Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կարոն (Կարապետ Մոմճեանի Քառասունքին Տխուր Առիթով)

Մայիս 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Կարոյին հետ ծանօթութիւնս սկսաւ շատ հինէն` Պէյրութ, Ճեմարանին բակը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ տարիներուն ան Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկի դասընթացքներուն կը հետեւէր: Զայն նաեւ Հայ դատի քաղաքականացման տարիներուն (70-80 ական) յաճախ հանրահաւաքներուն կը տեսնէի: Տարիներ անց, Միացեալ Նահանգներ անոր ժամանումէն ետք, հոս ու հոն պատահաբար յաճախ կը հանդիպէինք, յատկապէս իր UCLA յաճախած օրերուն, ուր Կարոն իր մագիստրոսի եւ դոկտորականի ուսումը պիտի շարունակէր: Ես այն օրերուն գործի բերումով քանի մը տարիով Նիւ Եորքէն Լոս Անճելըս փոխադրուած էի:

Կարոն խառնուածքով ուղղամիտ անձ էր, որովհետեւ իրականութիւնը կ՛ըսէր առանց դարձուածքներու, իրապաշտ էր եւ ողջամիտ, հետեւաբար` շատ ընկերային եւ սիրուած: Ան շատերուն թէ՛ ընկեր էր եւ թէ՛ ուսուցիչ: Փրոֆեսէօրի իր հանգամանքով Կարոն ա՛լ աւելի համեստ էր եւ ատակ` բարդ միտքեր պարզ ու հասկնալի լեզուով բացատրելու: Կարոյին հետ հանդիպիլը շատ դիւրին էր, յատուկ նիւթ մը պէտք չունէիր իրեն հետ զրուցելու համար, հարիւրաւոր երիտասարդ ուսանողներ, յաճախ Կարոյին հետ կը հանդիպէին իրմէ ուղղութիւն ստանալու կամ իրենց ուսման որոշումները հաստատելու համար: Եւ այսպէս կը յիշեմ վերջին տարիներուն ես եւ Princeton աւարտած երիտասարդ Վարագ Գեթսեմանեանը Կարոյին տունը փիցցայի շուրջ մեր քանի մը հանդիպումները. ան իր պատմական գիտելիքներն ու պաշարը մեզի հետ բաժնեկցելու եւ քննարկելու բնաւ չզլացաւ, այլ առատօրէն կը հարստացնէր մեր գիտելիքները, մեր քննարկած նիւթերը այլազան էին, եւ ընկեր Կարոն հաճոյքով ու համբերութեամբ բոլորին առիթը կու տար: Երբեմն նոյնիսկ բուռն վէճերու կը բռնուէինք, տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, ան հանդուրժող էր` միշտ ընդառաջելով գաղափարական մտքերու զարգացման: Շինիչ քննադատական խորհրդածութիւնը կեանք կ՛առնէր, երբ Կարոյին հետ կը նստէինք:

Կարոյին դոկտորականի թեման «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1895-1914» մեր արդի պատմութեան խիստ կարեւոր էջերէն էին, որոնց խոր հասկացողութիւնը կարծես լոյս կարող էր սփռել մեր այսօրուան ընթացիկ զարգացումներուն վրայ: Հոն Կարոն հետաքրքրական հեռանկար կը բերէր` իբրեւ հայ պատմաբան: Կարոն եղած է այն հազուագիւտ հայ ակադեմականներէն, որոնք 2005-էն սկսեալ կանոնաւոր կերպով հետազօտած էին օսմանեան արխիւները: Ան կրթական մշակ էր ազգային վարժարաններուն, UCLA, CSUN եւ Glendale Community College-ի համալսարաններուն մէջ` միշտ սիրուելով եւ յարգուելով իր ուսանողներէն:

Կարօ Մոմճեանին մահը մե՜ծ կորուստ է շատերուն համար, որոնք կը գնահատէին անոր գիտելիքները եւ ուղղամտութիւնը: Ան մաս կը կազմէ սփիւռքահայ այն սերունդին, որ մեծցաւ հայրենիքի կարօտով: Հայոց պատմութեան մասնագիտական իր հեռանկարով ան կարողութիւնը ունէր պատմաբանի իր քննադատական մտածողութեամբ հարցերը այլ ձեւով դիտել եւ վերլուծել: Մենք այդ վերլուծութեան կարօտ պիտի մնանք, ընկե՛ր Կարօ, տակաւին շատ բան ունէիր տալիք:

Խորապէս Կը ցաւակցիմ անոր այրիին` Նայիրիին եւ երկու մանչերուն` Յակոբին ու Բիւրակին եւ ընտանեկան պարագաներուն:

Բացառիկ ուղղամիտ մարդ, հայ, մտաւորական եւ դաշնակցական մըն էր մեր ընկեր Կարոն: Մէկ խօսքով, բազմակողմանի արժանաւոր անձնաւորութիւն մը կորսնցուցինք: Անոր իսկական անձը ճանչնալ պէտք էր` իրապէս գնահատելու անոր արժէքը:

Ինչպէս մեր սերունդի շատ մը ընկերներ, ընկեր Կարոն ալ շատ կանուխ ձգեց մեզ, բայց կտակ մը կը ձգէ մեզի` շատերուս:

Օտար հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերս Կարօ:

Լոս Անճելըս, 5 մայիս 2023

 

Նախորդը

Սելինա Տողան. «Այսօր Թուրքիան Կա՛մ Պիտի Յայտարարէ Իր Յանձնուիլը Քաղաքական Իսլամականութեան Եւ Փտածութեան, Կա՛մ Ալ Պիտի Դիմէ Վերանորոգման Զօրաւոր Գործընթացի Ու Վերականգնէ Իր Հաստատութիւնները»

Յաջորդը

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Միատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?