկել իր ինքնութենէն եւ ունենալ մարդկային ընկերութիւն մը, որ կազմուած է մեքենայացած անհատներէ, որոնց կարելի է շատ հեզասահ կերպով իշխել եւ ապազգայնական գաղափարներով լուալ անոնց ուղեղները, պղտորել միտքերը, որպէսզի անոնք խորքային հարցերը մոռնան եւ իրենց կեանքը զոհեն անհիմն եւ  խափուսիկ դատերու համար:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք գոյութիւն ունեցող ամէն տեսակի քաղաքական, տնտեսական, մարդկային, կրօնական, ընկերային, նաեւ աշխարհագրական կանոններ ու համաձայնագիրներ կարծէք չէզոքացած են, կամ կը համարուին ժամակավրէպ: Աշխարհը նոր փուլի մը առջեւ կը գտնուի եւ վերածնունդի փուլի մը կը պատրաստուի լման փուլուզումէ մը ետք` նկատի ունենալով Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմը, որ աշխարհը բաժնած է երկու մասի: Ամէն մէկ մաս իր կարգին ունի իր քաղաքական, տնտեսական, գաղափարական, աշխարհագրական, նաեւ քաղաքակրթական ծրագիրները, որոնք պատրաստ են տարածելու եւ փոխարինելու նախկին աշխարհային համակարգին: Յուսանք, որ մարդ արարածը իր իւրայատուկ յատկութիւններով չկորսնցնէ իր յատկութիւնները, եւ կործանումի սեմին հասած մարդկութիւնը չսահի դէպի անդունդ` խաբուելով նոր աշխարհագրային կանոնով մը, որուն հետագայ թաքուն ծրագիրներն ու նպատակները կը մնան անյայտ:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Մեր Կառոյցները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?